Կարսի Պայմանագիր
Կարսի պայմանագիրը (թրք.՝ Kars Antlaşması, ռուս.՝ Карсский договор), 13 Դեկտեմբեր 1921-ին ստորագրած են, ինչպէս գրուած է պայմանագիրի նախաբանին մէջ, «Հայաստանի Սովետական Ընկերվարական Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի Սովետական Ընկերվարական Հանրապետութեան եւ Վրաստանի Սովետական Ընկերվարական Հանրապետութեան կառավարութիւնները մէկ կողմէ եւ Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի կառավարութիւնը, միւս կողմէ, Ռուսաստանի Սովետական Դաշնակից Ընկերվարական Հանրապետութեան մասնակցութեամբ»։ Պայմանագիրը, յաջորդելով Մոսկուայի պայմանագիրին, կը հաստատէր վերջինիս դրութիւնները եւ կը սահմանէր ժամանակակից սահմանները Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասեան հանրապետութիւններու միջեւ։
Կարսի պայմանագիրի վաւերաթուղթերու փոխանակումը տեղի ունեցած է 11 Սեպտեմբեր 1922-ին Երեւանի մէջ[1]։
Պայմանագիրով Թուրքիոյ անցած են Կարսի մարզը գրեթէ ամբողջութեամբ եւ Սուրմալուի Գաւառը՝ ներառեալ Արարատ լեռը իր յարակից շրջաններով, իսկ Ազրպէյճանին՝ Նախիջեւանի շրջանը, որ սահմանուած է իբրեւ ինքնավար կազմաւորում։ Այս պատճառով Հայաստան կորսնցուցած է իր տարածքին գրեթէ կէսը։ Պայմանագիրի դրութիւնները պարտադրուած են խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան ռուս պոլշեւիկեան կառավարութեան եւ անձամբ Սթալինի ճնշումին տակ։
Նախապատմութիւն
ԽմբագրելԺԸ. դարու վերջաւորութեան եւ ԺԹ. դարու սկիզբներուն մղուած ռուս-պարսկական պատերազմներու պատճառով Ռուսական Կայսրութիւնը կը տիրանայ ժամանակակից Անդրկովկասի տարածքին մեծագոյն մասին։ 1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմին հետեւանքով Ռուսաստանին կ'անցնին նաեւ Կարսի, Արտահանի, Արտուինի եւ Պաթումի շրջանները։ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, Ի. դարու սկիզբին գրաւուած տարածքները բաժնուած էին Պաքուի, Ելիզաւէթփոլի, Երեւանի, Թիֆլիսի ու Քութայիսի նահանգներու եւ Կարսի ու Պաթումի մարզերու միջեւ։
Ռուսաստանը եւ Թուրքիան կրկին բախեցան 1914-ին սկսված Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին։ Պարտութեան մատնելով Էնվէրի գլխաւորած թրքական բանակը Սարիղամիշի ճակատամարտին՝ ռուսերը տիրեցին ռազմական նախաձեռնութեան։ Էնվէր իր պարտութեան մէջ մեղադրեց հայերը. այս պատճառով մերձաւոր ճակատային գօտիէն ռուսամետ հայերու հեռացման պատրուակով սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ Մեծ Եղեռնը։ 1915-1916 թուականներուն ռուսական զօրքերը հայկական կամաւորական ջոկատներու աջակցութեամբ գրաւեցին Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի զգալի մասը. Վանը՝ 1915-ի Ապրիլին, Էրզրումը՝ 1916-ի Փետրուարին, Պիթլիսը եւ Մուշը՝ Մարտին, Տրապիզոնը՝ Ապրիլին, Երզնկան՝ Յուլիսին։
1917-ի Փետրուարեան Յեղափոխութենէն ետք ռուսական զօրքերը դադրեցուցին իրենց աշխուժ գործողութիւնները, իսկ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութենէն ետք սկսան լքել իրենց դիրքերը։ Նոյն տարուան 5 Դեկտեմբեր-ին ստորագրուեցաւ Երզնկայի Զինադադարը, պատերազմական գործողութիւնները Ռուսաստանի եւ Օսմանեան Թուրքիոյ միջեւ աւարտեցան, որմէ ետք ռուսական զօրքերը վերջնականապէս հեռացան Կովկասեան ճակատէն՝ թողնելով դիրքերը հայկական ջոկատներուն։ Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք Թիֆլիսի մէջ ստեղծուեցաւ Անդրկովկասեան սէյմը, որ 24 Փետրուար 1918-ին հռչակեց անկախ Անդրկովկասեան Դեմոկրատական Միացեալ Հանրապետութեան ստեղծումը։
Օգտուելով ռուսական զօրքերի հեռացումէն՝ թուրքերը 1918-ի Փետրուարին անցան յարձակման ճակատի գիծ՝ երկու ամսուան ընթացքին ետ գրաւելով Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները։ Ապրիլին թուրքերը ներխուժեցին նախկին ռուսական տարածք՝ գրաւելով Կարսը եւ Ալեքսանդրոպոլը։ Մինչ այդ, 3 Մարտ-ին, ստորագրուեցաւ Պրեսթ-Լիթովսկի Պայմանագիրը, որով պոլշեւիկեան Ռուսաստանը ճանչցաւ Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի անցումը Թուրքիոյ։ Մայիսին թրքական զօրքերը անցան նոր յարձակումի. անոնց յառաջխաղացումը դէպի Երեւան կանգնեցաւ Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի ճակատամարտերուն հայկական զօրքերու յաղթանակէն ետք, սակայն Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին ընթացքին հայկական բանակը պարտուեցաւ։ Մայիսի վերջաւորութեան Անդրկովկասեան ֆետերասիոնը մասնատուեցաւ՝ 26 Մայիս-ին Վրաստանի անկախութեան յայտարարումէն ետք։ 28 Մայիս-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը։ Նորաստեղծ հանրապետութիւնը ստիպուած էր կնքել Պաթումի խայտառակ պայմանագիրը, որով Հայաստան կը սահմանափակուէր 14 հազար քմ² տարածքով՝ կորսնցնելով ոչ միայն Կարսը եւ Արտահանը, այլ մաեւ Շիրակը, Սուրմալուն, Նախիջեւանը, Շարուր-Տարալագեազը, Զանգեզուրը, Ղարաբաղը եւ այլն։
30 Հոկտեմբեր 1918-ին կնքուած Մուտրոսի Զինադադարէն ետք թրքական զօրքերը լքեցին Անդրկովկասը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաստատեց իր վերահսկողութիւնը կորսուած տարածքներու զգալի մասի նկատմամբ։ Սակայն թուրքերու նահանջէն ետք 1 Դեկտեմբեր-ին իսլամականները Կարսի մէջ հռչակեցին Հարաւ Արեւմտեան Կովկասեան հանրապետութիւնը։ Վերջինս լուծարուեցաւ 1919-ի Ապրիլին անգլիացիներու կողմէ, որմէ ետք Կարսի մարզի տարածքի մեծ մասը փոխանցուեցաւ Հայաստանին։ Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովի միամեայ բանակցութիւններէն ետք 10 Օգոստոս 1920-ին կնքուեցաւ Սեւրի Պայմանագիրը, որով ոչ միայն Կարսի մարզը, այլ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի զգալի մասը ճանչուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մաս։ Սակայն իրադարձութիւնները զարգացան այլ յունով. 1920-ի Ապրիլին Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ ստեղծուած Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը երբէք չճանչցաւ այդ պայմանագիրը եւ Անտանտի դաշնակից երկիրներու դէմ պոլշեւիկներու օգնութեամբ սկսած պատերազմական գործողութիւններու պատճառով հասաւ հայերու համար ոչ նպաստաւոր շարք մը պայմանագիրներու կնքումին։
1920-ի Ապրիլին Ազրպէյճանի խորհրդայնացումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտնուեցաւ ծանր վիճակի մէջ։ Մինչեւ ամրան վերջը ռուսական, ազրպէյճանական եւ թրքական զօրքերը վերահսկողութիւն հաստատեցին Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի տարածքներուն վրայ։ Սեպտեմբերին սկսած երկրորդ հայ-թրքական պատերազմին հետեւանքով մինչեւ Նոյեմբեր թրքական զօրքերը գրաւեցին Կարսի մարզի տարածքը եւ Ալեքսանդրապոլը։ 29 Նոյեմբեր-ին Հայաստան ներխուժեցին ռուսական զօրքերը՝ 2 Դեկտեմբեր-ին պարտադրելով դաշնակցական կառավարութիւնը յանձնել պոլշեւիկներուն։ Անոր զուգահեռ դաշնակցական կառավարութեան ներկայացուցիչները թուրքերու հետ 3 Դեկտեմբերի լուսցող գիշերը ստորագրեցին Ալեքսանդրապոլի հաշտութեան պայմանագիրը, որով կը ճանչնային Կարսի մարզի գրաւումը թուրքերու կողմէ։
16 Մարտ 1921-ին կնքուած Մոսկուայի պայմանագիրով քեմալական Թուրքիան եւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանը փաստացի կիսեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը. Թուրքիան ստացաւ 1877-1878 թուականներուն կորսնցուցած Կարսի մարզի տարածքը եւ Պաթումի մարզի հարաւային մասը։ Կը համարուի, որ Պաթումի մարզի հիւսիսային մասի փոխարէն պոլշեւիկները թուրքերուն փոխանցեցին Սուրմալուի գաւառը։ Կարսի պայմանագիրը կոչուած էր ընդամէնը հաստատելու Մոսկուայի պայմանագիրի դրութիւնները Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու կողմէ։
Պայմանագիրին Կէտերը
ԽմբագրելԿարսի պայմանագիրը ընդգրկած է հետեւեալ կարեւոր կէտերը.
- Չեղեալ համարուած են պայմանագիրը ստորագրող երկիրներու միջեւ կնքուած բոլոր նախկին պայմանագիրները՝ բացառութեամբ Մոսկուայի պայմանագիրին։
- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գծուած է նոր սահման, որ կ'անցնէր Ախուրեան եւ Արաքս գետերէն։ Այդ պատճառով Թուրքիոյ անցած է Կարսի մարզը գրեթէ ամբողջութեամբ իր Կարս, Սարիղամիշ, Արտահան, Օլթի, Կաղզուան քաղաքներով եւ Անիի աւերակներով (մօտ 18 հազար քառ. քմ), ինչպէս նաև Երեւանի Նահանգի Սուրմալուի գաւառը՝ ներառեալ Արարատ լեռը եւ Իգտիր եւ Կողբ քաղաքները (մօտ 3.2 հազար քառ. քմ)։
- Նախիջեւանի մարզը, որ կազմուած է Երեւանի նահանգի Նախիջեւանի եւ մասամբ Շարուր-Տարալակեազի գաւառներու տարածքին մէջ, յայտարարուած է ինքնավար հանրապետութիւն Ազրպէյանի տարածքին մէջ՝ պայմանով, որ վերջինս չփոխանցէ զայն որեւէ երրորդ կողմի։
- Պաթումի մարզը բաժնուած է Թուրքիոյ եւ Վրաստանի միջեւ. հիւսիսային մասը Պաթում նաւահանգիստով մնացած է Վրաստանի կազմին մրջ (հետագային այդ տարածքին մրջ կազմաւորուած է Աջարական ինքնավար հանրապետութիւնը), իսկ հարաւային մասը՝ Արտուին քաղաքով անցած է Թուրքիոյ։
Պայմանագիրը Միջազգային Իրաւունքի Տեսանկիւնէն
ԽմբագրելՈմանց թիւրըմբռնումներու եւ տասնամեակներ տեւած նենգափոխումներու պատճառով առ այսօր կը տիրէ այն սխալ տեսակէտը, որ, իբր թէ, Կարսի պայմանագիրը կ'որոշէ հայ-թրքական սահմանը։ Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն այդ փաստաթուղթի քննումը ակնյայտ կը դարձնէ, որ անիկա երբէք չէ ունեցած եւ չունի իրաւական ուժ, հետեւաբար չի ստեղծեր պարտաւորութիւններ կողմերուն համար[2]։
Կնքող Կողմերու Լիազօրութիւնները
ԽմբագրելԿարսի պայմանագիրը անօրինական է ու անվաւեր կնքման պահէն, քանի որ պայմանագիրը կնքող կողմերէն ոչ մէկը հանդիսացած է միջազգային իրաւունքի նիւթ։ Հայկական ՍՍՀ-ի իրաւական կարգավիճակի եւ Կարսի պայմանագիրի օրինականութեան եւ իրաւականութեան (legitimacy and legality) հարցերը սերտօրէն շաղկապուած են։ Ըստ ՄԱԿ-ի պաշտօնական ուղեցոյց-ձեռնարկի, «միջազգային պայմանագիրները համաձայնութիւններ են միջազգային իրաւունքի նիւթերու միջեւ, որոնց միջոցով անոնք կը ստեղծեն, փոփոխութեան կ'ենթարկեն կամ կը դադրեցնեն փոխադարձ իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները»[3]։ Այսինքն, պայմանագիրի օրինականութեան եւ իրաւականութեան համար անհրաժեշտ է, որ պայմանագիրը կնքող կողմերէն իւրաքանչիւրը ըլլայ միջազգային իրաւունքի նիւթը՝ ըլլայ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան օրինական կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ։
Հայկական ՍՍՀ-ի Կարգավիճակը
ՀՍՍՀ-ը անկախ երկիր չէր, թէեւ այդպէս գրուած էր շարք մը ներքին օգտագործման փաստաթուղթերու վրայ (օրինակ՝ ՀՍՍՀ կամ ԽՍՀՄ սահմանադրութիւններուն մէջ)։ Անկախ չէր համարուեր, որովհետեւ միջազգային իրաւունքին մէջ միակողմանի իրաւական փաստաթուղթերը (unilateral legal acts), ինչ ձեւով ալ անոնք արտայայտուած ըլլան (հռչակագիրերու, յայտարարագիրներու, սահմանադրութիւններու եւ այլն), չեն կրնար շնորհել աւելի շատ իրաւունքներ, մինչեւ անիկա հասնի ըստ միջազգային իրաւունքի[4]։ ՀՍՍՀ-ի գոյութիւնը, հետեւաբար անոր իրաւական կարգավիճակը, կը բաժնուի 2 ժամանակաշրջանի՝
- 2 Դեկտեմբեր 1920-էն մինչեւ 30 Դեկտեմբեր 1922՝ «ՀՍՍՀ» կոչուած տարածքի առանձին, բայց ոչ անկախ գոյութեան ժամանակաշրջան, որուն ընթացքին ունեցած է բռնագրաւուած տարածքի[5] (occupied territory) կարգավիճակ[6]։ ՀՍՍՀ-ի մէջ 2 Դեկտեմբեր 1920-էն իշխանութեան բերուած վարչախումբի իրաւական կարգավիճակը շատ կարեւոր է, քանի որ այդ կարգավիճակէն կ'ածանցուին Հայաստանի անունէն Կարսի պայմանագիրը ստորագրած անձերու լիազօրութիւնները։ ՀՀ օրինական իշխանութիւնները, ռուս-թրքական համադրուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով[7] յայտնվելով անելանելի վիճակի մէջ, ստիպուած էին իշխանութեան փոխանցման մասին համաձայնագիր կնքել «Ռ.Ս.Ֆ.Ս.Հ. լիազօր ներկայացուցիչ ընկ. Լեկրանի» հետ, որ հանդէս կու գար «Ռ.Կ.Կ.Կ.Կ.-ի (Ռուսաստանի Համայնավար Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէ) լիազօրութեամբ, ի դէմս Ռուսաստանի Սովետական կառավարութեան»[8]։ Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնրն այստեղ կարեւորը այն է, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան բերուած մարդոց խումբը, որ նախապրս հանդէս կու գար Հայհեղկոմ անունով[9], օտարերկրեայ եւ անօրինական վարչակարգի դրածոյ վարչախումբ էր։ Կարսի պայմանագիրը ստորագրած վարչախումբի ներկայացուցիչներու՝ Ասքանազ Մռավեանի եւ Պօղոս Մակինցեանի, լիազօրութիւնը խարիսխուած էր ոչ թէ օրինական իշխանութեան, այլ երկիրը բռնագրաւած օտարերկրեայ բանակի քաղաքական ղեկավարութեան կամքին վրայ եւ կ'իրականացուէր պարտադրանքի տակ։ Անիկա կը փաստէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ նման քաղաքական պարտադրանքի պարտաւորութիւնը մինչ այդ ամրագրուած էր Մոսկուայի քեմալա-պոլշեւիկեան 16.03.1921-ի պայմանագիրի 15-րդ յօդուածին մէջ[10]։ Պատմական անվիճելի փաստ է, որ ՀՀ-ը բռնագրաւուած էր 24 Օգոստոս 1920-ին կնքուած ռազմական դաշնագիրով[11] նախատեսուած պոլշեւիկ-քեմալական գործողութիւններու հետեւանքով[12], եւ այն միասնական ուժով Հայաստանի մէջ իշխանութեան բերուած էր «խամաճիկային վարչախումբ»։ Այս առումով միջազգային իրաւունքը միանշանակ է. գրաւիչ ուժի եւ անոր կողմէ իշխանութեան բերուած խամաճիկային կառավարութեան միջեւ (a puppet government) կնքած որեւէ պայմանագիր կամ բռնագրաւման ժամանակ երկրի տարածքի որեւէ մասի զիջում հետեւանքազուրկ է (are not effective)[13]։ Աւելին, երկրի համար ընդհանրապէս իրաւական հետեւանք չի կրնար յառաջացնել որեւէ պայմանագիր կամ պարտաւորութիւն, եթէ տուեալ երկրի պաշտօնեաները բացայայտօրէն գործած են օտար ուժի հրահանգով[14]։
- 30 Դեկտեմբեր 1922-էն մինչեւ 21 Սեպտեմբեր 1991՝ Սովետական Ընկերվարական Հանրապետութիւնների Միութիւն պետութեան կազմին մէջ «ՀՍՍՀ» վարչատարածքային միաւորի գոյութեան ժամանակաշրջան, որուն ընթացքին ունեցաղ է բռնակցուած տարածքի (annexed territory) կարգավիճակ[15]։
Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ՀՍՍՀ-ը երբէք չէ եղած պետութիւն եւ, բնականաբար, երբէք ճանչցուած չէ եղած իբրեւ այդպիսին։ Պետութեան ճանաչումը այլ պետութեան մը կողմէն վճռորոշ նշանակութիւն ունի պետութեան կայացման գործին մէջ։[16] ՀՍՍՀ իր գոյութեան եւ ոչ մէկ շրչանի մէջ երբէք ճանչցուած չէ եղած որեւէ օրինական ճանաչում ունեցող պետութեան լիազօր իշխանութիւններու կողմէ։ ՀՍՍՀ-ի ճանաչումները չեն յառաջացուցած որեւէ իրաւական հետեւանք, քանի որ իրենց հերթին բխած են չճանչցուած երկիրներէ կամ վարչախումբերէ։ Որպէսզի ճանաչումը օրինապէս համարուի այդպիսին, անիկա պէտք է կատարուի իր հերթին օրինականօրէն ճանչցուած միջազգային իրաւունքի նիւթի կողմէ[17]։ Հետեւաբար, միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ ՀՍՍՀ ի սկզբանէ չէ ունեցած միջպետական յարաբերութիւն իրականացնելու որեւէ կարողութիւն եւ իրաւասութիւն, մասնաւորապէս՝ միջազգային պայմանագիր կնքելու լիազօրութիւն։
Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան կարգավիճակը
Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը իր կարգավիճակով հասարակական կազմակերպութիւն էր (NGO), եւ անոր մէջ միաւորուած էին նախկին պատգամաւորներ, պաշտօնանկ զինուորականներ ու պաշտօնեաներ։ Մուսթաֆա Քեմալի վարչախումբը որեւէ իրաւական հիմք չունէր միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ներկայացնելու թրքական պետութիւնը։ Մինչեւ Նոյեմբեր 1922-ի, այսինքն՝ սուլթան Մուհամմետ Զ.-ի մեկնումը Թուրքիայէն, վերջինիս կառավարութեան վերապահուած էր Թուրքիոյ անունով միջազգային յարաբերութիւններու մէջ մտնելու իրաւունքը, եւ միայն սուլթանը կրնար, ըստ Օսմանեան կայսրութեան սահմանադրութեան 7-րդ յօդուածին, լիազօրել որեւէ անձի՝ հանդէս գալու երկրի անունով[18]։ Քեմալականների շարժումը սկզբնաւորուսծ ու ընթացած է օսմանեան սահմանադրութեան ոտնահարումով եւ միջազգային իրաւունքի խախտումով, որոնք երկրի օրինական իշխանութեան է՝ սուլթան-խալիֆի, դէմ ապստամբութիւնը եւ Մուտրոսի զինադադարի (30 Հոկտեմոեր 1918) ոտնահարումը։ Մուսթաֆա Քեմալ 1921-ին պարզապէս փախուստի մէջ գտնվող քրէական յանցագործ էր։ Այդ իսկ պատճառով թերեւս 11 Ապրիլ 1920-ին կայսրութեան բարձրագոյն կրօնավորի՝ շէյխ-ուլ-իսլամի, ֆեթուայով (կոնդակով) Մուսթաֆա Քեմալ մահուան դատապարտուած էր։ Ըստ անոր նոյն տարուան 11 Մայիս-ին մահապատիժի վճիռ կայացուցած էր նաեւ թրքական ռազմական դատարանը։ Այս դատավճիռը 24 Մայիս 1920-ին հաստատուած էր սուլթանին կողմէ։ Ի դէպ, Քեմալի եւ քեմալականներու նկատմամբ քրէական հետապնդումը կարճցած է միայն 24 Յուլիս 1923-ին՝ ներումի համապատասխան յայտարարագիրով[19]։ Կարսի պայմանագիրը ստորագրած Քեազըմ Քարապեքիր 1921-ին չէր հանդիսանար իրաւականօրէն ճանչցուած թրքական պետութեան լիազօր ներկայացուցիչը, այլ Քեմալի մարտախոպմբի ներկայացուցիչն էր։
Պայմանագիրին Վաւերացումը
ԽմբագրելԽիստ խնդրահարոյց է նաեւ Կարսի պայմանագիրի օրինապէս վաւերացուած ըլլալու հարցը։ Ըստ պայմանագիրին 20-րդ յօդուածի՝ պայմանագիրը ենթակայ էր վաւերացման։ Սակայն տպագիր աղբիւրներու մէջ չէ գտնուած յիշատակի մէջ ՀՍՍՀ որեւէ կառոյցի կողմէ Կարսի պայմանագիրին պաշտօնական անդրադարձած, առաւել եւս՝ վաւերացուցած, ըլլալու մասին։ Կարսի պայմանագիրի վերաբերեալ սովետական աղբիւրները[20] կը նշեն միմիայն վաւերագիների փոխանակման մասին (Երեւան, 11.09.1922), սակայն չեն նշեր Հայաստանի, Վրաստանի կամ Ազրպէյանի կողմէ պայմանագիրի վաւերացման մասին։
Օտար աղբիւրները կը նշեն, որ Կարսի պայմանագիրը վաւերացուած է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ (16.03.1922, օրէնք #207) եւ, ի դէմս Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի՝ ՌՍՖՍՀ-ի կողմէ[21]։ Եթէ ասիկա իրողութիւն է, ապա, ըստ այդմ, Կարսի պայմանագիրը անօրինական է ու անվաւեր նաեւ վաւերացման գործընթացի կոպիտ խախտման պատճառով։ Ըստ միջազգային իրաւունքի յստակ է. իւրաքանչիւր երկիր կրնայ որեւէ պայմանագիր վաւերացնել միմիայն իր անունով եւ իրեն համար ու չի կրնար անիկա ընել ուրիշի փոխարէն։
Այսպիսով, Կարսի պայմանագիրը ստորագրելու գործընթացը ոտնահարած է շարք մը jus cogens-ներ։ Ըստ այդմ, եթէ սահմանի յստակացման եւ հաստատման գործընթացը խախտած է միջազգային իրաւունքի որեւէ անբեկանելի սկզբունք՝ jus cogens, ապա տուեալ սահմանը անօրինական է եւ անվաւեր (illegal and void)[22], քանի որ անօրինական եւ անվաւեր է այն ամրագրող պայմանագիրը։ Այս սկզբունքը ամրագրուած է Վիեննայի Պայմանագիրներու մասին օրէնքի համաձայնութեան 53-րդ յօդուածին մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Հայաստանը միջազգային դիվանագիտության և սովետական արտաքին քաղաքականության փաստաթղթերում, Երևան, 1972, էջ 527
- ↑ Արա Պապյան - Հայրենատիրություն. Հայոց պահանջատիրության իրավական հիմունքները և հարակից հարցեր (հոդվածների ժողովածու), Ասողիկ, Երևան, 2012, էջ 72-78
- ↑ Manual of Terminology of Public International Law (by Paenson I.), UN, NY, 1983, p. 38.
- ↑ Jankovic B.M. Public International Law. NY, 1984, p. 271.
- ↑ Report [Pursuant to H.Res. 346 & H.Res. 438]. Communist Takeover & Occupation of Armenia, 83rd Congress 2nd Session, House of Representatives, Rept. 2684, Part 8, 31 Dec 1954, p. 14.
- ↑ Ըստ միջազգային իրավունքի, բռնազավթող ուժը չի հանդիսանում տվյալ երկրի de jure իշխանությունը, այլ միայն իրականացնում է de facto կառավարում, հետևաբար այն լիազորված չէ հանդես գալու երկրի անունից։ (“The authority exercised by an occupying power is, as far as international law is concerned, a de facto, not de jure authority. … The occupying power’s ability to enforce respect for its legitimate interests is not an authority to create law.” From: Bothe M. Occupation, Belligerent. In: Bernhardt R. (ed.) Encyclopedia of Public International Law. Amsterdam, 1997, v. III, p. 764.)
- ↑ ԱՄՆ Սենատի թիվ 245 բանաձևը (3 հունիսի, 1924 թ.) միանշանակորեն ամրագրել է, որ Թուրքիան և Ռուսաստանը միասնաբար են գործել Հայաստանի կործանման ուղղությամբ։ (Turkey joined with Soviet Russia in the destruction of the Armenian State, brutally murdered hundreds of thousands of Armenians ... Senate Resolution, 245, June 3, 1924. The Armenian Review, vol. 30, No. 3-119, 1977, p. 286)
- ↑ Վրացեան Ս. Հայաստանի Հանրապետութիւն. Թեհրան, 1982, էջ 501: անգլերէն տեքստի համար տե՛ս՝ Vratzian S. How Armenia was Sovietized (part IV). The Armenian Review 1948;I(4):89-90
- ↑ 1921 թ. մայիսի 21-ին Հայհեղկոմը վերանվանվել է ՀՍՍՀ Ժողկոմխորհի
- ↑ «Ռուսաստանը պարտավորվում է Անդրկովկասյան հանրապետությունների նկատմամբ դիմել քայլերի, որպեսզի այդ հանրապետությունների կողմից Թուրքիայի հետ կնքվելիք պայմանագրերում անպատճառ ճանաչվեն սույն Պայմանագրի այն հոդվածները, որոնք անմիջաբար վերաբերում են իրենց»: (Հայաստանը միջազգային դիվանագիտության և սովետական արտաքին քաղաքականության փաստաթղթե¬րում. Երևան, 1972, էջ 504)
- ↑ Էնվեր փաշայի Մոսկվայից գրված նամակը (26 օգոստոսի, 1920 թ.), գերմանացի գեներալ Ֆոն Սեկտին (Von Seckt): Նա մասնավորապես գրում է. «Երեկ չէ առաջին օրը մենք ստորագրեցինք թուրք-ռուսական բարեկամության դաշնագիր։ Այդ դաշնագրի հիման վրա ռուսները մեզ օգնելու են փողով և բոլոր այլ միջոցներով»: (The other day we signed a Turco-Russian friendship pact. On the basis of that pact, the Russians will help us with money and all other means. From: Vemian V.,Two Little Known Letters of Enver Pasha, Written from Moscow. The Armenian Review 1948;I(3):57)
- ↑ Բոլշևիկների և քեմալականների սերտ համագործակցության մասին տե՛ս՝ Hovannisian R.G. Armenia and the Caucasus in the Genesis of the Soviet-Turkish Entente. The Armenian Review 1974;27(1-105):33-52
- ↑ Fiedler W. Continuity. In: Bernhardt R. (ed.) Encyclopedia of Public International Law. Amsterdam, 1992, v. I, p. 808
- ↑ Brownlie I. Ibid, p. 449.
- ↑ “Annexation is the forcible acquisition of territory by one State at the expense of another”. From: Bindschedler R.L. Annexation. In: Bernhardt R. (ed.) Encyclopedia of the Public International Law. Amsterdam, 1992, v. I, p. 168.
- ↑ Williams S., De Mestral A. An Introduction to International Law. Toronto-Vancouver, 1987, p. 44.
- ↑ Moore J.B. Digest of International Law. Washington, 1906, vol. I, p. 73
- ↑ Chen T.-C. The International Law of Recognition, London, 1951, p. 138.
- ↑ Amnesty Declaration and Protocol, signed 24 July 1923.
- ↑ Տե՛ս, օրինակ՝ Документы внешней политики СССР, т. 4, Москва, 1960, с. 429; Հայաստանը միջազգային դիվանագիտության և սովետական արտաքին քաղաքականության փաստաթղթերում. Երևան, 1972, էջ 527
- ↑ Okcun G.A. A Guide to Turkish Treaties (1920-1964). Ankara, 1966, p. 4.
- ↑ Bothe M. Boundaries. In: Bernhardt R. (ed.) Encyclopedia of Public International Law. Amsterdam, 1992, v. I, p. 448.
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Արա Պապեան - Հայրենատիրութիւն. Հայոց պահանջատիրութեան իրաւական հիմունքները եւ յարակից հարցեր (յօդուածներու ժողովածու), Ասողիկ, Երեւան, 2012 (ISBN 978-9939-50-190-1, ՀՏԴ՝ 941(479.25)։341(045), ԳՄԴ՝ 63.3(2Հ) + 67.91ց1, Պ234։ Համակարգչային շարուածքը եւ ձեւաւորումը՝ Դաւիթ Օ. Աբրահամեան)
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Կարսի պայմանագիրի յօդուածը Archived 2013-05-01 at the Wayback Machine.
- Կարսի պայմանագիրի յօդուածը (անգլերէն)