Քուէյթի մէջ հայերը հաստատուած են 1950-ականներուն։ Անոնք եկած են Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Իրաքէն եւ այլ տեղերէ՝ աշխատանք գտնելու նպատակով: Սկզբնական շրջանին Քուէյթ տեղափոխուածները եղած են արական սեռի յատկապէս երիտասարդ ներկայացուցիչներ, ապա, կարճ ժամանակ անց, այնտեղ տեղափոխած են նաեւ իրենց ընտանիքները:

1950-ականներու կէսերուն հազարի հասնող Քուէյթի հայերը սկսած են կազմակերպուիլ եւ ստեղծել իրենց ազգային կառոյցներն ու մարմինները:

Առաջին քայլերը կատարուած են 1956-ին, երբ ստեղծուած է «Քուէյթի Հայ Լուսաւորչական Առժամեայ Մարմին»-ը, որ անմիջապէս, 10 Յունիս 1956-ին, հիմք ընդունելով այն հանգամաքէն, որ տեղի հայերը կու գան ընդհանրապէս Կիլիկեան թեմերու շրջանակներէն (Սուրիա, Լիբանան, Պարսկաստան), դիմած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ անոր հովանին եւ օժանդակութիւնը խնդրելով՝ իր հոգեւոր եւ կրթական կարիքներուն համար:

1959-ի Ապրիլին, երբ հայ ընտանիքներուն թիւը կը հասնէր 150-ի, եւ համայնքը ունէր աւելի քան 1500 երիտասարդ, կազմակերպական գործը կը դառնայ աւելի կայուն, եւ «Առժամեայ Մարմին»-ին փոխարէն կը ստեղծուի եօթը հոգինոց վարչութիւն մը «Քուէյթի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մարմին» անունով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը 30 Դեկտեմբեր 1959-ի նիստին կը քննէ Քուէյթի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մարմինին դիմումը եւ կ’որոշէ Քուէյթը առնել իր իշխանութեան տակ եւ զայն նկատել իբրեւ Հոգեւոր Հովւութեան Շրջան՝ կապուած ուղղակի Կաթողիկոսարանին:

1981-ին Քուէյթ եւ Արաբական Ծոցի երկիրները կը հռչակուին Կաթողիկոսական Փոխանորդութիւն, որուն կապուած են Քուէյթի, Շարժա-Տուպայի եւ Ապու Տապիի Ազգ. Վարչութիւնները: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհ. Ժողովը (Հալէպ, 15-20 Նոյեմբեր 1992) որոշում կ’ընդունի Արաբական Ծոցի երկիրները վերածել թեմի: Յետաքային Թեմին մաս կը կազմեն Քաթարի եւ Պահրէյնի գաղութները:

1990-1991-ին համայնքին թիւը կը հասնի 15 հազարի, սակայն Ծոցի պատերազմին պատճառով կտրուկ կը նուազի՝ հասնելով ընդհուպ կազմաւորման ժամանակահատուածի պատկերին: Այժմ համայնքին թիւը մօտաւորապէս 4000 է: Վերջին տասը տարիներուն այս թիւը էական փոփոխութեան չէ ենթարկուած: Սուրիական տագնապի տարիներուն Քուէյթ ներգաղթած ընտանիքներուն թիւը աննշան է՝ երկրին խիստ օրէնքներուն պատճառով (Միայն սահմանափակ սուրիահայեր, որոնք ստացած են Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ Քուէյթի մէջ կեցութեան արտօնագիր):

Քուէյթահայութիւնը լաւ կազմակերպուած աւանդական համայնք է

Խմբագրել

Քուէյթահայերը ներգրաուուած են յատկապէս արհեստներու, առեւտուրի, դրամատնային եւ սպասարկման ոլորտներու մէջ: Քուէյթահայութիւնը լաւ կազմակերպուած աւանդական համայնք է. ունի Առաջնորդարան (Կաթողիկոսական Փոխանորդի նստավայր), Ս.Վարդանանց Եկեղեցի՝ Թաղականութեամբ, Եկեղեցասէր Տիկնանց յանձնախումբ եւ հագեւոր հովիւ, Հ.Մ.Ը.Մ. իր սկաուտական եւ մարզական թեւերով, Հ.Օ.Մ., Հայ Դատի յանձնախումբ, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններ, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւն, «Շաքէ» պարախումբ՝ ՀՕՄ-ի ենթակայ: Բազմաթիւ յանձնախումբեր, որոնք աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած են: Այս բոլորին մէջ անշուշտ դպրոցը կը մնայ Քուէյթահայութեան բաբախող սիրտը:

Քուէյթի Ազգային վարժարանը անցած է աւելի քան հինգ տասնեակ տարիներու ճանապարհ

Խմբագրել

-Քուէյթի Ազգային Վարժարանը, որ Ծոցի Արաբական երկիրներու միակ ամէնօրեայ վարժարանն է, հիմնադրուած է 1960-ին: 1965-ին կու տայ նախակրթարանի, 1970-ին՝ միջնակարգի, իսկ 1980-ին՝ երկրորդականի առաջին հունձքերը: Դպրոցը անխափան կը գործէ նոյն հանգրուաններով (մանկապարտէզէն մինչեւ ԺԲ. կարգ)՝ դառնալով արաբական գաղութներու ամէնէն կարեւոր կրթական հաստատութիւններէն մԵկը:

Մինչեւ 1990՝ իրաքեան բանակի ներխուժումը Քուէյթ, աշակերտութեան թիւը կը հասնի 800-ի, իսկ պատերազմի հետեւանքով հայութեան թիւը կտրուկ կը նուազի եւ յետեւապէս աշակերտութեան թիւն ալ կը նուազի ընդհուպ մինչեւ 125, մեծ զոհողութիւններու գնով դպրոցը կանգուն կը պահուի եւ հետզհետէ կը գտնէ իր բնական վիճակը:

Այժմ աշակերտութեան թիւը 443 է: Քուէյթի Ազգ. Վարժարանը, յաչս պետութեան, նոյն շէնքին մէջ գործող երկու տարբեր վարժարաններու կարգավիճակ ունի: Մանկապարտէզէն մինչեւ Թ. կարգ կը նկատուի օտար վարժարան, որ կ’իրագործէ Քուէյթեան հանրային վարժարաններու ծրագիրը եւ ազատ է հայերէնի, հայոց պատմութեան ու կրօնի դասաւանդութիւններուն մէջ, իսկ ճեմարանը (Թատամոն) ունի արաբական դպրոցի կարգավիճակ, բայց կրնայ հայագիտական նիւթեր դասաւանդել (հայ գրականութիւն եւ հայ դատ):

Դպրոցի նիւթական ամբողջ կարիքները կը հոգայ հայ գաղութը: Պետական նպաստ չկայ: Ընդհակառակը դպրոցը պարտաւոր է հայթայթել երկրի կրթական հաստատութիւններուն համար նախատեսուած կամ կիրարկութեան մէջ դրուող բոլոր պայմանները (շէնքային, ուսումնական, վարչական, առողջապահական, ընկերային եւ այլն):

Աշակերտները ամբողջութեամբ հայեր են: Մակարդակի առումով մրցունակ է եւ աշակերտները պետական աւարտական քննութիւններուն կ’ապահովեն լաւ արդիւնքներ: Վերջին չորս տարիներուն ունինք 100 տոկոս յաջողութիւն եւ պետական գնահատանքի արժանացած աշակերտներ: Մեր աշակերտները իրենց համալսարանական կրթութիւնը կը շարունակեն ե՛ւ Քուէյթի ե՛ւ այլ երկիրներու մէջ: Նախքան սուրիական տագնապը մեծ թիւով աշակերտներ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի համալսարանի տարբեր ճիւղերու մէջ կ’ուսանէին, վերջին երկու տարիներուն հիմնականին մէջ ուղղուեցան Երեւան (23 ուսանող), Պէյրութ (15 ուսանող), եւ այլ երկիրներ՝ Յորդանան, Գերմանիա, Գանատա եւ այլն… անշուշտ մեծագոյն մասը կ’ուսանին Քուէյթի զանազան համալսարաններու մէջ: Պէտք է նշել, որ սուրիական տագնապին պատճառով Քուէյթի հայկական վարժարան տեղափոխուած է 17 աշակերտ:

Հայ համայնքի յարաբերութիւնները պետութեան հետ

Խմբագրել

-Հայ համայնք եւ պետութիւն յարաբերութիւնները սահմանափակ են՝ այնուամենայնիւ շատ սիրալիր, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան վրայ: Համայնքը մեծ յարգանք կը վայելէ ե՛ւ պետական շրջանակներու ե՛ւ տեղացի ժողովուրդին մօտ: Անհրաժեշտ է նշել, որ բացի արաբ տեղացի քուէյթցիներէ՝ մնացեալ բոլոր բնակիչները, ներառեալ հայերը, ոչ թէ քաղաքացիներ են՝ այլ Քուէյթի ժամանակաւոր կեցութեան արտօնագրերով կը բնակին այնտեղ: Միջին Արեւելքի այլ համայնքներու օրինակով՝ պետութիւնը քուէյթահայութիւնը կը ճանչնայ իբրեւ առանձին կրօնական համայնք:

Համայնքի կապը Հայաստանի հետ

Խմբագրել

Համայնք-Հայաստան կապը շատ սերտ է, քուէյթահայութեան զգալի մասը ունի Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Մեծ թիւով ընտանիքներ իրենց ամառնային արձակուրդը կ’անցնեն Հայաստանի մէջ, տեղեկացուած են Հայաստանի ընդհանուր վիճակին: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան բացումով՝ Յունիս 2010-ին, այդ առնչութիւնները աւելի եւս ամրացան:

Քուէյթի հայ համայնքի դժուարութիւնները

Խմբագրել

Այսօր հայ համայնքի մեծագոյն հարցը սեփական հողակտորի վրայ Եկեղեցի ունենալու հարցն է: 1965-էն ի վեր Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ հողաշերտը վարձակալական հիմունքներով կ’օգտագործուի: Այժմ հողատէրերը կ’ուզեն ծախել հողաշերտը, որ շատ սուղ ըլլալով անկարելի կը դառնայ սեփականացնել՝ համայնքի ուժերէն վեր է: Սակայն Ազգային մարմինները կ’աշխատին լուծումներ գտնել:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ս․ Վարդանանց Եկեղեցի (Քուէյթ)

Քուէյթի Ազգային Վարժարան