Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ
Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ (արաբերէն՝ سلمان ابن عبد العزيز آل سعود) ծնած է 31 Դեկտեմբեր 1935-ին՝ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ։ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը դարձած է իր մեծ եղբոր՝ Ապտալլահ Պըն Ապտուլ-Ազիզ-Ալ-Սաուտի մահէն ետք։ '
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՍալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ ծնած է 31 Դեկտեմբեր 1935-ին Սէուտական Արաբիոյ Մայրաքաղաք Ռիատի մէջ։ Ան արքայ՝ Ապտել Ազիզ Պըն Սէուտի 25-րդ տղան է։ Սալմանը սկզզբնական կրթութիւնը ստացած է Ռիատի Արքայազներու դպրոցին մէջ, որտեղ կրնային ուսանիլ միայն Արքայ Ապտել Ազիզ Պըն Սէուտի երեխաները։
Աշխատանքային Գործունէութիւն
ԽմբագրելԵրբ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ 19 տարեկան էր Ապտել Ազիզ Պըն Սէուտ թագաւորը զինք նշանակեց Սէուտական Արաբիոյ Մայրաքաղաք Ռիատի Էմիրի (քաղաքապետ) ներկայացուցիչ։ Ետքը 1955 թուականին արքայ Ապտել Ազիզ Պըն Սէուտը՝ Սալմանին նշանակեց Ռիատի քաղաքապետ։
Ռիատի Նահանգապետ
Խմբագրել1963 թուականի Փետրուարին Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ նշանակուեցաւ Ռիատի Նահանգապետ։ Ան այդ պաշտոնը ղեկավարեց մինչեւ 2011 թուական (Շուրջ 48 տարի)։ Անոր կառավարման օրօք Ռիատը միջին քաղաքէն դարձաւ հսկայական քաղաք։ Ան կը զբաղէր զբօսաշրջիկներու գրաւչութեամբ եւ երկրին ներդրումներով։ Ան կ'աջակցէր աշխարհա-քաղաքական եւ տնտեսական կապերու ամրապնդմամբ՝ արեւմուտքի հետ։ 2011 թուականի Յունուարին ան յանձնարարեց միջոցներ ձեռնարկել մուրացկաններու դէմ, որոնք կը փորձէին օգտուիլ արաբներու առատաձեռնութիւնէն։
Պաշտպանութեան Նախարար
Խմբագրել2011 թուաականի Նոյեմբերին Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ նշանակուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան նախարար։ Ան այդ պաշտօնը ստանձնեց իր աւագ եղբօր Սուլթանի մահէն ետք։ Սալման այդ ժամանակ դարձաւ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ։ 2012 թուականի Ապրիլ ին Սալման այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ հանդիպելով նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Ապա այցելեց Մեծ Բրիտանիա հանդիպելով Վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ կնքելով շարք մը ռազմական պայմանագիրեր։ Սալման Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն հեռացաւ 2012 թուականի Յունիսին, իր աւագ եղբայր Նայէֆ Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտի մահէն ետք եւ դառնալով Սէուտական Արաբիոյ գահի ժառանգորդ՝ ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը։
Արքայ
Խմբագրել23 Յունուար 2015-ին մահացաւ Սաուտան Արաբիաոյ Ապտուլլահ Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտը։ Ըլլալով գահի ժառանգորդ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ դարձաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր։ Սալմանի Արքայ դառնալէն ետք գահի ժառանգորդ դարձաւ անոր կրտսեր եղբայր Մուքրին Պըն Ապտել Ազիզ Ալ-Սաուտը։ Մուքրին նաեւ ստանձնեց Սէուտական Արաբիոյ վարչապետի պաշտոնը։ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտը որպէս Սէուտական Արաբիոյ նոր արքայ, 30 միլիառ ԱՄՆ Տոլար բաժնեց Սէուտական Արաբիոյ բնակիչներուն պարգեւներու տեսքով։ Անոր հրամանով բոլոր պետական ծառայողները, թոշակառուները եւ ուսանողները ստացած են երկու ամսուան աշխատավարձ։ Բացի Այդ ան մարեց 500 000 պարտքատէրերու պարտքերը։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Սալման Պըն Ապտել Ազիզ
- Սալման Պըն Ապտել Ազիզ
- Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Archived 2012-09-23 at the Wayback Machine.