Կողբ

գիւղ Հայաստանի Տավուշի մարզին մէջ

Կողբ, գիւղ Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը, մարզ կեդրոնէն 52 քմ. հիւսիս-արեւմուտք, սահմանամերձ գիւղ է, սահմանը հեռու է 4,7 քմ., Կողբ գետի ափին, Նոյեմբերեանէն 4 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ Երեւանէն 195 քմ.։ Կը համարուի Տաւուշի մարզի ամենամեծ գիւղական համայնքը։ Ներկայիս բնակչութիւնը՝ 4420 հոգի (2011)։ Հարեւան համայնքներն են Նոյեմբերեանը եւ Բերդաւանը։

Գիւղ
Կողբ
Երկիր  Հայաստան
ԲԾՄ 750 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 4420 մարդ (2011)[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00
Հեռախօսային ցուցանիշ (266 5)
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 58
Թուզլուճա (Կողբ)

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Գիւղը ունի յարմար աշխարհագրական դիրք եւ մեղմ կլիմա։ Գիւղի հարաւ-արեւմուտքը կը ձգուի Գուգարաց լեռնաշղթան՝ բաժնուած Կոտմանի լեռնաբազուկով։ Ծովի մակերեւոյթէն բարձրութիւնը 750 մեթր է։

Կլիման մեղմ է, ամրան եւ ձմրան ջերմաստիճանները՝ չափաւոր։ Տարեկան միջին ջերմաստիճանը կը կազմէ +13 °C, իսկ տեղումները 600-700 մմ.։ Գարունը կարճատեւ է եւ անձրեւային, աշունը՝ մեղմ ու տեւական։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Կողբափոր գաւառը գտնուած է Գուգարաց բդեշխութեան կազմին մէջ եւ հիմնուած է Մեծ Հայքի հիւսիսային սահմանները պաշտպանելու համար[2]։ Կողբ բառը հայերէն ամրոց բառի հոմանիշներէն է։

 
Կողբ գիւղի կեդրոնը

Կողբի՝ տարածաշրջանի եւ Հայաստանի հնագոյն բնակատեղի ըլլալու մասին կը վկայեն հազարամեակներու հնութիւն ունեցող պատմական յուշարձանները, հին բնակատեղիները, դամբարանները եւ պեղուած նիւթերը։ Կողբի մշակոյթի կեդրոնը կը գործէ Կողբի պատմութեան թանգարանը։

 
Կողբի N2 դպրոց

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ գիւղը գոյութիւն ունեցած է շատ աւելի վաղ ժամանակներէ։ Կողբափորի պատմութիւնը այնքան հին է, որ թերեւս կան հետքերը հեթանոսական ժամանակներու աւերուած կառոյցներու։

Հայաստանի մէջ առաջին գիւղական մշակութա-տնտեսական արտելը (ՀԷԿ, փայտամշակման միութիւն, սղոցարան՝ 1921-ին), առաջին գիւղական հիւանդանոցը (1920-ին) եւ փորձնական անտառտնտեսութիւնը (1922-ին) հիմնուած են Կողբի մէջ։ Մինչեւ 1928-ին դպրոցի շէնքի կառուցումը, Կողբի մէջ գործած է ծխական դպրոց, աւելի ուշ դասերը տեղի ունեցած են մասնաւոր տուներու մէջ։ Այդուհանդերձ գիւղին մէջ գիտակրթական մակարդակը եղած ու պահպանուած է բարձր հիմքերու վրայ։

Շուրջ 5100 բնակչութիւն ունեցող Կողբին մէջ կը գործէ երկու միջնակարգ դպրոց, երկու մանկապարտէզ, երկու գրադարան, մշակոյթի կեդրոն, գեղարուեստի դպրոց, երաժշտական դպրոց։ Կողբի մէջ կը գտնուին Նոյեմբերեանի անտառտնտեսութիւնը, զինուորական զօրամասը, «Զիկատար» անտառի ուսուցման տարածաշրջանային կեդրոնը եւ այլ արտադրական, գործակցական, հասարակական կազմակերպութիւններ։

Բնական ռեսուրսներ

Խմբագրել

Կողբը եւ իր շրջակայ տարածքները՝ անտառները, հարուստ են օգտակար հանածոներով՝ երկաթ, սնդիկ, Ciolite, իսկ անտառները՝ արքայախնձորով, նուշով, նուռով, ձիթապտուղով (տնային պայմաններու), լեմոնով, ընտանի խնձորով եւ այլն:

Համայնապատկեր

Խմբագրել
 
Կողբի համայնապատկեր

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Ըստ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներու 2012-ին համայնքի բնակչութիւնը կազմած է 4530 անձ։

Կողբի ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը[3].

Տարի 1831 1897 1926 1939 1959 1970 1979 1989 2001 2004 2012
Բնակիչ 592 2008 2423 2970 3165 4142 4421 5063 4610 4436 4530

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Բնակչութիւնը կը զբաղի անասնապահութեամբ եւ պտղաբուծութեամբ։

Մշակոյթ

Խմբագրել
 
Կողբի 1-ին փողոցին մէջ գտնուող քանդակ: Հեղինակ՝ Լեւոն Աբովեան

Կը գործէ Կողբի մշակոյթի կեդրոնը, գեղարուեստի դպրոցը, կը գործէ թատրոն եւ տիկնիկային թատրոն։

Պատմամշակութային կառոյցներ

Խմբագրել
 
Կողբի մշակոյթի կեդրոնի քանդակներէն

Մշկավանք

Խմբագրել
 
Մշկավանք

Գիւղի հարաւային մասին մէջ, 3 քմ. հեռաւորութեամբ, Կողբագետի աջ մասը՝ անտառապատ բլուրի բարձրադիր հարթակի վրայ, կառուցուած է Մշկավանք (Մշակավանք) եկեղեցին։ Պահպանուած են եկեղեցւոյ արեւմտեան ճակատին կից գաւիթը՝ արեւելեան՝ անկիւնային մասերու խուցերով։ Մշկավանքի կառուցման մասին ճշգրիտ թուային տուեալներ չկան, բայց առկայ է Վարդան Արեւելցիի յիշատակութիւնը 1219-ի երկրաշարժի մասին, ուր կը նշուի Մշկավանքի անուանումը։

Ագեղցի

Խմբագրել

Ագեղցի (5-7-րդ դար) Գիւղատեղի եկեղեցի։ Գիւղէն 2 քմ. հարաւ-արեւմուտք՝ Ագեղցի կոչուող հին գիւղատեղը կը պահպանուին եռանաւ եկեղեցւոյ դահլիճի կիսաւեր պատը, արեւելեան թեւը՝ կիսաշրջանաձեւ խորանով եւ կից աւանդարներով, միւս կողմերու պատերը՝ կէս բարձրութեամբ։ Եկեղեցին մուտքեր ունեցած է հարաւային եւ հիւսիսային կողմերէ։ Պատերու ոչ մեծ հաստութիւնը, կամարներու եւ թաղերու բացակայութիւնը, հիմք կու տան ենթադրելու, որ եկեղեցին եղած է փայտածածկ։

Սուրբ Աստուածածին

Խմբագրել

Սուրբ Աստուածածին, Կողբի կեդրոնական եկեղեցին, 5-րդ դար՝ պահպանուած են կիսաւեր խորանները եւ երեք գերեզմանաքար։ 1936-ին եկեղեցին քանդած են։

Տուարաեղցի (Տուարագեղցի)

Խմբագրել

Կողբի տարածքը հարուստ է յատկապէս միջնադարեան յուշարձաններով, այդ ժամանակներուն յատուկ կառոյց է «Տուարաեղցի» կոչուող պազիլիկ եկեղեցին, որ կիսաւեր վիճակի մէջ կը գտնուի հին գիւղատեղը՝ գետի ձախ ափին։ Կանգուն է արեւելեան պատը, խորանի գմբեթարդի զգալի մասով։ Միւս կողմերը պատերու մէկ մասը պահպանուած է տարբեր չափերով։ Եկեղեցւոյ շուրջը հին գերեզմանոց է։ Ճանապարհաշինութեան ժամանակ բացուած եւ ի յայտ են եկած քարարկղային գերեզմաններ։

 
Մշկավանքի նախանմոյշ, Կողբի պատմամշակութային նմոյշներու թանգարան, հեղինակ Սուրէն Աբովեան

Ամուրիներու Սար

Խմբագրել

Կողբի արեւմտեան բարձունքին վրայ կը գտնուի խաչարձաններով այս գերեզմանատեղին։ Այն կը հանդիսանայ 30 ամուրի կողբացիներու գերեզմանատեղին, որոնք կռուելով եւ փախուստի մատնելով լեզգիներուն՝ հետագային այդ նոյն սարին վրայ կը սպանուին համալրուած լեզգի հրոսակներու կողմէ։

Կողբի երկրորդ անյայտ եկեղեցին

Խմբագրել

Այս եկեղեցիի վերաբերեալ որոշ տեղեկութիւններ կան հայկական միջնադարեան արուեստին նուիրուած աշխատութիւններու մէջ: Եկեղեցին գտնուած է Կողբ գիւղի ներկայիս կեդրոնական հրապարակին մօտ 300 մեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք ինկած բարձրադիր մասի մէջ (Հրաչիկ Տիգրանի Աբովեանի (Ճուղուրանց) տնամերձ հողամասի մէջ, ուր այժմ անոր բակն ու օժանդակ շինութիւնն է): Յուշարձաններու պեղման աշխատանքներուն` 1939-40 թուականներուն ձեռնմուխ եղած է ճարտարապետական յուշարձաններու պահպանման հիմնարկի աշխատակից Հ. Եղիազարեանը, որ վերահաս պատերազմի հետեւանքով հնարաւորութիւն չէ ունեցած աւարտել զայն: Քանի որ եկեղեցին աւերուած է 1219 թուականին երկրաշարժին, ապա Հ. Եղիազարեանը եկեղեցիի 42 հատ զարդաքարերը տեղափոխած է Սանահինի Ամենափրկիչ եկեղեցի, ուր եւ մինչեւ հիմա անոնք կը պահպանուին: Պեղումներու արդիւնքներուն երեւած է, որ եկեղեցին եղած է միակապ թաղակապ դահլիճ, հարաւային կողմը` աւագ խորանին կից ունեցած է երկար ձգուած աւանդատուն, իսկ անոր արեւմտեան շարունակութեան վրայ` եկեղեցիին մնացած մասը բռնած է կամարակապ երկու բացուածքով արտաքին սրահը: Ներքինը եղած է սուաղուած եւ որմնանկարներով պատուած: Բացուած են մեծ թուով քանդակազարդ քարեր, խաչքարերու, կոթողներու բեկորներ, գիպսէ քանդակներու ձուլածոյ կտորներ եւ այլն: Պեղումներու սակաւ տուեալներով իսկ ենթադրելի է, որ Կողբի եկեղեցին իր հարաւային թեւի յօրինուածքով սերտ ընդհանրութիւն ունի Կողբափորին հարեւան Տաշիրի, ինչպէս նաեւ ներկայիս Վրաստանի տարածքին գտնուող սրահաւոր միանաւ յուշարձաններու հետ:

Հասարակական կառոյցներ

Խմբագրել
 
Կողբի մշակոյթի կեդրոնի շէնքը

Կողբը ունի դպրոց, բուժկէտ, մշակոյթի տուն, համայնքային կեդրոն, մանկապարտէզ, արուեստի դպրոց, երկրագիտական թանգարան։

Մարզանք

Խմբագրել

Կողբի մէջ մարզանքը միշտ եղած է բարձր մակարդակի վրայ։ Կողբէն են շարք մը աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեաններ՝ տարբեր մարզաձեւերու։

Կողբը եւ շրջակայ բնակավայրերը ներկայացնող Զիկատար-03 մանկապատանեկան խումբը 2017-2018 թուականներուն Բ լիկային դարձած է ախոյեան[4]:

Յիշարժան փաստեր

Խմբագրել
 
Հայրենական մեծ պատերազմին զոհուած զինուորներուն նուիրուած յուշարձան
  • Կողբ գիւղի կեդրոնական եկեղեցին կառուցուած է 5-րդ դարուն եւ ծառայած է Կողբի ու հարեւան գիւղի` Բերդաւանի ժողովուրդին: Եկեղեցին հարկադրաբար ծառայած է նաեւ այլ նպատակի, իբրեւ ուսումնարանի համար կրթական եւ այլն: 1928-ին գիւղի ղեկավարները քանդեցին եկեղեցին, իբր թէ պիտի կառուցեն դպրոցի երկրորդ յարկը եւ այդ այն պարագային, երբ Կողբը ունէր ինչպէս քարհանք, այդպէս ալ կրաքարի ու կղմինտրի գործարաններ:
  • Յունուար 1994-ի լոյս 14-ի գիշերը Կողբի թիւ 1 դպրոցէն անհետացաւ վերոյիշեալ եկեղեցւոյ հրաշք զանգը, որ ձուլուած էր Երեւանի մէջ 1700-ին եւ զանգի ձայնը լսելի էր 30 քմ. շառաւիղով, կշիռքը` 36 քկ.:
  • 16 Հոկտեմբեր 1921-ին կողբացի Նիկոլա Ջաղինեանը հիմնադրեց Հայաստանի առաջին փայտամշակման միախմբումը, որ սակայն 1982-ին թալանեցին եւ ան փակուեցաւ:
  • Մօտ 200 տարի Կողբի գիւղի գետի մէկ մասը ինքնահոս վտակով կը բարձրանար եւ կ՚ոռոգէր Կողբի եւ Բերդաւանի այգիները: Պատերազմէն ետք, 50-ականներուն գիւղի ղեկավարները այն քանդեցին եւ ջուրը սկսաւ հոսիլ Հայաստանէն դուրս:
  • Գիւղը ունէր իր սեփական բաղնիքը, այն սեփականաշնորհուեցաւ եւ փակուեցաւ: Նման բախտ ունեցան նաեւ այլ շինութիւններ:
  • «Տաւարաեղցի» միանաւ եկեղեցին գիւղացիներու աչքի առջեւ քանդուեցաւ եւ որոշ մարդիկ եկեղեցւոյ քարերով անասնագոմեր կառուցեցին:
  • Աւագի ձորէն մինչեւ անտառտնտեսութիւն տանող ճանապարհը ոչ երթեւեկելի դարձած է որոշ մարդոց ճանապարհի լայնութեան հաշուին կառուցած շինութիւններու պատճառով:
  • 1936-1940 թուականներուն գիւղի ղեկավարները անհատի պաշտամունքի քօղի տակ գիւղէն աքսորեցին 31 մարդու, որմէ` 4-ը գնդակահարուեցան Գիւմրի չհասած[5] :

Զիկատար

Խմբագրել

Նոյեմբերեանի Զիկատարը ծովու մակարդակէն ունի 1646 մեթր բարձրութիւն։ Զիկատարի ստորոտէն մինչեւ գագաթը ինկած հատուածին մէջ կան շատ անտառներ, վայրի կենդանիներ եւ միրգեր, իսկ լեռնալանջին գտնուող հնավայրերը կը յուշեն, որ տարածքը ժամանակին խիտ բնակչութիւն ունեցած է։ Անուան հիմքը ինկած են հայերէն զի (այս) եւ կատար (գագաթ) բառերը[6]։

Կողբի պատմութեան թանգարան

Խմբագրել

Կողբի պատմութեան թանգարանը հիմնուած է 1970-ին Սուրէն Աբովեանի կողմէ, որ կը ներկայացնէ Նոյեմբերեանին տարածաշրջանը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրեր։ Թանգարանը կը ցուցադրէ 1300 օրինակ ցուցանմոյշներ՝ սկսած պրոնզէ դարու ժամանակաշրջանէն։ Այնտեղ պահպանուող կաւէ ամանները եւ պրոնզեայ իրերը ունին 3000-3700 տարուան վաղեմութիւն։ Թանգարանը ունի վեց բաժին։ Այնտեղի ցուցանմոյշներէն առաւել հետաքրքիր են մետաղադրամները, Կողբի եկեղեցիներու նախանմոյշները, քանդակագործ Ժորա Ազարեանի 15 քանդակները, Մեծ Հայրենականի զոհուածներու, անյայտ կորածներու ու բռնադատուածներու լուսանկարները, կենցաղի մէջ օգտագործուող իրեր եւ այլն[7]։

Հացաբուլկեղէն եւ թխուածք

Խմբագրել
  • Բոքոն- Ցորենի ալիւրէ թխած կլոր հաց
  • Թոնրի հաց- Ալիւրէ թխած փոքր-ինչ կլորաւուն հաց, մատնաքաշ
  • Լաւաշ եւ լոշ- Երկու տեսակի է. լաւաշը՝ փուռին մէջ թխած՝ բարակ հաց է

Յղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հայաստանի 2011 թ. մարդահամարի արդյունքները
  2. Փաւստոս Բիւզանդ, Մովսէս Խորենացի՝ «Պատմութիւն Հայոց» 387 թ
  3. «Հայաստանի հանրապետութեան բնակավայրերու բառարան, էջ 112»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-12-ին։ արտագրուած է՝ 2013 Նոյեմբերի 10 
  4. «2017-2018»։ www.ffa.am։ արտագրուած է՝ 2018-10-17 
  5. Սուրէն Ա. Աբովեան՝ «Կողբ գիւղի պատմութիւնը», էջ 79
  6. Ռուսլան Մալինեան «Տեղանուանապատում», Երեւան, ՀԳՄ հրատարակչութիւն, 2013թուական, էջ 54
  7. Սուրէն Միրզոյեանի «Կողբափոր-Նոյեմբերեան․Անցեալը։Կեանքը։Կենցաղը»,Երեւան, 2007 թուական, էջ 125-126