Կազ
Կազ, նիւթի չորս հիմնական տեսակներէն մէկն է (միւսները՝ պինդ, հեղուկ եւ փլազմա)[1]։
Մաքուր կազը կրնայ կազմուած ըլլալ առանձին ադոմներէ (անկենդան կազ կամ ադոմային կազ, ինչպէս նէոնը), միատիպ ադոմներէն կազմուած տարրական մասնիկներէն կազմուած (օրինակ թթուածին), կամ զանազան ադոմներէն կազմուած միացութեան մասնիկներէն (օրինակ ածխածինի երկթթուակ)։ Կազը կը պարունակէ զանազան մաքուր կազեր, ինչպէս օդը։
Կազին առանձին մասնիկները ընդարձակօրէն տարանջատուած են։ Այդ տարանջատումը կազը կը դարձնէ անգոյն եւ անտեսանելի՝ մարդուն համար։