Ս․ Վարդանանց Եկեղեցի (Քուէյթ)
Քուէյթի Ս․ Վարդանանց Եկեղեցւոյ Պատմական Հոլովոյթը, (1947-2017), Հայ Համայնքի Կազմութիւն, Դժուարութիւններ եւ Մարտահրաւէրներ, Եկեղեցաշինութիւն։
Քուէյթի Ս․ Վարդանանց Եկեղեցւոյ Պատմական Հոլովոյթը
ԽմբագրելՔուէյթի Հայ Համայնքի Կազմութիւնը եւ Հայ Եկեղեցին
Խմբագրել1950ական թուականներէն, Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ կերպարանք ստացան նորագոյն հայ գաղութներ։
Այս շրջանակին մէջ իր կազմաւորման տեսակէտէն առաջին տեղը կը գրաւէ Քուէյթը, ուր հայերու հաստատումը սկսած է 1947-էն։ Սկզբնապէս՝ գլխաւորաբար ամուրի երիտասարդներէ կամ ընտանիքի հայրերէ կազմուած հայ փոքրիկ հաւաքականութեան մէջ, հետզհետէ մագլցում կʼունենայ ընտանիքներու թիւը։ Հոս է, որ կը ծագի հոգեւոր եկեղեցական կեանքի ու մանաւանդ, մանուկներու աճող թիւին հետ, նաեւ կրթութեան, ազգային դաստիարակութեան ու մայրենի լեզուի ուսուցման անհրաժեշտութիւնը։ Կազմակերպումի իմաստով առաջին քայլը կը կատարուի 1956-ին, երբ կը ստեղծուի «Քուէյթի Հայ Լուսաւորչական Առժամեայ Մարմին»ը, որ անմիջապէս, 10 Յունիս 1956-ին, ելլելով այն հանգամանքէն, որ տեղւոյն հայերը կու գան ընդհանրապէս Կիլիկեան թեմերու շրջանակներէն (Սուրիա, Լիբանան, Պարսկաստան), կը դիմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ անոր հովանին եւ օժանդակութիւնը խնդրելով իր հոգեւոր եւ կրթական կարիքներուն համար։ 1959-ի Ապրիլին, երբ հայ ընտանիքներու թիւը կը հասնէր 150-ի, իսկ գործի համար կայք հաստատած երիտասարդները աւելի քան 1500֊ի, կազմակերպչական գործը աւելի կայուն կը դառնայ «Առժամեայ Մարմին»ին փոխարէն ստեղծելով եօթը հոգինոց վարչութիւն մը «Քուէյթի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մարմին» անունով։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը, 30 Դեկտեմբեր 1959-ի նիստին կը քննէ վերոնշեալ մարմնի դիմումը եւ կʼորոշէ Քուէյթը առնել իր իշխանութեան տակ։
20 Հոկտեմբեր 1960-ին, Քուէյթի Սալմիէ շրջանին մէջ, պետական պաշտօնական արտօնագրով, հիմը կը դրուի առաջին հայկական վարժարանին։
Որոշ շրջան մը Կաթողիկոսարանէն այցելու կղերականներ, հոգեւոր գործունէութեամբ կը ղրկուին Քուէյթ, յատկապէս Զատկական տօներուն, Ս․ Պատարագ, Քարոզ եւ ջրօրհնէք կը կատարեն Ամերիկեան Բողոքական եկեղեցիէն ներս, տարեկան փոքր նիւթական նուէրի մը փոխարէն, ինչպէս նաեւ տնօրհնէք եւ գերեզմանի այցելութիւններ։
1961-ի վերջաւորութեան գաղութը կʼունենայ իր մնայուն հոգեւոր հովիւը՝ Տ․ Պարոյր Քհնյ․ Սարգիսեան, որ միեւնոյն ժամանակ կը վարէ դպրոցի Տնօրէնի պաշտօնը։
1965-ին, երբ Բողոքականներու եկեղեցւոյ պատասխանատուները պաշտօնական նամակով մը կը յայտնեն, որ յետայսու եկեղեցին ազատ ժամեր չունի տրամադրելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն, յատուկ կարգադրութեամբ դպրոցի բակը ծածկելէ, որոշ բարեփոխումներու եւ նորոգութիւններու ենթարկելէ ետք, զայն կը վերածեն օրինաւոր եկեղեցիի՝ իր բեմով, դասով, անհրաժեշտ մասնաբաժիններով ու սպասներով։ Այսպիսով Եկեղեցին եւ Ազգային Վարժարանը կը միանան մէկ յարկի տակ։
Սակայն նկատի առած, թէ ապօրինի շինութիւններ արգիլուած են քաղաքին մէջ, պետութիւնը կը հրահանգէ քանդել նոր կառուցուած բաժինները։ Խորքին մէջ կը քանդուին ծածկոյթ վրանները, միւսները կը մնան նոյն ձեւով։ Կը շարունակուի եկեղեցւոյ շինութիւնը ու նոյն տարուան Ապրիլ ամսուն, եկեղեցւոյ մէջ կը նշուի Եղեռնի Յիսնամեակը։
1967-ին, մատնութեան մը հետեւանքով, Կրթական Նախարարութեան, անհատական վարժարաններու պատասխանատու վարչական կազմի խիստ հրահանգով, Դպրոցը պարտադրաբար կը փոխադրուի նոր շէնք՝ Միտան Ալ Հաուալի Ալ Շարքի։
Նախկին Կալուածի հետ կապուած Դժուարութիւններ
Խմբագրել19 Հոկտեմբեր 1974-ի Քուէյթի Ազգային Վարչութեան նիստին, կը զեկուցուի եկեղեցւոյ կալուածատիրոջ՝ Ահմատ Հուսէյն Կապազարտի գրութիւնը, ուր մտադիր է շէնքը փլել՝ նոր մը կառուցելու համար։ Ժողովը կʼաշխատի հնարաւորութիւններու մասին մտածել, որպէսզի տանտէրը փոխէ միտքը, կամ յետաձգէ իր ծրագիրը եւ կամ կալուածը նպաստաւոր գնով ծախէ։ Իսկոյն, Ապրիլ 1975-էն սկսեալ Պրն․ Կապազարտը պաշտօնական նամակով մը շէնքի վարձքին յաւելում կը պահանջէ, պայմանաւ որ համաձայնագիրը ըլլայ առնուազն հինգ տարուան։
80ական եւ 90ական թուականներուն, արդէն իրերայաջորդ Երեսփոխանական (Թեմական) ու Ազգային Վարչութիւններու Ժողովներու կարեւորագոյն օրակարգերէն մէկը կը դառնայ՝ եկեղեցւոյ կալուածի հարցը, նկատի ունենալով, որ կալուածատէրը ըստ պետական օրէնքին, յաճախ սպառնալիքներ կը փոխանցէր, եւ որեւէ ժամանակ կրնար դուրս հանել տեղւոյն հայերը։ Դարձեալ հողը գնելու առաջարկներ կʼըլլան, սակայն անոնք կը մնան ապարդիւն:
Սեփական Եկեղեցի Ունենալու Հրամայականը
Խմբագրել2002 թուականի սկիզբը, օրուան Երեսփոխանական Ժողովի որոշումով, Ազգային Վարչութիւնը հիմը կը դնէ «Եկեղեցաշինութեան Հիմնադրամի անձեռնմխելի հաշիւ»ին, որուն մաս կը կազմեն Թեմի բոլոր շրջաններու վարչութիւնները եւ ազգայինները անհատաբար, ամէն տարի որոշ գումարներ մուծելով այդ հաշուին:
2006 - 2007 տարիներուն, Կապազարտ ընտանիքը իր որոշումը վճռական կերպով կը փոխանցէ ըսելով, «Կամ գնեցէ՛ք կալուածը եւ կամ դատարկեցէ՛ք զայն»:
Ցաւ ի սիրտ, եկեղեցւոյ կալուածը գնելու համաձայնութեան փորձերը կրկին ձախողութեան կը մատնուին եւ անոր փոխարէն, 7 Յուլիս 2009-ին, երկու տարուան ժամկէտով, կալուածատիրոջ հետ նոր վարձակալական համաձայնագիր մը կը ստորագրուի, եւ վարձքը ահռելի աճ կʼարձանագրէ:
12 Յունիս 2011-ին, Երեսփոխանական Ժողովի յատուկ օրակարգով, որոշում կը կայանայ յառաջացնել «Դրամահաւաքի Կեդրոնական Մարմին»ը։
Այս շրջանին դարձեալ համաձայնութեան փորձեր տեղի կʼունենան Կապազարտ ընտանիքին հետ, սակայն ամէն անգամ կալուածի գինը աներեւակայելի ոստում կʼարձանագրէ եւ պատճառ կը դառնայ, որ քուէյթահայութիւնը սեփական եկեղեցի մը ունենալու առաջնահերթութեան գաղափարը կեանքի կոչէ։
Ուստի, ահազանգը կը հնչէ՝ նոր կալուածի մը ոռոնումով:
Նոր Կալուած
Խմբագրել2015-ին կը յառաջանայ «Եկեղեցւոյ Հիմնախնդրի Կեդրոնական Մարմին»ը։
Յարմարագոյն կալուած մը որդեգրելու ծիրէն ներս, Քուէյթի ողջ տարածքին պրպտումներ կը կատարուին եւ ծախու առանձնատուներու ու հողաշերտերու ցանկեր կը պատրաստուին, իրենց ճշգրիտ հասցէներով ու տուեալներով, որպէսզի հարկ եղած պարագային օգտուիլ անոնցմէ: Երկար քննարկումներէ ետք, Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան 6 Նոյեմբեր 2015-ի խառն նիստը, միաձայնութեամբ որոշում կը կայացնէ առանձնատուն մը գնել, հրաժարելով հողաշերտ գնելու կամ առանձնատուն վարձելու գաղափարներէն, ուստի ձեռք կը ձգուի 700 քառակուսի մեթր տարածութեամբ ծախու կալուած մը, որ կը գտնուի Սալուա շրջանի, 12րդ պլօքին մէջ: Նշեալ առանձնատունը, օժտուած էր Եկեղեցի եւ Առաջնորդարան վերածուելու գրեթէ բոլոր յարմարաւետութիւններով: Առանձնատան արժեգինն է` 725.000 Քուէյթեան Տինար:
1 Դեկտեմբեր 2015-ը ճակատագրական օր մը կʼըլլայ քուէյթահայութեան պատմութեան մէջ, ուր Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան խառն նիստի որոշումով, եկեղեցւոյ գնման առաջին մասնավճարը կը փոխանցուի կալուածատիրոջ, եւ այսպիսով, վաթսունամեակէ մը աւելի կեանք ունեցող Քուէյթահայ գաղութը, իրաւականօրէն կը տիրանայ իր սեփական առաջին եկեղեցիին եւ Առաջնորդարանին:
Այնուամենայնիւ արհամարհելով ամեէն տեսակի ծանրակշիռ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, որով վճրուած կʼըլլայ մինչեւ 21 Փետրուար 2016, կալուածին ամբողջ արժեգինը ապահովել, միեւնոյն ժամանակ մեկնարկել, Ազգային Առաջնորդարանի եւ եկեղեցւոյ արտօնագրի պետական գործընթացներուն:
Իսկոյն, ի յայտ կու գայ, որ ազգային սնտուկի գումարն ու անձեռնմխելի հաշիւը երբեք բաւարար չէին, ընդհանուր պահանջուածը ամբողջացնելու: Հետեւաբար, մարմինը եկամտաբեր միջոցառումներ կʼիրականացնէ: Անոնց առաջին արձագանգը կʼըլլայ, եկեղեցաշինութեան աւանդական սովորութեան համաձայն` խորանի, մկրտարանի, մոմակալներու, սիւներու եւ կամ այլ յատկանշական մասնաբաժիններու կնքահայրութեան դրութիւնը: Ինչպէս նաեւ, Յունուար 2016-ին, գաղութի հաւատաւոր հայորդիներուն բարձր գիտակցութեան ապաւինելով, հինգ օրերու տեւողութեամբ, հանքանակութեան արշաւ մը կը կազմակերպուի եւ կը գոյանայ կոկիկ ու խորհրդանշական գումար մը, որու մանրամասնութիւնները արդէն ժողովուրդին սեփականութիւնը կը դառնան, հրապարակային յայտարարութիւններով:
Այս բոլորով հանդերձ, հաւաքուած գումարը տակաւին բաւարար չըլլար, մնացած մասնավճարները ամբողջացնելու: Արդ, դրամատունէն վարկ չվերցնելու խիստ որոշումէն մեկնելով, մարմինը անձնուրաց ազգայիններէ պարտք կը վերցնէ եւ կալուածին ընդհանուր արժեգինը կը վճարէ:
Դրամահաւաքի աշխատանքին առընթեր, մարմինը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ եւ պաշտօնական կապեր կը մշակէ պետական զանազան հաստատութիւններու հետ, որոնց արդիւնքով կը ստանայ Քաղաքապետարանին, Աուքաֆին եւ նոր կառոյցի դրացիներուն գրաւոր արտօնութիւնները, ու լրացնելով պաշտօնական ծրարը, կը կարողանայ ձեռք ձգել նոր եկեղեցւոյ արտօնագիրը:
Ի միջի այլոց, Սալմիէի նախկին եկեղեցւոյ գծով, կալուածատէրերուն ներկայացուցիչները զանազան առիթներով եւ անպաշտօն կերպով կը պահանջեն եկեղեցին պարպել ու կալուածը յանձնել: Սակայն այս մէկը իրենց ակնկալած ժամանակամիջոցին չիրականանալուն պատճառով, անոնք իրենց պահանջքը կը ներկայացնեն դատական ատեան, որու հիման վրայ 27 Յուլիս 2016-ին, կը ստանան դատարկման պաշտօնական վճիռը: Եկեղեցւոյ հիմնախնդրի Մարմնի փաստաբանին ցուցմունքներով, սոյն վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում կը կատարուի, որու արդիւնքով Ապրիլ կամ Մայիս 2017-ն, կը ճշդուի որպէս եկեղեցւոյ դատարկման ամենաուշ ժամկէտ:
Սրբոց Վարդանանց Նորակառոյց Եկեղեցւոյ Կառոյցը
ԽմբագրելՍտորեւ, ամփոփ գիծերու մէջ կը ներկայացնենք Քուէյթի առաջին սեփական Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ յատակագիծը, որ ձեւակերպուած է գործակցութեամբ ճարտարագէտ` Տիար Պարգեւ Տէմիրճեանի եւ անոր հիմնական հեղինակներն են ճարտարապետներ` Տեարք Պետրոս եւ Գրիգոր Պետիրեաններ:
Սոյն յատակագիծը ինքնատիպ է եւ առանձնայատուկ։ Արդ, լուսարձակի տակ կʼառնենք հետեւեալ կարեւոր նկատառումները․-
Եկեղեցին նոր հիմքերու վրայ չկառուցուիր, այլ եկեղեցւոյ կը վերածուի արդէն գոյութիւն ունեցող, արաբական ոճով շինուած առանձնատան մը տեղը, որը քուէյթահայ գաղութին սեփականութիւնը դարձած է այսօր: Կը խօսինք ուրեմն բարեփոխման եւ վերակառուցման աշխատանքներու մասին, ուր վերջնական պատկերը կը պարունակէ Եկեղեցին, Ազգ․ Առաջնորդարանը, միութենական ու գործող բոլոր մարմիններու հաւաքավայրերն ու ժողովակեդրոնները, ինչպէս նաեւ հանրային, գաղութային եւ մշակութային ձեռնարկներու մասնայատուկ տարածութիւնները:
Այսպէս կոչուած՝ վիլլան կը բաղկանայ երեք յարկերէ` հիմք (Basement), գետնայարկ եւ առաջին յարկ: Տեղի կʼունենան երկար սերտողութիւններ, ինչպես նաեւ շարք մը արհեստավարժ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու կարծիքները կʼառնուին, աշխատանքային օրինակելի յատակագիծ մը ունենալու համար եւ այս վիլլան լաւագոյնս օգտագործելու մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարթօնքի ի խնդիր։
Հետեւաբար, գետնայարկը կը վերածուի եկեղեցւոյ, որու մուտքը մայր դրան աջ եւ ձախ կողմերէն է: Եկեղեցւոյ մէջ եւ դրան ետեւը կը տեղադրուի բանկալի սեղանը: Կան 6 մոմակալներ, որոնք կը տեղադրուին մուտքին աջ կողմը: Մոմակալներուն կը յաջորդէ թաղականութեան գրասենեակը, որու մուտքը կը գտնուի կողմի աստիճանատան մօտ, այսինքն եկեղեցւոյ դուրսի բաժինէն: Դպրաց դասի երգեցողութեան կեդրոնը յատկացուած է խորանին աջ կողմը, իսկ անոր ետեւը դպրաց դասի անդամ-անդամուհիներուն յատուկ սենեակը:
Եկեղեցին օժտուած է 16 սիւներով եւ իւրաքանչիւր սիւն, գեղեցիկ ոսկի խաչով մը զարդարուած։ Եկեղեցւոյ առաստաղը, որ ճիփսով պատրաստուած խաչի կերպարանք կը կրէ: Առաստաղին ընդմէջէն կը սլանայ նաեւ եկեղեցւոյ գմբէթը, որ անցնելով առաջին յարկէն կը հասնի մինչեւ տանիք: Սոյն գմբէթը յարդարուած է կիսաթափանցիկ լուսամուտներով, Աստուծոյ լոյսը ներս ցոլացնելու նպատակով:
Եկեղեցւոյ տարածութիւնը բաւական ընդարձակ է։ Իր ամբողջ ենթաբաժանումներով կրնայ ընդգրկել մօտաւոր 240 նստարան: Խորանին ձախ կողմը կը գտնուի աւանդական մկրտարանը: Վերջապէս անցնելով եկեղեցւոյ խորանին, նշենք որ ան ամբողջովին նոր կառուցուած է: Պահուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ խորանին խորհուրդն ու կերպարանքը, որ կը համապատասխանէ 21րդ դարու նորարարութիւններուն:
Անդրադառնալով հիմքին (Basement), կը շեշտենք, որ անոր վրայ բծախնդիր աշխատանք տարուած է բաւարարելու ժողովուրդի կարիքները։ Ան կը բաղկանայ 2 գլխաւոր բաժիններէ: Առաջին բաժինը կʼօգտագործուի ձեռնարկներու եւ կամ այլ հաւաքներու որպէս սրահ, օժտուած անհրաժեշտ սարքաւորումներով: Երկրորդ բաժինը տրամադրուած է Ազգային եւ միութենական Վարչական կազմերուն, զայն օգտագործելու որպէս կեդրոններ եւ ժողովասրահներ: Նաեւ կʼընդգրկէ 5 սենեակներ, որոնք կը ծառայեն նախապէս յիշուած նպատակներուն: Հիմքը օժտուած է լուացարաններով: Հիմքի բաժնին մէջ կայ նաեւ ոչ շատ մեծ տարածութեամբ բացօդեայ հաւաքատեղի մը:
Առաջին յարկին վրայ կը գտնուի Ազգ․ Առաջնորդարանը։ Անոր մուտքը կառոյցին կողմի աստիճաններէն է, որու սկիզբը սպասման սրահ մը կայ: Այս սրահին աջ կողմէն կʼուղղուինք դէպի Ազգ․ Առաջնորդարանի դահլիճը, որ կը ծառայէ պաշտօնական ընդունելութեանց կամ յատուկ միջոցառումներու որպէս կեդրոն: Դահլիճին մօտ կը գտնուի Առաջնորդ Սրբազան Հօր գրասենեակը, օժտուած համապատասխան կահոյքներով եւ հիւրերու յատուկ բազկաթոռներով: Սպասման սրահին արեւմտեան բաժնին մէջ կը գտնուի խոհանոցը, ապա համակարգիչի սենեակը, որու կը յաջորդէ արխիւատունը, շարունակելով կը հասնինք քարտուղարութեան եւ Քահանայ Հօր գրասենեակներուն:
Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ Ազգ․ Առաջնորդարանի յարկէն համեստ բաժին մը յատկացուած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որպէս բնակարան, որ կը բաղկանայ հետեւեալ բաժիններէն․֊ Նստասենեակ, ննջարան, խոհանոց եւ լուացարան:
Վերջապէս, ապահովական նկատառումներով, կառոյցը կʼօժտուի CCTV տեսախցիկներով, որոնք զետեղուած են բոլոր յարկերուն բանուկ բաժիններուն հիմնական կէտերուն վրայ:
Եկեղեցին կʼօժտուի յատուկ կարիքաւորներու պէտքերը գոհացնող միջոցներով եւ յարմարութիւններով, ինչպէս նաեւ այլեւայլ փոքր բաժիններով, որոնք կը բաւարարնեն զանազան կարիքներն ու պահանջքները:
Տանիքի բաժնին մէջ կառուցուած է 2 ընդարձակ պահեստանոցներ եւ պահակին գիշերելու սենեակը:
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- «Յուշամատեան՝ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի», Հեղ․ Յակոբ Չոլաքեան, 2010 Քուէյթ։
- «Քուէյթահայութեան Պատմական Սխրագործութիւնը», Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարան, 2017 Քուէյթ։