Պօղոս Սնապեան
Պօղոս Սնապեան (11 Օգոստոս 1927, Պիթիաս, Մուսա լեռ - 14 Յունիս 2014, Պէյրութ, Լիբանան), սփիւռքահայ գրագէտ, խմբագիր, արձակագիր, հրապարակագիր, գրաքննադատ եւ ուսուցիչ։
Պօղոս Սնապեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 11 Օգոստոս 1927 |
Ծննդավայր | Պիթիաս, Արեմտեան Հայաստան |
Մահացած է | 14 Յուլիս 2014 |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ուսումնավայր |
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան Փարիզի Ալիանս Ֆրանսէզ Սորպոնի համալսարան |
Մասնագիտութիւն | արձակագիր, գրագէտ, Խմբագիր, գրաքննադատ, ուսուցիչ |
Կեանքը եւ Գործունէութիւնը
ԽմբագրելԾնած է 11 Օգոստոս 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ։ 1944-ին կ'ընդունուի Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, ուր կ'աշակերտէ Յակոբ Օշականի, որ մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ իր վրայ։ Նոյն վարժարանին մէջ արաբերէնի ուսուցիչ կ'ունենայ անուանի խմբավար՝ Օհան Տուրեան: Վարժարանը կ'աւարտէ 1949-ին։
- 1950-էն սկսեալ իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ ազգային վարժարաններու մէջ, որուն առընթեր գրական եւ գրաքննադատական իր գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ։
- 1957-ին՝ լոյս կ'ընծայէ «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքի առաջին հատորը, իսկ 1959-ին՝ երկրորդ հատորը։
- 1962 Յունուար-ին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ երբ լոյս կը տեսնէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պոյաճեանի հետ կը կոչուի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնին։
- 1962-ին կը մեկնի Փարիզ, ու Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսէզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր, կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու։ Վերադարձին շարունակելով «Բագին»ի մէջ իրեն վստահուած խմբագրական աշխատանքները (ըլլալով անոր խմբագիրը 42 տարի անընդմէջ), միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն։
- 1965-ին կ'ամուսնանայ Աղաւնի Վարժապետեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երեք զաւակներով։
- 1966-1973 մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական-մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր։
- 1966-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական դատակազմի անդամ կը դառնայ մինչեւ 2003, շուրջ 40 տարի։
- 1983-2003– թուականներուն, պարբերաբար աւանդած է հայ գրականութիւն «Համազգային»ի «Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկ»ի աւարտական երկու դասարաններուն։
Աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերուն՝ պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական ու հրապարակագրական յօդուածներով։
Պ. Սնապեան ունի հրատարակչական մեծ վաստակ. լոյս ընծայած է 31 ինքնագիր մատեաններ. կազմած ու խմբագրած է 81 հատոր հայ մեծանուն գրողներէ։ Խմբագրած ու հրատարակութեան պատրաստած է յատկապէս Յ. Օշականի երկերէն շարք մը հատորներ։ Ունի տասնեակ մը անտիպ հատորներ։
Պ․ Սնապեանի տպագիր առաջին գրութիւնը, չափածոյ կտոր մը՝ «Տաղ Տրտմութեան», լոյս կը տեսնէ Երուսաղէմի վանքին պաշտօնաթերթ «Սիոն»ի մէջ, իսկ անոր հրատարակած առաջին գործը վիպակ մը՝ «Ժամանակ չկայ», 1953–ին, լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ։
- 2007–ին կը սկսի խմբագրել «Ազդակ գրական-Ազդակ արուեստի» պարբերաթերթը. աշխատանք մը, որուն վրայ կը մնայ մինչեւ իր մահը, 14 Յունիս 2014։
Իր մարմինը ամփոփուած է Այնճարի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Շքանշաններ
Խմբագրել- 2003–ին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան «Համազգային»ի շքանշանին։
- 2010–ին՝ արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայրապետական օրհնութեան գիրին ։
- 2014–ին, յետ մահու կը պարգեւատրուի Այնճարի «Մուսա Լեռ» շքանշանով։
Պօղոս Սնապեանի լոյս ընծայած գործերը
Խմբագրել- «Ժամանակ չկայ» (աղջկան մը կեանքէն), վիպակ։ Պէյրութ, տպարան «Սարգիսեան», 1953, 102 էջ։
- «Յեղափոխութեան համար», գրական-հրապարակագրական, Ա. Ծառուկեանի յառաջաբանով։
- Ա. տպագրութիւն՝ Պէյրութ, տպարան «Էտվան», 1956, 104 էջ, մեկենասութեամբ Ա. Ծառուկեանի։
- Բ. տպագրութիւն՝ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2007, 111 էջ, մեկենասութեամբ Անդրանիկ Մանկասարեանի, Յովհաննէս Մարտոյեանի, Վազգէն Փայլակեանի եւ Կարօ Իբրաքեանի։
- «Վերջին արարը», քննադատական։ Լոյս տեսած է Դրաստամատ Պիւթացի ծածկանունով։ Պէյրութ, 1958, 68 էջ։
- «Անդրշիրիմեան ձայներ» (պատասխան Գուրգէն Մահարիի), քննադատական։ Պէյրութ, տպարան «Մշակ», 1960, 93 էջ, մեկենասութեամբ Սիմոն Վրացեանի։
- «Աւազախրած նաւը», քննադատական, Կոստան Զարեանի «Նաւը լերան վրայ» գործին առթիւ։ Պէյրութ, տպարան «Ատլաս», 1964, 172 էջ։ Մեկենասութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի։
- «Ես այդ շունն եմ», արձակ։
- Ա. տպագրութիւն՝ Պէյրութ, տպարան «Ատլաս», 1966, 103 էջ, մեկենասութեամբ տոքթ. Վարդգէս Կիւրեղեանի։
- Բ. տպագրութիւն՝ Լոս Անճելըս, հրատարակութիւն «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի, 1992, 109 էջ, մեկենասութեամբ նոյնանուն շաբաթաթերթի հրատարակչութեան։
- Գ. տպագրութեան՝ Երեւան, 2006, 160 էջ, մեկենասութեամբ Գեղամ Սարգիսեանի։
- Դ. տպագրութիւն՝ Պէյրութ, հրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, 2014, 160 էջ, մեկենասութեամբ Աւիկ Գալլօղլեանի։
- «Կորստական թոյներ», պատմուածքներ։
- Ա. տպագրութիւն՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1970, 152 էջ, մեկենասութեամբ նոյնանուն տպարանի։
- Բ. տպագրութիւն՝ Երեւան, 2007, 152 էջ։
- «Աղքատներուն աւանդութիւնը», պատմուածքներ։
- Ա. հատոր - Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1983, 175 էջ, մեկենասութեամբ Երջանիկ Կարպուշեանի։
- Բ. հատոր - Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2002, 230 էջ, մեկենասութեամբ Սիրվարդ Չանչանեանի։
- Գ. հատոր - Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2007, 206 էջ, մեկենասութեամբ Արփինէ Հոճաճանեանի։
- «Ինչպէս հայհոյեմ...», գրական-հրապարակագրական։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1990, 102 էջ, մեկենասութեամբ Գրիգոր Թաւուքճեանի։
- «Միջնարար-5», գլուխ մը «Պղտոր ջուրեր» ծաւալուն վէպէն։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1992, 134 էջ, մեկենասութեամբ Թեհրանի «Ներսէս Շնորհալի» ֆոնտին։
- «Յայսմաւուրք», հրապարակագրական։ Անթիլիաս, տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 1997, 124 էջ, մեկենասութեամբ նոյնանուն տպարանի։
- «Տարեդարձներ», գրականագիտական-հրապարակագրական։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2001, 208 էջ, մեկենասութեամբ Մարտիկ, Թովմաս եւ Պօղոս Չանչանեան եղբայրներուն։
- «Տպաւորութիւններու հէնքով», գրականագիտական-քննադատական։ Անթիլիաս, տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 2003, 280 էջ, մեկենասութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան։
- ««Ես իմ անոյշ»ի ոդիսականը», գրականագիտական։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2003, 164 էջ։
- «Կրկէսին մէջ», գրականագիտական-քննադատական։
- Ա. հատոր - Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան-հրատարակչատուն, 2005, 266 էջ, մեկենասութեամբ Զ. Պոյաճեանի, Մ. Յակոբեանի, Ժ. Մանտալեանի, Վ. Փափազեանի, Մ. Ալեքսանտրեանի, դոկտ. Հ. Հաճէթեանի, Մ. Ներսէսեանի, Ս. Պալեանի, Լ. Սարգիսեանի եւ Յ. Չիլինկիրեանի։
- Բ. հատոր - Երեւան, 2006, 217 էջ։
- Գ. հատոր- Երեւան, 2005, 298 էջ, մեկենասութեամբ Գալէ Պ. Սնապեանի։
- «Թիւրիմացութեամբ եւ մասամբ նորին», գրականագիտական-քննադատական։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2007, 124 էջ, մեկենասութեամբ նոյնանուն տպարանի։
- «Մեր փարախէն ներս», հրապարակագրական։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2007, 232 էջ, մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Եդուարդ Մսըրլեանի։
- «A Room in Paris», գլուխ մը «Պղտոր ջուրեր» ծաւալուն վէպէն։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2008, 103 էջ։
- «Երախտագիտութեան թակարդը», գլուխ մը «Պղտոր ջուրեր» ծաւալուն վէպէն։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2009, 127 էջ։
- «Անընդունելի...», գրականագիտական-քննադատական։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2008, 127 էջ։
- «Հարցազրոյցներ», Ա. հատոր։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2008, 376 էջ, մեկենասութեամբ Թովմաս եւ Պօղոս Չանչանեան եղբայրներուն։
- «Երկու սպանդ», պատմական-հրապարակագրական։
- Ա. տպագրութիւն՝ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2008, 247 էջ, մեկենասութեամբ Սանան եւ Միրօ Ս. Փանոսեաններուն։
- Բ. տպագրութիւն՝ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2013, 247 էջ, մեկենասութեամբ Սանան եւ Միրօ Ս. Փանոսեաններուն։
- «Ձգողական», գրական-հրապարակագրական։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2010, 151 էջ, մեկենասութեամբ Աւիկ Գալլօղլեանի։
- «Ցերեկային դաւ...», գլուխ մը «Պղտոր ջուրեր» ծաւալուն վէպէն։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2010, 71 էջ, մեկենասութեամբ նոյնանուն տպարանի։
- «Վերծանումներ», Զապէլ Եսայեանի «Կեղծ հանճարներ», Յակոբ Օշականի «Սահակ Պարգեւեան», Կոստան Զարեանի «Անցորդը եւ իր ճամբան», Եղիշէ Չարենցի «Մահուան տեսիլ» եւ Գուրգէն Մահարիի «Ծաղկած փշալարեր» գործերու տիպարներուն վերծանումը։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2011, 197 էջ, մեկենասութեամբ Աւիկ Գալլօղլեանի։
- «Պղտոր ջուրեր... (պրակ 5) – Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ», գլուխ մը «Պղտոր ջուրեր» ծաւալուն վէպէն։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2012, 196 էջ։
- «Շան քարոզներ... (2007-2012)», գրականագիտական-քննադատական։ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան-հրատարակչատուն, 2013, 224 էջ։
Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» ծանօթ գիրքի յունարէն լեզուով հրատարակութիւնը
Խմբագրել2019 Յունիսի ընթացքին, Աթէնքի մէջ լոյս տեսաւ Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գիրքի յունարէն թարգմանութիւնը, որ կատարուեցաւ ընկ. Սերգօ Աղապատեանի աշխատանքով։ Գիրքի հրատարակութիւնը եղաւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին կողմէ։
Մեծանուն մտաւորական Պօղոս Սնապեանին «Ես այդ շունն եմ» գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսաւ 1963-ին՝ Փարիզի մէջ, «պաղ պատերազմ»ի օրերուն, եւ մեծ ընդունելութիւն գտաւ ամբողջ հայաշխարհի տարածքին։ Հեղինակը իր աշխատութիւնը գրած է մէկ շունչով, որուն գլխաւոր հերոսն է Ալպեան լեռներուն մօտ ապրող շունը։ Պօղոս Սնապեան իր կուռ ու կենդանի գրութեամբ, բանաստեղծական իւրայատուկ ոճով եւ լեզուի ճարտար գործածութեամբ, կը խօսի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթական հայու մասին, հայրենիքէն զրկուած հայորդիներուն համար։ Ան կը դրուատէ հայ ժողովուրդի դիւցազնական սխրանքները, իր փառապանծ պատմութիւնն ու հրաշագործ նուաճումները։
Խորհրդային տարիներուն գրուած գիրքը, կը պախարակէ խորհրդային տիրապետութեան չարիքները Հայաստանի մէջ, եւ իր հերոսի՝ շան միջոցով, կը պոռկթայ այլասերումի եւ ապահայացման ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն դէմ։ Գիրքի թարգմանութիւնը բծախնդրօրէն կատարուեցաւ ընկ. Սերգօ Աղապատեանին կողմէ։ Ան կարողացաւ հարազատ կերպով թուղթին յանձնել Սնապեանի բարդ ու երկար միտքերը, առանց անոնց խոր իմաստէն դոյզն իսկ շեղելու։ Հակառակ խորհրդային ժամանակներու վերացման եւ Հայաստանի վերանկախացման, գիրքը այսօր եւս կը կարդացուի մեծ հետաքրքրութեամբ։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Պօղոս Սնապեանի մասին գրքոյկ-ալպոմ, Պէյրութ, 2010, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան-հրատարակչատուն
- Կարօ Յովհաննէսեան «Պօղոս Սնապեան», Պէյրութ, 2014, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան-հրատարակչատուն
- Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» ծանօթ գիրքի յունարէն լեզուով հրատարակութիւնը