Գալուստ Կիւլպէնկեան
Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան (23 Մարտ 1869, Կոստանդնուպոլիս – 20 Յուլիս 1955, Լիզպոն), Փորթուկալահայ գործարար եւ բարեգործ։ Մեծ դեր ունեցած է Միջին Արեւելքի նաւթի պաշարները Արեւմուտքի շահագործման հասանելի դարձնելու աշխատանքին մէջ։
Գալուստ Կիւլպէնկեան | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Monsieur 5% |
Ծնած է | 29 Մարտ 1869[1] |
Ծննդավայր | Սկիւտար, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 20 Յուլիս 1955[2][3][4][…] (86 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Լիզպոն[5][1] |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն Փորթուկալ |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Ուսումնավայր |
Ս. Յովսէփ Աւագ դպրոցԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ Լոնտոնի Թագաւորական ԳոլէճԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ |
Մասնագիտութիւն | գործարար, ձեռնարկատէր, ճարտարագէտ, դիւանագէտ, մեկենաս, արկածախնդիր, smuggler, արվեստի կոլեկցիոներ |
Աշխատավայր | National Bank of Turkey? |
Վարած պաշտօններ | կազմակերպութեան նախագահ[1] |
Ամուսին | Նուարդ Եսայեան |
Ծնողներ | Սարգիս եւ Տիրուհի Կիւլպէնկեան |
Երեխաներ | Նուպար Կիւլպէնկեան եւ Ռիտա Սիրվարդ Գյուլբենկյան?[6] |
Ստորագրութիւն |
Կիւլպէնկեան ծնած է Սարգիս եւ Տիրուհի Կիւլպէնկեաններու ընտանիքէն ներս՝ Սկիւտար, Արեւմտեան Հայաստան։ Հայրը՝ Սարգիս աղան, վստահ էր, որ որդին պիտի շարունակէ իր գործը եւ զբաղի ճարտարարուեստթեամբ, սակայն որդին հօրը նախատեսած ճամբով չգնաց. ընտրեց նաւթագետ-հանքաբանի մասնագիտութիւնը։ Գալուստ կրթութիւն ստանալով եւրոպական յայտնի համալսարաններու մէջ՝ կը տիրապետէր ութ լեզուի[7][8]։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԿիւլպէնկեան՝ նաւթարդիւնաբերութեան մէջ, իր առաջին քայլերը կը կատարէ այլ հանրայայտ նաւթարդիւնաբերող ՝ Ալեքսանդր Մանթաշեանցի, Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուող նաւթի գրասենեակին հետ։ Սակայն շատ չանցած Կիւլպէնկեանի ընտանիքը կը մեկնի Անգլիա։ Լոնտոնի մէջ Կիւլպէնկեան արտօնագիր կը ստանայ ու կը հիմնէ նաւթային իր գրասենեակը։ Ան Լոնտոնի մէջ Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի դեսպանատուներու՝ նաւթի գիծով, տնտեսական խորհրդականն էր։ Գիտելիքներու մեծ պաշարը եւ փորձը Գալուստին հնարաւորութիւն կու տան շատ կարճ ժամանակի ընթացքին դառնալու մեծ ձեռնարկատէր։
Շուտով Կիւլպէնկեան կը նախաձեռնէ Turkish Petrolium Company-ի ստեղծման, որուն բաժնետոմսերու 25%-ը կը պատկանէր Royal Dutch Shell Group-ին, 35%-ը Թուրքիոյ Ազգային բանկին, 15%-ը Գալուստ Կիւլպէնկեանին, իսկ 25%-ը՝ գերմանացիներուն։ Յաջող առեւտուրի համար բրիտանացիները իրենց եկամուտի 2,5 տոկոսը տրամադրեցին Կիւլպէնկեանին։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Կիւլպէնկեան ստեղծեց նաւթային գլխաւոր կոմիտէ կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն էր ձեռք բերել գերմանական Տոյչէ դրամատունը (պանքա)։ Պատերազմէն ետք՝ Turkish Petrolium Company-ն, վերանուանուեցաւ Iraq Petrolium Co. LTD եւ անոր բաժնետոմսերը հաւասարապէս բաժնուեցան ներկայիս British Petrolium-ի, Royal Dutch Shell Group-ի, Compagnie Francaise des Petroles-ի եւ Near East Development Corporation-ի միջեւ։ Գալուստ Կիւլպէնկեանին մնաց Iraq Petrolium Co. LTD- ի 5%-ը, որուն համար ան ստացաւ «Պարոն 5%» մականունը։
Այն ժամանակ, երբ Պարսից ծոցի մէջ կը գտնուի առաջին նաւթահայրը, Գալուստ Կիւլպէնկեան՝ Պարսկաստանի մէջ, կը գնէ նաւթաբեր հողատարածքներ ու կը դառնայ British Petroleum-ի հիմնադիրներէն մէկը։ Շատ չանցած այն կը վերանուանուի «Անգլո-պարսկական նաւթային ընկերութեան», որ վառելիք կ՛ապահովուէր Անգլիոյ արքայական նաւատորմին։ Գալուստ Կիւլպէնկեան գերազանցապէս կը տիրապետէր երկրագունդի տարբեր շրջաններու երկրաբանական ու աշխարհագրական տուեալներուն ու յատկապէս նաւթային քարտէսին։
Ան նաւթային հողատարծաքներ ունէր Վենեզուելայի, Իրանի, Իրաքի, Սաուտեան Արաբիոյ, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու մէջ, մօտէն ծանօթ էր սուլթանական եւ պարսկական արքունիքիներու օրինական ու ոչ օրինական ելումուտին։ Անոր օգնութեամբ յաճախ կը լուծուէին գերտէրութիւններու միջեւ ծագած կնճռոտ հարցերը։ Ան իր ձեռքը պահէր խոշոր նաւթային ընկերութիւններու լծակները։
Սան Ռեմոյի խորհրդակցութեան ժամանակ նաւթային ընկերութիւններու միջեւ տարաձայնութիւններ կային տարածքներու հարցուի կապակցութեամբ։ Կիւլպէնկեան ինք կը ստանձնէ եւ կարմիր մատիտով կը գծէ իւրաքանչիւր պետութեան տիրոյթը, այդ պատճառով Սան Ռեմոյի պայմանագիրը կոչուած է «Կարմիր գիծի» պայմանագիր։
Աա կը տնօրինէր արուեստի արժէքաւոր հաւաքածու մը, որուն մէջ տեղ գտած էին շուրջ 6,000 նախատիպ նմոյշ։ Անոնք ստեղծոիած էին տարիներու ընթացքին եւ մինչեւ Կիւլպէնկեանի վերջնականապէս Լիզապոն հաստատուիլը, անոնք կը տեղափոխուէին երկրէ երկիր ապահովութեան համար։
1906 թուականին, ստեղծուած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիր Պօղոս Նուպար փաշայի մահէն ետք, այս կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ Գալուստ Կիւլպէնկեան՝ 1930 թ.։ Սակայն, երկու տարի ետք, ճնշումներու պատճառով պաշտօնէն կը հրաժարի։ 1942 թ.՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ամենաթէժ տարիներոին, Կիւլպէնկեան Եւրոպայի մէջ երկիր մը կը փնտռէր, ուր ռազմական գործողութիւններ չէին ընթանար, եւ գրաւուած չէր Ֆաշիստական Գերմանիոյ կողմէ։ Լիզապոնը դարձաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի խաղաղութեան նաւահանգիստը։ Փորթուկալի մայրաքաղաքին մէջ ան տուն չունէր եւ կ՛ապրէր «Աւէս» հիւրանոցը, որ այդ ժամանակ լաւագոյններէն մէկը համարուէր։ Անտարակոյս, Անգլիական իշխանութիւնները կը ցանկային «Պարոն 5%»-ի ֆինանսական կարողութիւնները պահպանել Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, սակայն հարկային բեռը բաւականին ծանր էր այդ ժամանակ եւ «նաւթային գեներալը» որոշեց իր ողջ կարողութիւնը տեղափոխել Փորթուկալ։
Կիւլպէնկեան հայապահպանման անկիւնաքար կը համարուէր, հայոց եկեղեցին անոր համար մեծ արժէք կը ներկայացնէր, ուստի բարեգործական ներդրումներով կապուած էր հայ եկեղեցւոյ հետ։ 20-րդ դարու 20-ական թուականներուն Լոնտոնի հայ համայնքը ցանկութիւն կը յայտնէ եկեղեցի ունենալու եւ այդ հարցով կը դիմեն Գալուստ Կիւլպէնկեանին։ Ան կ՛ընդառաջէ հայ համայնքի խնդրանքը։ 1920-1922 թթ. կը կառուցուի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին՝ Հաղբատի վանքի զանգակատան օրինակով։ Եկեղեցին մինչ օրս կը համարուի Լոնտոնի ամենագեղեցիկ յուշակոթողներէն մէկը եւ այնտեղ արարողութիւնները անվճար կը կատարվուին՝ անոր կտակած միջոցներու հաշւոյն։ Կիւլպէնկեանի խոշոր բարեգործական միջոցառումներէն է նաեւ 1929 թուականին կառուցուած Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի կից գտնուող «Կիւլպէնկեան» մատենդարանի շէնքը, որուն՝ ժամանակին, գրականութիւն է մատակարարած է։ Ան մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է Կ. Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին։
1920 թուականէն մինչեւ 1940 թուականը, Աա իր հովանիին տակ առած է Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Իրաքի հայկական դպրոցներն ու բժշկական կեդորնները, ձեռնարկած է Միջին Արեւելքի բազմաթիւ եկեղեցիներու կառուցումը։ 1936 թուականին Կիւլպէնկեան 400 հազար տոլարի օգնութիւն տուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին՝ թանգարանի վերակառուցման եւ պարիսպներու վերականգնման նպատակով։
Ամբողջ կեանքի ընթացքին Կիւլպէնկեան երազած էր Հայաստան գալ ու իր ամբողջ կարողութիւնը կտակել Հայաստանին։
Կենանքի վերջին հանգրուանին՝ Փորթուկալի մէջ, ան ապրեցաւ ընդամէնը տասներեք տարի։ Անոր վերջնական կտակին համաձայն՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը պէտք է գտնուէր Լիզապոնի մէջ եւ ղեկավարուէր փորթուկալական օրէնքներով, բայց միաժամանակ պէտք է նպաստէ համայն մարդկութեան յառաջընթացին՝ ինչպէս Նոպելեան հիմնադրամը։ Երեք հարիւր միլիոն ոսկի՝ մօտ 840 մլն. տոլար, մնաց Փորթուկալի մէջ եւ այնտեղէն հիմնադրամը շարունակեց իր բարեգործական ծրագրերն աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ։ Խորհրդային տարիներէն առ այսօր Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը կ՛օգնում Երեւանի Մատենադարանին։ «Գիտութեան մարդ եւ երազող պարտէզի մը մէջ՝ իմ ուզածիս համաձայն. ահա երկու բաներ կեանքիս մեծ նպատակները, որոնց չկրցայ հասնիլ...»
2012 թուականի Յունուարին յայտարարուած է, որ ան՝ յետմահու, կը զրկուի Էլիզապէթ Բ.-ի կողմէ տրուած KBE մրցանակէն, որ ստացած էր 1951 թուականին[9][10]։
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ Encyclopædia Britannica
- ↑ RKDartists
- ↑ Union List of Artist Names — 2018.
- ↑ Lundy D. R. The Peerage
- ↑ www.hayernaysor.am (24/11/2013)։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»
- ↑ www.forbes.am (18/05/2014)։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան. «Սեւ ոսկու» աշխարհի հայ տիրակալը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-03-24
- ↑ "Queen's honours: People who have turned them down named" at bbc.co.uk
- ↑ http://www.cabinetoffice.gov.uk/sites/default/files/resources/document2012-01-24-075439.pdf
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- «Գալուստ Կիւլպէնկեան Մարդը եւ Անոր Ձեռքբերումները»։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հունվարի 18
- Գալուստ Կիւլպենկեանի մասին պատմող գիրքին հայերէն եւ ռուսերէն թարգմանութիւնները լոյս տեսան