Օման (արաբերէն՝ عُمان‎) երկիր Առաջաւոր Ասիոյ մէջ, Արաբական թերակղզիի հարաւ-արեւելքին մէջ։ Կը սահմանակցի Սէուտական Արաբիոյ հետ, ՄԱԷ-ին եւ Եմենին։ Օմանը սուլթանութիւն է։ Ափերը կ'ողողուին հարաւ-արեւելքը՝ Արաբական ծովի, հիւսիս-արեւելքը՝ Օմանի ծոցի եւ Հորմուզի նեղուցի ջուրերը։

Օման
Օմանի դրոշ? Զինանշանը


Կը ներառնէ Ad Dakhiliyah Governorate?, Ad Dhahirah Governorate?, Al Batinah North Governorate?, Al Batinah South Governorate?, Al Buraimi Governorate?, Al Wusta Governorate?, Ash Sharqiyah North Governorate?, Ash Sharqiyah South Governorate?, Dhofar Governorate?, Muscat Governorate? եւ Musandam Governorate?
Պետական լեզու Արաբերէն[1]
Մայրաքաղաք Մասքաթ
Օրէնսդիր մարմին Council of Oman?
Երկրի ղեկավար Հայսամ բին Թարիք Ալ Սաիդ?
Կառավարութեան ղեկավար Հայսամ բին Թարիք Ալ Սաիդ?
Ազգաբնակչութիւն 4 829 480 մարդ (2018)[2]
Կրօնք Իսլամութիւն
Օրհներգ Nashid as-Salaam as-Sultani?
Կարգախօս Beauty has an address եւ Mae gan Brydferthwch Gyfeiriad
Հիմնադրուած է 23 Յուլիս 1970 թ.
Արժոյթ Omani rial?
Ժամային համակարգ UTC+4։00 եւ Asia/Muscat?[3]
Հեռաձայնային համակարգ +968
Համացանցի յղում .om?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,816[4]
oman.om

Պատմութիւն

Խմբագրել

Աշխարհագրական յարմար դիրքի շնորհիւ դեռեւս Ք.ա 4-րդ հազարամեակին Օմանի տարածքին մէջ առաջացած են նաւահանգիստներ, ուր կեդրոնացած է Նեղոսի, Տիգրիսի, Եփրատի եւ Ինտոսի աւազաններու հնագույն քաղաքակրթութիւններու տարանցիկ առեւտուրը։ 7-րդ դարու կեսին Օմանի տարածքը մտած է Արաբական խալիֆայութեան կազմին մէջ, որուն արդիւնքով հոս զարգացած է ֆեոտալական համակարգը:

 
Հորմուզի նեղուց

16-17-րդ դարերուն Օմանը գտնուած է փորթուկալցիներու իշխանութեան տակ, որ մեծ վնաս հասցուցած է Օմանի նաւագնացութեան եւ առեւտուրին։ 18-րդ դարին Օմանը նուաճած են պարսիկները, սակայն 1741 թուականին անոնց վտարած է Ահմետ Զաֆարիի իշխանութիւնը, որ ստեղծած էր հսկայ ծովահէն պետութիւն, որ ներկայիս Օմանի տարածքէն բացի կը զբաղեցնէր նաեւ Պարսից ծոցի կղզիները, ներկայիս Իրանի եւ [Արեւելեան [Ափրիկէ]]յի մերձափնեայ տարածքները՝ Սոմալիէն մինչեւ Մոզամպիք:

1832 թուականին Օմանի սուլթանի նստավայրը կը տեղափոխուի Զանզիբար, իսկ 1856-ին, այն ժամանակուայ սուլթանի մահէն ետք, երկիրը կը բաժնուի իր երկու որդիներուն միջեւ՝ ափրիկեան եւ ասիական մասերու։ 19-րդ դարի երկրորդ կեսին Մեծ Բրիտանիան կը գաղութացնէ Օմանը։ 1955 թուականին Օմանի մէջ կը սկսի ազատագրական պայքար, որ աջակցութիւն կը ստանար արաբական երկիրներու եւ ՄԱԿ-ի կողմէն։ 1970-ին ընդունուեցաւ երկրի նոր անուանումը՝ «Օմանի սուլթանութիւն»: 1971-ին Սեպտեմբերին Օմանի սուլթանութիւնը ընդունուեցաւ Արաբական Պետութիւններու Դաշնակցութեան մէջ, Հոկտեմբերին՝ ՄԱԿ-ի կողմէն։

Քաղաքական Կառուցուածքը

Խմբագրել

Քաղաքական Կառուցուածքը
Օմանի սուլթանութիւնը բացարձակ միապետութիւն է։ Օմանի սուլթանը ոչ միայն երկրի ղեկավարն է, այլ նաեւ կառավարութեան ղեկավարը, երկրի գերագոյն հրամանատարը, պաշտպանութեան, արտաքին գործերու եւ ֆինանսներու նախարարը։ Սուլթանը նաեւ կը նշանակէ նախարարները։ Երկրի իշխանութիւնը կը փոխանցուի ժառանգաբար։
Միապետութիւն
Սուլթան Քապոսը ուղիղ հետնորդն է Ուսման Սաիտ պին սուլթանի, որ առաջին անգամ 1883-ին դիվանագիտական կապեր հաստատեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ։ Սուլթանը չունի անմիջական հետնորդ, եւ փոխարինողին չի նշանակէր հրապարակայնորէն։ Սուլթանի մահէն ետք իշխող ընտանիքը պէտք է երեք օրուայ ընթացքին նշանակուի նոր սուլթանին։ Եթէ նախատեսուած ժամկետին ընտանիքը չկարողանայ ընտրութիւն կատարել, ապա կբացուի հանգուցեալ սուլթանի նամակը, որտեղ նոր սուլթանի թեկնածութեան առաջարկութիւն կայ։
Դատական ՀամակարգԸ
Օմանի դատական համակարգը կը կարգաւորուի թագաւորական հրամանագրով։ Օմանի մէջ գոյութիւն ունի եռաստիճան դատական համակարգ՝ առաջին ատեան, վերաքննիչ դատարան եւ գերագոյն դատարան, որ ունի բարձրագույն դատական իրաւազորութիւն։ Կայ նաեւ վարչական դատարան, որ կը լսէ ղեկավարութեան դէմ հայցերը։
Վարչաքաղաքական բաժանում
 

Օմանը բաժնուած է 59 վարչական միաւորներու, որոնց ղեկավարը պատասխանատու է տեղական վէճերու կարգաւորման, հարկերու հաւաքման եւ խաղաղութեան ապահովման համար։
Քաղաքական Կուսակցութիւններ Եւ Ընտրութիւններ
Երկրին մէջ արգիլուած է քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը։ Նախկին ժամանակին ազդեցիկ ընդիմադիր «Օմանի ազատագրման ազգային ճակատն» այսօր կը համարուի անգործունեայ։ Օմանի մէջ վերջին ընտրութիւնը կատարուած է 15 Հոկտեմբեր 2011-ին։
Միջազգային Կապեր

 
Օմանցի զինուորականներ

Օմանի սուլթանաթը ունի ներքին կայունութեան բարձր մակարդակ, սակայն վերջին տարիներու ընթացքին տարածաշրջանին մէջ առկայ պատերազմական իրավիճակը Օմանին ստիպած է մեծ ուշադրութիւն դարձնել պաշտպանութեան վրայ։ 2001-ին Օմանի ռազմական պիւճեն կազմած է $2,4 մլր, որ ՀՆԱ-ի 33%-ն է։ Օմանը ունի ոչ մեծ, սակայն յառաջադիմած բանակ, որուն զենքով կ'ապահովուի Մեծ Բրիտանիան, ԱՄՆ-ը, Ֆրանսան եւ այլ երկիրները։ Բրիտանացի սպաները կը ծառայեն պայմանագրով եւ երկիրներու միջեւ առկայ համաձայնագրով՝ օգնելով տեղի ծառայողներուն։ Օմանը այլ երկիրներու հետ տարածքային վեճեր չունի։

Կաղապար:Ասիոյ Երկիրներ

  1. 3 // (unspecified title)
  2. https://data.worldbank.org/indicator/SP.POP.TOTL
  3. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
  4. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.