Անագ[1]` քիմիական տարր է, քիմիական նշանը՝ Sn (լատ.՝ Stannum-էն), կարգահամարը՝ 50, աթոմական զանգուածը՝ 118.69։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ստոյգ յայտնի չէ, թէ մարդն առաջին անգամ երբ ծանօթացած է անագին։ Անագը եւ ատոր համաձուլուածքները յայտնի են մարդկութեան հնագոյն ժամանակներէն։ Անագի մասին կը յիշատակուի Հին Կտակարանին մէջ։ Անագը պղինձի հետ միասին եղած է պրոնզի բաղադրիչ, որ կ'ենթադրուի, որ օգտագործուած է մեր թուարկութենէն աւելի քան 4000 տարի առաջ։ Իսկ անագ մետաղի հետ մարդը ծանօթացած է շատ աւելի ուշ՝ մեր թուարկութեան 800-ականներուն։ Մաքուր անագէն կը պատրաստէին սպասք եւ զարդեր, լայն կիրառություն ունէին պրոնզէ իրերը։

Պրոնզը դեղին էր, շատ ամուր եւ գեղեցիկ։ Ատկէ կը ձուլէին արձանիկներ, կը կռէին սուրեր, կը պատրաստէին աշխատանքային գործիքներ ու ամանեղէն, կը հատէին դրամ։ Մարդկութեան պատմութեան ամբողջ դարաշրջան մը ստացած է «Պրոնզի դար» անունը:

Բնութեան Մէջ

Խմբագրել
 
Քասիտերիթ բիւրեղը անագի ստացման հիմնական հանքանիւթն է

Բնութեան մէջ կ'երեւի միացութիւններու ձեւով, որոնցմէ կարեւորը անագաքարն է (քասիտերիտ)՝ ՏոO2։ Անագի հիմնական հանքանիւթը քասիտերիտն է՝ SnO2, որ կը պարունակէ մինչեւ 78.8% անագ։ Աւելի հազուադէպ բնութեան մէջ կ'երեւի ստանինը (անագէ հրաքար)՝ Cu2FeSnS4 (27.5% Sn)։

Անագը քիչ տարածուած մետաղ է։ Երկրակեղեւին տարածուածութեամբ ան կը զբաղեցնէ 47րդ տեղը: Պարունակութիւնը երկրակեղեւին մէջ կը կազմէ 4.10-3% (ըստ զանգուածի)։ Բնութեան մէջ անագը կը հանդիպի միացութիւններու ձեւով, որոնցմէ կարեւորներն են անագաքարը (քասիտերիթ) եւ անագակրակաքարը (սթանին)։ Անագը գոյութիւն ունի 3 բիւրեղական ձեւերով։ Ամէնակայունը սպիտակ կամ b-անագն է. 13, 2օC-էն ցած ջերմաստիճանին անիկա կը փոխակերպուի մոխրագոյն փոշիի կամ I-անագի։ Որքան ցած է ջերմաստիճանը, այնքան մեծ է այդ փոխարկման (յայտնի է «անագի ժանտախտ» անունով) արագութիւնը։ 161օC-էն բարձր ջերմաստիճաններուն անագը կը փոխարկուի փխրուն կամ g-անագի։

Բնագիտական Յատկութիւններ

Խմբագրել
Անագի համաշխարհային պաշարները
(թօն, 2011)[2]
Երկիր Պաշարներ
  Չինաստան Չինաստան 1 500 000
Կաղապար:Country data Մալազիա Մալայզիա 250 000
Կաղապար:Country data Պերու Փերու 310 000
Կաղապար:Country data Ինդոնեզիա Ինտոնեզիա 800 000
  Բրազիլիա Պրազիլ 590, 000
Կաղապար:Country data Բոլիվիա Պոլիվիա 400 000
  Ռուսաստան Ռուսիոյ դաշնութիւն 350 000
Կաղապար:Country data Ավստրալիա Աւստրալիա 180 000
Կաղապար:Country data Թաիլանդ Թայլանտ 170 000
  Այլ 180 000
  Ընդհանուր 4 800 000

Անագը սպիտակ, արծաթափայլ, կռելի, փափուկ արծաթափայլ մետաղ մըն է։ Հալման ջերմաստիճանը՝ 231, 9 °C, եռմանը՝ 2362 °C։ Յայտնի են անագի α (խտութիւնը՝ 5846.6 քկ/մ3) եւ β (խտութիւնը՝ 7298.4 քկ/մ3) ալոտրոպային ձեւափոխութիւնները։ 13.2 °C-էն ցած ջերմաստիճանին β անագը կը փոխակերպուի մոխրագոյն փոշիի, որ կիսահաղորդչային յատկութիւններ ունեցող α անագն է։

Անագը սովորական պայմաններուն քիմիապէս կայուն Է, օդին մէջ դանդաղ կը խամրի, օքսիտի բարակ թաղանթով պատուելու պատճառաւ։ Քիմիական միացութիւններուն մէջ անագը կ'ըլլայ քառարժէք եւ երկարժէք։ Երկարժէք անագը դիւրութեամբ կ'օքսիտանայ՝ վերածուելով քառարժէք անագի։

Անագին յատկանիշներն են՝

  • Խտութիւնը 20 °С պինդ վիճակին՝ 7.3 կ/սմ³, հեղուկ վիճակին՝ 6.98 կ/սմ³,
  • Հալման ջերմաստիճանը՝ 231.9 °С, եռմանը՝ 2600 °С,
  • Ջերմունակությունը՝ հեղուկ վիճակին՝ 20°С - 226 Ճ/(քկ•К)
  • Ջերմահաղորդականութիւնը 20 °С-ին՝ 65, 8 Վտ/(մ•К);

Քիմիական յատկութիւններ

Խմբագրել

Տարրերու պարբերական համակարգի 4րդ խումբի քիմիական տարր է: Արտաքին ելեկտրոնային մակերեւոյթի համաձեւութիւնն է 5s²5p²։ Միացութիւններուն մէջ անագը կը դրսեւորէ +2 եւ +4 օքսիտացման աստիճաններ (արժէքականութիւները համապատասխանաբար՝ II եւ IV)։ Փոլինկի սանդղակով անագի էլեկտրաբացասականութիւնը կը կազմէ 1.96, այսինքն ան կը գտնուի մետաղներու եւ ոչ մետաղներու միջեւ պայմանական սահմանին վրայ։ Վերջինս β-ճառագայթող է, կիսատրոհման պարբերութիւնը շատ մեծ է՝ T1/2 = 1016•1017 տարի։ Անագը սպիտակ, արծաթափայլ, կռելի, փափուկ մետաղ մըն է։

Կիրառութիւն

Խմբագրել
 
60 % անագէն եւ 40 % կապարէն բաղկացած զօդանիւթի լար:
  • Անագը կ'օգտագործուի պահածոյի երկաթեայ տուփերու անագապատման, զօդանիւթեր, համաձուլուածքներ ստանալու համար։ Սա մետաղին հակաքորոզիական յատկութեամբ է պայմանաւորուած առարկաներու, ամանեղէնի, ժապաւէններու, մետաղալարերու պատումն անագի բարակ շերտով։ Իւրաքանչիւր ռատիոգծապատկերին մէջ կարելի է տեսնել հարիւրաւոր հպակներ, որոնք անագէ զօդանիւթի փոքրիկ սառած կաթիլներ են եւ իրար կը միացնեն մանրամասերը եւ հոսանքի լաւ հաղորդիչներ են։
  • Կ'օգտագործուին որպէս պոլիվինիլքլորիտի կայունացուցիչներ, քաուչուքներու հակաօքսիտներ եւ խթանիչներ՝ պոլիուրէթաններու ստացման համար, ինչպէս նաեւ թուղթի արդիւնաբերութեան եւ անասնաբուժութեան մէջ։

Ծանoթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&dt=HY_HY&query=%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%A3
  2. Reilly Michael (մայիսի 26, 2007)։ «How Long Will it Last?»։ New Scientist 194 (2605): 38–39։ Bibcode:2007NewSc.194...38R։ ISSN 0262-4079։ doi:10.1016/S0262-4079(07)61508-5