Գեղարքունիքի մարզ

Գեղարքունիք, Հայաստանի Հանրապետութեան մարզ, Հայաստանի արեւելքը։ Սահմանակից է հիւսիսէն՝ Տաւուշի մարզին, արեւմուտքէն՝ Կոտայքի մարզին եւ Արարատ մարզին, հարաւէն՝ Վայոց ձորի մարզին, արեւելքէն՝ Ազրպէյճանի, Գետաբեկ, Դաշքեսանի եւ Թովուզի շրջաններուն, հարաւ-արեւելքէն՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ Շահումեանի շրջանին: տարածքով երկիրին ամենամեծ մարզն է, որու մարզկեդրոնն է Գաւառ քաղաքը: Մարզին մէջ կը գտնուի Հայկական լեռնաշխարհի երեք մեծագոյն լիճերէն մէկը՝ Սեւանայ լիճը:

Բնակավայր
Գեղարքունիքի մարզ
Զինանշան

Երկիր  Հայաստան
Ներքին բաժանում Գաւառ, Ճամբարակ?, Մարտունի?, Սեւան, Վարդենիս, Աղբերք?, Ախպրաձոր?, Ակունք?, Անտառամէջ, Արեգունի?, Արփունք?, Արտանիշ?, Արծուանիստ, Արծուաշէն, Աստղաձոր?, Աւազան, Այգուտ?, Այրք?, Ազատ?, Բերդկունք?, Չկալովկա?, Դարանակ?, Դդմաշէն, Ջաղացաձոր?, Դպրաբակ?, Դրախտիկ?, Ձորագիւղ, Ձորավանք?, Գանձակ?, Գեղաքար?, Գեղամաբակ?, Գեղամասար?, Գեղամավան?, Գեղարքունիք, Գեղհովիտ?, Գետիկ?, Ջիլ?, Հայրավանք?, Կախակն?, Կալավան?, Կարճաղբիւր, Կարմիրգիւղ, Խաչաղբիւր, Կութ?, Կուտական?, Լանջաղբիւր, Լճափ?, Լճաշէն, Լիճք?, Լուսակունք?, Մատինա, Մաքենիս?, Մարտունի?, Մեծ Մասրիկ?, Ներքին Գետաշէն, Ներքին Շորժա?, Նորաբակ?, Նորակերտ?, Նորաշէն, Նորատուս, Փամպակ, Փոքր Մասրիկ?, Սարուխան?, Սէմյոնովկա, Շատջրէք, Շատուան, Շողակաթ?, Ծովասար?, Սոթք, Տորֆավան?, Տրետուք?, Ծաղկաշէն, Ծաղկունք?, Ծակքար?, Ծափաթաղ?, Ծովագիւղ, Ծովակ?, Ծովազարդ?, Ծովինար, Թթուջուր, Վաղաշէն, Վահան?, Վանեվան, Վարդաձոր?, Վարդենիկ?, Վարսեր?, Վերին Գետաշէն, Վերին Շորժա?, Երանոս?, Զոլաքար? եւ Զովաբեր?
Րաֆֆիկ Գրիգորեան
Հիմնադրուած է՝ 7 Նոյեմբեր 1995
Տարածութիւն 5349,0 քմ²
Բնակչութիւն 235 075 մարդ (2011)[1]
Փոստային ցուցանիշ 1201–1626
Պաշտօնական կայքէջ gegharkunik.mtad.am

Աշխարհագրութիւն Խմբագրել

 
Գեղարքունիքի մարզ

Մարզը այնքան մեծ է, որ անոր մէջ կրնան տեղաւորուիլ Արարատի մարզը, Արմաւիրի մարզը եւ Կոտայքի մարզը։ Ամբողջ տարածքին շուրջ 1/4-ը ծածկած է Սեւանայ լիճը։ Գլխաւոր ճամբաներն են՝ Ճամբարակ-Բերդը, Մարտունի (Գեղարքունիքի մարզ)-Եղէգնաձոր եւ Երեւան- Սեւան քաղաք- Սոթք (Գեղարքունիքի մարզ) երկաթուղին։

Տարածքին մէջ կան հրաբխային գագաթներ, որոնցմէ նշանաւոր են յատկապէս Արմաղան լեռն ու Աժդահակ(լեռնագագաթ)ը, որոնց խառնարաններուն մէջ կը գտնուին համանուն լիճերը։ Գլխաւոր լեռնաշղթաներն են Գեղամայ , Արեգունի, Սեւանի, Արեւելեան Սեւանի եւ Վարդենիսի լեռնաշղթաները։ Սեւանի աւազանը արգաւանդ հողերով հարուստ է, յատկապէս նշանաւոր է Մասրիկի դաշտը՝ 1900-2200 մ. բարձրութեամբ։ Կլիման բարեխառն լեռնային է. ձմեռը՝ ցուրտ, ձիւնածածկ։ Յունուարին միջին ջերմաստիճանը -5˚-10˚ է։ Ամառը՝ տաք, արեւոտ։ Միջին ջերմաստիճանը կը հասնի +18˚+20˚։ Անձրեւը՝ քիչ 400-450 մ.մ., իսկ բարձր շրջաններուն մէջ մինչեւ 1000 մ.մ.։ Հանքերէն մեծ արժէք կը ներկայացնեն Ոսկիի (Սոթք), քրոմիտի (Շորժա), բնական շինանիւթերու, հանքային ջուրերու (Լիճք (հանքային ջուր) հանքավայրերը։[2] Սեւանայ լիճը ամբողջութեամբ կը գտնուի Գեղարքունիքի մարզին մէջ։

Գեղարքունիքի մարզին մէջ կարելի է հանդիպիլ նախաուրարտական եւ ուրարտական ժամանակաշրջաններու բերդերու, ամրոցներու, բնակավայրերու, հնավայրերու հետքերու եւ սեպագիր արձանագրութիւններու: Լիճիէն հեռու տարածքներու վրայ յայտնաբերուած են մինչեւ հինգհազարամեայ դամբարաններ:[3] Սեւանայ լիճին ջուրերէն ազատ մնացած տարածքին (16 քառ.մ) անտառապատ է, Ձկնագետի հովիտին մէջ պահպանուած են անտառներու մնացորդներ, Սեւանի լեռնաշղթային արեւմտեան լանջերուն՝ կաղնուտներ: Անտառածածկ է Արտանիշի թերակղզին: Ափամերձ գօտիին մէջ, լիճին բնապահպանութեան նպատակով 1898-3597 մ. բարձրութեան վրայ, 1978-ին հիմնուած է «Սեւան» ազգային պարկը (տարածքը՝ 4850 քառ.մ), ստեղծուած են Արտանիշի, Նորատուսի, Լիճքի եւ Կարճաղբիւրի արգելավայրերը: Հոս պահպանուած են նաեւ բոյսերու 1600 եւ անասուններու 330 տարատեսակներ:[4]

Մարզին նշանաւոր պատմամշակութային կեդրոնները Խմբագրել

 
Հայրավանք, Թ. դար

Քաղաքները Խմբագրել

Գեղարքունիքի մարզկեդրոնն է Գաւառը: Անիկա հիմնուած է 1830-ին եւ բնակուած Արեւմտեան Հայաստանի Պայազիտ քաղաքի հայերէն: Խորհրդային իշխանութիւններու տարիներուն քաղաքը կոչուած է` նախ Նոր Պայազիտ, ապա Կամօ: Գաւառը նախախորհրդային Հայաստանի չորս քաղաքներէն մէկն էր: Անոր բնակչութիւնը գիւղատնտեսութենէ բացի կը զբաղէր արհեստագործութեամբ ու առեւտուրով: Արդիւնաբերութիւնը թափ առած է խորհրդային տարիներուն: Այժմ քաղաքին մէջ կը գործեն կրթական, մշակութային ու առողջապահական` կեդրոններ: Մարզին երկրորդ քաղաքը Սեւանն է (նախկին` Ելենովկա), որ հիմնուած է Ժթ. դարու առաջին կէսին կեդրոնական Ռուսաստանէն աքսորուած ռուս աղանդաւորներուն կողմէ: Քաղաքին արագ զարգացման նպաստած է անոր յարմարաւէտ աշխարհագրական դիրքը` Երեւան-Իջեւան ու Երեւան-Գաւառ ճամբաները:

Պատկերասրահ Խմբագրել

Պատմական Յուշարձաններ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. http://www.armstat.am/file/doc/99471368.pdf
  2. Գեղարքունիքի մարզ
  3. «Ուրարտական շրջանէն մնացած հնութիւններ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-09-05-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-14 
  4. «Բնական հարստութիւններ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-01-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-14 

Արտաքին յղումներ Խմբագրել