Եղիշէ Չարենց (Սողոմոնեան, 13 (25) Մարտ 1897, Կարս - 27 Նոյեմբեր 1937, Երեւան), Ի. դարու Հայաստանի եւ հայութեան ամէնէն յեղափոխաշունչ բանաստեղծը։

Եղիշէ Չարենց
Ծննդեան անուն հայ.՝ Եղիշե Աբգարի Սողոմոնյան
Ծնած է 13 (25) Մարտ 1897
Ծննդավայր Կարս (Արեւելեան Հայաստան)
Մահացած է 27 Նոյեմբեր 1937(1937-11-27)[1][2] (40 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Երկիր Նաիրի?
Տեսակ քնարապատմողական? եւ բանաստեղծութիւն
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, բանաստեղծ, արձակագիր, գրագէտ
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն
Ամուսին Արփենիկ Չարենց?
Երեխաներ Արփենիկ Չարենց? եւ Անահիտ?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Մակու (Պարսկաստան

Շատ փոքր տարիքին ընտանիքը կը գաղթէ Կովկաս։

Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը կ'անցընէ Կարսի մէջ, ուր կը ստանայ ուսումը։

1914-ին, կ'անդամակցի կամաւորական գունդերուն։ Տարի մը ետք, Մոսկուա կ'երթայ բարձրագոյն կրթութեան համար, կը դառնայ համայնավար ու կը մտնէ Կարմիր Բանակ։

Կը հրատարակէ քնարական քերթուածներ, ապա «Տանթէական Առասպել»ը՝ պատերազմի փորձառութենէն։

1918-էն կը սկսի հրատարակել գործերը՝ «Ամբոխները խելագարուած», զոր կը ցոլացնէ միջազգայնական նոր հաւատքը, հետագային, զինք դարձնելով համայնավար յեղափոխութեան գլխաւոր երգիչներէն մին։

Բայց 1919-ին, նորանկախ Հայաստան դարձին՝ Չարենց դեռ անծանօթ, գիւտարար-քննադատ Ն․ Աղբալեան՝ կրթութեան նախարար, զինք «կը գտնէ» ու կը քաջալերէ։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Չարենց ուսանողութեան երկրորդ շրջան մը կ'անցընէ Մոսկուա (1922-1923), ապա՝ Երեւան դարձած, կը լծուի գրական գործունէութեան։

Աւելի քան տասնամեակ մը, կ'ունենայ բեղուն գործունէութիւն։ Բայց միջազգայնական խանդավառութիւնը քիչ-քիչ կը մարի, տեղի տալով ազգայինին։ «Գիրք Ճանապարհի» երկը 1933-ին, յայտնի ու ծածուկ պատգամներով, հայութեան «հաւաքկան ուժի» հրամայականը կը շեշտէ։ Արդէն խորհրդային միութիւնը նահանջած է սկիզբի իր միջազգայնական դիրքերէն։

Ստալինի մենատիրական ու հակահայ ելոյթներուն զոհ կը դառնայ Հայաստանի խորհրդային ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան մէկ կարեւոր մասը։ «Մաքրագործման» յաջորդական ալիքներուն մէջ, Չարենց եւս կ'ենթարկուի հալածանքի՝ որոշ գրչեղբայրներու մատնութեան հետեւանքով։ Ի վերջոյ բանտարկուած՝ կը մեռնի բանտին մէջ։

Գործերէն

Խմբագրել
 
Եղիշէ Չարենցի Տուն Թանգարանը
  • «Երեք Երգ Տխլադալուկ Աղջկան»
  • «Տանթէական Առասպել»
  • «Երկիր Նայիրի»
  • «Ամբոխները Խելագարուած»
  • «Էպիքական Լուսաբաց»
  • «Գիրք ճանապարհի»

Դրուագներ եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ

Խմբագրել
  • Չարենց եղած է շատ ընթերցասէր։ Իր ընկերներէն մէկը յիշած է դրուագ մը Չարենցի մասին. «...Հայրը` Աբգար աղան փող տուած է, որ Եղիշէն կօշիկ մը գնէ, իսկ որդին առանց երկար-բարակ մտածելու այդ գումարով գիրքեր գնած եկած է տուն։

_Տօ՛, դուն խելքդ հացին հե՞տ կերած ես, _զայրացած է հայրը։_Բոպի՞կ պիտի ման գաս։ Եղիշէն ձայն չէ հանած, բայց յետոյ, երբ դուրս եկած է ընկերոջ հետ, ըսած է.

_Լաւ է մարդ ոտքից բոպիկ լինի, քան թէ`խելքից»։

  • Առաջին հայեացքով Չարենցը զեխ կեանք վարող մարդու տպաւորութիւն կը ձգէր: Ծայրայեղ կարիքի մէջ անգամ ան կը շռայլէր իր վերջին կոպեկները` յանուն հաճոյքի, կը նախընտրէր մեծը, շատը, լաւը: Խանութէն կրամներով բան չէր գներ, ամէն ինչ կը վերցնէր մեծ քանակութեամբ, նոյնիսկ եթէ անոր կարիքը չկար: Ձմերուկին ամենախոշորը կը գնէր եւ հազիւ խանութէն տուն կը հասցնէր: Ճաշարանը կը պատուիրէր բազմատեսակ խորտիկներ, կը համտեսէր միայն մէկը: Խմիչքը կը գնէր քանի մը տեսակ:
  • Չարենց սակաւակեր էր:
  • Քաղցրեղէն հազուադէպօրէն կ'ուտէր, թէյի ժամանակ երբեմն հաճոյքով կ'ուտէր «փըթի ֆուր» թխուածքը, զոր կը պատրաստէր Աբովեան եւ Ամիրեան փողոցներու անկիւնը գտնուող հրուշակեղէնի «Դրուժբա» յայտնի խանութը:
  • Պտուղներէն կը սիրէր մալաչա տանձ, միջինասիական սեխ, իսկ ամրան ծարաւը յագեցնելու համար, ջուրի փոխարէն, կը նախընտրէր ձմերուկը:
  • Օրական սուրճ կը խմէր, երբեմն` քանի մը գաւաթ: Ոգելից խմիչքներէն կը նախընտրէր քոնեաքը:
  • Ճաշատեսակներէն կը սիրէր իշխան ձուկը, ուքրանական բորշը: Նաեւ կը սիրէր թթու եւ շեշտուած համեմունքները: Կաթնեղէններէն կը սիրէր մածունը, որմէ թան կը պատրաստէր[3]:

Գրչանունին մասին

Խմբագրել

Բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի պատանեկան տարիներու մտերիմները Չարենց անուանումը կը բացատրեն անով, որ ան փոքր տարիքին շատ աշխուժ եւ չար երեխայ մը եղած է: Տնեցիք այնքան անոր չար անուաներ են, որ անունը Չարենց մնացեր է:

Այլ աղբիւրի մը համաձայն, մտորելով իրեն համար գրական կեղծանուն ստեղծելու մասին, ան հնչիւնային եւ տեղաշարժային փոփոխութիւններու ենթարկեր է ռուս գրող Պուշկինի «Անչար» ստեղծագործութեան վերնագիրը, եւ ստացեր Չարենց տարբերակը:

Իսկ իր անուան մասին խօսելով` Չարենցը պատմեր է, որ իրենց քաղաքը այդ թուականներուն բժիշկ մը կար, որուն տան ցուցանակին վրայ գրուած էր` բժիշկ Չարենց: Շատ իւրօրինակ համարելով այս անունը` Եղիշէ Սողոմոնեանը կ՛որոշէ որդեգրել Չարենց գրչանունը[4]:

Աւելի ուշ Չարենց անուան մասին բանաստեղծը տուած է հետեւեալ բացատրութիւնը.

«Ես իմ հոգու բարի բովանդակութեանը, այսպէս ասած, չար անունն եմ տուել»:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 140:

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել