Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ (1 Սեպտեմբեր[1] 1939 - 2 Սեպտեմբեր 1945[2]), պատերազմ երկու համաշխարհային ռազմաքաղաքական դաշնակիցներու միջեւ: Մարդկային պատմութեան մեջ ամէնէն արիւնառու հակամարտութիւնը (համաշխարհային պատերազմ)։ Վերջինիս մէջ քաշուած են այդ ժամանակ գոյութիւն ունեցող պետութիւններէն 61-ը (աշխարհի բնակչութեան 80%-ը)։ Ռազմական գործողութիւններ տեղի ունեցած են երեք մայր ցամաքներու եւ չորս ովկիանոսներու մէջ։ Երբեւէ տեղի ունեցած միակ ռազմական բախումն է, երբ օգտագործուած է հիւլէական զէնք։ Պատերազմը դարձաւ շուրջ 60 միլիոն զոհերու պատճառ։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին սկիզբը

Խմբագրել

Պատերազմին պատճառները

Խմբագրել

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը արդիւնքն էր խոշոր պետութիւններու միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ գաղափարական խոր եւ անհաշտ հակասութիւններու։ Գերմանիան, Իտալիան եւ Ճափոնը, որոշելով, որ յօգուտ իրենց ուժերու, յարաբերակցութիւնը փոխուած է, պայքար ծաւալեցին աշխարհի մէջ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի քաղաքական տիրապետող դիրքերը վերցնելու եւ աշխարհի նոր վերաբաժանման նպատակով։

Անոնց համար կարեւոր խնդիր էր նաեւ Խորհրդային Միութեան տապալումը եւ համայնավարական վտանգի վերացումը։ Իսկ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հիմնական նպատակն էր պահպանել իրենց տիրապետած քաղաքական եւ տնտեսական դիրքերը։ ԱՄՆ-ը թէեւ պատերազմի առաջին փուլի ընթացքին պաշտօնապէս չէզոք դիրք կը գրաւէր, սակայն աւելի համակիր էր Անգլօ-ֆրանսական խմբաւորման։

Պատերազմի սկիզբը եւ Լեհաստանի գրաւումը

Խմբագրել

Ֆաշիստական Գերմանիոյ առաջին զոհը եղաւ Լեհաստանը։ Պատրաստուելով ռազմական գործողութիւններու ընդդէմ Լեհաստանի՝ Հիթլերը դեռ 1939 թուականի Ապրիլին նշած էր, որ անհրաժեշտ է «յարձակիլ Լեհաստանի վրայ առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային»։

Պատերազմի սկիզբը Գերմանիան ունէր 100-էն աւելի բաժանմունք, 4400 ինքնաթիռ եւ մօտ 100 խոշոր նաւ եւ սուզանաւ։

 
Պատերազմի ընթացքը Եւրոպայի մէջ

Հիթլերը կ'ակնարկէր Երիտասարդ Թուրքերու կողմէ 1915 թուականին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միւս տարածքներուն մէջ իրականացուած հայերու ցեղասպանութեան, որ մնացած էր անպատիժ։

1 Սեպտեմբեր1939-ի առաւօտեան գերմանական զօրքերը ներխուժեցին Լեհաստան։ Այդ տարին պաշտօնապէս ընդունուած է որպէս Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի սկիզբ։ Նոյն օրը երեկոյեան Գերմանիոյ յանձնուեցաւ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի բողոքի նոտան[3]։ Վերջիններս սպառնացին, որ եթէ Գերմանիան չդադրեցնէ ռազմական գործողութիւնները եւ իր զօրքերը դուրս չբերէ Լեհաստանի տարածքէն, ապա անոնք կը կատարեն Լեհաստանի հանդէպ իրենց պարտաւորութիւնները։ Խօսքը այստեղ այն մասին էր, որ 25 Օգոստոս 1939-ին Անգլիոյ եւ Լեհաստանի միջեւ ստորագրուած էր փոխադարձ օգնութեան պայմանագիր։ Համանման պայմանագիր կնքուած էր նաեւ Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի միջեւ։ Սակայն Գերմանիան՝ հաշուի չառնելով վերջնագիրի բնոյթ կրող Անգլօ-ֆրանսական նոտան, շարունակեց իր յարձակողական գործողութիւնները։

3 Սեպտեմբեր 1939-ին Անգլիան եւ Ֆրանսան պատերազմ յայտարարեցին Գերմանիոյ։ Անոր պատերազմ յայտարարեցին նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ գաղութները Աւստրալիան, Նոր Զելանտան, Քանատան եւ Հարաւ-Ափրիկեան Միութիւնը։[4]. Սակայն Հիթլերը վստահ էր, որ Անգլիան եւ Ֆրանսան՝ Լեհաստանը փրկելու համար լուրջ քայլերու չեն դիմած, եւ ան չսխալեցաւ։ Անգլօ-ֆրանսական սպառնալիքները միայն խօսքի մէջ մնացին։ Գերմանիոյ յարձակումէն անմիջապէս էտք ԽՍՀՄ-ը եւ ԱՄՆ-ն յայտարարեցին իրենց չէզոքութեան մասին։

Սեպտեմբերի կէսերուն Գերմանիան արդէն գրաւած էր Լեհաստանի տարածքի գրեթէ կէսը, վերջինիս ռազմաքաղաքական պարտութիւնը այլեւս ոչ մէկ կասկած չէր յարուցաներ։ Այդ պահուն խաղի մէջ մտաւ Խորհրդային Միութիւնը։

 
Պատերազմը 1935-1939 թուականներուն

ԽՍՀՄ-ի տարածքային ընդարձակումը

Խմբագրել

Խորհրդային Միութիւնը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի սկզբնական փուլն օգտագործեց իր տարածքը ընդարձակելու եւ միջազգային դիրքերը ուժեղացնելու համար։ 17 Սեպտեմբեր 1939-ին Խորհրդային զօրքերը մտան Լեհաստան։[5] 12 օր տեւած պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին խորհրդային զօրքերը առաջ շարժեցան 250-350 քմ.: Գրաւեցին արեւմտեան Ուքրանիան եւ Արեւմտեան Պելառուսը, որոնք Լեհաստանին անցած էին 1920 թուականին։ Կատարուած ընտրութիւններու արդիւնքով՝ այդ երկու շրջաններուն մէջ յայտարարուեցան խորհրդային իշխանութիւն։ Անոնք դիմեցին ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդին՝ ԽՍՀՄ-ի կազմին մեջ մտնելու խնդրանքով։ 1 Նոյեմբեր 1939-ին բաւարարուեցաւ ուքրանացիներուն, իսկ 2 Նոյեմբերին՝ պելառուսերու պահանջը։ Այդ շրջանները համապատասխանաբար մտան ուքրանական եւ պելառուսական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու կազմին մէջ։

Այսպիսով՝ գերմանական եւ խորհրդային զօրքերու հարուածներուն տակ ինկաւ լեհական պետութիւնը։ Խորհրդային միութիւնը 1939 թուականի աշնան Էսթոնիային, Լաթվիային եւ Լիթվային պարտադրեց փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիր ստորագրել։ Ան, ըստ այդ համաձայնագրի, «Խորհրդային միութեան եւ մերձպալթեան երկիրներու անվտանգութիւնը ամրապնդելու նպատակով» իրաւունք ստացաւ այդ երկիրներուն մէջ ունենալ ռազմածովային եւ ռազմաօդային յենակայաններ։

Խորհրդա-ֆինլանտական պատերազմը

Խմբագրել

Խորհրդային Միութիւնը, իր հիւսիսային սահմաններու եւ Լենինկրատի (այժմ՝ Սանկտ Փեթերպուրկ) անվտանգութիւնը ապահովելու պատրուակով, 30 Նոյեմբեր 1939-ին պատերազմիլ սկսաւ Ֆինլանտայի դէմ։ Ֆինլանտական պատերազմը ցոյց տուաւ Խորհրդային Միութեան անբաւարար պատրաստուածութիւնը ռազմական տեսակետէ։ Յարձակումը Ֆինլանտայի վրայ բողոքի մեծ ալիք բարձրացուց աշխարհի վրայ։ 14 Դեկտեմբեր 1939-ին Ազգերու լիկան վտարեց իր շարքերէն ԽՍՀՄ-ը։ ԽՍՀՄ-ը մեծ զոհողութիւններու գնով յաջողեցաւ հասնիլ որոշակի արդիւնքներու եւ 13 Մարտ 1940-ին ստորագրուեցաւ խորհրդա-ֆինլանտական հաշտութեան պայմանագիր։ Խորհրդային Միութիւնը 30 տարի ժամկէտով պիտի վարձակալէր Խանկօ թերակղզին եւ հարաւէն կղզիները՝ ռազմական յենակայան կառուցելու համար[6]։

 
Լեհաստանի գրաւումը ԽՍՀՄ-ի եւ Գերմանիայի կողմէ

Խորհրդային Միութեան յետագայ յառաջխաղացումները

Խմբագրել

Յաջորդ տարուան ամրան Խորհրդային Միութեան մաս դարձան Պեսարապիան եւ Հիւսիսային Պուքովինան։ Այդ տարածքները, որ կը պատկանէին Ռումանիոյ, ան հարկադրուած եղաւ զիջիլ ԽՍՀՄ-ին՝ վերջինիս ճնշման ներքոյ։

1940 թուականի ամրան սրեցին Խորհրդային Միութեան յարաբերութիւնները մերձպալթեան պետութիւններուն հետ։ ԽՍՀՄ-ը կ'անհանգստանար, որ անոնք կրնան Գերմանիոյ, ինչպես նաեւ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հակախորհրդային քաղաքականութեան յենակէտ դառնալ։ Յունիս ամսուան ընթացքին Լաթվիայի, Լիթվայի եւ Էսթոնիայի մէջ, ոչ առանց Խորհրդային Միութեան միջամտութեան, տեղի ունեցան պետական յեղաշրջումներ եւ այդ երկիրներուն մէջ հաստատուեցան խորհրդային կարգեր։ Անոնք դիմեցին ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդին՝ ԽՍՀՄ կազմին մէջ մտնելու խնդրանքով։ 1940 թուականի Օգոստոսին անոնց այդ խնդրանքը բաւարարուեցաւ։

Նախապատերազմական իրադարձութիւններ

Խմբագրել

Իտալիոյ ներխուժումը Եթովպիա (1935)

Խմբագրել
 
Պենիթօ Մուսոլինիի ստուգայցը զինուորներուն Եթովպա-իտալական պատերազմի ժամանակ, 1935թուական

Երկրորդ Եթովպա-իտալական պատերազմը գաղութատիրական պատերազմ էր, որ սկսաւ 1935 թուականի Հոկտեմբերին եւ աւարտեցաւ 1936 թուականի Մայիսին: Պատերազմը սկսաւ իտալացիներու ներխուժմամբ Եթովպական կայսրութիւն, որ տեղի ունեցաւ Իտալական Սոմալիայէն եւ Էրիթրէայէն[7]: Պատերազմի հետեւանքով գրաւուեցաւ Եթովպիան եւ անիկա բռնկեցուց նոր ստեղծուած Իտալական Արեւելեան Ափրիկէ գաղութը (Africa Orientale Italiana), բացի այդ, ցոյց տուաւ Ազգերու Լիկայի թուլութիւնը խաղաղութեան ամրապնդման գործընթացին մէջ: Իտալիան եւ Եթովպիան կը համարուէին Ազգերու Միութեան անդամ, սակայն Միութիւնը ոչ մէկ բան կատարեց պատերազմը արգիլելու համար[8]: Գերմանիան միակ եւրոպական տէրութիւնն էր, որ բացէ ի բաց սատարեց ներխուժումը: Իտալիան ի պատասխան սատարեց Գերմանիոյ՝ Աւստրիան կալանելու հարցին մէջ[9]:

Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմը (1936–1939)

Խմբագրել
 
Կեռնիքայի ռմբակոծութիւնը 1937 թուականին Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ:

Երբ բռնկեցաւ քաղաքացիական պատերազմը Սպանիոյ մէջ, Հիթլերը եւ Մուսոլինին ռազմական օգնութիւն ցուցաբերեցին ազգայնականներուն, որոնց կը գլխաւորէր զօրավար Ֆրանցիսքօ Ֆրանքօն: ԽՍՀՄ-ը կը սատարէր գործող կառավարութեան՝ Սպանիոյ հանրապետութեան: Աւելի քան 30.000 օտարերկրացի կամաւորականներ, որպէս միջազգային գումարտակի զինուորներ, նոյնպէս կը կռուէին ազգայնականներուն դէմ: Գերմանիան եւ ԽՍՀՄ-ը օգտագործեցին այս պատերազմը որպէս միջոց՝ փորձարկելու իրենց զէնքերը եւ մարտավարութիւնները: Ազգայնականները յաղթեցին քաղաքացիական պատերազմին 1939 թուականի Ապրիլին եւ Ֆրանքօն դառնալով բռնապետ, մենատէր` պաշտօնապէս մնաց չէզոք՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, սակայն գլխաւորապէս կը սատարէր առանցքին[10]: Գերմանիայի հետ բարեկամութիւնը ընդգծելու համար անոնք ուղարկեցին կամաւորներ, որպէսզի մարտնչին արեւելեան ռազմաճակատին վրայ[10]:

Ճափոնի ներխուժումը Չինաստան (1937)

Խմբագրել
 
Ճափոնական Կայսերական բանակի զինուորները Շանհայի ճակատամարտին, 1937 թուական

1937 թուականին Ճափոն նուաճեց Չինաստանի ներկայիս մայրաքաղաք Փեքինը, Մարքօ Փոլօ կամուրջի պատահարէն յետոյ, որ առիթ դարձաւ, որպէսզի Ճափոնը ներխուժէ Չինաստան[11]: ԽՍՀՄ-ն արագօրէն ստորագրեց Չինաստանի հետ ոչ յարձակման պայմանագիր եւ սկսաւ հումք մատակարարել Չինաստանին: Սեպտեմբերէն Նոյեմբեր ամիսներուն Ճափոն յարձակեցաւ Թայուանի վրայ[12][13]: Կեներալիսիմուս Չան Քայշին պատրաստեց իր լաւագոյն բանակը, որպէսզի պաշտպանէ Շանհայը, սակայն երեք ամիս տեւած կռիւներէն յետոյ Շանհայը ինկաւ: Ճափոնցիները շարունակեցին ետ մղել չինական զօրքերը` նուաճելով մայրաքաղաք Նանքինը 1937 թուականի Դեկտեմբերին: Նանքինի անկումէն յետոյ տասնեակ հազարաւոր, եթէ ոչ հարիւր հազարաւոր չինացիներ կոտորուեցան ճափոնցիներու կողմէ[14][15]:

1938 թուականի Մարտին, չինական ազգայնական զօրքերը յաղթանակ տարին իրենց առաջին մեծ ճակատամարտ Թաերչժուանի մէջ, սակայն ատկէ յետոյ նուաճեցին Սույչժոու քաղաքը՝ Մայիսին[16]: 1938 թուականի Յունիսին չինական զօրքերը փորձեցին կանգնեցնել ճափոնցիներու յառաջխաղացումը, ջրհեղեղ կազմակերպելով Դեղին գետին վրայ եւ այդ ժամանակ տուաւ չինացիներուն կազմակերպելու իրենց պաշտպանութիւնը Ուհանի մէջ, սակայն քաղաքը նուաճեցին ճափոնցիները Հոկտեմբերին[17]: Ճափոնցիներու ռազմական յաղթանակները այն արդիւնքը չունեցան ինչպէս ծրագրած էին, քանի որ Չինաստանի կառավարութիւնը դեռ կը գործէր Չունցինի մէջ եւ կը շարունակէր պատերազմը[18][19]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նշված ամսաթիվը պայմանական է եւ վիճարկվում է որոշ մասնագետների կողմից։ Տես, օրինակ, Ե՞րբ է սկսվել Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը։ — Վալենտինա Ֆալինի հիշողությունները // «Արգումենտի նեդելի» № 18 (104), 7 մայիսի 2008 (ռուս.)
  2. Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պատմություն 1939—1945. 1982. С. 465. Սեպտեմբերի 2 — Ճափոնիայի անվերապահ կապիտուլիացիայի ստորագրման օր։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի վերջ։ (ռուս.)
  3. Gerhart Binder. Epoche der Entscheidungen/ Eine Geschichte des 20. Jahrhunderts. Sechste Auflage. Stuttgart-Degerloch: Seewald Verlag. 1960.
  4. II. Weltkrieg / Dokumentation Das III.Reich. Gütersloch: Mohndruck Graphische Betriebe GmbH. 1989
  5. Գաբրիել Գորոդեցկի «Լեդակոլի միֆը։ «Պատերազմի նախօրեին»։ (ռուս.)
  6. Ռուս-ֆինլանդական հաշտության պայմանագիր Հոդված III, Մոսկուա, 12 մարտ 1940. (ռուս.)
  7. Andrea L. Stanton, Edward Ramsamy, Peter J. Seybolt (5 January 2012)։ Cultural Sociology of the Middle East, Asia, and Africa: An Encyclopedia։ էջ 308։ ISBN 9781412981767։ արտագրուած է՝ 6 April 2014 
  8. Barker, 1971, էջեր 131–2
  9. Kitson, 2001, էջ 231
  10. 10,0 10,1 Payne, 2008
  11. Eastman, 1986, էջեր 547–51
  12. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  13. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found..
  14. Levene, Mark and Roberts, Penny. The Massacre in History. 1999, page 223-4
  15. Totten, Samuel. Dictionary of Genocide. 2008, 298–9.
  16. Hsu, Chang, էջեր 221–230
  17. Eastman, 1986, էջ 566
  18. Taylor, 2009, էջեր 150–2
  19. Sella, 1983, էջեր 651–87