Խնուս (նաեւ՝ Խանուս, Խնիս, Խնուզ, Խնութ, Խնուսբերդ), պատմական հայկական քաղաք (բերդաքաղաք, գիւղաքաղաք, աւան, գիւղ) Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Էրզրումի նահանգի Էրզրում գաւառի Խնուսի գաւառակին մէջ, վերջինիս կեդրոնը։ Ժամանակին յիշատակուած է նաեւ Խնուն (Խնունիք) անունով, իբրեւ թոնդրակեան շարժման կեդրոն, իսկ թուրքերը կը կոչեն Խնըսկալէ։ Համարուած է նաեւ աւան կամ բերդ, նոր ժամանակներուն երբեմն՝ գիւղ։

Բնակավայր
Խնուս
թրք.՝ Hınıs
Երկիր  Թուրքիա
Տարածութիւն 1360 քմ²
ԲԾՄ 1720 մեթր
Պաշտօնական լեզու թրքերէն
Բնակչութիւն 26 865 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 25600
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 25
Պաշտօնական կայքէջ hinis.gov.tr

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Կը գտնուի Արածանիի աջակողմեան վտակ Խնուս գետի ափին, Բիւրակնեան լեռներու արեւելեան ստորոտը, հիւսիսէն եւ հարաւէն աղեղնաձեւ երկարող լեռնաճիւղերով սահմանափակուած Խնուսի գոգաւորութեան արեւմտեան մասին, ձորահովիտին մէջ, որուն կեդրոնը կը բարձրանայ քարքարոտ, խիստ զառիվեր լանջերով լեռ մը։ Այդ լերան վրայ հիմնուած են Խնուսի ամուր բերդը եւ նոր ժամանակներուն կառուցուած թրքական պահակակէտը։ Այդ ստորոտէն կը հոսի Խնուսի գետը՝ քաղաքը բաժնելով երկու մասի, իսկ վերջինս շրջափակող առապարը խիստ թեքութեամբ դէպի քաղաք։ Քաղաքը տեղադրուած է զառիթափ լեռնալանջերու վրայ, ծովէն շուրջ 1800 մ բարձրութեան վրայ։ Խնուսի դիրքը գեղեցիկ է, բանաստեղծական։ Տուներուն մեծ մասը տեղաւորուած էր գետին ձախ ափին, իսկ մէկ մասը՝ ձորէն վեր, փոքրիկ հարթութեան վրայ։ Ջրառատ է, ունի լեռնային առողջարար օդ։ Խնուսի մօտ կան շինարարական ընտիր քարի պաշարներ, քարածուխի եւ կերակուրի աղի հանքավայրեր, ածխաթթուային հանքային աղբիւրներ, ուր լոգանք կ'ընդունէին մեծ մասամբ կանայք։ Ժամանակին Խնուսը Մեծ Հայքի Տուրուբերան աշխարհի Վարաժնունիք գաւառի կեդրոնն էր։ Ոմանք զայն կը տեղադրեն նոյն աշխարհի Հարք, ոմանք ալ Տուարածատափ (այժմ՝ Կարայազ) գաւառին մէջ, որ անընդունելի է։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Խնուսի միջին դարերու բնակչութեան քանակին մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան։ Ժ-Ի. դարերուն բնակչութեան քանակին վերաբերեալ եղած տուեալները խիստ հակասական են։ Թրքական պաշտօնական վիճակագրութեան քանակը միտումնաւոր նուազած է։ Անհատ հեղինակներու աւելի հաւաստի վկայութիւններով 1800-1830-ական թուականներուն Խնուսի բնակչութեան թիւը կը հասնէր 5000-ի, որուն 80%-ը (4000-ը) հայեր էին, 1830 - 1850-ական թուականներուն՝ 6000-ի, որուն 3000-ը՝ հայեր էին։ Հետագայ տասնամեակներուն թրքական բռնութիւններու ու հալածանքներու հետեւանքով հայերու քանակը օր ըստ օրէ կը նուազի։ 1909-ին Խնուսի 900 տուներէն հայկական էր միայն 325 տունը (2163 բնակիչներով)։ 1914-ին անոր 8000 բնակիչներէն հայեր էին միայն 2000-ը։ 1915-ին Մեծ եղեռնի հետեւանքով Խնուսի գաւառակին հազարաւոր բնակչութեան հետ կը բնաջնջուի նաեւ քաղաքին հայութիւնը։ 1916-ին հոն մնացած էր միայն 200 հայ բնակիչ, որոնք կը զբաղէին երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ, յատկապէս ձիաբուծութեամբ, արհեստագործութեամբ եւ առեւտուրով։

Հայերուն հիմնական զբաղումը արհեստներն ու առեւտուրը եղած են։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ժամանակին մինչեւ Ը. դար, Խնուսի մէջ իշխած են Մամիկոնեանները, այնուհետեւ կայսիկները (արաբական ցեղեր), Մերուանեանները, Խլաթի Շահարմէնները, ապա՝ սելճուքներն ու մոնկոլները։

1555-ի բաժանումով Խնուսը անցած է թրքական տիրապետութեան տակ։

Ժ. դարու 60-ական թուականներուն վարչական նոր բաժանումով դարձեալ կը մտնէ Էրզրումի նահանգին մէջ, այս անգամ իբրեւ գաւառակ (կազա), թէեւ այս եւ հետագայ շրջաններուն եւս շատերուն կողմէ կը շարունակէ անուանուիլ գաւ։

ԺԸ. դարուն մտած է Պայազիտի փաշայութեան մէջ։ Հետագային մինչեւ 1829 թէեւ կը մտնէր Էրզրումի փաշայութեան մէջ, բայց հարեւան (Մուշի, Սասունի) գաւառներու հետ ունէր կիսանկախ վիճակ։

Ներքին Կեանք
Խմբագրել

Խնուսը բաժնուած էր թաղերու, գետին աջ ափին կը գտնուէին Խառտալարը, Ճսթմահլէն, Պաղջէն եւ Բերդը, ձախին՝ Ժամին թաղը, Խայպաշին եւ Պալու քիթը։ Քաղաքին տուները առանց բացառութեան տափակ հողածածկ կտուրներով էին, փողոցներրը նեղ ու անբարեկարգ։ Ունէր քանի մը բաղնիք։ ԺԳ. դարուն Խնուսը եղած է առեւտրական կարեւոր հանգոյց մը՝ Խոյ-Վան-Բերկրի-Մանազկերտ-Էրզրում-Բաբերդ-Տրապիզոն ճանապարհին։ Ի. դարու սկիզբներուն եւս քաղաքը ունէր բաւական աշխուժ առեւտուր, իր առատ շուկան՝ տասնեակ առեւտրական կրպակներով։ Առեւտրական սերտ կապերով կապուած էր Էրզրումի, Պիթլիսի եւ Մուշի հետ։ Ծանօթ էին անոր արտահանած անասնապահական մթերքներն ու մեղրը։

Մահլապաշին, որ բոլոր թաղերու ճամբաներու մեկնակէտը եղած էր, երկվեցեակ մը ծորակաւոր աղբիւրներու առջեւէն հազիւ երկու քարընկէց հեռու, Միլլաթպաշի Յակոբ աղայի տան մերձակայքը, Միքայէլեաններու` Գաբրիէլ աղայի եւ իր եղբայրներու շուկան, խանութները, խանը եւ բաղնիքը, նաեւ բազմաթիւ քարաշէն տուներ` պարտէզներով եւ ցանկապատերով:

Քաղաքը ունէր անշուք մզկիթ մը։ Գետին վրայ կար երկու կամուրջ, որոնցմէ մէկը բաւական ճաշակով կառուցուած քարաշէն կամուրջ մըն էր։ Խնուսի արեւելեան կողմը կային զանազան հնութիւններ։ Հոս դիպուածով գտնուած է փիղի ընտանիքին պատկանող նախապատմական վիթխարի անասունի բրածոյ մը, որ երկրաբանութեան մէջ կոչուած է հայկական փիղ։ Կմախքը վերականգնած է եւ կը պահուի Բրիտանական թանգարանին մէջ։ Մայիս 1915-ին թուրքերը Խնուսէն կը ձերբակալեն եւ կը գնդակահարեն 150 հայ մտաւորական։ 1918-ին ռուսական նահանջող զօրքերուն հետ Արեւելեան Հայաստան կը գաղթեն Խնուսի վերջին հայ բնակիչները[1]։

Ի. դարու սկիզբներուն Խնուսի մշակութային եւ ազգային կեանքը բաւական եռուն էր։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից կը գործէր վարժարան մը՝ 100-է աւելի աշակերտներով ու 4 ուսուցիչով։ Դպրոցը ունէր նորակառոյց, քարաշէն բարեկարգ շէնք մը՝ շինուած Միացեալ ընկերութեան կողմէ։ Նոյն ընկերութիւնը կառուցած է նաեւ առաջնորդարանը եւ Երիտասարդաց ակումբը, որ նոյնպէս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից էր եւ կարեւոր դեր կը խաղար քաղաքին հայ մշակութային կեանքին մէջ։

Խնուսի մէջ ծնած է ՀՍՍՀ վաստակաւոր դերասան Գառնիկ Կարապետեանը (1917-ին)։

Խնուսի Բերդը
Խմբագրել

Խնուսի ամէնէն նշանաւոր կառոյց-հնութիւնը անոր բերդն է, որուն մասին հին հայկական աղբիւրներուն մէջ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։ Առաջին յիշատակութիւնը իտալացի ճանապարհորդի մը (1471-1478) վկայութիւնն է։ Յաջորդ կարեւոր վկայութիւնը կը պատկանի թուրք հեղինակ Էվլիա Չելեպիին (1647), որ բերդը կը համարէ «անառիկ կառուցուածք»։ Ըստ եւրոպացի Պանվիշիսա Քսենոֆոնի, «Նահանջ բիւրոցի»ն մէջ վկայուած Տիմնիաս կոչուած տեղն է։ Անիկա կառուցուած է Խնուս գետի աջ ափին բարձրացող անմատչելի լերան վրայ։ Խնուս-Բերդը կը գտնուի 5550 ոտք բարձրադիր` գեղեցիկ դիրքով, նստած է Պինկէօլ-Բիւրակն, կամ աւելի նախնի անուամբ, Սրմանց  սարի արեւելեան լանջերու պատուանդանին, անդնդախոր ձորակի մը մէջը ու ջրորդանի ժայռահերձ զոյգ մը բարձրաւանդակներու վրայ[2]: Ամուր կառուցուածք էր, քառակուսի յատակագիծով, որուն երկարութիւնը կը հասնէր 600 քայլի։ Շրջապատուած էր ժայռերով ու պաշտպանական ամրակուռ պարիսպով։ Ունէր միայն մէկ դուռ՝ հիւսիսէն։Դէպի ձոր իջնող ստորերկրեայ գաղտնի ճանապարհով կապուած էր քաղաքին հետ։ Բերդին տարածքին զանազան նպատակներով կառուցուած պաշտպանական շինուածքներէն բացի կային նաեւ շուկայ եւ մզկիթ։ Ըստ ոչ հաւաստի տեղեկութիւններու, մզկիթը կառուցուած է ԺԴ. դարուն՝ Ուզուն Հասանի կողմէ։ ԺԹ. դարու վերջերուն Խնուսի բերդը արդէն աւերակ ու ամայի էր։ Բուն քաղաքին մէջ կար հին եւ մէկ նոր եկեղեցի մը։ Անոնցմէ նշանաւորը առաջինն էր Ս. Աստուածածին քարաշէն, կամարակապ եկեղեցին, որ կը գտնուէր գետի ափին, առանձին ժայռի վրայ։

Հարամիկ Կամ Հարեմիկ Գիւղաւանը
Խմբագրել

Հարամիկ կամ Հարեմիկ գիւղաւանը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստան, Էրզրումի նահանգի Խնուսի գաւառին մէջ, Խնուս գետի ձախ ափին, Բիւրակն բարձրաւանդակի արեւելեան ստորոտին, զոյգ բլուրներու լանջերուն: Եղած է հայաբնակ գիւղ: Խնուսի ամէնէն նշանաւոր գիւղերէն էր:

Ըստ Ժողովրդական ստուգաբանութեան, գիւղին անունը սերած է Հայկ նահապետի Հարամա որդիի անունէն:

Ըստ աւանդութեան, Հարամիկի տեղը կ'ապրէին Ադամն ու Եւան, իսկ գիւղէն ոչ հեռու` Սելի Մօրուք կոչուած բլուրի գագաթին կը հանգչի Ադամի որդին`Աբէլը: Այլ աւանդութեան մը համաձայն, գիւղէն հարաւ գտնուող բարձունքը Կայէնի բլուրն է, ուր զայն զգետնած է որսորդ Ղամեքի նետը:

1885-ին ունէր 93, 1905-նին` 112, իսկ 1914-ին` 200 տուն հայ բնակիչ: 1906-ին, մօտաւորապէս 30 տուն Կովկասէն գաղթած թաթարներ, թուրք կառավարութեան թելադրութեամբ եւ բռնութեամբ, բնակութիւն հաստատած են:

Գիւղին հիւսիս-արեւմուտքը կ'իյնար թուրքերու թաղը եւ ծանօթ էր Տաճիկներու թաղ անունով, ուրկէ կը սկսէր Յոբի ձորի բլրահովիտը: Պաղ ջուրով նշանաւոր աղբիւրին դիմացը, քով քովի, ուղիղ գիծի մը վրայ կառուցուած է թաթար գաղթականներու թաղը: Այս գաղթականները 1905-1906 թուականներու Կովկասի հայ-թաթարական ընդհարումներու պատճառով գաղթելով` եկած ու հաստատուած են հոս եւ ուրիշ հայաբնակ գիւղերու մէջ: Սուլթան Համիտի գահակալութեան դաժան օրերուն վերոնշեալ թաթարները եկած են Խնուս. կառավարութեան հրամանով եւ պարտադրանքով` աշնան երկու ամիսներուն եւ ամբողջ ձմեռը, մինչեւ գարուն, հայերու տուներուն մէջ բնակած են եւ` կերակրուած, թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց անասունները: Գարնան, երբ կառավարութեան օգնութեամբ հայոց կալուածներուն վրայ բռնութեամբ տուներ կառուցած են, մեծ կռիւ տեղի ունեցած է անոնց եւ հայերու միջեւ. կռիւի ընթացքին գիւղին տաճիկներէն շատեր թաթար գաղթականներուն կողմը բռնած եւ մասնակցած են կռիւին: Կռիւը ստացած է հայ-թրքական-թաթարական ընդհարումի բնոյթ:

Հարամիկ գիւղաւանին բնակչութեան հիմնական զբաղումը երկրագործութիւն, անասնապահութիւն, տարբեր արհեստներ ու առեւտուր եղած էր: Գիւղը ունէր 5 խանութ:

Հարամիկ ունէր քարակերտ եկեղեցի եւ ժողովարան-աղօթատեղի, ունէր նաեւ երկու վարժարան, որոնցմէ մէկը կոչուած էր Ս. Սահակեան:

Գիւղին մօտ կային` լճակ, խաչքարեր, մատուռներ, բնակավայրի մնացորդներ, ամբարտակներ, որոնցմէ գիւղին կարիքներուն համար ջուր կը հանէին:

Գարաքէօփրու
Խմբագրել

Գարաքէօփրու` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Էրզրումի նահանգի Խնուսի գաւառին մէջ գտնուող գիւղ: Կը գտնուէր Խնուս քաղաքէն 22 քմ հարաւ-արեւելք, Խնուս գետի եւ անոր ձախակողմեան վտակի միախառնման տարածքին, հարթավայրին մէջ:

Ըստ աւանդութեան, գիւղը իր անունը առած է գետին վրայ կառուցուած սեւ քարերով կամուրջէն, եւ կամուրջն ալ կառուցուած է գարա-գոյունլուներու տիրապետութեան շրջանին:

Գիւղը ունէր առողջարար օդ եւ խմելու սառնորակ ջուր: Հանդիսացած է գաւառակի նշանաւոր գիւղերէն մէկը:

1885-ին ունէր 65, 1905-ին` 57, իսկ 1915-ին`150 տուն հայ բնակիչ:

Գարաքէօփրուցիները մեծ սէր տածած են ուսման եւ կրթութեան հանդէպ: 150 տուներէ բաղկացած այս գիւղը ունէր քարաշէն եկեղեցի մը եւ հինգ դասարանէ բաղկացած դպրոց մը` Ս. Մեսրոպեան Ազգային վարժարան:

Բնակչութեան հիմնական զբաղումը անասնապահութիւն, գորգագործութիւնն ու ջուլհակութիւնն էր:

Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին ունէր շուրջ 200 տուն հայ բնակիչ: Գիւղը աւերուած է, իսկ բնակիչները զանգուածաբար կոտորուած կամ բռնութեամբ տեղահանուած են 1915-1918 թուականներուն Մեծ եղեռնի ատեն:

Խաչալոյս Կամ Խալչաուշ
Խմբագրել

Խաչալոյս կամ Խալչաուշ` կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Պիթլիսի նահանգի Խնուսի գաւառին մէջ: Հանդիսացած է Խնուսի դաշտի նշանաւոր գիւղերէն մէկը: Կառուցուած էր Խամուր բերդ լերան ստորոտին. բնապատկերը ընդգծուած էր հովիտին մէջէն գալարուող Դանիէլ գետի դարատափերով. կռնակը` հարաւէն` Խամուր բերդին տուած, հիւսիսակողմէն իր եւ Հարամիկ գիւղին միջեւ կանգնած էր Գուռնովներու բարձրադիր բլուրը` Ծռոտ գագաթով:

Բնակիչները քաջ, ռազմասէր եւ արհեստաւոր մարդիկ եղած են:

Գիւղացիներուն գլխաւոր զբաղումներն էին` երկրագործութիւնը, խաշնարածութիւնը, անասնապահութիւնը: Ջուլհակութեան եւ գորգագործութեան արհեստին մէջ ալ վարպետ եղած են:

1890-ական թուականներուն աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած են թուրքերու դէմ մղուած ազատագրական պայքարներուն մէջ:

1885-ին ունէր 50, 1905-ին` 48, իսկ 1915-ին` 85 տուն հայ բնակիչ:

Գիւղը ունէր եկեղեցի եւ դպրոց: Եկեղեցւոյ անունը` Ս. Սարգիս Զօրավար:

Հետագային, բնակիչները բռնութեամբ տեղահանուած են 1915-ի Մեծ եղեռնի ատեն: Անոնց մեծ մասը զոհուած է բռնագաղթի ճանապարհին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։