Փետրուարեան Ապստամբութիւն

Փետրուարեան ապստամբութիւն, 1921, Փետրուար 13-ինՓ սկիզբ առած հակախորհրդային շարժում Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Ճնշուած է 1921, Ապրիլ 2-ին՝ պոլշեւիկներու կողմէն Երեւանի կը վերագրուի։ Խորհրդային մամուլին մէջ, կը յիշատակուէր որպէս Փետրուարեան խռովութիւն։

Ապստամբութեան ՍկիզբԽմբագրել

Չկրնալով դիմադրել թրքական յարձակման եւ տեղի տալով պոլշեւիկեան Ռուսիոյ ճնշման՝ 1920 թուականի Դեկտեմբերին դաշնակցականները Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարումը կը յանձնեն համայնավարներուն։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, ձերբակալուեցան շուրջ 1000 դաշնակցականներ, որոնցմէ շատերը սպաննուեցան, միւսներն ալ ղրկուեցան Պաքուի եւ Ռուսիոյ բանտերը[1]։

 
Պոլշեւիկեան ուժերու կողմէն սպաննուած Երեւանի բանտարկեալները

1921, Փետրուար 13-ին, դաշնակցականներու գլխաւորութեամբ Հայաստանի մէջ, բռնկեցաւ քաղաքացիական ապստամբութիւնը, որուն ազդանշանը տուին Արագածի ստորոտը՝ վերաբնակուած սասունցիները։ Անոնք օգտուած էին այն հանգամանքէն, որ Կարմիր բանակի զօրամասերը դուրս ելած էին Հայաստանէն՝ Վրաստանը խորհրդայնացնելու նպատակով։ Ժողովրդական ապստամբութիւնը եւ քաղաքացիական կռիւները սկսան տարերայնօրէն եւ ընդգրկեցին քանի մը շրջաններ։ Փետրուար 16-18-ը, ապստամբները նախկին խմբապետերու գլխաւորութեամբ իշխանութեան գլուխ անցան։ Փետրուար 18-ին, Կուռիոյ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութեամբ ապստամբները մտան Երեւան, ուր ստեղծուեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»[2]՝ նախկին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի նախագահութեամբ:

  Պոլշեւիկեան իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ վերացած էր։ Մինչեւ կառավարութեան կազմուիլը ամբողջ իշխանութիւնը կը գտնուի Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի ձեռքին։  

Մինչեւ ետ քաշուիլը՝ պոլշեւիկները մէկ գիշերուան ընթացքին, կացնահարեցին Երեւանի բանտին մէջ պահուող գրեթէ բոլոր բանտարկեալներուն։ Անոնց մեծ մասը նախկին պաշտօնեաներ ու ռազմական գործիչներ էին, որոնց պոլշեւիկները ձերբակալած էին իշխանութեան գլուխ անցնելէն անմիջապէս ետք։ Սպաննուածներու թուին կային Համազասպ Սրուանձտեանը, գնդապետ Ղորղանեանը, ֆետայիներ Սերգօն, Մարկեդոնը, Գրիգորը եւ այլեր[3]։

Խորհրդային Հայաստանի պետական եւ պոլշեւիկեան կուսակցութեան ղեկավար մարմինները Հայաստանի բանակի իրենց հաւատարիմ ուժերով եւ 2 զրահագնացքով հեռացան Երեւանէն։ Անոնք կեդրոնացան Ղամարլիի (Արտաշատ) - Վեդի-Բասար (Արարատ) շրջանին մէջ, իյնալով ապստամբներու շրջապատման մէջ։ Խորհրդային իշխանութիւնը պահպանուեցաւ հիմնականօրէն Համամլու (Սպիտակ) - Ղարաքիլիսէ (Վանաձոր) - Դիլիջան - Շամշադին (Տաւուշ) գօտիին մէջ։

Ապստամբութիւնը կը հենէր ժողովրդական զանգուածներու, առաջին հերթին արեւմտահայ գաղթական բնակչութեան աջակցութեան վրայ։ Նախ ռազմական գործողութիւնները կ'ընթանային փոփոխակի յաջողութեամբ, իսկ ռուսական զօրամասերու վերադարձէն ետք, ոյժերու յարաբերակցութիւնը դասաւորուեցաւ ի վնաս ապստամբներուն։ Ռուսական 11-րդ բանակի ոյժերով, կազմաւորուեցաւ Երեւանի ուղղութեան զօրքերու խումբ, որ ապստամբութիւնը ճնշելու եւ Երեւանը գրաւելու գործունէութիւնը ստանձնեց։ Երեւանի վրայ յարձակումը կը կատարուէր Սեւանի եւ Համամլուի (Սպիտակ) ուղղութիւններէն։

1921, Մարտ 16-ին, Մոսկուայի մէջ, Պոլշեւիկեան Ռուսիոյ եւ Քեմալական Թուրքիոյ միջեւ կը կնքուի բարեկամութեան եւ եղբայրութեան պայմանագիր։ Մարտ 20-ին ռուսական բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ՝ Գէորգի Օրջոնիկիձեն վերջնագիր կը ներկայացնէ Հայաստանին։ Վերջնագիրը Թիֆլիսէն Երեւան կը բերէ բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանը։ Սակայն Թումանեանին չի յաջողիր համոզել Վրացեանին եւ վերջնագիրը կը մնայ անպատասխան։

ՊարտութիւնԽմբագրել

Զոհերէն խուսափելու համար 11-րդ բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ Գէորգի Օրջոնիկիձեն Մարտ 20-ին վերջնագիր ներկայացուց Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին։ Նոյն օրը Թիֆլիսէն, Երեւան ժամանեց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը։ Ան հանդէս եկած էր յօդուածներով եւ ներազգային պայքարն ու մարդկային զոհեր տալը կը համարէր բախտախնդիրներու գործ։ Ազգային մեծ գործիչը ցաւ կ'ապրէր ժողովուրդի արիւնը թափելուն համար։ Անոր համար գլխաւորը համազգային շահերն էին, հաշտութիւնը, ուստի Կարմիր բանակին եւս կոչ կ'ընէր դադրեցնել անիմաստ պատերազմը։ Խորհրդային զորքերը Ապրիլ 2-ին մտան Երեւան, ուր վերահաստատուեցաւ խորհրդային իշխանութիւնը։

 
Նիւ Յորք Թայմս (17 Մարտ, 1921 թուական).
«Հայ ապստամբները տապալած են
խորհրդային իշխանութիւնը»

Ապստամբները, հաշուի առնելով ուժերու խիստ անհաւասարութիւնը եւ խուսափելով նոր զոհերէն, այլեւս դիմադրութիւն ցոյց չտուին։ Անոնք Բաշ-Գյառնիի վրայով նահանջեցին Զանգեզուր, ուր կը շարունակէին Գարեգին Նժդեհի ղեկավարած ինքնապաշտպանական մարտերը։ Հայաստանի մէջ, խորհրդային իշխանութեան յաղթանակը անխուսափելի էր, որովհետեւ այդ իշխանութեան թիկունքին կանգնած էր Խորհրդային Ռուսիան։

Ապստամբներու սկզբնական խնդիրը ընկերներուն բանտարկութենէն ազատած էր, որ լուծուեցաւ։ Այնուհետեւ իշխանութեան գրաւումը, ոյժերու գոյութիւն ունեցող յարաբերակցութեան պայմաններուն մէջ, հեռանկար չունէր։ Դաշնակցութեան կողմէն, քաղաքացիական պատերազմի բորբոքումը իզուր արիւն թափել ու զոհուիլ կը նշանակէր եւ չէր բխեր ազգային շահերէն։

Ապստամբութիւնը բացասականօրէն ազդեց Հայաստանի ոչ միայն ներքին կեանքին, այլեւ՝ արտաքին յարաբերութիւններուն։ Ապստամբութեան օրերուն Մոսկուայի մէջ ընթացող Խորհրդային Ռուսիա-Թուրքիա բանակցութիւնները հանգեցուցին Հայաստանի համար ոչ ձեռնտու պայմանագիրի կնքման։

Կոմունիստական Վարչակարգի ՀաստատումԽմբագրել

Ապստամբութեան ճնշումէն ետք, Հայաստանի Ռազմհեղկոմը վերակառուցուեցաւ Ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդի (ԺողԿոմԽորհ) կողմէ, որուն նախագահ նշանակուեցաւ Ալեքսանդր Միասնիկեանը (1886-1925)։ Ան Հայաստան եկաւ ՌԿ(բ) Կենտկոմի որոշումով։ Մինչ այդ, ան արդեն ճանչցուած գործիչ էր եւ Պելառուսի ու Ռուսիոյ մէջ, ձեռք բերած էր ղեկավար աշխատանքի մեծ փորձ։ Չնայած իր կարճատեւ (շուրջ մէկ տարի) գործունէութեան, ան մեծ դեր խաղաց Հայաստանի քաղաքական լարուածութեան մեղմացման, հայ մտաւորականութեան Հայաստանի մէջ համախմբելու, երկիրը խաղաղ շինարարութեան ուղի փոխադրելու գործին մէջ։ Այնուհետեւ Ալեքսանդր Միասնիկեանը ղեկավար աշխատանքի տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս (Անդրկովկասեան Դաշնութիւն1925 թուականին ան զոհուեցաւ ինքնաթիռի վթարէն[4]։

Պարտութեան ՊատճառներըԽմբագրել

Միջազգային հանրութիւնը չաջակցեցաւ ապստամբութեան, որովհետեւ նոր կ'ապաքինուէր Առաջին համաշխարհային պատերազմի վէրքերէն։ Ապստամբութեան ժամանակ՝ Մարտ 16-ին Քեմալական Թուրքիան եւ Պոլշեւիկեան Ռուսիան Մոսկուայի մէջ, ստորագրեցին ռուս-թուրքական եղբայրութեան պայմանագիրը, որմով ՌուսիաՌուսիան եւ Թուրքիան պայմանաւորուեցան կիսել Հայաստանը։ Ռուսիան 4 օր անց վերջնագիր ներկայացուց Հայաստանին, եւս 5 օր ետք զօրք մտցուց Հայաստան, միաժամանակ Թուրքիան զօրքը մօտեցուց Հայաստանի սահմաններուն։ Չունենալով բաւարար միջոցներ ռուս-թուրքական ագրեսիային դիմակայելու համար, Հայաստանի ղեկավարութիւնը, զինուորականները, հարիւրաւոր հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ սպաներ հեռացան Հայաստանէն։

Ապստամբութեան ՁեռքբերումներըԽմբագրել

Ապստամբութեան շնորհիւ, բանտերէն եւ վերահաս հալածանքներէն ազատեցան Յովհաննէս Քաջազնունին, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, պետական գործիչներ, հայ հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ սպաներ։ Գարեգին Նժդեհի պայքարի, ինչպէս նաեւ ապստամբութեան ազդեցութեան շնորհիւ Զանգեզուրը չտրուեցաւ Ազրպէյճանին, այլ մնաց Հայաստանի կազմին մէջ։ Ապստամբութեան պատմութիւնը խորհրդային բռնազաւթման տարիներուն ոգեշնչած է Ազգային միացեալ կուսակցութենէն անդամներուն եւ անկախութեան պայքարի միւս նուիրեալներուն։

Տե՛ս նաեւԽմբագրել

ԱղբիւրներԽմբագրել

ԳրականութիւնԽմբագրել

ԾանօթագրութիւններԽմբագրել