Հորիզոն (օրաթերթ)
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Հորիզոն, հասարական-քաղաքական, տնտեսական եւ գրական օրաթերթ։
Հրատարակուած է 1909-18 թուականին, Թիֆլիսի մէջ, Հ. Յ. դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ։ Խմբագրի հրատարակիչներ՝ Բ. Նուրալեան, Ա. Սահակեան, Լէօ (Ա. Բաբախանեան), Յովհաննէս Թումանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Ա. Ջամալեան, Ս. Գրուզինեան (Վրացեան), Մ. Վարանդեան եւ Վ. Նավասարդեան։
Պարբերաբար խմբագրած է նիւթեր Կովկասի, Ռուսաստանի եւ այլ հայաբնակ վայրերու ընկերատնտեսական վիճակի եւ մշակութային կեանքի վերաբերեալ։ Մեծ տեղ յատկացուցած է հայ ազգային խնդիրներուն, յատկապէս՝ Հայկական հարցին։
1912-14 թուականներուն, հայկական հարցին վերայայտման ժամանակ, Հորիզոն օրաթերթը անդրադարձած է մեծ պետութիւններու դիրքորոշման, հայկական բարենորոգումներուն խնդրին, հայ ազգային շրջաններու մասնակցութեան բարենորոգումներու ծրագրի մշակմանը, լուսաբանած է Կ. Պոլսի դեսպանաժողովի (1913 թուականի՝ Յուլիս ամսուն) ընթացքը, արժեւորած է 1914-ի ռուս-թուրքական համաձայնագրի նշանակութիւնը։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Արեւմտեան Հայաստանի ինքնավարութեան միակ իրական երաշխիքը համարած է Ռուսական կայսրութիւնը, պատերազմի տարիներուն պաշտպանած է անոր քաղաքականութիւնը եւ հայ կամաւորական շարժումը։ Չէ ընդունած 1917-ի Հոկտեմբերի յեղափոխութիւնը, հանդէս եկած է Այսրկովկասի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատման դէմ։
1914-15 թուականներուն լոյս տեսած է Հորիզոնի գրական-գեղարուեստական պատկերազարդ յաւելուածը։