Յակոբ Տէր Մելքոնեան

հայ ուսուցիչ եւ գրող

Յակոբ Տէր Մելքոնեան (1879, Այնթապ[1] - 28 Նոյեմբեր 1972, Պէյրութ), ուսուցիչ եւ գրող։

Յակոբ Տէր Մելքոնեան
Ծնած է 1879
Ծննդավայր Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 28 Նոյեմբեր 1972(1972-11-28)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, ուսուցիչ

Յակոբ Տէր Մէլքոնեան ծնած է Այնթապ, 1879 թուականի Նոյեմբերին։ Նախնական ուսումը ստացած է Այնթապի Վարդանեան Վարժարանին մէջ։ 1895 թուականին կը սկսի յաճախել Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճը, սակայն ստիպուած կ՚ըլլայ կէս ձգել ուսումը։ Երկու տարի որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Այնթապի մէջ, ու ապա՝ կը նուիրուի առեւտրական ասպարէզին։ Ասպարէզին պարտադրանքով ինչպէս, նաեւ քաղաքական դէպքերու բերումով կը մէկնի Ալէքսանտրէթ, ապա՝ Տէօրթ Եոլ, կրկին վերադառնալու համար Այնթապ, յետոյ Հալէպ, ուրկէ՝ 1928 թուականին վերջնականապէս կը տեղաիոխուի Պէյրութ։ Յակոբ Տէր Մելքոնեան ունեցած է կրթական, հասարակական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւն։

Հակառակ իր առեւտրական ասպարէզին, ան միշտ մօտ եղած է մտաւորական կեանքին, եւ իր ուժերուն ներած չափով զբաղած է Հայ պատմագրութեամբ։ Կը մեռնի Պէյրութ, 1972 թուականի Նոյեմբերի 28-ին։

Գործերը

Խմբագրել
  • Բագրատունի Երկու Սմբատներ (Պէյրութ, 1960)
  • Ազգային Սահմանադրութիւն Հայոց (Անթիլիաս, 1968)
  • Քարային Կիլիկեան (Պէյրութ, 1971)

Պարգեւներ

Խմբագրել

1969-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսը, առ ի գնահատանք իր բազմաթիւ բարերարութիւններուն, իրեն շնորհած է «Կիլիկեան իշխան» շքանշանը` որպէս ազգային բարերար[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել