Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարան (Այնճար)
Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարանը, կրթական այս հաստատութիւնը ծնունդ կ'առնէ շարունակելու համար Ազգային «Յառաջ» նախակրթարանի առաքելութիւնը, որ 1965 թուականէն արդէն կ'ունենար իր երկրորդականի շրջանաւարտները եւ անհրաժեշտաբար կարիքը կ'ունենար, առանձին շէնքի մը որ համախմբէր միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութիւնը։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարան | |
---|---|
Տեսակ | քոլեջ? |
Անուանուած է | Գալուստ Կիւլպէնկեան |
Դասարաններ | Միջնակարգ՝ 3, Երկրորդական՝ 3 |
Երկիր | Լիբանան |
Տեղագրութիւն | Այնճար |
Հասցէ | Մեսրոպ Մաշտոց Պողոտայ,Այնճար, Պեքայ, Լիբանան |
Կայքէջ | haratch-gulbengian.org |
Արդարեւ քառասուն տարիներու պատմութիւն ունեցող այս կրթօճախը անքակտելիօրէն կապուած է Այնճարի պատմութեան հետ։
Երկար տարիներ անընդմէջ կը գործէ Ազգային«Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանը եւ Հայ ժողովուրդին կը ներկայացնէ շրջանաւարտ իր հունձքերը, որոնք արդէն պատկառելի թիւ մը կը կազմեն եւ կը յատկանշուին իրենց հայեցի դաստիարակութեամբ ու նուիրական իտէալներով։
Ժամանակին հետ քայլ պահելով վարժարանը օժտուած է բոլոր յարմարութիւններով՝ տարրալուծարան, գրադարան, համակարգչային դասարան, ջերմացման արդիական միջոցներ ... վերածուելով արդիական յարմարութիւններով օժտուած կրթօճախի մը։
Հակառակ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ոլորապտոյտ մթնոլորտի վարժարանը գործեց բնականոն կերպով եւ անխափանօրէն՝ պատսպարելով նոյնիսկ գաղթականներ որոշ ժամանակի մը համար։
Այսպիսով վարժարանը կանգուն մնաց իր առաքելութեան մէջ Ազգային ուսումնական խորհուրդին, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան, հոգաբարձական կազմերուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերու ջանքերով։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարանի պաշտօնական կայքէջ՝ http://haratch-gulbengian.org/
- Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճ