Վայոց Ձոր

(Վերայղուած է Վայոց ձորի մարզ-էն)

Վայոց ձոր, Մեծ Հայքի Սիւնիքի գաւառներէն մին։ Կը համապատասխանէ ՀՀ ներկայ Վայոց ձորի մարզին՝ Եղեգնաձորի ու Վայքի շրջաններով։

Վայոց ձորը, Սիւնիքի ամէնէն նշանաւոր գաւառներէն մէկն էր։ Վայոց ձորի եւ անոր մէջ գտնուող (շարք մը) վայրերու մասին մեր եւ օտար աղբիւրներու մէջ կան բազմաթիւ յիշատակութիւններ։ Վայոց ձորն իր մէջ կ՛ընդգրկէր Արփա գետի վերին եւ միջին հոսանքներուն աւազանները։ Ան սահմանափակուած էր հիւսիսէն Գեղարքունիքով եւ Սոդքով, արեւելքէն՝ Ծղուկով եւ Արցախի Ծար գաւառով, հարաւէն՝ Ճահուկով եւ Այրարատի Շարուր գաւառով, իսկ արեւմուտքիէն՝ ան Այրարատէն բաժանուած էր Գեղամայ լեռներու ջրբաժան գիծով։ Վայոց ձորը Սիւնիքի ամենաընդարձակ գաւառներէն մէկն էր։ Այն կը ներկայացնէր բոլոր կողմերէն՝ լեռներով պատած, գոգաւորութիւն մը։

Վայոց ձորը, Վարդան աշխարհագիր կոչած է Եղեգեաց Ձոր։ Այն լեռնային, ջրառատ գաւառ է։ Ունի բերրի հողեր, սառնորակ աղբիւրներ եւ հանքային ջուրեր (այժմեան Ջերմուկը)։ Գաւառը մետաղի հանքերով նշանաւոր էր։ Այստեղ կային կապարի, արծաթի եւ պղինձի մի քանի «բովեր»՝ ելքեր, որոնք հին ժամանակներէն շահագործման ենթարկուած են։

Մինչեւ 9-րդ դար, Վայոց ձորի մասին տեղեկութիւնները կցկտուր են։ 9-րդ դարու կէսերուն Վայոց ձորի Եղեգիս գիւղաքաղաք կը տեղափոխուի՝ Սիւնեաց իշխանանիստը։ 11-րդ դարու սկիզբին Վայոց ձորը՝ Բագրատունի Գագիկ Ա. թագաւորը, կը միացնէ կեդրոնական թագաւորութեան։ Բագրատունիներու թագաւորութեան անկումէն ետք Վայոց ձորի իշխանները աստիճանաբար կը կորսնցեն իրենց քաղաքական նշանակութիւնը, իսկ սելջուկ-թուրքերու արշաւանքներու եւ տիրապետութեան հետեւանքով, անոնք գրեթէ կը չքանան քաղաքական ասպարէզէն։ 13-րդ դարասկիզբին, երբ հայ-վրացական միացեալ զօրքերը ազատագրեցին հիւսիս-արեւելեան Հայաստանը, Վայոց ձորի մեծ մասը Զաքարեաններու միջոցով տրուեցաւ Լիպարիտ Օրբելեան իշխանին, իսկ միւս մասը՝ Խաղբակեաններուն (կամ ՊռոշեաններՕրբելեանները եւ Խաղբակեանները երկար ժամանակ կը շարունակեն իշխել։ Օրբելեաններու մասին յիշատակութիւնները մինչեւ 15-րդ դարու կէսերը կը շարունակուին։ Հաւանական է, որ Օրբելեաններն ու Խաղբակեանները քաղաքական ասպարէզէն վերացեած են 15-րդ դարու վերջերուն։

Միջին դարերուն Վայոց ձորի բնակավայրերը մեծ թիւ կը կազմեն։ Տաթեւի եպիսկոպոսական հին հարկացուցակին մէջ՝ Վայոց ձորի հետ կապուած, կը յիշատակուի 91 բնակավայր, բացի անկէ, 10-13 դդ. Վայոց ձորի մէջ յիշատակուած են նաեւ մօտ 15 այլ բնակավայրեր, որոնք չեն մտած նշուած հարկացուցակին մէջ։[1]

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Թ.Խ.Հակոբյան (1968)։ Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն։ Երեւան: «Միտք»։ էջ էջ 212-213 

Կաղապար:Մեծ Հայքի վարչական բաժանում