Նոյեմբերեանը (հին անունը՝ Բարանա), քաղաք Հայաստանի Տաւուշի մարզի հիւսիսը, մարզկեդրոնէն 55 քմ[1] հիւսիս-արեւմուտք։

Քաղաք
Նոյեմբերեան
Զինանշան

Երկիր Հայաստան
Մարզ [[]]
Հիմնադրուած է՝ 898
Տարածութիւն 39.5 քմ²
ԲԾՄ 820 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 5310 մարդ (2011)
Ազգային կազմ Հայեր
Ժամային գօտի UTC+4
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 58
Պաշտօնական կայքէջ noyemberyan.am

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Կը գտնուի Երեւանէն 185 քմ [2] հեռաւորութեան վրայ։ Քաղաքի մօտ հայ-ազրպէյճանական սահմանը կը գտնուի։ Մօտակայքի գիւղերը Կողբը, Դովեղը եւ Ջուջեւանն են։ Նոյեմբերեանէն հարաւ կը գտնուի Ոսկեպարի լեռնաշղթայի լանջերը, հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն Գուգարաց լեռնաշղթան։ Մակերեսը՝ 28.93 քմ2։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Նոյեմբերեանը կը գտնուի ՀՀ հիւսիսարեւելեան լեռնային գօտիին մէջ, Գուգարաց լեռնաշղթայի արեւելեան լանջին՝ Այրում երկաթուղային կայարանէն 22 քմ հարաւ-արեւելք։ Ստոյգ տուեալներ չկան այս տարածքին մէջ հնագոյն բնակավայրերու վերաբերեալ, սակայն անոր անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող 13-րդ դարուն կառուցուած «Մշկավանքն» ու «Սուրբ Սարգիս» եկեղեցին, «Ղարիչաքար» ամրոցը կը յուշեն, որ այս տարածքը հին ժամանակներուն եւս բնակեցուած է։ Հնագիտական ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն, որ Նոյեմբերեանի տարածքին մարդը բնակած է հին քարէ դարէն։ Նոյեմբերեանէն մօտ 5 քմ արեւմուտք կը գտնուի Սրոցահանք հանդամասը, ուր անցեալին սրոցաքար արտահանած են Պարսկաստան եւ Թուրքիա։

Հին ժամանակներուն Նոյեմբերեանի տարածքը մտած է Մեծ Հայքի Գուգարք նահանգի, 10-րդ դարու եւ 12-րդ դարու սկիզբը՝ Տաշիր-Ձորագետի (Կիւրիկեան) թագաւորութեան կազմին մէջ։ 11-րդ դարու վերջը եւ 12-րդ դարու սկիզբը Կիւրիկեան թագաւորութիւնը նուաճեցին սելճուկները եւ Նոյեմբերեանի տարածքը միացուեցաւ Գանձակի ամիրայութեան։ 1118-1124 թուականներուն վրաց Դաւիթ Շինարար թագաւորը տարածքը վերագրաւած է սելճուկներէն եւ միացուցած Վիրքին։ 1236-էն նուաճուեցաւ մոնկոլներու կողմէ։ 1801-էն Նոյեմբերեանի տարածքը միացաւ Ռուսաստանին։ 19-րդ դարուն այն կը մտնէր Ելիզաւետպոլի նահանգի Ղազախ գաւառին մէջ, 1920-29 թուականին՝ Լոռի-Փամբակի գաւառին մէջ։ 1938-էն Նոյեմբերեանը համանուն վարչական շրջանի կեդրոնն է։

Աւանդութիւն

Խմբագրել

Ժամանակին Ապարանէն այստեղ գալով՝ բնակութիւն կը հաստատեն քանի մը հայ ընտանիք։ Մօտակայ գիւղերու բնակիչները նորեկներուն կը հարցնեն՝ «Էդ որտեղից էք եկել»։ Անոնք կ՚ըսեն՝ Ապարանա։ Անկէ ետք գիւղի անունը կը մնայ Բարանա[3]։

Պատմամշակութային կառոյցներ

Խմբագրել

Շրջակայքին մէջ կան եկեղեցիներ, գիւղատեղի, գերեզմանոց, Ք.Ա 2-հազարամեակի դամբարաններ։ Նոյեմբերեանէն 2 քմ հիւսիս-արեւելք կը գտնուի պարսպապատ, առանց քարաբուրգերու, «Բերդաղ» կոչուող կիկլոպեան ամրոցը։ Ունի 1 հեքթար տարածք։ Մուտքը կը գտնուի հարաւ-արեւելեան մասը, երկու աշտարակներու միջեւ։ Ներսի կլոր կացարանները ունին քառանկիւնի օժանդակ կառոյցներ։ Նոյեմբերեանի մօտ, դժուարամատչելի բարձունքի մը վրայ պահպանուած է «Մրաղանց Արեգունի» կիկլոպեան ամրոցը, ուր յայտնաբերած են մետաղաձուլական յարմարանքներ։ Մօտ 50 մ հեռաւորութեամբ կան մետաղի հանքախորշեր։ Ամրոցին մէջ յայտնաբերուած են պրոնզէ մատանի, ապարանջան, սեւ խեցանաթ, խեցեղէն բեկորներ։ Նոյեմբերեանի հիւսիսային կողմը կը գտնուի «Թփի դաշ» (Ք.Ա. 2-րդ-1-ին հզմ.) կիկլոպեան ամրոցը։ Երեք ամրոցներն ալ կը պատկանին Ք.Ա. 1 հազարամեակին։

Նոյեմբերեանը ունի 1903-ի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։ Քաղաքի շրջակայքը կան զանազան հնութիւններ՝ հս. մասին մէջ «Թփի դաշ» ամրոցը, 2 քմ հիւսիս-արեւելք՝ Բերդատեղի ամրոցը, 2 քմ հարաւ-արեւմուտք «Ջուխտակեղցի» եկեղեցին (13-14 դարեր)։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Նոյեմբերեանի ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը[4].

Տարի 1831 1897 1926 1939 1959 1970 1980 1989 2001 2004 2015
Բնակիչ 294 1197 1901 2655 3138 4330 5115 6116 5486 5500 5000
Տարի Բնակչութիւն
2011 5310 մարդ

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Բնակչութիւնը կը զբաղի անասնապահութեամբ եւ այգեգործութեամբ։ Յայտնի է իր դեղձով։ Կարեւոր դեր ունի կաթնամթերքի, յատկապէս պանիրի արտադրութեան մէջ։

Օգտակար հանածոներ

Խմբագրել

Նոյեմբերեանի տարածքին կան երկաթի բովեր, պղինձի երեւակումներ, սպիտակ ֆելզիտի պաշարներ եւ հանքային ջուրեր։

Առողջապահութիւն

Խմբագրել

2010-ին Հայաստան համահայկական հիմնադրամը իր Գերմանիոյ, Աւստրալիայի, Լիբանանի, Զուիցերիոյ տեղական մարմիններու եւ Լիբանանի վարչապետ (2009-2011) Սաատ Հարիրիի ֆինանսաւորումով հիմնանորոգած է Նոյեմբերեանի քաղաքային հիւանդանոցը[5]։

Հասարակական կառոյցներ

Խմբագրել

Նոյեմբերեանի մէջ կը գործեն հիւրանոցներ, ճաշարաններ, երկու եկեղեցիներ, մէկ հիմնական եւ մէկ աւագ դպրոցներ, երաժշտական, գեղարուեստի եւ մարզական դպրոցներ, 2 մանկապարտէզ, «Սարգիս Զուրաբեանի» անուան նախակրթական վարժարան, «Յոյսի կամուրջ» ՀԿ Նոյեմբերեանի մ/ճ-ը, մշակոյթի տուն, կինոթատրոն, հեռուստաընկերութիւն, բժշկական կեդրոն, կապի հանգոյց։

Մարզանք

Խմբագրել

Նոյեմբերեանը աւանդաբար աշխոյժ դերակատարում ունեցած է հայկական մարզանքի զարգացման մէջ։ Նոյեմբերեանի մէջ տարածուած մարզաձեւերն են ըմբշամարտը, վոլէյպոլը, արեւելեան մարտարուեստի տարբեր ոճերը, շախմատը եւ այլն։

Տես նաեւ

Խմբագրել

Յղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Նոյեմբերեան — Իջեւան, հեռաւորութիւնը քաղաքների միջեւ (քմ, MI), Վարորդական ուղղութիւններ, ճանապարհ»։ am.toponavi.com։ արտագրուած է՝ 2017-12-15 
  2. «Նոյեմբերեան — Երեւան, հեռաւորութիւնը քաղաքների միջեւ (քմ, MI), Վարորդական ուղղութիւններ, ճանապարհ»։ am.toponavi.com։ արտագրուած է՝ 2017-12-15 
  3. Արամ Ղանալանեան (1969)։ Աւանդապատում։ Երեւան: Հայկական ՍՍՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտ 
  4. «Հայաստանի հանրապետութեան բնակավայրերի բառարան, էջ 184»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-12-ին։ արտագրուած է՝ 2014 Մայիսի 22 
  5. «Վերանորոգուել է Նոյեմբերեանի հիւանդանոցը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2021-07-19