Քուէյթ

Միջին Արեւելքի մէջ երկիր

Քուէյթ (արաբ․՝ كويت‎‎), երկիր Հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ մէջ՝ Արաբական թերակղզին վրայ։ Հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն կը սահմանակցն Իրաքին, իսկ հարաւէն՝ Սէուտական Արաբիաին։ Մայրաքաղաքը Էլ Քուէյթն է։

Քուէյթ
Քուէյթի դրօշը Զինանշանը


Կը ներառնէ Էլ Ահմադի (պրովինցիա)?, Էլ Ֆարվանիյահ?, Ալ Ասիմա?, Էլ Ջահրա?, Հաուալի եւ Մուբարաք Էլ Քաբիր?
Պետական լեզու Արաբերէն
Մայրաքաղաք Մայրաքաղաք Քուէյթ
Օրէնսդիր մարմին Քուէյթի Խորհրդարան
Երկրի ղեկավար Mishal Al-Ahmad Al-Jaber Al-Sabah?
Կառավարութեան ղեկավար Սապահ Ալ Խալետ Ալ Համատ
Ազգաբնակչութիւն 4 464 000 մարդ (1 Յունուար 2020)
Օրհներգ Քուէյթի Քայլերգ
Հիմնադրուած է 26 Փետրուար 1991 թ.
Արժոյթ Քուէյթեան տինար
Ժամային համակարգ UTC+3։00 եւ Asia/Kuwait?[1]
Հեռաձայնային համակարգ +965
Համացանցի յղում .kw
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,831[2]
e.gov.kw(արաբ.)
Քուէյթ

Անոր կը պատկանին նաեւ Պարսից ծոցի քանի մը կղզիներ՝ Պուպիեան, Ֆայլական, Վարպան, Քուպպարը, Քարուն, Ումմ էլ Մարատիմը եւ այլն։ Արեւելքէն ափերը կ՚ողողեն Պարսից ծոցի ջուրերը։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Քուէյթը 7-րդ դարէն մտած է Արաբական խալիֆայութեան, 16-րդ դարէն՝ Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ։

19-րդ դարուն այն դարձած է կռուախնձոր անգլիացիներու եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ։ 1897-ին այդտեղ տեղաբաշխուած է բրիտանական ռազմածովային հենակէտ։ 1899-ին անցած է Մեծ Բրիտանիոյ խնամակալութեան տակ։

1927-ին վերջնականապէս որոշուած են Քուէյթի պետական սահմանները, որոնք մինչեւ օրս կը պահպանուին։ Քուէյթը անկախութիւն ձեռք բերած է 19 Յունիս 1961-ին։

1990-ին Իրաքի զօրքերը ներխուժած են Քուէյթ՝ անոր նաւթային պաշարները զաւթելու նպատակով, որ, սակայն, առաջ բերած է համաշխարհային խոշոր նաւթօգտագործողներու զայրոյթը. ԱՄՆ-ը, միջազգային դաշնութիւն կազմելով, Քուէյթի մէջ սկսած է ռազմական գործողութիւններ եւ 1991-ին Իրաքին դուրս մղած այդտեղէն։

Իրաքա-Քուէյթեան պատերազմ

Խմբագրել

Իրաքա-Քուէյթեան պատերազմ կամ Ծոցի ճգնաժամ, հակամարտութիւն Իրաքի եւ Քուէյթի միջեւ 1990-1991-ներուն, որ աւարտեցաւ միջազգային ուժերու ներգրաւմամբ ու Իրաքի պարտութեամբ։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Իրաքա-Քուէյթեան տեղական վէճը վերաճեցաւ հսկայական ռազմական հրդեհի Մերձաւոր Արեւելքին մէջ, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք դարձաւ ամենամեծ ռազմական գործողութիւններէն մէկը, որ իր մէջ ներքաշեց աւելի քան մէկ միլիոն զինուորականներու։ Սկսած պատերազմը հանդիսացաւ դժուար եւ պատասխանատու փորձութիւն համաշխարհային հանրութեան համար, որ հանդէս կու գար ընդդէմ անմարդկային գործողութիւններու։

Նաւթը կը հանդիսանայ իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հարստութեան եւ զարգացման, միեւնոյն ժամանակ նաեւ թշնամանքի եւ նախանձի աղբիւր։ Նաւթն էր ճգնաժամի պատճառը, որ կը ներկայացնէր հարձակում հզօր եւ ոչ այնքան հարուստ Իրաքի կողմէ ընդդէմ թոյլ, բայց շատ հարուստ Քուէյթի։ Պատահական չէ նաեւ ԱՄՆ-ի դերը այս բախումբին մէջ, որ ուղարկեց կէս միլիոնանոց զօրք՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Միեւնոյն ժամանակ Ուաշինկթընը կը ձգտէր ամրապնդել իր ռազմաքաղաքական դիրքերը տարածաշրջանին մէջ եւ ապահովել իրեն ազատ առեւտուրի իրաւունք նաւթատոլլարներով հարուստ Քուէյթի հետ։

Իրաքա-Քուէյթեան յարաբերութիւնները կտրուկ լարուեցան Յուլիս 1990-ին նաւթի գինի շուրջ վէճերու արդիւնքով։ Այդ նոյն ժամանակ Իրաքի ներքին քաղաքական դրութիւնը կ՚առանձնանար ստեղծուած բարդութեամբ։ Իրանի հետ պատերազմի արդիւնքով կործանուած տնտեսութիւնը զգացնած կու տար իրեն։ Արդէն 1988-ին երկրի արտաքին պարտքը հասած էր 7580 միլիարտ տոլարի, դժուարութիւններ կային ընկերային ոլորտին մէջ։ Սատտամ Հուսէյնի վարչակարգը կը ճնշէր բոլոր դժգոհութիւնները։ Իրաքի ժողովուրդի վրայ դրուած էր ռազմական ծախսերու ծանր բեռը՝ Իրաքի բանակը քանակութեամբ աշխարհի մէջ կը զբաղեցնէր 4-րդ տեղը։

24 Յուլիսին Հոսնի Մուպարաքը իբրեւ միջնորդ այցելեց Քուէյթ, Իրաք, Սէուտական Արաբիա եւ 25 Յուլիսին յայտարարեց Իրաքի եւ Քուէյթի համաձայնութեան մասին նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ Ճետտայի մէջ՝ Սէուտական Արաբիա։

1 Օգոստոսին Ճետտայի մէջ սկսան իրաքա-Քուէյթեան բանակցութիւնները, սակայն 2 ժամէն այն ընդհատուեցաւ։ Բանն այն է, որ Պաղտատը Քուէյթի առջեւ դրաւ շարք մը պահանջներ, որոնք Քուէյթը մերժեց։ Եւ այդ ժամանակ ալ Իրաքի ռազմական մեքենան բերուեցաւ ռազմական ամբողջական պատրաստուածութեան։ Օրուայ 2-րդ կէսին Իրաքի նախագահ Սատտամ Հուսէյնը զանգահարեց Քուէյթի էմիրին.

 
- Ինչպէ՞ս էս, ո՜վ շէյխ Ճապէր։

-Փառք Ալլահի, լաւ կը զգամ, հիմա նոր ընթրեցի,- հետեւեց էմիրի պատասխանը։

-կ՚երդուեմ Ալլահով՝ Քուէյթի մէջ դու այլեւս չես ընթրեր,- կտրուկ հետեւեց Իրաքի նախագահի պատասխանը։
 
 
Քուէյթի այրուող նաւթահանքերը

Յաջորդ իսկ գիշերը Իրաքի զօրքերը գրաւեցին Քուէյթը։

Անյաջող եղաւ ԱՄՆ-ի փորձերը ազդելու Իրաքի վրայ։ 1 Օգոստոսին Իրաքի դեսպան Մուհամմատ ալ-Մաշատին ընդունեց ԱՄՆ-ի պետքարտուղարի՝ մերձաւորարեւելեան եւ հարաւասիական գործերով օգնական Ճ. Քելլին։ Ամերիկեան կողմի անհանգստութեան, այն որ Իրաքը զօրքեր կը տեղակայէ Քուէյթի սահմանին, Մաշատը պատասխանեց. «Իրաքը լիակատար իրաւունք ունի տեղակայել իր զօրքերը իր տարածքի սահմաններուն մէջ, ինչպէս կը ցանկանայ»։

Նոյն օրը համագումար-սրահին մէջ ԱՄՆ-ի պգտքարտուղար Ճ. Պէյկերի հետ փակ դռներու ետեւ կայացաւ խորհրդակցութիւն, որուն ներկայ էին պետքարտուղարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան, Կեդրոնական հետախուզական Վարչութեան եւ Սպիտակ Տան ղեկավարները։ Այս խորհրդակցութեան ժամանակ ԿՀՎ-ի տնօրէնի տեղակալ Ռ.Քեռը հանդէս եկաւ՝ զգուշացնելով, որ 6-12 ժամէն Իրաքը կը յարձակի Քուէյթի վրայ։

Վարչական բաժանում

Խմբագրել

Քուէյթը բաժնուած է 6 նահանգներու (մուհաֆազաներու, արաբ․՝ محافظة‎‎‎ muḥāfaẓä), որոնք իրենց հերթին կը բաժնուին շրջաններու։

 
Նահանգ Վարչկեդրոն Տարածք

քմ²

Բնակչութիւն (2005) Ստեղծուած
Էլ Ահմատի1) Էլ Ահմատի 5 120 393 861 1946 առանձնացուած է Էլ Ասիմահէն
Էլ Ասիմահ (Էլ Քուէյթ)2) Էլլ Քուէյթ 200 261 013 ի սկզբանէ
Էլ Ֆարվանիա Ալ Ֆարվանիա 190 622 123 1988 առանձնացած է Էլ Ասիմահէն
Էլ Ճահրա3) Ալ Ճահրա 12 130 272 373 1979 առանձնացած է Էլ Ասիմահէն
Հաուալի Հաուալի 84 487 514 ի սկզբանէ
Մուպարաք Էլ Քապիր Մուպարաք Էլ Քապիր 94 176 519 1999 առանձնացած է Հաուալիէն
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ 17 818 2 213 403
1)Սէուտա-Քուէյթեան չէզոք գօտին լուծարուած է 18 Դեկտեմբեր 1969-ին,

եւ հիւսիսային մասը 2590 քմ² տարածքով միացած են Էլ Ահմատիին նահանգին հետ, իսկ փոքրիկ կտոր մը փոխանցած են Էլ Ճահրա նահանգին

2) ընդգրկելով Ֆաիլաքա, Միսքան եւ Աուհահ կղզիները
3) ընդգրկելով Վարպահ եւ Պապիեան կղզիները

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Տարածքի հիմնական մասը անապատներ են, բնակավայրը հարթավայրային է, տեղ-տեղ՝ բլուրաւոր, ամենաբարձր կէտը (290 մ) կը գտնուի երկրի ծայր արեւելքը։ Ընդերքը հարուստ է նաւթով (աշխարհի մէջ առաջին տեղերէն է), կազով։

Կլիման չոր է, արեւադարձային։ Ջերմաստիճանը ամրան կը բարձրանայ մինչեւ 40 օ

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Քուէյթի տնտեսութիւնը հիմնուած է զուտ նաւթարդիւնահանութեան վրայ. այն նաւթ արտահանող գլխաւոր երկիրներէն է։

Ժողովրդագրութիւն

Խմբագրել

Քուէյթի հիմնական բնակիչները Քուէյթցի արաբներն են (45%)։ Կան նաեւ հարեւան արաբական երկիրներէն եկածներ, պետուիններ, եւրոպացիներ, հայեր եւ այլք։ Գլխաւոր քաղաքներն են Էլ Քուէյթը եւ Մենա Էլ Ահմատին։

Բնակչութեան 88 %-ը քաղաքաբնակ է, կ՚ապրի ժամանակակից շէնքերու մէջ, շուրջ 20 հազար մարդ քոչուոր է։

Հայերը Քուէյթի մէջ

Խմբագրել

Հիմնական յօդուած՝ Քուէյթի Հայերը

Հայերը Քուէյթի մէջ հաստատուած են 1950-ականներէն՝ այստեղ գալով Իրաքէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Պաղեստինէն ու Յորդանանէն։ Համայնքը ձեւաւորուած է 1954-էն, երբ հայերու թիւը անցած է 1000-ը, ստեղծուած է առաջին համայնքային կառոյցը՝ Ազգային վարչութիւնը։

1956-էն համայնքը անցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիի ներքոյ եւ 1961-էն ունի մնայուն հոգեւոր հովիւ։ 1963-ին կառուցուած է եկեղեցի-հանդիսասրահ։ 1982-ին Էնտուզ Էլ Քուէյթի մէջ ստեղծուած է Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու թեմ։

1958-էն կը գործէ հայկական կիրակնօրեայ դպրոց, 1961-էն՝ Հայ ազգային վարժարանը, որ ստացած է միջնակարգ դպրոցի կարգավիճակ։ Մինչեւ Ծոցի պատերազմը (1991) համայնքը շարունակաբար ստուարացած է՝ հասնելով մինչեւ 10-12 հազարի։ Գործած են ֆութպոլի խումբ, «Սեպումեան» թատերախումբը, երկսեռ երգչախումբեր եւ այլն։ Պատերազմի պատճառով հայերը զանգուածաբար հեռացած են Քուէյթէն։

Ներկայիս Քուէյթի մէջ հայերու թիւը 5.000 է որոնց գերակշիռ մասը կ՚ապրի մայրաքաղաքին մէջ։ Առաւելապէս արհեստաւորներ են ու մանր առեւտրականներ, կան նաեւ պետական ծառայողներ ու մտաւորականներ։

Կը գործեն Սուրբ Վարդանանց հայկական եկեղեցին, վարժարան՝ նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններով։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
  2. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.