Ալեքսանդր Խատիսեան

հայ քաղաքական գործիչ եւ լրագրող

Ալեքսանդր Խատիսեան (17 Փետրուար 1874, Թիֆլիս, - 10 Մարտ 1945, Փարիզ)՝ հայ քաղաքական գործիչ եւ լրագրող, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար եւ երկրորդ վարչապետ, շուրջ եօթը տարի եղած է Թիֆլիսի քաղաքապետ։

Ալեքսանդր Խատիսեան
Ծնած է 17 Փետրուար 1874
Ծննդավայր Թիֆլիս
Մահացած է 10 Մարտ, 1945
Մահուան վայր Փարիզի 17-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Մոսկուայի կայսերական համալսարան[1]
Խարկովի ազգային համալսարան[1]
Մասնագիտութիւն Հայ քաղաքական գործիչ եւ լրագրող
Աշխատավայր Խարկովի ազգային համալսարան
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ, Թիֆլիսի քաղաքապետ, Արտաքին գործերու նախարար[1], Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար, Ներքին գործոց նախարար եւ կազմակերպութեան նախագահ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն[1][2]

Ինքնակառավարման, բժշկութեան, տնտեսութեան ու մշակոյթի մասին բազմաթիւ յօդուածներու եւ հայերէնի թարգմանութիւններու հեղինակ։

Երիտասարդ տարիները

Խմբագրել

Ծնած է 1874-ին, Թիֆլիս, ազնուական ընտանիքի մը մէջ, չորս եղ­բայր­նե­րու երկ­րորդն էր։

1891-ին աւարտած է Թիֆլիսի պետական գիտութիւններու հիմնարկը։ Բժշկութիւն ուսանած է Մոսկուայի եւ Խարկովի համալսարաններուն մէջ։ 1897-ին, գերազանցութեամբ աւարտած է, ստանալով բժիշկի մասնագիտութիւն։

1898-ին մեկնած է արտասահման՝ վերապատրաստուելու լաւագոյն բուժարաններու մէջ։ Այցելած է Իտալիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Լոնտոն, Հռոմ եւ Պալքաններ, խանդավառութիւն ստեղծելով ամէն տեղ եւ ուսուցանած՝ առողջաբանական եւ իրաւական գիտութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքապետական գործեր վարած է, ինչպէս՝ սպանդանոցներ, հիւանդանոցներ, ջրամատակարարում։

Փարիզի ու Պերլինի մէջ հրապարակած է քանի մը գրքոյկ ու գիրք նուիրուած ջրամատակարարման, քարէ սալարկներու, ժողովրդական տուներու եւ այլն։

Խատիսեան հմուտ էր հայերէնի, ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի ու վրացերէնի։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել
  • 1900-ին կը վերադառնայ Թիֆլիս ու կը սկսի զբաղիլ քաղաքականութեամբ։ Յա­ջո­ղակ բժիշկ, Խատիսեան կա­նու­խէն կը հեռանայ բժշկական ասպարէզէն ու ամ­բող­ջա­պէս կը նո­ւի­րո­ւի հանրային եւ քա­ղա­քա­կան-գոր­ծու­նէու­թեան՝ հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած քա­ղա­քա­գէ­տի, բազ­մաշ­նորհ կազ­մա­կեր­պի­չի, ճկուն դի­ւա­նա­գէ­տի եւ մա­նա­ւանդ՝ ժո­ղովր­դա­յին սի­րո­ւած ու յար­գո­ւած ղե­կա­վա­րի օ­րի­նա­կե­լի կեր­պա­րը մարմ­նա­ւո­րե­լով։
  • 1902-ին կ'ընտրուի Քաղաքային դումայի խօսնակ, Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդի խորհրդական, 1905-ին քաղաքային վարչութեան անդամ։ 1905-ին, հա­յ եւ ­թա­թա­րա­կան բա­խում­նե­րու շրջա­նին, ի տես ­Հ. Յ. Դաշնակ­ցու­թեան վա­րած ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռիւ­նե­րուն, Ալ. ­Խա­տի­սեան ան­դա­մակ­ցու­թեան դի­մում կը կա­տա­րէ, բայց ­Ռոս­տո­մի եւ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի խոր­հուր­դով, կը մնա­յ համա­կիր, ո­րով­հե­տեւ այդ կարգավի­ճա­կով կրնար ա­ւե­լիով օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ հա­յոց ազգային-ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին։
  • 1906-ին, Թիֆլիսի փոխ-քա­ղա­քա­պետ է, իսկ 1909-1917-ին՝ քաղաքապետ։
  • 1914-էն Քաղաքներու Միութեան կովկասեան կոմիտէի նախագահն էր: ­
  • Ա­. Համաշխարհային պատերազմին բռնկու­մէն ետք Ալ. Խա­տի­սեան կը փու­թայ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լ Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բիւ­րո­յի ստեղծ­ման, ո­րուն փոխ-նա­խա­գա­հը կ'ընտ­րո­ւի եւ ա­ռաջ­նոր­դող դեր կը կա­տա­րէ ­հայ ­կա­մա­ւո­րա­կան ­շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ։ ­Հայոց Ցեղասպանութենէն մա­զա­պուրծ հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան պատս­պար­ման եւ հոգատարու­թեան դժո­ւա­րին գոր­ծին մէջ, իբ­րեւ ­Թիֆ­լի­սի քա­ղա­քա­պետ եւ Կով­կա­սեան ­Քա­ղաք­նե­րու ­Միու­թեան նախագահ, Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի ներդ­րու­մը անգ­նա­հա­տե­լի կ'ըլլայ։ ­Խա­տի­սեան ո­րե­ւէ դժո­ւա­րու­թիւն չու­նենար պատշաճելու ռու­սա­կան յեղա­փո­խու­թեան հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած հիմ­նո­վին նոր պայ­ման­նե­րուն։ Ար­դէն անդամագրուած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ հա­մա­ռու­սաս­տա­նեան խորհր­դա­րա­նին ­կուսակցու­թեան ցան­կով պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւած, ­Խա­տի­սեան նոր ծա­նօ­թու­թիւն­ներ եւ գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ կը հաս­տա­տէ։ Բժիշկ ­Զաւ­րիե­ւի հետ, մաս­նա­կից կը դառնայ ­Լե­նի­նի հայ զի­նա­կից Ստեփան ­Շա­հու­մեա­նի կող­մէ Թր­քա­հա­յաս­տա­նի Ինք­նա­վա­րու­թեան Ծ­րագի­րի մշակումին, որ 1917-ի վեր­ջե­րուն իբ­րեւ պե­տա­կան ­հրամանագիր կը հրա­պա­րա­կո­ւի։
  • Դեկ­տեմ­բե­ր 1917-ին ­Թիֆ­լի­սի քա­ղա­քա­պե­տա­կան նոր ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ­Խա­տի­սեան կը կորսն­ցնէ իր պաշ­տօ­նը, բայց շու­տով կը հրա­ւի­րո­ւի Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ, ուր քա­ղա­քա­պետ կ'ընտ­րո­ւի եւ այդ պաշ­տօ­նով իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ անդր­կով­կա­սեան քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու ղե­կա­վար­ման մէջ։ Ե­լեւմ­տա­կան նա­խա­րար կը դառնայ Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ։
  • Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի վար­չա­պե­տու­թեամբ ա­ռա­ջին կառավարու­թեան կազ­մին մէջ, Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կը վստա­հո­ւի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի ծայր աս­տի­ճան զգա­յուն եւ դժուարին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Թուր­քե­րու հետ զի­նա­դա­դա­րի եւ հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ­Խա­տի­սեան կը վա­րէ։
  • 15 Փետրուար 1919-ին, Խատիսեան վարչապետի պաշտօնակատար կը նշանակուի: Կառավարութեան առջեւ, բնականաբար, դեռ ծառացած էին շարք մը պետական եւ ազգային լուրջ հիմնախնդիրներ, որոնցմէ ամենակարեւորները՝ սահմաններու ընդարձակման եւ ներգաղթի խնդիրներն ու տնտեսական, դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորումներն էին: Նուազ կարեւոր չէր երկաթուղիի բարեկարգման գործը. կառավարութիւնը դուրսէն մասնագէտներ կը հրաւիրէ: Գործուն էր նաեւ քաղաքական կեանքը՝ 12 Մարտին կառավարութիւնը կ'որոշէ առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարել։ Կը ձեւաւորուի նոր խորհրդարանը՝ դաշնակցական մեծամասնութեամբ, որ կը հռչակէ նոր կառավարութեան կազմը՝ վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ալ. Խատիսեանի գլխաւորութեամբ: Կառավարութեան խնդիրները հետեւեալներն էին.
  1. Ստեղծել շատ մատչելի պետական վարկեր՝ տնտեսութեան համար կարեւորութիւն ներկայացնող շարք մը ձեռնարկներ շահագործելու համար,
  2. Պետական օգնութիւն ցոյց տալ արհաւիրքներուն տուժած աշխատաւոր դասակարգին,
  3. Ամէն ձեւով խրախուսել յատուկ դրամագլուխներու մուտքը,
  4. Օգտագործել ամէն հնարաւոր եւ արդիւնաւէտ հարկային մեքենականութիւններ,
  5. Քաջալերել մասնագիտական կրթութիւնը:
 

Ինչ կը վերաբերէր արտաքին քաղաքականութեան, կառավարութիւնը կ'որոշէ հարեւան պետութիւններուն հետ սահմանային վէճերը երբեք չլուծել զէնքի միջոցով:

Պետութիւնը կը զարգանար ու կը կատարելագործուէր. շատ բան կը փոխուէր Հայաստանի մէջ. պետական միջոցներով կը կազմակերպուէր աղի արտադրութիւնն ու վաճառքը, բացուած էր Կարս-Պաթում խճուղին, ստեղծուած էր ժողովրդական տնտեսութեան նախարարութիւնը, որուն պաշտօնն էր անմիջականօրէն զբաղիլ տնտեսութեան զարգացմամբ, լուրջ միջոցառումներ կը ձեռնարկուէին կրթական-մշակութային ոլորտներու զարգացման ուղղութեամբ:

Խատիսեանի կառավարութեան օրով էր, որ կը բացուի Հայաստանի համալսարանը: Յովհաննէս Թումանեանի /հայ գրողներու միութեան նախագահ/ դիմումի հիման վրայ հայ գրողներուն, որպէս նպաստ, կը յատկացուի 100 հազար ռուբլի: Կառավարութիւնը մեծ գումարներ կը ծախսէ ներգաղթի վրայ։

Խատիսեանի կառավարութիւնը ձեռնամուխ կ'ըլլայ Լոնտոնի մէջ հայկական դրամներու տպագրութեան:

Կը բացուի երդուեալ դատաւորներու դատարանը:

Խատիսեանի պաշտօնավարութեան վերջին շրջանին Հայաստանի իրավիճակը կրկին անկայուն կը դառնայ, Ատրպէյճանը խորհրդային կը դառնայ, Մայիսին տեղի կ'ունենան ցոյցեր, եւ պոլշեւիկները կ'օգտագործեն այդ ցոյցերը, որուն հետեւանքով կը ստեղծուի կառավարական ճգնաժամ:

Այն ատեն, երբ Վրաստանի մէջ, Ազրպէյճանի պոլշեւիկները կ'ենթարկուէին անողոք հալածանքի, Խատիսեանի կառավարութիւնը անոնց ազատ աշխատելու եւ ապրելու հնարաւորութիւնը կու տայ:

  • Մա­յի­սի 1920-ին­, երբ արդէն առկայ էր կառավարական ճգնաժամը, կը գումարուի խորհրդարանի արտակարգ ժողով: Խատիսեան հրաժարականը կը ներկայացնէ, զոր խորհրդարանը կ'ընդունի: Խատիսեանի կառավարութեան ամէնէն բնորոշիչ քայլերէն մէկը այն էր, որ ընդունած էր մէկ հայրենիքի՝ Միացեալ, Անկախ Հայաստանի վերաբերող փաստաթուղթը, որ կը հաստատէր թէ՝ հայկական գաւառներն ու բոլոր տարածքները պէտք է միանան Համահայկական պետութեան: Պոլ­շե­ւի­կեան խռո­վու­թեանց ա­ռաջքն առ­նե­լու նպա­տա­կով, ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ կազ­մո­ւած ­Բիւրօ-կա­ռա­վա­րու­թեան մաս չի կազ­մեր ­Խա­տի­սեան, բայց կա­ռա­վա­րու­թեան յանձ­նա­րա­րու­թեամբ կը ստանձ­նէ ­Հայաս­տա­նի լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ար­տա­սահ­մա­նեան հա­յ օ­ճախ­նե­րը շրջե­լու եւ ­Հանրապետութեան հաշ­ւոյն ներ­քին փո­խա­ռու­թիւն­ներ հան­գա­նա­կե­լու եւ պե­տա­կան պիւտ­ճէն կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով։ Իր այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւս ­Խա­տի­սեան պա­տո­ւով ի կա­տար կ'ա­ծէ։
  • Խատիսեան վերս­տին պատ­նէ­շի վրայ է, երբ քեմալա­կան ­Թուր­քիոյ եւ լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նի աք­ցա­նին մէջ բռնո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­նու­նով թուր­քե­րու հետ բա­նակ­ցող պատո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէ։ 3 ­Դեկ­տեմ­բեր 1920-ին իր կող­մէ ստո­րագ­րո­ւած Ալեքսանդ­րա­պո­լի ­դաշ­նա­գի­րը, հակա­ռակ տաս­նա­մեակ­նե­րով ցե­խար­ձակ­ման թի­րախ դար­ձած ըլ­լա­լուն, կը հանդիսանայ հայ­կա­կան դիւանագիտութեան պատ­մակ­շիռ պա­հե­րէն մէ­կը, որ ծանր գին վճա­րե­լով հան­դերձ՝ ամբողջական կոր­ծան­ման վտան­գէն կը փրկէ մա­նուկ ­Հա­յաս­տա­նը եւ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թիւ­նը։

Ինչպէս առաջին հանրապետութեան շատ ղեկավարներ, Խատիսեան եւս, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կը լքէ հայրենիքը:[3]

 

Կեանքին վերջին տարիները

Խմբագրել
  • Փարիզի մէջ, հայկական ազգային պատուիրակութեան կազմին մէջ կը շարունակէ քաղաքական գործունէութիւնը, սկիզբը իբրեւ նախագահի տեղակալ, ապա նախագահ։
  • 1922-1923 թուականներուն կը մասնակցի Լոզանի վեհաժողովին՝ ներկայացնելով եւ պաշտպանելով հայ ժողովուրդին շահերը։ Կ'անդամակցի հայկական ու ռուսական հասարակական կազմակերպութիւններուն։
  • 1926-ին Եղբայրական օգնութեան կոմիտէի նախագահի մտերիմներէն էր, մեծապէս կ'աջակցի Հայաստանի 1926-ի երկրաշարժէն ետք։
  • 1926-1928 թուականներուն կ'անդամակցի նաեւ «Ռուսական մշակոյթի ընկերներու օճախ» կոմիտէին։ Կը դասախօսէ Ռուսական ժողովրդական համալսարանին մէջ։ Կը հանդիսանայ «Իլյուստրիրովաննայա Ռոսսիա» պարբերականին։
  • Բ. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն՝ Փարիզի գրաւման ատեն, կը տեղափոխուի Փորթուկալ (ք. Պորտու
  • 1944-ին Խատիսեան կը ձերբակալուի՝ ամբաստանութեամբ գերմանացիներու հետ ունեցած կապերուն համար, սակայն շուտով կ'ազատագրուի՝ փաստերու բացակայութեան պատճառով։
  • Բան­տէն ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­լէ ետք, ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը այ­լեւս չի վե­րա­կանգ­նիր եւ Ա­լ. ­Խա­տի­սեան կը մահանայ 10 ­Մարտ 1945-ին։ Թաղուած է Փա­րի­զի ­Փէր-­Լա­շէզ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

Խատիսեանի միտքերէն

Խմբագրել
  «Ժողովուրդներու եւ պետութիւններու կեանքը կը տեւէ դարեր, հազարաւոր տարիներ։ Իմ յուշերուս մէջ առնուած է պզտիկ ժամանակաշրջան մը, պատմական տեսակէտով՝ վայրկեան մը միայն, բայց անհունօրէն կարեւոր վայրկեան։ Ասիկա այն վայրկեանն է, երբ մեր ազգը՝ միացած խանդավառութեան մը մէջ՝ նորէն ստեղծեց իրեն համար անկախ ազգային կեանք մը։ Ես ջանացի ցոյց տալ ծագումը այդ կեանքին եւ անոր զարգացման ելեւէջները, մանաւանդ այն վայրկեանները, երբ ես ինքս եղայ դէպքերու ականատեսը։ Բայց կեանքը կանգ չ'առներ։ Եւ միշտ կ'ընթանայ յառաջ։ Եւ կեանքի մէջ ամէն բան կը փոխուի։ Պիտի փոխուին, ի հարկէ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքի զարգացման ապագայ պայմանները։ Անիկա շատ ուրախութիւն եւ վիշտ պիտի տեսնէ դեռ։ Բայց թո՛ղ անոր համար ալ հարազատ դառնայ նշանաբանը այն քաղաքին, որուն մէջ կը գրուին այս տողերը»[4]
- Խատիսեանի միտքերէն
 


Տպագիր Երկեր

Խմբագրել
  • «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Պէյրութ, 1930, 1968:
  • Թիֆլիս քաղաքի մունիցիպալ տնտեսութիւնը։ Հանրային դասախօսութիւնը, Ժողովրդական համալսարան, 30 Նոյեմբեր, 1908։ Կ. Պ. Կոզլովսկիի տպարան, 1909:
  • Քաղաքների համառուսական խորհրդի Կովկասեան բաժինի գործունէութեան կրճատ ակնարկ, 1915 - 1916։ Լիբերմանի տպագրութիւնը, 1917:
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը, Պէյրութ, 1968, 487 էջ[[5]։
  • Քաղաքապետի մը յիշատակները, Պէյրութ, 1991, 406 էջ,[5]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • 28 Մայիս, Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութեան 96- Ամեակ, Հրատարակութիւն՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն:

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  • Ալեքսանդր Խատիսեանի կենսագրականը