Սօս Վանի (աւազանի անունով՝ Կարապետ Յովհաննէսեան, 1895, Թաղ գիւղ, Շատախ, Վասպուրական - 28 Մայիս 1966, Քոքինիա՝ Փիրէա, Յունաստան), կրթական մշակ, գրագէտ, հեքիաթագիր։

Սօս Վանի
Կրթական մշակ, գրագէտ, հեքիաթագիր։
Ծնած է 1895
Ծննդավայր Թաղ գիւղ, Շատախ,Վասպուրական
Մահացած է 28 Մայիս 1966
Մահուան վայր Քոքինիա
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Կրթութիւն Խմբագրել

Սօս Վանի, աւազանի անունով՝ Կարապետ Յովհաննէսեան։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Վարագայ Վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանը (հիմնեց՝ Մկրտիչ Խրիմեան), ուրկէ կը փոխադրուի Վանի Կեդրոնականը։ Երկու տարի ետք, կը յաճախէ Ատաբազարի Կեդրոնական վարժարանը, որուն ընթացքը կ՛աւարտէ 1913-ին։

Կեանքն ու գործունէութիւն Խմբագրել

Կրթական մշակ Խմբագրել

Կեանքը Պոլսոյ մէջ Խմբագրել

Երկու տարի կը պաշտօնավարէ տեղւոյն Ստեփանեան վարժարանին մէջ մինչեւ 1915 թուականը: Կը ձերբակալուի եւ կ'ենթարկուի ահաւոր չարչարանքներու։ Մեռած կարծելով, զայն կը նետեն դիակներու մէջ։ Կը յաջողի փախուստ տալ եւ կը հասնի մինչեւ Էսկիշէհիր ու ապա Գոնիա, ուր կ'ապրի գաղտնօրէն, մինչեւ զինադադար։ Զինադադարի ընթացքին, կը պաշտօնավարէ յաջորդաբար Ատափազարի եւ Պանտրմայի վարժարաններուն մէջ, ուրկէ մեծ փախուստի (յունական բանակի նահանջ) օրերուն՝ 1922-ին, այլ գաղթականներու հետ կ'ապաստանի Յունաստան։

Կեանքը Յունաստանի մէջ Խմբագրել

Յունաստան՝ կը նուիրուի իր այնքան սիրած ուսուցչական ասպարէզին։ 1922-էն մինչեւ 1949 յաջորդաբար կը պաշտօնավարէ Թեսաղոնիկէ, Քոքինիա, Աղեքսանդրուպոլիս, Տրամա, Գավալա, Քոմոթինի, բեղուն գործունէութեամբ։ 1949-ին, Աթէնք կը փոխադրուի ու կը հաստատուի Քոքինիա (այժմ Նիքէա), ուր կը վերսկսի իր ուսուցչական աշխատանքին։

Շուրջ 15 տարի կը գործէ իբրեւ ուսուցիչ, յետոյ կը դառնայ տնօրէն Ֆիքսի եւ Քոքինիոյ «Միացեալ» եւ «Զաւարեան» վարժարաններուն[1]։ Տարիքի բերումով հանգստեան կը կոչուի եւ կը քաշուի կրթական ասպարէզէն. ծառայած է 45 տարի։

Գրագէտ եւ հեքիաթագիր Խմբագրել

Գրագէտի եւ հեքիաթագիրի իր համբաւը ան կը պարտի մամուլին մէջ իր ստորագրած հարիւրաւոր հետաքրքրական գրութիւններուն, որոնց մէկ մասը միայն լոյս տեսաւ առանձին հրատարակութիւններով, ինչպէս «Վահագնածնունդ»ը, «Ծամթելս ծովը ընկաւ»ը, «Ճանչնանք մեր հայրենիքը» (Վասպուրականի մասին) եւ «Այն օրէն ի վեր, այն օրէն անդին»ը՝ պատմուածքներու եւ աւանդութիւններու երկու հատորներ։

Իրմէ մնացած են բազմաթիւ անտիպ գործեր՝ հայրենագիտական ուսումնասիրութիւններ, աւանդութիւններ, հեքիաթներ, թատերակներ (որոնցմէ մի քանին ձեռագիր, այժմ կը գտնուին Յունաստանի Համազգայինի գրադարանը), եւայլն։

Սօս Վանիի կեանքին վերջին մէկ քանի տարիներուն առողջական վիճակը քայքայուած էր։ Իր կեանքը փրկելու համար անոր գաղափարակից ընկերներուն զոհաբերութիւնները բաւարար չեղան․ աչքերը փակեց Փիրէայի պետական հիւանդանոցին մէջ։

Ի պատիւ Սօս Վանիի տարած գործունէութեան, Յունաստանի Ատտիկէի շրջանի Համազգայինի մասնաճիւղը անոր անունը կը կրէ․ Հա­մազ­գա­յի­նի «­Սօս ­Վա­նի» մասնաճիւղ:

Գրականութիւն Խմբագրել

Քաղուածներ Սօս Վանիին «Այն օրէն ի վեր, այն օրէն ասդին…» հեքիաթներու շարքի կարճ պատմուածքները, որոնք լոյս տեսան 1959-ին Լիբանանի մէջ՝ «Սեւան» հրատարակչատան կողմէ։

  1. Ազատ Օր, թիւ 16182 - Հարսնեմատ (Աւանդութիւն), Սօս Վանի
  2. Ազատ Օր, թիւ 16058 - Փետուրէ բերդը (Աւանդութիւն), Սօս Վանի
  3. Ազատ Օր, թիւ 15994 - Պզտիկ ծիածանին պատմութիւնը, Սօս Վանի
  4. Ազատ Օր, թիւ 15576 - Խնկենին (Աւանդութիւն), Սօս Վանի
  5. Ազատ Օր, թիւ 15476 - Ցամքած աղբիւրը (Աւանդութիւն), Սօս Վանի
  6. Ազատ Օր, թիւ 15432 - Նոյի արցունքը (Աւանդութիւն), Սօս Վանի
  7. Ազատ Օր, թիւ 15332 - Հայ երգը (Աւանդութիւն), Սօս Վանի
  8. Ազատ Օր, թիւ 15715 - «Երգն Հայաստանի», Սօս Վանի

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՐԽԻՒ
  • «ԱՄԷՆՈՒՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔԸ» 1967-68, Կարօ Գէորգեան

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել


Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Շատախի մասին եւ քարտէսը
  2. Տրամա Archived 2017-11-17 at the Wayback Machine.յուն․՝ {{{1}}}
  3. Ալեքսանտրուփոլի[permanent dead link]յուն․՝ {{{1}}}
  4. Քոմոթինիյուն․՝ {{{1}}}
  5. Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան վարժարան, Յունաստան