Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւն


Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւն, (ռուս.՝ Октябрьская революция), պետական յեղաշրջում, որ իրագործած է Ռուսիոյ ընկերային-ժողովրդավարական բանուորական կուսակցութիւնը (ՌԸԺ(բ)Կ, ռուս.՝ Российская Социально-Демократическая (рабочая) Партия-РСД(р)П) Վլատիմիր Լենինի գլխաւորութեամբ, Փեթրոկրատի մէջ՝ Հոկտեմբեր 25-ին։ Յեղաշրջման հետեւանքով տապալած է 1917-ի Փետրուարեան պուրժուադեմոկրատական յեղափոխութենէն ետք Ռուսիոյ մէջ ստեղծուած ժամանակաւոր կառավարութիւնը։

Մոսկուայի փողոցները բոլշեւիկներու գնդակոծումէն ետք, 1917

Յեղաշրջման Ընթացքը

Խմբագրել

Նախադրեալները

Խմբագրել

1917 թուականի սկիզբը Փետրուարեան Յեղափոխութեան հետեւանքով գահընկեց եղաւ Նիքոլայ II ցարը եւ իշխանութեան եկաւ Ժամանակաւոր կառավարութիւնը։ Սակայն, Ժամանակաւոր կառավարութիւնը թոյլ էր եւ ներքին հակասութիւնները կը ջլատէին զինք։ Անիկա կը շարունակէր վարել Առաջին Համաշխարհային պատերազմը, որու պատճառով աւելի ու աւելի կը դժգոհէր ժողովուրդը։ Ռուսիոյ մէջ կը տարածուէր համազգային ճգնաժամը, որ կը շօշափէր ընկերվարական, տնտեսական եւ քաղաքական ոլորտները։ Արդիւնաբերութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը 1916-ին համեմատ նուազած էր 36 տոկոսով։ Աշնանը փակուած էին Ուրալի, Տոնպասի եւ այլ արդիւնաբերական շրջաններու աշխատավայրերու մօտաւորապէս կէսը, ստեղծելով զանգուածային գործազրկութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ կտրուկ սղած էին կեանքի պայմանները։ Աշխատաւորներու իրական եկամուտները իջած էին մինչեւ 1913-ին եղածին կէսը։ Ռուսիոյ պետական պարտքը 1917 Հոկտեմբերին բարձրացաւ մինչեւ 50 միլիոն րուբլի։ Երկիրը ինկաւ տնտեսական սնանկացումի մէջ։

Ձմեռային Պալատի Գրաւումը

Խմբագրել

Ապստամբութիւնը հիմնականին մէջ անարիւն եղած էր, աւարտական գրոհը եղաւ Ձմեռային պալատին վրայ, որուն թոյլ պաշտպանութիւնը կ'իրականացնէին 3000 քատեթներ, սպաներ, քազաքներ եւ կին զինուորներ։[1][2]: Գրոհը տեւեց ամբողջ օրը, մէկ կողմէն քանի որ հրետանին չէր գործածուած եւ քանի որ բոլշեւիկները կը վախնային բռնութիւններէ, երբ մինչ այդ ատեն ապստամբութիւնը խաղաղ բնոյթ կրած էր։ Ժամը 6:15-ին հրետանաւոր քատեթներու մեծ խումբ մը հեռացաւ պալատէն, տանելով իրենց հրետանին։ Ժամը 8-ին 200 քազաքներ նմանապէս դուրս ելան եւ վերադարձան իրենց պարաքները։ Այն ատենը, երբ պալատին մէջ ժամանակաւոր կառավարութեան աշխատակազմը կը քննարկէր իրավիճակը, բոլշեւիկները ներկայացուցին յանձնուելու վերջնագիրը։ Բանուորներն ու զինուորները գրաւեցին վերջին հեռագրակայանը եւ արտաքին աշխարհին հետ կառավարութեան կապը վերցուեցաւ: Մութը վրայ հասնելուն պէս ապստամբները գրեթէ առանց դիմադրութեան հանդիպելու մուտք գործեցին պալատ եւ գրաւեցին զայն։ Ժամը ինն անց քառասունհինգին «Աւրօրա» հածանաւը պարապ կրակ արձակեց ծովածոցէն, որպէս յեղաշրջումի յաղթանակի նշան։

 
«Աւրորա» հածանաւը, որ ազդարարեցաւ յեղաշրջումի աւարտը:

Փեթրոկրատի մէջ, խորհրդային իշխանութիւն հաստատուելէն յետոյ պոլշեւիկներու ձեռքը անցած է իշխանութիւնը Մոսքուայի մէջ (Նոյեմբեր), ապա՝ Ռուսաստանի կեդրոնական շրջաններուն (Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր)։ Սակայն կայսրութեան ծայրամասերը եւ ազգային տարածաշրջանները (Հիւսիսային Կովկաս, Ֆինլանտա, Ուքրաինա, Անդրկովկաս, Միջին Ասիա) խորհրդային իշխանութիւնը հաստատուած է աւելի ուշ։

Հետեւանքները

Խմբագրել
 
Յեղաշրջումին առաջնորդը Վլատիմիր Լենինը եղած է

ՌԽԴԸՀ-ի մէջ ստեղծուեցան առաջին կազմաւորումները՝ Թերեքի (կեդրոնը՝ Փեաթիկորսք), Տաւրիտայի (Սիմփերոփոլ), Տոնի (Տոնի Ռոսթով), Թուրքեստանի (Թաշքենտ), Քուպան-Սեւծովեան (Եկատերինոտար), Սթավրոփոլի Խորհրդային Հանրապետութիւնները։

Յունուար 21-ի (Փետրուար 3-ի) հրամանագիրով չեղարկուեցան ցարական եւ ժամանակաւոր կառավարութիւններու արտասահմանեան եւ ներքին փոխառութիւնները, նաեւ՝ այլ պետութիւններու հետ կնքուած պայմանագիրՆերը։

Պրեսթի խաղաղութեան պայմանագիրի արդիւնքով՝ Խորհրդային Ռուսիայէն անջատուեցաւ 56 միլիոն բնակչութիւնով (Ռուսիոյ Կայսրութեան բնակչութեան 1/3-ը) 780 հազ. քառ. ք.մ. տարածք, որտեղ կը գտնուէին մշակուող գիւղտնտեսական հողերու 27 %-ը, ամբողջ երկաթուղային ցանցի 26 %-ը, մանուածային արդիւնաբերութեան 33 %-ը, կը ձուլուէր երկաթի եւ պողպատի 73 %-ը, կ'արդիւնահանուէր քարածուխին 89 %-ը եւ կը պատրաստուէր շաքարի 90 %-ը։ Միեւնոյն ատեն Ռուսիան նշուած տարածքներէն հանեց իր բոլոր զօրքերը, իսկ Գերմանիան, հակառակը մտցուց եւ պահպանեց վերահսկողութիւնը Մոզունտի կղզաշարի եւ Ռիկայի ծովածոցին վրայ։ Ատկէ բացի, ռուսական զօրքերը պարտաւոր էին հեռանալ Ֆինլանտայէն, Ալանտի կղզիներէն, որ ՇուԷտի մօտ էր։ Կարսը, Արտահանը, Պաթումը փոխանցուեցան Թուրքիոյ։ 1918 Նոյեմբեր 13-ին Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Աւստրիա-Հունգարիոյ եւ Գերմանիոյ պարտութենէ յետոյ Պրեսթի պայմանագիրը Ռուսիոյ խորհրդային իշխանութիւնները չեղարկեցին։

Յեղաշրջում Եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն

Խմբագրել

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած Հոկտեմբերեան յեղաշրջումը ճակատագրական եղած է հայ ժողովուրդին համար։ Խաղաղութեան եւ Հողի մասին որոշումներու ընդունումէն յետոյ՝ ռուսական զօրքերը լքած են Կովկասեան ռազմաճակատը եւ Հայաստանը յայտնուած է թրքական զօրքերու ներխուժման իրական վտանգի առջեւ։

Դեկտեմբերի 29, 1917 -ին, Խորհրդային Ռուսաստանի ԺԿԽ-ն ընդունած է «Թրքահայաստանի» մասին որոշում, որ մնացած է անկատար։ 1918 Մարտին, Խորհրդային Ռուսիան՝ Գերմանիոյ եւ անոր դաշնակիցներու հետ կնքած է անջատ հաշտութիւն(Պրեսթի հաշտութիւն), որով Ռուսաստանի պոլշեւիկեան կառավարութիւնը, անտեսելով հայ ժողովուրդին կենսական շահերը, Գերմանիոյ պարտադրմամբ հրաժարած է ո՛չ միայն առաջին աշխարհամարտի ընթացքին ռուսական զօրքերու գրաւած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքէն, այլեւ Արեւելեան Հայաստանի մէկ մասէն(Կարսի եւ Արտահանի շրջանները)։

1920Նոյեմբերին, Խորհրդային Ռուսաստանին յաջողած է ստիպել Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեանը հրաժարիլ իշխանութենէն եւ զայն յանձնել հայ պոլշեւիկներուն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Beckett, p. 528.
  2. Rabinowitch Alexander (2004)։ The Bolsheviks Come to Power: The Revolution of 1917 in Petrograd։ Pluto Press։ էջեր 273–305 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։