Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրի (Երեւան)

Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրի, կը գտնուի Երեւանի Արաբկիր համայնքին մէջ՝ Կիւլպէնկեան-Խաչատրեան փողոցներու խաչմերուկին յարակից տարածքին վրայ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հայ մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրին տեղադրուած է 2014 թուականի Հոկտեմբեր 4-ին[1]։ Յուշարձանի բացման հանդիսութեան մասնակցած են Երեւանի քաղաքապետ՝ Տարօն Մարգարեան, Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավար՝ Հրայր Անտոնեան, «Գեղագիտութեան ազգային կենտրոն» ՊՓԲԸ գլխաւոր տնօրէն, ճարտարապետ՝ Լեւոն Իգիթեան, կիսանդրիի հեղինակ, քանդակագործ՝ Գարեգին Դաւթեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական՝ Ստեփան Պետրոսեան, նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ՝ Կամօ Սարգսեան, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մշակութային գործիչներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ։

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2012 թուականին Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգի 4-րդ հատուածին մէջ հիմնուած է «Հայ Բարերարների Ճեմուղի», ուր տեղադրուած են Պօղոս Նուպարի, Ալեքսանդր Մանթաշեանցի, Ալեք Մանուկեանի, Միքայէլ Արամեանցի, Յովհաննէս Լազարեանի, Գալուստ Կիւլպէնկեանի յուշարձանները, ինչպէս նաեւ բարերարութեան հաւաքական կերպարը խորհրդանշող յուշակոթողը։

Հեղինակ

Խմբագրել

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել