Կապոյտ[1], լոյսի երեք հիմնական գոյներէն (կարմիր, կանաչ, կապոյտ, անգլերէն՝ RGB ) մին: Կը գտնուի տէսանելի լոյսին ալիքներու երկարութեան 440÷520 նանոմեթր տիրոյթին մէջ:

  • Կապոյտը երկինքին եւ ծովուն գոյնն է: Կապոյտ է նաեւ շափիւղայ քարը:
  • Գոյներու սփէքթրին մէջ կը գտնուի կանաչին եւ մանիշակագոյնին միջեւ:
Կապոյտ
Գունային կոորդինատներ
Hex եռյակ #0000FF
sRGBB  (rgb) (0, 0, 255)
B: Նորմալիզացված՝ [0–255] (բայթ)
Մասիս
Սեւանայ Լիճ
Թուարէկներու գլխաշորին գոյնն աւանդաբար կապոյտն է

Մեր Շուրջին Կապոյտը Խմբագրել

Մշակոյթին Մէջ Խմբագրել

  • Ապակեգործութեան մէջ կապոյտը կը ստացուի կոբաղդ աւելցնելով
  • «Կապոյտ Մօրուս» (ֆրանսերէն՝ La Barbe bleue)` ֆրանսացի գրող Շարլ Փէրրոյի հեքիաթը, որ հրատարակուած է 1697 թուականին եւ կը պատմէ խանդօտ ամուսինի մը մասին:
  • «Կապոյտ Խաչ» (անգլերէն՝ Blue Cross)` անասնաբոյժներու միաւորում
  • Ուիքիբետիային մէջ կապոյտով կը նշուին արդէն գրուած յօդուածները
  • Կապոյտ կետը ներկայիս ամենախոշոր կենդանին է, որուն երկարութիւնը կը հասնէ 33 մեթրի, իսկ քաշը կ'անցնե 150 թոննայէն
  • Պաշտօնական փաստաթղթերուն մէջ ստորագրութիւնները կ'արուին կապոյտ գրիչով
  • Կապոյտ են երթեւեկի թելադրող նշանները
  • «Հայկական քարը» (լատ.՝ Lapis armenus, անգլերէն՝ Armenian stone) Միջին Դարուն Եւրոպային մէջ jայտնի կապոյտ գոյնի կիսաթանկարժէք հանքանիւթ մըն է: Encyclopedia Perthensis1816-ին կը նշէ, որ Հայկական քարը «հնուց բերուած է Հայաստանէն, սակայն, այժմ կայ նաեւ Գերմանիո մէջ»[2]

Բոյսեր Եւ Կենդանիներ Խմբագրել

Երկրամասերու Եւ Երկիրներու Դրօշակներ Խմբագրել

  • Կապոյտը կարգ մը երկիրներու (նմանապէս՝ Սքոթլանտի, որ Միացեալ Թագաւորութեան մաս կը կազմէ), դրօշակներու հիմնակական գոյնը կը հանդիսանայ:
  • Կապոյտը՝ կարմիրին եւ ճերմակին հետ միասին կը հանդիսանայ անգլո-սաքսերու գոյն մը: Այդ երեք գոյներաւ կազմուած են Միացեալ Թագաւորութեան եւ Միացեալ Նահանգներու դրօշները՝

Տէ՛ս նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել