Բարսեղ Կանաչեան

Բարսեղ Կանաչեան (17 Ապրիլ 1885(1885-04-17)[1], Թեքիրտաղ, Ատրիանուպոլսոյ նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3] - 21 Մայիս 1967(1967-05-21)[1][2][3], Պէյրութ, Լիբանան[2][3][4]), տաղանդաշատ խմբավար, յօրինող եւ երաժշտական-հասարակական գործիչ։

Բարսեղ Կանաչեան
Ծնած է 17 Ապրիլ 1885(1885-04-17)[1]
Ծննդավայր Թեքիրտաղ, Ատրիանուպոլսոյ նահանգ, Օսմանեան կայսրութիւն
Մահացած է 21 Մայիս 1967(1967-05-21)[1][2][3] (82 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան[2][3]
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Կրօնք Քրիստոնեայ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Մեր Հայրենիք
Մասնագիտութիւն երգահան, խմբավար, հասարակական գործիչ
Աշխատավայր Գուսան (Կանաչյանի երգչախումբ)?[2]
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն[2]

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Բարսեղ Կանաչեան ծնած է 1885-ին, Ռոտոսթօ (Թեքիրտաղ), արեւելեան Թրակիա, կօշկակարի մը տան մէջ։

Երեք տարեկանին կը մեկնի Պոլիս եւ կը յաճախէ Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարանը: 90-ական թուականներուն կը գաղթէ Պուլկարիա եւ կը շարունակէ ուսումը։ Վառնայի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով Մեծիկեանի եւ պարսկահայ ջութակահար Նաթան բէկ Ամիրխանեանի: Վառնայի մէջ կ'աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւ գրագիր։ 1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի Պուքրէշ, ուր ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար Ժորժ Պույուքի քով։ Կանաչեանի ընդունակութիւնները նկատելով, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել: Կը սկսի երգել եկեղեցիներու մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին: Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէ ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ'անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը՝ 1913-էն 1915:

Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը Խմբագրել

Պատկեր:Parsegh Ganachian With Gomidas and his friends.jpg
Բարսեղ Կանաչեան Կոմիտասի եւ ընկերներուն հետ

Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի Կոմիտաս վարդապետին եւ ներկայ կ'ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ'անդամակցի իբրեւ «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ'ընտրէ իբրեւ սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ'իջնէ 5-ի։ Անոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ Ա. Համաշխարհային պատերազմին կը զինուորագրուի եւ 1914-1918-ին, իբրեւ թրքական բանակի զինուոր, կը գտնուի Հալէպ: Հրաշքով կը յաջողի հետաքրքրութիւն ստեղծել բարձրաստիճան թուրք զինուորականներու մօտ իր սիրելի նուագարանով: Կանաչեան իր ջութակով զանոնք կը դիւթէ հայկական եւ քրտական պարեղանակներով (այս վերջինները ան սորված էր Ճապաղջուրի մէջ քիւրտ երգիչէ մը): Այսպէս, ան կը խուսափի Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, մինչեւ որ կ'աքսորուի Տիգրանակերտ, ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի Հալէպ[5], ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ, գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ'անցնի Կիլիկիա, ուր համերգներ կու տայ, ապա կը մեկնի Պոլիս։

 

Կոմիտասի սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «Կոմիտաս Սանուց Միութիւն»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը: Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն՝ «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար:

Կոմիտասի սաները Փարիզ կը ղրկուին իրենց ուսումը կատարելագործելու համար։ Կանաչեան 1921-ին կը մեկնի ֆրանսական մայրաքաղաքը, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսման հետեւելով Ռընէ Լընորմանի դասընթացքներուն։ Կանաչեան Փարիզէն կ'անցնի Եգիպտոս, ուր համերգներ կու տայ: Հոն կը գրէ «Տալիլօ»ն: Երաժշտական գործունէութիւն կունենայ նաեւ Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ 1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Համերգային ելոյթներով կը շրջի Դամասկոս, Թրիփոլի, Զահլէ, Լաթաքիա, Ալեքսանտրէթ, Հալէպ եւ այլն:

Կանաչեան երկար տարիներ մանկավարժ, երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ։ Ան իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած է հայ երաժշտութեան, տարածելով կոմիտասեան սկզբունքները, իր արժանաւոր տեղը գտնելով երաժշտութեան գանձարանէն ներս: Ստեղծագործած է խմբերգներ ու մեներգեր: Կատարած է նաեւ ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու մշակումներ, յօրինած է մանկական երգեր ու դաշնամուրային գործեր:

Կանաչեանի գործերը Խմբագրել

Գրած է «Վարդերի հետ» ինչպէս նաեւ մեղեդիներ, խմբերգներ եւ նուագախմբային հատուածներ, որոնց թիւը կը հասնի 25-ի: Ունի մանկական երգերու շարք մըն ալ, որոնցմէ 20-ի չափ հրատարակուած են առանձին գրքոյկով: Ան արաբական ժողովրդական երգեր ալ դաշնաւորած է առաջին անգամ ըլլալով: «Աբեղան» օփերան կը համարուի անոր գլխաւոր ստեղծագործութիւններէն մին, Մատթէոս Զարիֆեանի «Խենթը» բանաստեղծութենէն ներշնչուած մեներգը, Մեներգերուն ամէնէն նշանաւորը կը համարուի «Օրօր»ը, որուն մեղեդին սրտառուչ յօրինումը երգչախումբի ընկերակցութեամբ քաղցրօրէն հիւսուած շեշտ մը ունի: Մեներգերէն են նաեւ՝ «Ծով Աչեր», «Պճինկօ», «Ցայգերգ», «Ալվարդի երազը» եւ «Ծիծեռնակ»: Առաջին խմբերգներէն են՝ «Տալիլօ», «Հոյ Նար», «Վարդերի հետ», «Մարալօ», «Հելէ-Հելէ», «Շուշօ», «Գորանի», եւ «Նեննիր Նայ» խմբերգները: Իսկ երկրորդներէն՝ «Լուսնակն ելաւ»,«Խնճոյք», «Ռազմերգ», «Կամաւորներու Քայլերգ», «Սօսին», «Հոփ Կիւլիզար», «Հայրենի Կարօտ», «Գարուն Եկաւ», «Կամերգ» եւ վերջապէս «Նանօր» վիպական - ողբերգական բնոյթի խմբերգային պատկերը, որ կը նկարագրէ դէպի Ս. Կարապետ ուխտագնացութիւնը[5][6]:

Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Կանաչեան սերտօրէն կապուած է ազգային երգարուեստին: Ան ընդհանրացումներ կատարած է օգտուելով գեղջկական եւ գուսանական երգերու տարբեր յատկանիշներէն ու արտայայտութեան միջոցներէն: Յատկապէս խմբերգներու պարագային օգտագործած է բազմաձայնութեան ոճական ուղղութիւնը:

Պէյրութի մէջ Խմբագրել

1936-ի վերջերը Պէյրութի մէջ Կանաչեանի աշակերտները կը կազմեն «Գուսան» երաժշտական միութիւնը[7], որ կ'աջակցի Կանաչեանին վարչական գործերուն մէջ։ 1933-46 շրջանին Կանաչեան իր «Գուսան» երգչախումբով ամէն տարի կանոնաւոր կերպով տուած է մէկ կամ երկու մեծ համերգներ Պէյրութի մէջ, մէկ կամ երկու համերգներ Պէյրութի արուարձաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայաշատ կեդրոնները՝ Հալէպ, Պիթիաս, Սօուք Օլուգ, Դամասկոս, Թրիփոլի, Լաթաքիա եւ Զահլէ արժանանալով հայ եւ օտար հասարակութեան գնահատանքին։ Հայ եւ արաբ մամուլը բազմաթիւ սիւնակներ նուիրած է Կանաչեանի արուեստին եւ անոր միջոցաւ հայ մշակոյթին։ Կանաչեան նոյն ատեն երաժշտութեան ուսուցիչ եղած է Ս. Նշան Ազգ. վարժարանին եւ Հայ ճեմարանին մէջ։ Ունեցած է բազմաթիւ աշակերտներ՝ ջութակի, դաշնակի եւ հարմոնիի։

Շրջան մը Կանաչեան հետաքրքրուած է լիբանանեան ժողովրդական գեղջուկ երգերով: Պհամտուն գիւղին մօտերը, ամառնային իր արձակուրդներուն, ան գտած է արաբ երգիչ մը եւ անկէ քաղած` «Աալա տալօունա»-ի, տիւրզի գիւղի մը «Տըպըք-տըպըքի»-ն, «Զահլէ աարուս ըմզայանէ»-ի, պետեւի ցեղախումբին «Պէքինա»-ին երգն ու բառերը: Բազմաձայնած է անոնցմէ քանի մը հատը[8]:

1945-ին կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը՝ աչքի ջիղերուն քայքայումին հետեւանքով։ Կը հաստատուի Պաղտատ, ուր կը մահանայ[4][9]:

1947-ին, Պէյրութի մէջ կը ստեղծուի «Յոբելենական կեդրոնական յանձնախումբ»-ը, որուն նախաձեռնութեամբ կը հրատարակուին Կանաչեանի գործերը տասը պրակներով:

Կանաչեանի անունով կը կոչուի Պէյրութի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Faceted Application of Subject Terminology
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 3,6 3,7 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1.
  4. 4,0 4,1 «50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1967)»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-05-22։ արտագրուած է՝ 2021-05-17 
  5. 5,0 5,1 «Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով*»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-03-14։ արտագրուած է՝ 2020-12-18 
  6. ««Գուսան» Ու Բարսեղ Կանաչեան»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-03-17։ արտագրուած է՝ 2020-12-18 
  7. «Ամսուան Դէմքը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26 
  8. Բ. Կանաչեան
  9. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 175։