Մատթէոս Ուռհայեցի

Մատթեոս Ուռհայեցի (ԺԱ դ․ 2-րդ կէս- մօտ 1144 թ․), հայ ժամանակագիր։

Մատթէոս Ուռհայեցի
Ծնած է 11-րդ դար
Ծննդավայր Եդեսիա, Բիւզանդական Կայսրութիւն
Մահացած է 1144
Մահուան վայր Եդեսիա, Զանգիներու ամիրայութիւն
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն ժամանակագիր, պատմաբան

Ծնած, ապրած եւ գործած է Եդեսիոյ մէջ Ուռհա, ուրկէ առած է Ուռհայեցի կոչումը։

Ծննդեան ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ։ Ծնած պէտք է ըլլայ ժԱ. դարու կէսին 1050–ական թուականներուն ու վախճանած՝ 1136-1144 թուականներու միջեւ, վասնզի իր գործը կը հասցնէ մինչեւ 1136 թուականը եւ չի յիշատակէր Ուռհայի գրաւումը, որ տեղի ունեցած է 1144-ին։ Կարծիք կայ, որ ան զոհուած ըլլայ Նուր էտ-Տինի հայր Իմատ-էտ-Տին Զանգիի կողմէ՝ 1144 թուականին, Ուռհայի գրաւման ժամանակ։ Իր գործէն դատելով եղած է համեստ ուսման տէր հոգեւորական մը։ Իր գործունէութեան կեդրոնը եղած է Ուռհան, որուն վանքերէն մէկուն՝ Կարմիր վանքի մէջ, եղած է երէց վանական։

Իրմէ մեզի հասած է կարեւոր գործ մը՝ իր ժամանակի համար նորագոյն ձեւի պատմագրութիւն կամ ժամանակագրութիւն մը։ Ուռհայեցիի ժամանակագրութիւնը իբր նիւթ ունի 952-1136 թուականներու միջեւ եղած ժամանակաշրջանի պատմութիւնը։ Գրուած է ժամանակագրական կամ տարեգրական ձեւով, միայն թէ՝ բարեբախտաբար, հեղինակը շարք մը դէպքերու եւ անձերու մասին ունի ընդլայնումներ եւ սեփական կեցուածք որոնցմով իր գործը կը ստանայ նախորդ շրջաններու պատմագիրներու գործերուն խորքը։ Իր գործին նուիրուած է 8 տարիներ։ Իր պատմագրելու եղանակը սիրուն ձեւով նմանցուցած է ծիծեռնակի բոյն շինելուն, այսինքն՝ շիւղ առ շիւղ աճող բոյնին, որ սակայն ամուր կերպով միահիւսուած։

Իր գործը բաժնուած է երեք մասերու.-

Ա.- 952-1051 թուականներու դէպքեր

Բ.- 1051-1101 թուականներու դէպքեր

Գ.- 1101-1136 թուականներու դէպքեր

Գործը ունի չորրորդ մաս մըն ալ 1137-1162 թուականներու դէպքերու մասին, որ շարունակած է գրել Գրիգոր երէցը։ Իր պատմագրութեան նիւթին շրջագիծը կ'իյնայ Միջագետքի, Փոքր կամ արեւմտեան Հայքի եւ Կիլիկիոյ վրայ։ Ուռհայեցի իր գործը գրած է դէպքերը դիտելով Ուռհայէն, ուր ան կ'ապրէր եւ որ գրեթէ կեդրոն էր վերոյիշեալ շրջաններուն։ Բարեբախտաբար հեղինակը վերոյիշեալ ժամանակներու եւ շրջաններու միմիայն հայկական դէպքերը չէ որ մատուցած է, այլ նաեւ շրջակայ ազգերու՝ յոյներու, խաչակիրներու, արաբներու, սելջուկներու իրադարձութիւնները։

Մատթէոս Ուռհայեցին թէեւ ապրած է ու ստեղծագործած՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենածանր ժամանակաշրջանին՝ հայոց պետականութեան ոչնչացման, հարազատ ժողովուրդի օտար տիրակալներու ծանր լուծի տակ իյնալու ժամանակաշրջանին, այնուամենայնիւ, չէ յուսահատած, ան զարմանալի կերպով լեցուած է լաւատեսութեամբ, համոզուած է, որ դեռ կու գան լաւ օրեր՝ «լաւ ժամանակներ» ու այդ գիտակցութեամբ է, որ ան կը գրէ ու սերունդներուն յիշատակ կը ձգէ իր երկը։

Մատթէոս Ուռհայեցիի «Ժամանակագրութիւնը» շարունակած է Գրիգոր Երէցը, հասցնելով այն մինչեւ 1162-1163 թուականներուն, անոր մասին գիտենք, որ Քեսունցի երէց էր։ 1137-1138 թուականներուն Քեսունի վրայ Մելիք–Մահմետի յարձակման մասին գրելու ժամանակ Գրիգոր Երէց ըսած է. «Ես նուաստ երէց Գրիգորս սրտապնդում էի (քաղաքացիներին) աչալրջօրէն պահպանել քաղաքը»։

Աշխատութիւններ Խմբագրել

Գրականութիւն Խմբագրել