Կաղզուան
Կաղզուան (թրք.՝ Kağızman, քրտ.՝ Kaxizman), քաղաք եւ շրջան ներկայի Թուրքիոյ Հանրապետութեան Կարս նահանգի կազմին էջ։
Բնակավայր | |
---|---|
Կաղզուան | |
Երկիր | Թուրքիա[1] |
Տարածութիւն | 1970 քմ² |
ԲԾՄ | 1321 մեթր |
Պաշտօնական լեզու | թրքերէն |
Բնակչութիւն | 45 936 մարդ (2018) |
Ժամային գօտի | UTC+3։00 |
Փոստային ցուցանիշ | 36700 |
Շրջագայութեան պետ-համարագիր | 36 |
Պաշտօնական կայքէջ | kagizman.gov.tr |
Անուանում
ԽմբագրելԿաղզուանը երբեմն յիշատակուած եւ քարտէսին վրայ նշանակուած է Կաղզուան ու Կաղզման ձեւերով։ Վրացական աղբիւրներուն մէջ սովորաբար կոչուած են Աղզեւանի։ Յայտնի է նաեւ Երասխաձորի բերդ անունով։ Կ'ենթադրուի, որ սկիզբը, հաւանաբար, կոչուած է Կաղզուան։
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելՔաղաքը կը գտնուի Կարսէն 76 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ, Արաքսի աջ ափէն, Շատակն (կամ Կաղզուան) գետի վրայ, որ երբեմն կոչուած է նաեւ Կապոյտ գետ՝ իր այդ անունը հաւանաբար ստանալով համանուն բերդին անունէն։ Քաղաքը փռուած է Բարդող (Թաքալթու) լերան արեւմտեան ստորոտին, հիւսիսէն հարաւ 4-5 ք.մ. տարածուող բաւական բարձրադիր սարաւանդի մը վրայ, որուն երկու կողմերէն կը տարածուին լեռներ եւ կը կազմեն գեղատեսիլ ամֆիթատրոն։
Բուն քաղաքին բարձրութիւնը ծովու մակերեւոյթէն շուրջ 1500 մ. է, իսկ Արաքսի հունէն 125 մ.։ Կը գտնուի երկրաշարժի գօտիի վրայ։ Քաղաքը յատկապէս մեծ վնասներ կրած է՝ 1840-ի երկրաշարժէն, որ սկսած է 20 Յունիս-ին, ընդհատումներով եւ շարունակուած՝ մինչեւ նոյն տարուան 28 Սեպտեմբեր։ Շրջապատուած է մրգատու այգիներով։ Բուսականութիւնը փարթամ է։ Ամբողջ Հայաստանի մէջ յայտնի եղած են Արաքսի ափերով՝ արեւմուտքէն արեւելք, քանի մը տասնեակ քիլոմեթր տարածուող Կաղզուանի ձորի տանձենիի այգիները։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀնագոյն ժամանակներէն Կաղզուան բնակավայր եղած է։ Ատիկա կ'ապացուցեն անոր աղահանքերուն մէջ յայտնաբերուած քարի ու պղինձի գործիքները։ Մեծ Հայքի օրերուն Կաղզուան կը մտնէր Այրարատ նահանգի Գաբեղեանք գաւառին մէջ։ Հայ մատենագիրներէն Կաղզուանի մասին կարեւոր յիշատակութիւն կատարած է Ստեփանոս Ասողիկը, եւ ըստ իր վկայութեան, 863-էն հոն տեղի ունեցած է ճակատամարտ մը՝ Բագրատունի Աբաս սպարապետի եւ Կայսիկ ցեղի առաջնորդ Սեւատայի որդի՝ Շահապի զօրքերուն միջեւ։ ճակատամարտը աւարտած է Աբասի յաղթանակով, այդ պահէն սկսեալ Բագրատունիները աւելի ընդլայնած ու ամրացուցած են Արշարունիքի ու Շիրակի իրենց տիրոյթները։
Կաղզուանի մասին յիշատակութիւններ ունին նաեւ Յովհաննէս Դրասխանակերտցի կաթողիկոսը, Մատթէոս Ուռհայեցին, Վարդան Արեւելցին, Սմբատ գունդստապլը, վրաց հեղինակ Վախուշտին եւ ուրիշներ։ Թ.-Ժ. դարերուն Կաղզուան արդէն ամրոց էր եւ բաւական մարդաշատ հայկական կայազօրի կայան։ Անիկա իր շրջակայքով կը մտնէր Բագրատունիներու թագաւորութեան մէջ։
Վերը նշուած 863-ի ճակատամարտէն ետք, հոն 1099-ին նոյնպէս տեղի կ'ունենան մարտեր Գրիգոր Կիւրապաղատի եւ սելճուքեան զօրքերուն միջեւ։ Գրիգոր Կիւրապաղատ այդ մարտերուն ընթացքին կը ջարդէ եւ Կաղզուանի շրջանէն դուրս կը շպրտէ աւարառու սելճուքները։
Ժբ. դարու վերջերուն Կաղզուան վերջնականապէս կ'ազատագրուի սելճուքեան լուծէն եւ կը միացուի Զաքարեաններու իշխանութեան։ Եթէ մինչ այդ Կաղզուան սովորական ամրոց էր իր աւանով, ապա Ժգ. դարու սկիզբը արդէն վերածուած էր գիւղաքաղաքի։ Մոնկոլներու եւ թուրքմենական ցեղերու տիրապետութեան շրջանին (Ժգ.-Ժե. դարեր) թէեւ անիկա գոյութիւն ունէր, բայց մեր մատենագրութեան մէջ չէր յիշատակուած։
Կաղզուան հայ եւ թուրք հեղինակներուն կողմէ դարձեալ յիշատակուած է Ժէ. դարէն։ Ժզ. դարէն մինչեւ 1878 անիկա ընդհանուր առմամբ կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ներքոյ եւ Կարսի փաշայութեան Կաղզուանի Սանճաքի կեդրոնն էր։
Ռուսերը 1854-ին, Ղրիմի պատերազմին գրաւած են Կաղզուանը, բայց 18 Մարտ 1856-ին Փարիզի պայմանագիրով՝ ստիպուած վերադարձուցած Թուրքիոյ։ 1878-1917 թուականներուն Կաղզուան եղած է Ռուսական կայսրութեան Կարսի մարզի Կաղզուանի շրջանի կեդրոնը։ 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան կազմին մէջ էր։ Կարսի պայմանագիրի կնքման իբրեւ արդիւնք Կաղզուան կ'անցնի Թուրքիոյ։
Բնակչութիւն
ԽմբագրելՄինչ Մեծ Եղեռն քաղաքի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կազմուած էր հայերէ, սակայն կ'ապրէին նաեւ թուրքեր ու յոյներ։ Ժթ. դարու սկիզբը Կաղզուան ունէր շուրջ 500 տուն բնակիչ, 1877-ին՝ 8000 բնակիչ, 1906-ին՝ շուրջ 9400, իսկ Ա. համաշխարհային պատերազմի նախօրէին աւելի քան 10 հազար բնակիչ, որուն 7652-ը հայեր, իսկ 1920-ը թուրքեր։ Ներկայիս քաղաքի բնակչութեան թիւը 18,000 է, որ գլխաւորաբար կը բաղկանայ քիւրտերէ։
1 Յունուար 1913-ի տուեալներով Կաղզուանի գաւառը քաղաքին հետ միասին ունէր 71014 բնակիչ, որոնցմէ 30162-ը՝ հայ, 22589-ը՝ քիւրտ, 11185-ը՝ յոյն, 4418-ը՝ թուրք, 410-ը՝ ռուս, մնացեալը՝ օտարներ։ 1920-ի Նոյեմբերին Քեմալական Թուրքիոյ յարձակման հետեւանքով Կաղզուանի եւ գաւառի հայերը կը գաղթեն Արեւելեան Հայաստան, զգալի մասն ալ ճամբու ընթացքին կը զոհուի։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ GEOnet Names Server — 2018.
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Շրջանի պաշտօնական կայք (թուրքերէն)
- Քաղաքի պաշտօնական կայք (թուրքերէն)
Գրականութիւն
Խմբագրել- Ն. Սարգիսեան, «Տեղագրութիւնք ի Փոքր եւ ի Մեծ Հայս», Վենետիկ, 1864 թ.։
- Ղեւոնդ Ալիշան, «Այրարատ», Վենետիկ, 1890 թ.։
- Պօղոսեան ա.մ., «Սոցիալ-տնտեսական յարաբերութիւնները Կարսի մարզում», Երեւան, 1961 թ.։
- «Հայաստանը միջազգային դիւանագիտութեան եւ սովետական արտաքին քաղաքականութեան փաստաթղթերում (1828—1923)», խմբ. Ջ. Մ. Կիրակոսեան, Երեւան, 1972 թ.։