Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

Մ. եւ Հ. արսլանեան Ճեմարանը, երկրորդական վարժատեղակայուած է Մըզհեր (Ծաղկաձոր) շրջանի բլուրի կողին, Անթիլիաս, Լիբանան։ 26000 քառակուսի մեթր տարածութեամ հողաշերտի մը վրայ։

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
Տեսակ դպրոց
Հիմնադրուած է 1930
Հիմնադրիր Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան
Անուանուած է Մելանքթոն Արսլանեան
Տնօրէն Տիկին Փաուլա Եղիայեան
Աշակերտներ 750
Դասարաններ Մանկամսուր, Վարդագոյն, Կապոյտ, Կանաչ, 1, 2, 3, 4, 5, 6, 7, 8, 9,10, 11, 12
Երկիր  Լիբանան
Տեղագրութիւն Պէյրութ
Հասցէ Մըզհեր, Անթիլիասի. Լիբանան

Բացի ընդարձակ ու լուսաւոր դասասրահներէն, Ճեմարանը օժտուած է ուսումնական բազմաթիւ յարմարութիւններով. գրադարաններ, ելեկտրոնային գրադարան, գիտաշխատանոցներ, համակարգչային դասասրահ, լուսարձակմանսրահ, հեռատեսիլի ու վիտէոյի սրահ, փոքր թատերասրահ, երաժշտական սրահ, ճատրակի սրահ, մարզասրահներ, քննութիւններու եւ հաւաքոյթի սրահներ, խաղավայրեր, եւայլն։ Ուսուցիչներու եւ աշակերտներու տրամադրութեան տակ են բազմաթիւդաշնամուրներ, երաժշտականգործիքներ, համակարգիչներ, հեռատեսիլներ, ձայնասփիւռներ, լուսարձակներ, քարտէզներ եւ այլ բազմաթիւ գործիքներ ու իրեր։

Տես Նաեւ

Խմբագրել