Օննիկ Զաքարեան (1905, Չորլու, Արեւելեան Թրակիա, Օսմ.Կայսրութիւն - 11 Յունուար 1980, Քոքինիա, Յունաստան), կրթական մշակ, յօդուածագիր, հրապարակախօս եւ ազգային-քաղաքական գործիչ։

Օննիկ Զաքարեան
Ծնած է 1905
Ծննդավայր Չորլու –Արեւելեան Թրակիա, Թուրքիա
Մահացած է 11 Յունուար 1980
Ազգութիւն Հայ

Կեանք ու գործունէութիւն

Խմբագրել

Մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմ

Խմբագրել

Օննիկ Զաքարեան նախնական կրթութիւնը ստացաւ իր ծննդավայրին մէջ։ Իր երկրորդական ուսումը շարունակեց Կ․Պոլսոյ մէջ, նախ՝ Մխիթարեաններուն ապա՝ Պեզազեան վարժարան, որուն շրջանը աւարտեց յաջողութեամբ 1923-ին։

1922 եւ ՛23-ին երբ Արեւելեան Թրակիոյ հայութիւնը փոխադրուեցաւ Արեւմտեան Թրակիա եւ այլուր, Զաքարեան Օննիկը ապաստանեցաւ Արեւմտեան Թրակիոյ Քոմոթինի քաղաքը իր ընտանիքին մօտ։ Ժամանակ մը աշխատեցաւ իբր ծխախոտի պաշտոնեայ եւ դեղարանի մէջ իբր օգնական։

1925-էն նուիրուեցաւ ուսուցչական ասպարէզին, սկսելով պաշտօնավարել Քոմոթինիի ազգային վարժարանին մէջ։

1934-ին, եկաւ Քոքինիա եւ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարեց «Զաւարեան» վարժարանին մէջ, մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմը։

1940-ին, հելլէն-իտալական պատերազմին, յունական բանակին մէջ կռուեցաւ Ալպանական ճակատը, հասնելով մինչեւ Քորիցա (հարաւային Ալպանիա) քաղաքը։

1943-ին նշանակուեցաւ տնօրէն Քսանթիի (Հիւսիսային Յունաստան - Արեւմ․ Թրակիա) ազգային վարժարանը։

Բ․ Համաշխարհային պատերազմէն ետք

Խմբագրել

1945-ին, խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք, ստանձնեց Քոքինիոյ (Ատտիկէի շրջան - Փիրէա) Զաւարեան վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Տարիներ ետք, նոյն պաշտօնը վարեց Ֆիքսի (Ատտիկէի շրջան - Աթէնք) Լ․եւՍ․ Յակոբեան վարժարանին մէջ։

1965 -1966 թուականներուն, Սիմոն Վրացեանին հիմնական աշխատակիցը եղաւ անոր «Կեանքի Ուղղիներով» Ե․ եւ Զ․ հատորներուն աշխատասիրութեան, գրութեան։

Ապա, 1966-ի աշունէն մինչեւ հանգստեան կոչումին՝ 1971, վերստին Տնօրէն «Զաւարեան» վարժարան[1] ին։

Ընտրուեցաւ քանիցս Յունահայոց Թեմի պատգամաւոր։ Շրջանի մը համար, նաեւ՝ Ազգային Վարչութեան անդամ։ Իր կեանքին վերջին ամիսներուն, վեհանձնօրէն ստանձնեց Յունահայոց Առաջնորդարանին դիւանապետի պաշտօնը։

Կանուխէն անդամակցեցաւ Հ․Յ․Դաշնակցութեան շարքերը, ուր եւ վարեց պատասխանատու պաշտօններ։ Վերջին տասնամեակներուն անոր փոխանցուած էր «Ազատ Օր» օրաթերթին արտօնատիրութեան հանգամանքը, ուր ստորագրած է յօդուածներ, առաջնորդող յօդուածներ եւ խմբագրականներ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «ԱԶԱՏ ՕՐ» ՕՐԱԹԵՐԹ, յօդ․ Կ․Մ․, ԹԻՒ 10․572
  • «ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՐԽԻՒ
  • ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆԻՆ «ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂՂԻՆԵՐՈՎ» Ե․ եւ Զ․ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ
  • Կարօ Մինասեանի արխիւ

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան վարժարան, Յունաստան
  2. Քսանթի
  3. Մխիթարեաններ
  4. Պէզազեան վարժարան,արեւելահայերէն Archived 2017-07-27 at the Wayback Machine.
  5. Քոմոթինի
  6. Քորիցա
  7. Ազատ Օր