Բագին (գրական հանդէս)
«Բագին» գրական, հասարակական հանդէս։ Կը հրատարակուի Պէյրութի մէջ, 1962-էն ի վեր[1], եռամսեայ պարբերականութեամբ։
Բագին Բագին | |
---|---|
Տեսակ | հանդէս |
Լեզու | Արեւմտահայերէն |
Խմբագիր | Կարօ Սասունի, Եդուարդ Պօյաճեան, Պօղոս Սնապեան, Յակոբ Պալեան, Սոնիա Սանան Քիլէճեան |
Հիմնադրուած է | 1962 |
Հրատարակիչ | ՀՅԴ, Համազգային |
Երկիր | Լիբանան |
Հրատարակման վայր | Պէյրութ |
Հրատարակութեան պատմութիւն | 1962-էն ի վեր |
Յաճախականութիւն | եռամսեայ |
Յունուար 1962-ին լոյս տեսած է «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրի առաջին թիւը[2], իբրեւ վարիչ խմբագիր ունենալով Կարօ Սասունին, խմբագիրներ՝ Եդուարդ Պօյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը: Խմբագրական կազմին անդամ էին՝ Յարութիւն Գեղարդ, Տիգրան Ոսկունի, Բաբգէն Փափազեան եւ Վահէ Օշական:
ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովը, գումարուած 1963-ի աւարտին, ուրախութեամբ ողջունած է հրատարակութիւնը «Բագին» ամսագրին, որ կեանքի կոչուած էր սփիւռքահայութեան գրական-գեղարուեստական բնագաւառին մէջ յառաջացած բացը լեցնելու:
«Բագին»ի հանգանակը կ’արձանագրուէր իր առաջին թիւին մէջ՝ «Բագինի Առջեւ» խորագրուած գրութեամբ: Նոր ամսագիրը կը միտէր ըլլալ խանդավառ բեմը, ի մի խմբելու սփիւռքի տարածքին գործող գրողները: Կը նպատակադրէր մղում տալ, ինչպէս նաեւ արժանաւորապէս ներկայացնել գրական անդաստանի մշակներուն ստեղծագործական աշխատութիւնները:
Վաստակաշատ գրագէտներու հանդէպ իր գուրգուրանքն ու քաջալերանք տարածելով սկսնակներուն վրայ եւս, «Բագին» կ՚օժանդակէր նոր անուններու յայտնաբերման եւ ինքնահաստատման:
Գրական ամսագիրը պիտի չբաւականանար ընդունուած գրական սեռերով, այլ՝ օրուան հետ քայլ պահելու մտահոգութենէն մեկնած, առիթ պիտի ընծայէր օտար մշակոյթներու եւ գրական այլ շարժումներու գրողներուն:
Իր հրատարակութեան առաջին օրերէն «Բագին»ը հաստատօրէն կ’ընդունէր ազգերու կեանքին ու մշակոյթին շարունակականութեան պայմանը, կը մերժէր նիւթին գերակշռութիւնը ոգեկան արժէքներու վրայ եւ կը հաւատար իտէալին եւ ներքին ուժերու զօրութեան:
1966-ին, Եդուարդ Պօյաճեանի կորուստով՝ «Բագին»ի խմբագրական աշխատանքը կը կեդրոնանայ Պօղոս Սնապեանի ուսերուն[3], որուն երկար տարիներու աշխատանքի արգասիքներէն են «Բագին»ի 20 բացառիկ թիւերը՝ նուիրուած հայ մեծատաղանդ գրողներու եւ անխափան շարունակութիւնը գրական հանդէսին, երկար ժամանակ իբրեւ ամսաթերթ, ապա՝ իբրեւ եռամսեայ հանդէս:
«Բագին»ը շարունակեց համախմբել երէց եւ երիտասարդ գրողները, հրատարակեց անտիպ գործեր, նամակներ, թարգմանեց օտար գրականութեան գոհարներ, ջանադիր եղաւ յատկապէս արեւմտահայերէնի բծախնդիր պահպանման: Հետապնդեց բանագողութիւնը, դէմ կեցաւ խորհրդային ապազգային գրաքննութեան արդիւնք՝ գրական աղճատումներուն եւ ունեցաւ արժանաւոր դերակատարութիւն՝ գաղափարներու կազմաւորման, ճաշակի զարգացման եւ լեզուի հմտութեան մէջ:
Խմբագիր Պօղոս Սնապեանի առողջական վիճակին բարդացման պատճառով, 2003-ին «Բագին»ի խմբագիր նշանակուեցաւ Յակոբ Պալեան, օգնական խմբագիր՝ Սոնիա Քիլէճեան: «Բագին»ը ընթերցողին ներկայացաւ նոր դիմագիծով:
Օգնական խմբագրի ճամբորդութենէն ետք, 2007-ին, «Բագին»ի խմբագրութեան քարտուղար նշանակուած է Արփի Համբարեան: Ապա Մայիս 2010-էն մինչեւ Նոյեմբեր 2012 փոխխմբագրի պաշտօնը ստանձնած է Սեդա Գրիգորեան։ Այնուհետեւ Նազօ Գէորգեան «Բագին»-ի խմբագրութեան քարտուղար նշանակուած է մինչեւ Յունիս 2014։ Նոյեմբեր 2014-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2018 «Բագին»-ի օգնական խմբագիրի պաշտօնը կը վարէ Նորա Բարսեղեան, որուն յաջորդած է Արին Չէքիճեան մինչեւ Դեկտեմբեր 2019։ 2020-էն փոխխմբագրի պաշտօնը կը վարէ Վարդան Մատթէոսեան։
2016-էն «Բագին»ի խմբագիրն է գանատաբնակ բանաստեղծուհի ու մանկավարժ Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան։ Խմբագրական խորհուրդի ներկայ անդամներն են Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Արամ Պաչեան, Կարէն Ջալլաթեան, Սեւան Տէյիրմէնճեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան։
«Բագին» հրատարակուած է ՀՅԴ-ի եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան նիւթական ներդրումով:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Աւանդի Փոխանցում»
- ↑ ««ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի 80 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-08-ին։ արտագրուած է՝ 2017-02-08
- ↑ ««Բագին»-ի 50-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում»