Նիկոլ Աղբալեան
Նիկոլ Աղբալեան (24 Մարտ 1875, Թիֆլիս — 15 Օգոստոս 1947, Պէյրութ), Գրագէտ, մանկավարժ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան փայլուն գաղափարախօսներէն։
Նիկոլ Աղբալեան | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | 24 Մարտ 1875 |
Ծննդավայր | Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն |
Վախճանած է | 15 Օգոստոս 1947 (72 տարեկանում) |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր |
Ներսիսեան դպրոց Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան Մոսկւայի պետական համալսարան Լոզանի համալսարան Փարիզի համալսարան |
Մասնագիտութիւն | գրականագէտ, հասարակական գործիչ, գրականագետ, քաղաքական գործիչ |
Աշխատավայր |
Մուրճ Հորիզոն Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան |
Անդամութիւն | Վերնատուն |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
ԿենսագրութիւնԽմբագրել
Ծնած է Թիֆլիս 1875-ին: Յաճախած է թաղին ծխական վարժարանը, ապա Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը, յետոյ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը, վերջը Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը։ Երիտասարդ տարիքէն սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ միաժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագիրին՝ գրական – քննադատական յօդուածներով: Հետեւած է նաեւ համալսարանական կարգ մը դասընթացքներու՝ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի մէջ: Կանուխէն մաս կազմած է Հ.Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն։
1900-ականներու սկիզբը, Նիկոլ Աղբալեան արժանաւորապէս իրագործած է հայոց հոգեմտաւոր աշխարհի հայացման իր առաքելութեան առաջին փուլը։ Ռուսական եւ եւրոպական ազատախոհ ու յառաջադէմ արժէքներով հունաւորած է հայ գրական մշակութային կեանքը պատուաստելու եւ վերաշխուժացնելու ազգային ուղին։ Եղած է անբաժան զինակիցը Յովհաննէս Թումանեանի, որուն հետ ձեռնամուխ եղած է Թիֆլիսի հայ երիտասարդ մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպում-ներ»ու կազմակերպումին եւ աշխուժացումին։ Դարձած է դրօշակիրը գրական այն մեծ շարժումին, որ հայոց հոգեմտաւոր բազմադարեան հարստութեան վերանորոգումին մէջ տեսած եւ հաստատած է վաղուան հայ մշակոյթի որակական ոստումին ակունքները։
- 1909 – 1912 վարած է Թեհրանի ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը: Որպէս կուսակցական գործիչ մասնակցած է Հ.Յ.Դ. ընդհանուր ժողովներու, եղած է Ազգային Խորհուրդի եւ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմինի անդամ: Այցելած է Վան, Էրզրում:
- 1913-ին՝ Թիֆլիսի մէջ վարած է «Հորիզոն» թերթին խմբագրութիւնը, որ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու Հանրապետութեան հռչակումը արեւելահայ իրականութեան մէջ կատարած է հանրային լուսաւորումի մեծ գործ՝ ամբողջացնելով առաքելութիւնը Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին, որ արեւմտահայ իրականութեան մէջ մտաւորական հնոց մը դարձած էր։
- 1914-1915 թուականներուն մաս կազմած է Հայ Կամաւորական Խումբերու Կարգադրիչ Մարմինին եւ Ազգային Բիւրոյին:Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, Նիկոլ Աղբալեան յառաջապահներէն եղած է Հայոց Ազգային Խորհուրդի ստեղծումին՝ իր հեղինակութիւնն ու կազմակերպական շնորհը ծառայեցնելով Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին ու յաղթարշաւին։ Իսկ երբ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ Արարատեան Դաշտը լեցուած է արեւմտահայ գաղթականութեամբ, Աղբալեան հոգածու հօր անձնուիրումով փարած է գաղթականներու պատսպարման, սնուցման եւ բուժման դժուարին գործին։
- 1918-ին Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումէն ետք, ընտրուած է Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ:Նշանակուած է կրթական նախարար։ Իր ջանքերով Գիւմրիի մէջ բացուած է Հայաստանի Պետական Համալսարանը։
- 1919-ին նշանակուած է լուսաւորութեան նախարար Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ: Աղբալեան հիմը դրած է Երեւանի Պետական համալսարանին, ինչպէս նաեւ ստանձնած է պետական հովանաւորութիւնը նորահաս արժէքներու, մինչեւ անգամ Չարենցի օրինակով օրուան դաշնակցական իշխանութեանց հակադրուած այլախոհ գրողներու եւ մտաւորականներու, ի սպաս հայ մշակոյթի եւ արուեստի պետական ծաղկումին:
- 1921-ին, Հայաստանի Խորհրդայնացումէն ետք Լ. Շանթի, Հ. Օհանջանեանի եւ այլ պետական ու մշակութային դէմքերու հետ բանտարկուած է Փետրուար 9-18, ուրկէ ազատած է Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ, երբ ըմբոստացած ժողովուրդը խուժելով բանտերը, բոլշեւիկեան կապանքներէն ազատ արձակած է իր պաշտած հերոսներն ու հեղինակութիւնները:
Ապստամբութեան ընկրկումէն ետք եւ Հանրապետութեան դաշնակցական ղեկավարութեան երկրէն հեռացումին հետ, Աղբալեան անցած է Ատրպատական՝ Պարսկաստան, ապա՝ Եգիպտոս, ուր զբաղած է մանկավարժական եւ մշակութային գործունէութեամբ իբր Ալեքսանդրիոյ Ազգային Վարժարանի տնօրէն:
- 1928-ին, Գահիրէի մէջ, Լ. Շանթի, Հ. Օհանջանեանի եւ Գ. Իփէկէանի հետ միասին հիմնած են Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւնը:
- 1930-ին, Լեւոն Շանթի հետ հիմնած են Համազգայինի Պէյրութի «Հայ Ճեմարան»ը: Այնուհետեւ ապրած է Լիբանան եւ մահացած՝ 15 Օգոստոս 1947-ին։
- Մինչեւ իր մահը՝ 15 Օգոստոս 1947, Լեւոն Շանթի կողքին անխոնջ կանգնած՝ Աղբալեան ծաւալած է ե՛ւ մանկավարժական, ե՛ւ հայագիտական եռուն գործունէութիւն։ Դասաւանդած է Հայ Գրականութեան Պատմութիւն, Գրաբար եւ Հայ Մատենագիտութիւն։ Ժողովրդային Լսարաններ կազմակերպած է, որպէսզի տարագիր ու գաղթական հայութեան լայն բազմութիւններուն մէջ սերմանէ հայ մշակոյթին եւ արուեստին պաշտամունքը։
Ունի յօդուածներ, որոնք հետագային լոյս տեսած են ամբողջական երկերու իր Գ. հատորին մէջ։
Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակինԽմբագրել
Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին կը գործէ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը, եւ իր անունով կոչուած է Երեւանի թիւ 19-րդ հիմնական միջնակարգ դպրոցը[1]։
Աղբալեանի ԽօսքերըԽմբագրել
Սա ոչ թէ շահակից անձերի միութիւն է, այլ արիացող տիպարների ընկերութիւն։ |
Այստեղ ոչ թէ անձնական եւ նիւթական շահն է, որ կապում է մարդկանց, այլ բարոյական ուխտի նոյնութիւնն է, որ դարձնում է ընկեր եւ Ծրագիր Կանոնագրի միութիւնը՝ համընթաց։ |
Աղբալեան մարդըԽմբագրել
Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, գրական եւ մշակութային արժէքներու անկաշառ պահապան եւ քարոզիչ, ազգային-հասարակական ու պետական-քաղաքական ղեկավար գործիչ, գաղափարապաշտ յեղափոխականի անբասիր դրօշակիր եւ, ըստ ամենայնի, հայոց հոգեմտաւոր կեանքի անձնուէր առաջնորդ մըն էր Նիկոլ Աղբալեան, որ իր կեանքը կ'աւարտէ տարագրութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ մանկավարժ եւ հանրային դաստիարակ, իր անունը անջնջելիօրէն կապելով Համազգայինի Հայ Ճեմարանին (հետագային «Նշան Փալանճեան», իսկ այժմ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան) սերընդակերտ ժառանգութեան։ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ինքնահաստատումին Առաքեալն էր Նիկոլ Աղբալեան։ Անսակարկ եւ անձնուէր ծառայութեան լծուած էր հոն, ուր հայ ժողովուրդը կարիքը ունէր իր տաղանդին, իմաստութեան եւ մղիչ ուժին։ Ուր որ ալ կը գործէր, Աղբալեան արժանաւորապէս տէր կը կանգնէր Հայաստան Աշխարհի եւ Հայ Ժողովուրդի ազգային որակին բիւրեղացումը եւ հայացումը յառաջ մղելու իր կոչումին։
Իսկ հայացման մարտահրաւէրը առաջին խնդիրն էր Աղբալեանի եւ իր ամբողջ սերունդին։ Քսաներորդ դարասկիզբին Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին ե՛ւ ֆիզիքական-ժողովրդագրական, ե՛ւ հոգեմտաւոր առումներով հայացման՝ հայ ազգային որակի ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման մարտահրաւէրը։ Նիկոլ Աղբալեան ա՛յս առումով եղաւ առաքեալը հայ ազգային որակի եւ Հայաստան Աշխարհի հայացման՝ ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման մեծ մարտահրաւէրին արժանաւորապէս ընդառա՛ջ քալելով, յաղթակա՛ն սլացք նուաճելով։
Հայկական Ազատամարտի գաղափարական եւ բարոյական արժէքներուն անկրկնելի մեկնաբանն ու քարոզիչն էր Աղբալեան, որ Դաշնակցութիւն կը սորվեցնէր իրերայաջորդ սերունդներուն, շարքային կուսակցականներ ըլլային անոնք թէ Հայաստանի ու հայութեան պաշտամունքով ապրող անկուսակցականներ։
Մտաւորական գործունէութիւնԽմբագրել
Տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին արգասիքը կ'ըլլան գրական-քննադատական, բանասիրական եւ ազգային-գաղափարաբանական իր արժէքաւոր գործերը։ Այդ շարքին՝ «Սայեաթ-Նովա» մենագրութիւնը, «Հայ Մատենագիտութիւն» դասագիրքը, «Մտածումներ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մասին» կոթողական աշխատութիւնը ու համազգային հնչեղութեամբ առանձին դէմքերու եւ դրուագներու նուիրուած իր արժէքաւոր յօդուածները,«Մեր կանոնագիրը»(1937), «Կրկին մեր կանոնագիրը» (1937)։
ԾանօթագրութիւններԽմբագրել
ԱղբիւրներԽմբագրել
- Հայ Պատանիին Գիրքը, Ա. Հատոր.