Միրնա Տուզճեան

Դասախօս եւ խմբագիր։

Միրնա Տուզճեան (31 Մայիս 1980(1980-05-31), Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), դասախօս, «Բագին»ի Խմբագրական խորհուրդի անդամ[1]։

Միրնա Տուզճեան
Ծնած է 31 Մայիս 1980(1980-05-31) (44 տարեկան)
Ծննդավայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Քալիֆորնիա Համալսարան (Լոս Անճելըս)
Մասնագիտութիւն դասախօս

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս գաւառը։ Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանէն ստանալէ ետք, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը (UCLA) հետեւած է համեմատական գրականութեան ճիւղին եւ աւարտած բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ (summa cum laude)։

2013 թուականին նոյն համալսարանէն արժանացած է դոկտորական տիտղոսի, մասնագիտանալով համեմատական գրականութեան մէջ եւ աւարտաճառը գրելով յետխորհրդային հայ եւ ռուս գրականութեան մասին։

Իբրեւ այցելու դասախօս, միջազգային գրականութեան գլուխգործոցները, ֆիլմ եւ համեմատական գրականութիւն յաջորդաբար դասաւանդած է Ֆիլատելֆիոյ «Թեմփըլ» համալսարանը, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղը եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը։

Ներկայիս դասախօս է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլի մասնաճիւղը (U.C. Berkeley)[2], ուր հայոց լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէ[3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Սփյուռքահայ հայտնի բանաստեղծուհին` «Բագին»-ի խմբագիր»։ asekose.am։ 2016-04-16։ արտագրուած է՝ 2024-04-08 
  2. «Unpacking Armenian Studies: Unpacking Armenian Studies with Dr. Myrna Douzjian»։ armenianstudies.libsyn.com (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2024-04-08 
  3. «ՏՈՒԶՃԵԱՆ ՄԻՐՆԱ»։ Pakine (en-US)։ արտագրուած է՝ 2024-04-08