Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ, հիմնուած 1963-ին, Պէյրութ, Լիբանան։

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ
Տեսակ քոլեջ?
Կարգախօս Հաւատք, Կամք, Նուիրում
Հիմնադրուած է 1963
Տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան
Աշակերտներ 600 (2014-2015)
Դասարաններ Մանկամսուր, Մանկապարտէզ (բողբոջ, կոկոն, ծաղիկ), Նախակրթարան (Ա., Բ., Գ., Դ., Ե., Զ.), Միջնակարգ (Է., Ը., Թ.), Երկրորդական (Ժ., ԺԱ., ԺԲ.)
Երկիր  Լիբանան
Տեղագրութիւն Dbayeh?
Հասցէ Տպայյէ, Պէյրութ, Լիբանան
Կայքէջ ymc.me

Պատմական ակնարկ Խմբագրել

Դպրոցը սկսած է գործել Մարտիկեան մանկապարտէզ - նախակրթարան անուան տակ, ունենալով վաթսուն աշակերտներ։

Սահակ Ա. Խապայեան Կաթողիկոսի օրով, 1930-ական թուականներուն, Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին կից, շրջակայքի հայութեան զաւակներուն համար բացուած է փոքր դպրոց մը՝ Մեսրոպեան Վարժարան անունով։

Այդ տարիներուն, վարժարանին աշակերտութեան թիւը զգալի աճ կ’արձանագրէ եւ Մայրավանքի շրջափակէն ներս գտնուող դպրոցին շէնքը՝ իր դասարաններով եւ խաղավայրով անբաւարար էր։

  • 1984 -1985 տարեշրջանին, դժուարին այդ կացութենէն դուրս կու գայ Մարտիկեան Վարժարանը, շնորհիւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կարգադրութեան։ Արդարեւ, Վաչէ Մանուկեանի իշխանական նուիրատուութեամբ գնուած եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ դրուած Տըպպայէի ընդարձակ հողաշերտը (10,000 քառ. մեթր) եւ անոր վրայ գտնուող դպրոցական շէնքերը կը տրամադրուին Լիբանանի Ազգային Իշխանութեանց՝ այնտեղ փոխադրելու համար Ազգ. Մարտիկեան Վարժարանը։ Այս կարգադրութենէն ետք, Վարժարանը կ’անուանուի բարերար Վաչէ Մանուկեանի հօր անունով, եւ 1985-1986 տարեշրջանէն սկսեալ կը դառնայ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Երկրորդական Վարժարան։
  • 1993 Հոկտեմբերին, պաշտօնապէս բացումը կը կատարուի արդիական մանկապարտէզին, որ կը կառուցուի բարերարութեամբ Վաչէ Մանուկեանի, որու մօր անունով կը կոչուի Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզ։
  • 1985-1986 տարեշրջանին, տնօրէնի պաշտօնին կը հրաւիրուի Տօքթ. Բաբգէն Փափազեան, եւ յաջորդ տարուան աւարտին, վարժարանը կու տայ իր առաջին հունձքը եւ կը դառնայ քոլէճ։
  • 1990 Փետրուարէն սկսեալ, Բաբգէն Փափազեանի մահէն ետք, Օրդ. Մանուշակ Պոյաճեան կը վարէ տնօրէնութեան պաշտօնը, մինչեւ իր մահը՝ 2005 Մարտ։

Սեպտեմբեր 2005-ին, Օրդ. Սեդա Պոյաճեան կը նշանակուի տնօրէն։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին, Րաֆֆի Մանուկեանի նուիրատուութեամբ կարելի կը դառնայ ներկել քոլէճի ամբողջ կառոյցը, կառուցել տարրալուծարանը, փակ մարզասրահն ու համադրումներու եւ հոգեբանական խորհրդատուի սենեակը։ Հիմնովին կը բարեփոխուին ուսուցչարանները, կը վերանորոգուին բակն ու կառատունը։

  • Սեպտեմբեր 2011-ին, Զոհրապ Ղազարեան կը նշանակուի տնօրէն։
  • 2011-2012 տարեշրջանին, կը սկսի բոլոր դասարաններու հիմնական վերանորոգութեան եւ արդիականացման աշխատանքը։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններէն ներս, հանգրուանային կերպով կը տեղադրուին' «Interactive Board»-եր, մանկապարտէզի դասարանները կը ներկուին, կը վերանորոգուի նաեւ կահոյքը։ Կը կառուցուի եւ արուեստական խոտով կը ծածկուի քոլէճի ֆութպոլի դաշտը։ Կը վերանորոգուի Պասքէթի դաշտը։
  • 2012-ի ամռան, կը հաստատուի «Ուրախ Ամառ 1» անուանումով ամառնային դպրոցի ծրագիրը, որու կը յաջորդեն «Ուրախ Ամառ 2»ն եւ 3ը։
  • Դեկտեմբեր 2014-ին, բացումը կը կատարուի քոլէճի «Ժան Ապաճեան» արդիական գրադարանին։
  • 2014-2015 տարեշրջանին կը հաստատուի յետմիջօրէի սերտարանի դրութիւնը։
  • 2014 -2015 տարեշրջանի տուեալով, քոլէճը ունի 600 աշակերտ, 57 ուսուցիչ եւ 17 պաշտօնեայ։

Աղբիւրներ Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել