Քսենոֆոն
Քսենոֆոն (հին յունարէն՝ Ξενοφῶν), հին յոյն գրող, պատմիչ, զօրավար եւ քաղաքական գործիչ։ Անոր գրական ստեղծագործութիւններէն նշանաւոր են «Անաւասիս» (բառացի կը հնչուի Անավասիս) եւ «Կիւրոփետիա» (Կիւրոսի դաստիարակութիւնը) գործերը, որոնք, ի թիւս այլ արժանիքներու, եզակի տեղեկութիւններ կը պարունակեն Հայաստանի Ք.Ա. 6-րդ- 4-րդ դարերու պատմութեան վերաբերեալ (երկու գործերն ալ թարգմանուած են հայերէն Սիմոն Կրկեաշարեանի կողմէ)։
Քսենոֆոն յուն․՝ Ξενοφών | |
---|---|
| |
Ծնած է | ՔԱ430 |
Ծննդավայր | Էրհիա |
Մահացած է | ՔԱ354 |
Մահուան վայր | Կորնթոս |
Քաղաքացիութիւն | Հին Աթէնք |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Hiero? |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, վարձկան, փիլիսոփայ, զինուորական, գրագէտ |
Վարած պաշտօններ | Զօրավար |
Երեխաներ | Ղրիլոս |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՔսենոֆոնի ծննդեան ճշգրիտ թուականը անյայտ է, գիտնականներու մեծամասնութեան կարծիքով ան ծնած է Ք.Ա. 431-ին Աթէնքի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Էրհիա (այսօրուան Սփաթա) փոքր քաղաքին մէջ։ Սերած է ազնուական ընտանիքէ։ Երիտասարդ տարիներուն ան մասնակցած է Կիւրոս Կրտսերի կողմէ իր անդրանիկ եղբօր՝ Աքեմենեան Պարսկաստանի թագաւոր Արտաքսերքսես Բ.-ի դէմ կատարած արշաւանքին, որ տեղի ունեցած է Ք.Ա. 401-400-ին։ Քսենոփոն կը գրէ, որ երբ խորհուրդ հարցուցած է Սոկրատի՝ արդեօք կ'արժէ՞ ընդունիլ Կիւրոսի առաջարկը եւ մասնակցիլ այդ արշաւանքին, Սոկրատես անոր խորհուրդ տուած է դիմել Տելֆիի Ափոլլոնասի տաճարի քահանայապետուհիին՝ Փիթիային, իսկ վերջինս ալ անոր տուած է հետեւեալ պատասխանը.
- Ընտրէ՛. թէ ո՛ր աստուծոյ կ'ուզես աղօթել, եւ զոհաբերութիւն ըրէ այն բանին համար, որ կ'ուզես յաջողութեամբ աւարտի։
|
Գործերը
ԽմբագրելՔսենոֆոն նշանաւոր է իր «Անաւասիս» «Նահանջ Բիւրոց» (յունարէն՝ Ἀνάβασις) գործով, որ պատմա-յուշագրական երկ մըն է եւ բաղկացած է եօթ գիրքերէ, որոնց մէջ նկարագրուած է Ք.Ա. 401-ին գահատենչ Կիւրոս Կրտսերին վարձկան ուժերուն՝ 10 հազար յոյներու անյաջող արշաւանքը Աքեմենեան թագաւոր Արտաքսերքսես Բ.-ի դէմ եւ Կունաքսայի (Միջագետք) ճակատամարտին պարտուելէ ետք, անոնց նահանջը Հայաստանի ճամբով դէպի Սեւ ծով։ Հեղինակը մասնակցած է արշաւանքին ու նահանջին (յոյն զօրավարներու նենգաբար սպաննութենէն ետք, ան նահանջող զօրքին հրամանատարն էր)։ Անաւասիսը արժանահաւատ եւ անփոխարինելի սկզբնաղբիւր է յատկապէս Հայաստանի հնագոյն պատմութեան ուսումնասիրման համար։ Անաւասիսի մէջ արծարծուած է Ք.Ա. 5-4-րդ դարերուն Հայաստանի քաղաքական-տնտեսական կեանքին մասին։
Քսենոֆոն, Թուքիտիտիսի երկրպագուն ըլլալով, յանձն կ'առնէ շարունակել անոր՝ Պելոպոնեսեան պատերազմին նուիրուած անաւարտ «Պատմութիւնը»։ Քսենոֆոն ատիկա կը կատարէ «Յունաստանի պատմութիւն» գործին՝ «Հելլենականք» մասին մէջ, որ ունի պատմական մեծ նշանակութիւն։ Այս գործը կը սկսի «Այս դէպքերէն ետք» բառերով։ Երկը կը ներկայացնէ Պելոպոնեսեան պատերազմին վերջին եօթ տարիները։
Գրած է նաեւ «Յիշողութիւններ Սոկրատի մասին» երկը, ուր շարադրած է Սոկրատի փիլիսոփայական հայեացքները՝ իր պատկերացումով, «Խնճոյք» գործը՝ իբրեւ նախորդին լրացում, «Սոկրատի պաշտպանականը» փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական քաղաքական եւ գործնական բնոյթի այլ գործեր։ Քսենոֆոն շատ կը սիրէր իր հայրենի Աթէնքը, սակայն չէր ընդուներ անոր քաղաքական կարգը։
Աւելի ուշ Քսենոֆոն արտաքսուած է Աթէնքէն, հաւանաբար այն պատճառով, որ մասնակցած էր սպարտացի թագաւոր Ագեսիլայոս Բ.-ի՝ Քորոնիոյ մէջ (Koroneia) Աթէնքի դէմ կատարած արշաւանքին։ Քսենոփոնի մահուան թուականը եւ վայրը ստոյգ չեն։ Ան մահացած է կա´մ Կորնթոսի, կա´մ Աթէնքի մէջ։ Ընդունուած է, որ ան մահացած է Ք.Ա. 354-ին կամ 355-ին։
Քսենոֆոն նաեւ գրած է տարբեր նիւթերով մանր գործեր («Լակեդեմոնեան փոլիթիա», «Տնտեսութեան մասին», «Սոկրատական գործեր»)։ Քսենոֆոնի գործերը, յատկապէս «Անաւասիսը», առաւելապես կ'ընթերցուին յունարէնի սկսնակ ուսումնասիրողներու կողմէ։
Քսենոֆոն՝ Հայաստանի մասին
ԽմբագրելՔսենոֆոն անցած է հայկական գիւղերէն եւ իր «Անաւասիս» կամ «10 հազարի նահանջ» գործով ձգած է շարք մը վկայութիւններ Հայաստանի գիւղերուն մասին, որոնցմէ կարելի է տեղեկանալ նաեւ, որ Հայաստանի մէջ այդ օրերուն գարեջուր պատրաստած են․
Հոս կային նաեւ ցորեն եւ գարի, ինչպէս նաեւ խառնոցներու մէջ գարիէն պատրաստուած գինի, որուն երեսին կը լողային գարիի հատիկներ. խառնոցներուն մէջ կային նաեւ եղէգներ՝ մեծ ու փոքր։ Խմելու պարագային, մարդ պէտք էր այդ եղէգին ծայրը բերանը դնէր եւ խմէր։ Համը այնքան դառն էր, որ եթէ ջուր չխառնէին, կարելի չէր խմել, իսկ վարժ մարդու համար շատ ախորժելի ըմպելի մըն էր: - [1]
|
Հին հայկական գիւղական համայնքին մասին մէկ-երկու ուղղակի, բայց մեծ մասամբ անուղղակի վկայութիւններ ալ ձգած է Քսենոֆոն: Ան Հայասատնը կոչած է «մեծ ու բարեկեցիկ» երկիր: Այս «մեծ ու բարեկեցիկ» երկիրին բնակչութիւնը նստակեաց էր. կը զբաղէր ոչ միայն երկրագործութեամբ, այլեւ այգեգործութեամբ, կը մշակէր մշակաբոյսեր:
Արմէն-հայերը կը ցանէին ցորեն, գարի եւ այլ հացաբոյսեր: Կը մշակէին այգիներ, բանջարանոցներ, կը ստանային խաղող, սեխ, ձմերուկ, կորիզաւոր բազմատեսակ պտուղներ: Այգեգործութեան իբրեւ արդիւնք կը ստանային անուշահոտ գինիներ, օղի, ոգելից այլ խմիչքներ, կը պատրաստէին չամիչ, ունէին ամէն տեսակի ընդեղէններ, կը մշակէին շուշմայ, ձիթապտուղ, խոզի ճարպ եւ դառն նուշի իւղեր:
Ունէին ընտանի անասուններ՝ եզներ, կովեր, ձիեր, ոչխարներ, այծեր եւ թռչուններ: Քսենոֆոն գրած է, որ հայերը (Ք.Ա. 570-72) ունէին 8 հազար հաշուող այրուձի` ձիաւոր ռազմիկ[2]:
Արմէններուն մեծ մասը կ'ապրէր գիւղերուն մէջ: Իւրաքանչիւր գիւղ ունէր իր գիւղապետը: Գիւղապետը միւս արմէններէն զանազանուելու համար կ'ապրէր իրեն համար կառուցուած «ապարանք-ամրոցի մէջ»: Ան կը կառավարէր գիւղը, կը բաժնէր հողերը, պարտաւոր էր ռազմական արշաւանքներու ընթացքին մատակարարել բանակը, կազմակերպել եւ դուրս բերել ռազմասայլերը:
Հայկական համայնքին մէջ ներառուած իւրաքանչիւր «տուն», «ծուխ» եւ «երդիք» ունէր իր առանձին բնակարանը, ուր մարդոց հետ կ'ապրէին նաեւ ընտանի անասունները:
Նստակեաց եւ երկրագործ հայերը տնտեսութեան մէջ կ'օգտագործէին մետաղէ գործիքներ, ունէին երկաթեայ խոփով արօր եւ գութան:
Արմէն-հայերուն թագաւորին եւ անոր ընտանիքին հարստութիւնը կը կազմէր 3000 տաղանդ (դրամի միաւոր, որ կը կշռէր 26,2 Քկ.): Բաւական հարստութիւն ունէին իշխանները, «երեւելի եւ պատուելի արմէնները»: Հայաստանի մէջ, բացի թագաւորէն, մեծամեծ իշխաններէն, գիւղացիներէն, կային նաեւ ծառայ աղախիններ, ստրուկներ, ջրկիրներ, փայտակիրներ, գումակաւորներ եւ վարձկան զինուորներ[3]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Քսենոֆոն՝ Հայաստանի մասին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-30-ին։ արտագրուած է՝ 2021-09-30
- ↑ «Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները (Ա.)»
- ↑ Քսենոֆոն՝ Հին հայկական գիւղական համայնքին մասին
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Քսենոֆոն - «Անաբասիս» Երեւան 1970 /թարգմանութիւնը Սիմոն Կրկյաշարեանի:
- Քսենոֆոն - «Կիւրոսի կրթութիւնը» Երեւան 1970 /թարգմանութիւնը Սիմոն Կրկյաշարեանի:
- Յակոբ Մանանդեան - հատուածական թարգմանութիւններ «Կիւրոսի կրթութիւն» գիրքէն: