Նշան Փալանճեան Ճեմարան

Նշան Փալանճեան Ճեմարան, հայկական կրթական հաստատութիւն, Պէյրութ, Լիբանան։

Պատմական Խմբագրել

Հայ Ճեմարան Խմբագրել

 
Լեւոն Շանթ
 
Նիկոլ Աղբալեան

Գահիրէի մէջ, 28 Մայիս 1928-ին, կը հիմնուի «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւն»ը[1], որուն նպատակն էր Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթին ջահը վառ պահել, դպրոցներու, հրատարակութիւններու, մշակութային եւ գեղարուեստական գործունէութեամբ [2]։ Այս նպատակով, Պէյրութ (Լիբանան), կու գան Լեւոն Շանթ[3][permanent dead link] եւ Նիկոլ Աղբալեան[4] ու Միութեան հիմնադրումէն երկու տարի ետք, 3 Մարտ 1930-ին կը բացուի «Հայ Ճեմարան»ը՝ Պէյրութի Քանթարի փողոցին վարձու շէնքի մը մէջ, 15 աշակերտներով:

Լ․ Շանթ եւ Ն․ Աղբալեան իրենց շուրջը կ'ունենան խումբ մը աղքատիկ, սակայն լոյսի եւ ուսման սիրահար տղաք։ Լեւոն Շանթ դպրոցին տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ։ Իրեն անմիջական գործակից կ'ունենայ Նիկոլ Աղբալեանը եւ երկուքին աշխատակից՝ Գասպար Իփէկեանը։

1930-ի Աշնան վերամուտին, աշակերտութեան թիւը կը հասնի 63-ի։

Դպրոցը շուտով կը փոխադրուի Ուատի Ապի-Ժեմիլ փողոցը, աւելի ընդարձակ շէնքի մը մէջ։ Յունիս 1935-ին, կու տայ իր առաջին շրջանաւարտները։

Առաջին տարիներուն Ճեմարանը կը գործէ համեստ պայմաններով, սահմանափակ աշակերտութեան թիւով եւ ընդարձակման հնարաւորութիւններով։ Սակայն հետզհետէ պահանջը կը զգացուի նոր եւ ընդարձակ դպրոցի մը կառուցման։

1948-ին, Պէյրութի կեդրոնի Զոքաք Էլ Պլաթ թաղին մէջ, Հուսէյն Պէյհում փողոցին վրայ, կը գտնուէր հսկայ կալուած մը. շնորհիւ բարերար Նշան Փալանճեանի քոյրերուն կատարած 20․000 սթերլինի (այդ օրերուն համար մեծ գումար) նուիրատուութեան եւ տնօրէն՝ Լեւոն Շանթի Ամերիկայէն հանգանակած 127․00 տոլարի գումարին[2]։

«Նշան Փալանճեան» Ճեմարան Խմբագրել

Յունիս 1950-ին, Զոքաք Էլ Պլաթի կալուածին մէջ, կը կատարուի նոր շէնքին հանդիսաւոր բացումը։ Հաստատութիւնը, այդ օրէն սկսեալ կը կոչուի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան [3][1][2]։

 
Սիմոն Վրացեան
 
Մուշեղ Իշխան

Լ․ Շանթին կը յաջորդէ Սիմոն Վրացեան (Հ․Հ․ ժամանակի գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարար, Նոյեմբեր 1920-ին Հ.Հ. կառավարութեան վարչապետ)։ Անոր օգնականները կը հանդիսանան Ճեմարանի անդրանիկ շրջանաւարտներէն, հանրածանօթ մտաւորականներ ու կրթական գործիչներ՝ Մուշեղ Իշխան եւ Գառնիկ Բանեան։[4][5][6][7][8]

1957-ին կը բացուին տպարանը, գրատունը, սրահը, թանգարանը եւ մատենադարանը։ Գիշերօթիկ աշակերտ-ուսանողներուն բաժինը կ'ունենայ իր յարկը, որ կը հիւրընկալէ Սփիւռքի տարածքէն, Պոլիսէն մինչեւ Մեքսիքօ, Յունաստանէն՝ Ամերիկա եւ Ափրիկէէն՝ Սուրիա, աշակերտներ[9]։ Անոնց անխոնջ հոգատարը կը հանդիսանայ՝ գուրգուրոտ «հայր»ը, Սըրը (այդպէս կ'անուանէին զինք աշակերտներն ու գիշերօթիկները) [10][11]եւ Ճեմարանը կը դառնայ երկրորդական վարժարան ու կը լրացնէ այդ ժամանակի արդիական մանկավարժական բոլոր պայմանները [12]։


Սիմոն Վրացեանի հիւանդութեան պատճառով, 1968-ի Աշնան, տնօրէն կը նշանակուի Հրաչ Տասնապետեանը։[1][2]։

Թափ կը տրուի նոր շէնքերու կառուցման։

Շէնքերու Կառուցում Խմբագրել

  • 1953-ին, Ճեմարանի թիւ 1 շէնքին կողքին, կը բարձրանայ դպրոցական քառայարկ թիւ 2 շէնքը։
  • 1957-ին, դպրոցական կարիքներուն գոհացում տալու նպատակով, Սիմոն Վրացեան Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաները եւ Պարսկաստան կը ճամբորդէ։ Հանգանակուած գումարով կը կառուցուի թիւ 3 շէնքը․ Ճեմարանի գլխաւոր մուտքին վրան։
  • 1967-ին, թիւ 3 շէնքին 5-րդ յարկին վրայ կը կառուցուին գիտական արդիական աշխատանոցներ, նոր յարկեր կ'աւելնան թիւ 1 եւ 2 շէնքերուն վրայ։ Այս բոլորը կը կատարուին շնորհիւ զանազան նուիրատուներու եւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան առատաձեռն օժանդակութեան։
  • 1968-69 դպրոցական տարեշրջանէն ետք, կը կատարուին կարգ մը փոփոխութիւններ թիւ 2 շէնքին եւ Ճեմարանի «Հայ Օգնութեան Միութեան Մանկապարտէզ»ը կը դառնայ արդիական եւ մանկավարժական որակաւոր կազմով Ճեմարանին պարծանքը[13][14]։
  • 1973-ին Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը կը գերազանցէ 1000-ը։

Նոր ծրագիրներ կը մշակուին կրթական-մշակութային համալիր մը կառուցելու նպատակով, Մըզհերի բարձունքին վրայ (Պէյրութէն 5 քմ․ հեռու դէպի հիւսիս, Անթիլիաս, Լիբանան (հայացուած՝ Ծաղկաձոր))[15]:

«Նշան Փալանճեան» Ճեմարանը նեղ կու գայ հազարը գերազանցող աշակերտութեան եւ երկրորդ Ճեմարանի մը կառուցումը հրամայական կը համարուի այդ օրերուն: Ներկայ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին հողը կը սեփականացուի 1973-74 տարիներուն, սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը խանգարէ կառուցման աշխատանքները, մինչեւ որ հայութեան տեղափոխութիւնները (հեռանալ Պէյրութի կեդրոնէն անապահովութեան եւ ռմբակոծումներուն պատճառով) կրկին անհրաժեշտ կը դարձնեն Ծաղկաձորի բարձունքին նոր Ճեմարանի մը անյապաղ կառուցումը: Հիմնարկէքը թէեւ կը կատարուի Մայիս 1977-ին, սակայն շինարարական աշխատանքները կը սկսին 1986-ին:

«Նշան Փալանճեան» Ճեմարանին Կրթական, Վարչական Եւ Հրատարակչական Բաժինները Խմբագրել

  • Թիւ 1 շէնքին առաջին յարկը յատկացուած էր վարչական բաժինին։ Հոն կը գտնուէին նաեւ աշակերտական գրադարանը եւ հայագիտական մատենադարանն ու ընթերցասրահը։
  • Երկրորդ յարկը կը գրաւէր Միջնակարգ բաժինը՝ Միւթէվէլեան սրահին շուրջ։
  • Երրորդ յարկը՝ երկրորդական բաժինը, Արիստակէս Յակոբեան սրահով։
  • Շէնքին ճակատին (իր գլխաւոր մուտքով) դիմացը կը գտնուէր Ճեմարանին Պարտէզը, իսկ աջ կողմը՝ շրջափակին վերի մասը․ ետեւը (լայնքին) կը գտնուէր մարզադաշտը, որ քանի մը ցած ու լայն աստիճաններով կը միանար շրջափակին։
  • Թիւ 2 շէնքին առաջին երեք յարկերը կը գրաւէր Նախակրթարանի բաժինը։
  • Առաջին յարկին կը գտնուէր նաեւ աշակերտական ճաշասրահը։
  • 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ յարկերը կը գրաւէր Մանկապարտէզը, օժտուած բաց սոլարիոմ-խաղավայրով, ընդարձակ սրահով, վերելակով եւ այլ արդիական յարմարութիւններով։
  • Շէնքին լայն ճակատը կը նայէր մարզադաշտին։
  • Թիւ 1 շէնքը (հորիզոնական ուղիով) ձախէն կը միանար թիւ 2 շէնքին (ուղղահայեաց ուղիով), կազմելով յունական «Γ» գիրը. անոնց միջեւ կը գտնուէր մարզադաշտը։
  • Թիւ 3 շէնքին գետնայարկը կը գտնուէր տպարանը:
  • Շէնքին մուտքին ձախին կար գրատունը։
  • Մնացեալ յարկերուն վրայ, յաջորդաբար կը գտնուէին մեծ սրահը (զատ մուտք՝ Պարտէզին դիմաց), գիշերօթիկներուն ճաշարանը (խոհանոց եւ ճաշասրահ) ու «Մարտիկեան» թանգարանը: Գիշերօթիկները ունէին ընդարձակ սենեակներ: Վերի յարկին՝ գիտական արդիական աշխատանոցները եւ 1978-79 տարեշրջանէն Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասարաններ մինչեւ 1985 լիբանանեան պատերազմի ծանր տարիներ:
  • Թիւ 3 շէնքը մէկ կողմէն կը նայէր Հուսէյն Պէյհում փողոցին, իսկ կալուածէն ներս՝ Պարտէզին, շրջափակին, զբօսայգիին եւ թիւ 1 եւ 2 շէնքերուն։

Յարակից Հիմնարկութիւններ - Միութիւններ Խմբագրել

Գրադարան եւ Հայագիտական Մատենադարան- Ճեմարանին հիմնադրութեան օրերէն իսկ կը սկսին գործել դպրոցին գրադարանն ու մատենադարանը։ 1973-ին կը հաշուէին 25․000 հատորներ եւ հայ մամուլի հաւաքածոներ։ 2018-ին՝ 40․000-է աւելի[16]։

Գրատուն - 1931-ին Ճեմարանին մէջ կը բացուի Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան տպարանը, որ կը սկսի գործել միեւնոյն տարին։

1965-ին տպարանը Վահէ Սէթեանի անձնական ներդրումով կ'օժտուի արդիական կազմածներով եւ կ'անուանուի Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան։ 1989-ին կը փոխադրուի Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» Կեդրոնը։

Լսարանական Միութիւն - Լսարանական Միութեան կ'անդամակցին Թ․ - ԺԲ․ դասարաններուն աշակերտ-աշակերտուհիները։ Անոնք գործակցելով կ'իրականացնեն դաստիարակչական աշխատանքներ եւ հրատարակութիւններ[17]։

Շրջանաւարտներու Միութիւն- 1936-ին կը կազմուի Ճեմարանի Շրջանաւարտներուն Միութիւնը, որ ունի աշխուժ գործունէութիւն մինչեւ այսօր[18]։

Ճեմարանին Պարտէզը, Շրջափակը Եւ Զբօսայգին Խմբագրել

 
Լեւոն Շանթին կիսանդրին Նշան Փալանճեան Ճեմարանի Պարտէզին մէջ
  • Ճեմարանին թիւ 1 շէնքին պաշտօնական մուտքին դիմաց, կը տարածուէին պարտէզ-շրջափակը եւ թիւ 3 շէնքին արեւմտեան կողմը՝ զբօսայգին։ Պարտէզ-շրջափակին մէջտեղը լայն տեղ կը գրաւէր բոլորաձեւ, դալար, բարձր ծառերով հրապարակի նմանող Պարտէզը, ուր 1954-ին, Համազգայինի եւ Ճեմարանի քսանհինգամեակին առիթով, կը զետեղուին Լեւոն Շանթին եւ Նիկոլ Աղբալեանին կիսանդրիները։
  • Թիւ 1 շէնքին առաջին յարկին՝ Յակոբ Տէր Մելքոնեան սրահին մուտքին, զետեղուած էր Նշան Փալանճեանին կիսանդրին։
  • 28 Մայիս 1970-ին, Ճեմարանի քառասնամեակին տօնակատարութեան ընթացքին, Սիմոն Վրացեանի կիսանդրիին բացումը կը կատարուի։
  • 6 Յունիս 1971-ին, Պարտէզին մէջ հանդիսաւոր բացումը կը կատարուի հանգուցեալ երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանի կիսարձանին։
  • 1971-1974 թուականներուն ընթացքին, պարտէզը շրջափակող պատերուն վրայ, զանազան անկիւններ, կը զետեղուին հայ նահատակ գրագէտներու, բարերարներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Հիմնադիր Ժողովի անդամներու յուշատախտակներ։
  • Զբօսայգին, փշաթել-ցանկապատով մը կը բաժնուէր պարտէզ-շրջափակէն եւ կը գտնուէր կալուածին մուտքին աջ կողմը։
  • Ճեմարանին կալուածը պարսպապատ էր, ներսէն եզերուած զանազան տեսակի ծառերով, թուփերով, ծաղիկներով եւ բոյսերով։
  • Կալուածին հիւսիս-արեւմտեան ծայրը, մարզադաշտին արեւմտեան կողմը կար օժանդակ դռնակ մը, որ կը բացուէր դէպի քաղաքի Հ․Մ․Ը․Մ․ի ակումբը տանող փողոցին վրայ [19]։

Ճեմարանը Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Օրերուն Խմբագրել

1975-ին ծագած Լիբանանեան ներքին պատերազմի ընթացքին, Ճեմարանը լուրջ վնասներ կը կրէ։ Կը ստիպուի դառնալ երկճիւղ: «Գաղթական», սակայն կը շարունակէ իր կրթական առաքելութիւնը՝ փոքր մասով մը մայր-հաստատութեան եւ մեծագոյն մասով՝ իրեն տրամադրուած Տըպայայի Կենաց Վարժարանին շէնքին մէջ[2][20]։

«Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան Խմբագրել

Շնորհիւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան եղբայրներու իշխանական նուիրատուութեան, Նորսիկեան կտակին, Լիբանանէն, Ծոցի երկիրներէն եւ այլ վայրերէն կատարուած հանգանակութիւններուն, աւելի ուշ` տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեանին[21] ու այլ նուիրատուներու լիաբուռն օժանդակութիւններուն, Մըզհերի բարձունքին վրայ (հայացուած՝ Ծաղկաձոր) կը ձեռնարկուի ներկայ համալիրին կառուցումը։ Ճեմարանը իր նոր շէնքը կը փոխադրուի 1987-ին [2]:

Տնօրէններ Խմբագրել

  • 1930-1951, Նոյեմբեր 29՝ Լեւոն Շանթ,
  • 1952-1968, Սիմոն Վրացեան[22],
  • 1968-1987, Հրաչ Տասնապետեան,
  • 1987-2001 Մարտ 16, «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան - Հրաչ Տասնապետեան,
  • 2001-ի աշնան-2016, «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան - Տիգրան Ճինպաշեան,
  • 2016-ի աշնան- մինչեւ օրս, «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան - Փաուլա Եղիայեան:

[23]

Քայլերգ Խմբագրել

Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր, Ճեմարան,
Կու գանք քեզի ծարաւ լոյսիդ մայրենի,
Քու հարազատ յարկիդ ներքեւ սիրական
Մեր կեանքն ուրախ եւ միշտ ազատ կը ծաղկի։
Գրոհին դիմաց օտար ու ժանտ հովերուն
Յաղթական բերդ, աւանդատուն հայկազեան.
Քեզ կերտեցին առաքեալներ մեծանուն
Գաղափարի իբրեւ տաճար անսասան։
Հայ դպրութեան դուն ջահակիր Ճեմարա՛ն,
Հայրենաբաղձ հոգիներուն մեր բոլոր
Տո՛ւր Մեսրոպի հաւատքին լոյսն իրական
Եւ փառքն անհուն հայ հանճարին դարաւոր։

խօսք՝ Մ. Իշխանի - Երաժշտութիւն՝ Բ. Կանաչեանի (երաժշտութիւնը՝ [24]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 Համզգայինի Ճեմարանը
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 MELANKTON & HAIG ARSLANIAN DJEMARAN, Մեր մասին՝ Պատմական
  3. Նշան Փալանճեան Ճեմարանին վայրը
  4. Ճեմարանի անդարձ օրեր
  5. Ուսուցիչներուն պատգամը
  6. Մուշէղը[permanent dead link]
  7. ոգիով
  8. Մեծանուն Հայը
  9. Համազգայինի Ճեմարանը-Գիշէրօթիկը
  10. Սըրը՝ Անթուան Քէհէյեան
  11. Սըրը
  12. Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ուսուցչական կազմը՝ 1950-ականներու կէսին, 12-6-2019
  13. Վարձկդ կատար տիկին Մալիթեան․ Յ․ Լատոյեան, 2-9-2017
  14. Հայ դպրոցը սուգի մէջ, Սեդա Պիպերեան, 12-10-2017
  15. 25-ամեակ Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի
  16. MELANKTON & HAIG ARSLANIAN DJEMARAN, Գրադարան՝ Պատմական
  17. & HAIG ARSLANIAN DJEMARAN, ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ՝ ՊԱՏՄԱԿԱՆ[permanent dead link]
  18. MELANKTON & HAIG ARSLANIAN DJEMARAN, Շրջանաւարտներ՝ Պատմական
  19. քարտէս՝ ներկայ տուեալներով
  20. [1]
  21. ԱՏՐԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ[permanent dead link]
  22. «Ազդակ»` 86 Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սիմոն Վրացեանի Համազգային Վեհաշուք Յուղարկաւորութիւնը
  23. Ամփոփ Տպաւորութիւններ 90-ամեակի Մը Սեմին, Յ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ, Յունիս 8, 2020
  24. Քայլերգին երաժշտութիւնը

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ, տարեկան տեղեկագիր-գրքոյկ, 1970-1971
  • ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ, տարեկան տեղեկագիր-գրքոյկ, 1974-1977

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Օննիկ Զաքարեան

Արտաքին յղումներ Խմբագրել