Շատախ (գաւառ)
Շատախ,
Գաւառ | |
---|---|
Շատախ | |
Երկիր | Թուրքիա[1] |
Տարածութիւն | 1952 քմ² |
ԲԾՄ | 1500 մեթր |
Բնակչութիւն | 20 937 մարդ (2018) |
Ժամային գօտի | UTC+3։00 |
Արեւմտեան Հայաստանի գաւառ՝ Վանի նահանգ (վիլայէթ), Վասպուրական, լեռնային եւ ջրարատ շրջան։ Վանի եօթ գաւառներէն մէկը, Նորդուզի եւ Մոկսի միջեւ (մնացեալներն են՝ Արճակ, Սարայ, Խոշաբի, Կարկառ)։ Կեդրոնն է Շատախ կամ Թաղ աւանը։
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելԴիրքը
ԽմբագրելՇատախ կը գտնուի Վանայ լիճին հարաւը։ Անոր հիւսիսային սահմանը կը կազմէ Արտոս լեռը (3850 մ․ բարձրութեամբ)։ Կը գտնուի Մոկս եւ Նորդուզ գաւառներուն մէջտեղը։
Կլիմա
ԽմբագրելԿլիման ձմեռը ցուրտ է, իսկ ամառը՝ տաք։
Գիւղատնտեսութիւն
ԽմբագրելՇատախը հարուստ է արօտներով. բայց աղքատ դաշտերով։ Երկու փոքրիկ դաշտերն են Փեսանդաշտն եւ Խորզանքը, ուր ցորեն կը մշակուի։ Խաշնարածութեամբ եւ շալագործութեամբ յայտնի շրջան եղած է Շատախ։ Գիւղերու բնակչութիւնը նաեւ զբաղած է այգեգործութեամբ, մեղուաբուծութեամբ, հացահատիկի եւ ուրիշ բոյսերու մշակումով։ Ունեցած է ընտիր ոչխար եւ այծ։ Անոնց բուրդէն կը բանէին գոյնզգոյն եւ թանձր ու բարակ ազնիւ շալեր, բուրդէ կերպասներ եւայլն։ Անուանի եղած են Շատախի մեղր, ընկոյզը եւ նման միրգեր։
Թաղի բնակչութիւնը զբաղած է արհեստագործութեամբ, մասնաւորաբար՝ կտաւագործութեամբ։
Հանքեր
ԽմբագրելՇատախի, ինչպէս նաեւ Նորդուզի շրջանը գտնուած են քարածուխի եւ զռնեխի [2]հանքեր։
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելՇատախը անառիկ լեռներու եւ բազմաթիւ ձորերու ամբողջութիւն մըն է, բազմաթիւ հովիտներով, բարձրաբերձ ապառաժներով եւ քարանձաւներով։ Անոր երկայնքին ձգուած է հսկայ ձոր, որուն մէջէն կը հոսի Արեւելեան Տիգրիսը։
Գաւառի հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան սահմաններէն կը սկսին երկու մեծ ձորեր։ Մէկը, Արտոս լեռան հարաւային լանջերէն եւ կ՛ ընթանայ դէպի հարաւ, իսկ միւսը՝ Բաշէտ լեռան հարաւային թեւերէն եւ կ՛ ընթանայ հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ։
Առաջին ձորը կը կոչուի Սիւտկնա ձոր. անոր մէջէն կը հոսի Սիւտկնա (կամ Սիվտկին) գետը, իսկ երկրորդ ձորին մէջէն կը հոսի վերին Տիգրիսը։
Այդ երկու ձորերը երբ Շատախի կեդրոնը կը հասնին, կը միանան, նոյնպէս՝ Սիւտկնա ու վերին Տիգրիս գետերը․ անոնք ուռճացած ու փրփրած կը մտնեն աւելի խորունկ ձոր մը եւ միացած կը կազմեն Արեւելեան Տիգրիսը որ դէպի հարաւ եւ հարաւ արեւմուտք կ՛ընթանայ։ Գետը հարուստ եղած է բարեհամ կարմրախայտ ձուկով։
Շատախի հիւսիսային շրջանը կը գտնուին փոքր մակերեւոյթով Փեսանդաշտ եւ Խորզանք դաշտերը։ Փեսանդաշտը չորս հայկական գիւղերով (Առեղ կամ Ցառեղ, Կայնեմերան, Շիտան կամ Շիդրան եւ Կաղազիզ) աւազան մըն է․ գարնան ջուրով կը ծածկուի, իսկ Մայիսին երբ ջուրերը կը ցամքին կը մնայ տիղմ, ուր ձգուած կամ ցանուած ցորենի սերմը առատ բերք կու տայ։ Փեսանդաշտը շրջապատուած է Արտոս, Ձմէն, Կարաբլախ եւ Բարատոտիկ լեռներով։
Միջնադարեան հայկական ճարտարապետական յուշարձաններ
ԽմբագրելՍ․ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին (ԺԷ․ դար)․ վերակառուցուած է Աղթամարի Խաչատուր Գ․ կաթողիկոսի օրով․
Ս․ Ստեփանոս եկեղեցին (ԺԷ․ դար)․
Ս․ Աստուածածին եւ Ս․ Երրորդութիւն միջնադարեան եկեղեցիներ (Թաղէն 1 քլ․ հիւսիս)․
Ս․ Սարգիս եկեղեցի, ԺԴ․ դար, (Արմշատ, Թաղէն հարաւ)․
Ս․ Տիկին եկեղեցի, Ժ․ դար․
Շատախի եւ Նորդուզի սահմանին, սակայն Նորդուզին կողմը, կար հռչակաւոր Հոգւոց վանքը։
Կամուրջներ
ԽմբագրելՍիւտկնա գետին վրայի երեք կամուրջները կը կրէին Ջրաղացի, Քարէ եւ Տախտակէ կամուրջ անունները, իսկ Վերին Տիգրիսին վրայի երկու կամուրջները կը կոչուէին Կառավարատան եւ Հեռագրատան կամուրջներ։
Խլքտուն (Խոլքետան) քարէ կամուրջը գաւառի հարաւային մասի հաղորդակցութեան գլխաւոր կէտը կը հանդիսանար։
Պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ
ԽմբագրելՇատախ կը համապատասխանէ Մեծ Հայքի Մոկք նահանգի Արքայից, Ջերմաձոր, Իշայր եւ մասամբ` Վասպուրականի Բուժունիք ու Անձեւացիք գաւառները։
Կեդրոնը եղած է Թաղ (Շատախթաղ եւ կամ Շատախ քաղաք) աւանը: Մինչեւ ԺԹ. դարուն կէսը Շատախը կիսանկախ հայկական իշխանութիւն եղած է, որուն իշխանները յաճախ ենթարկուած են դրացի Հաքքարի քրտական խանութեան: Այնուհետեւ մաս կազմած է Օսմանեան կայսրութեան վարչատարածքային միաւոր մը: 1896-ին եւ յատկապէս 1915-ին Շատախի հայութիւնը, շնորհիւ իր կազմակերպած ինքնապաշտպանութեան կարողացած է կոտորածներէն փրկուիլ (Շատախի հերոսամարտ): 11 Մայիս 1915-ին Թաղ կը մտնեն Դրոյի գխաւորութեամբ կամաւորական գունդերը: Սակայն ռուսական զօրքերու նահանջին պատճառով, Շատախի հայերը եւս կը ստիպուին գաղթել Արեւելեան Հայաստան եւ Պարսկաստան:
Ժողովրդագրութիւն
ԽմբագրելՇատախը մինչեւ 1915 ունի 12 000 հայ բնակչութիւն․ կը հաշուէ 110 գիւղ, որոնցմէ 58-ը զուտ հայաբնակ։ Կային նաեւ քանի մը տասնեակ գիւղեր որոնց բնակչութիւնը կը բաղկանար ե՛ւ հայերէ ե՛ւ քիւրտերէ (եղած են նախկին հայկական գիւղեր, սակայն ճնշումներու տակ, հայեր լքած ու մեկնած են եւ իրենց տեղը քիւրտեր եկած են)։ Ասորի բնակչութիւնը հաւաքուած էր Նորդուզ։
Գաւառի կեդրոնավայրը Թաղ (կամ Շատախթաղ), զուտ հայաբնակ աւան էր․կը գտնուի Սիւտկնա գետին եւ վերին Տիգրիսի խառնուրդին վրան, հոն ուր կը միանան հսկայ ձորերը։ Եղած է գաւառի վարչական մարմիններու եւ գաւառապետի նստավայրը։
Հայաբնակ գիւղերը մեծ մասամբ կը գտնուէին գաւառի հիւսիսային մասը․ Սիւտկնա գետի եւ Վերին Տիգրիսի հոսանքներուն վրայ, մինչեւ Թաղը ու քիչ մը հարաւ, ուր կը գտնուի գաւառի հարաւային մասը իրար կապող Խլքտուն (Խոլքետան) գլխաւոր քարէ կամուրջը։ Իսկ Շատախի հարաւ-արեւմուտքը, կը գտնուի հայաբնակ Արմշատ մեծ գիւղը։
Կեւաշ (Գաւաշ, Գեւաշ կամ Գեաւաշ) գաւառակի (Շատախի հիւսիս, հիւսիս արեւմուտքը) Ոստան աւանէն Թաղ տանող ճանապարհը կ՛ անցնէր Փեսանդաշտի վրայէն, նոյնպէս հեռագրաթելը։ Ոստանէն դէպի Փեսանդաշտ տանող երկու ճանապարհները դժուարանցելի էին։ Մէկը Ասկանի քարքարոտ ձորէն իսկ միւսը Յիլի գիւղէն։ Երկու ճանապարհներն ալ ունէին դժուար վերելք մինչեւ Բարատոտիկի լեռնանցը, ուր կը միանան եւ գլխիվայր կ՛ իջնեն Փեսանդաշտ։
Հիւսիսային մասին կան նաեւ քրտական գիւղեր, իսկ հարաւային մասին, Խլքտան կամուրջէն դէպի հարաւ առաջացած է հետեւեալ «կարգաւորումը»․ Տիգրիսէն դէպի աջ՝ հայաբնակ գիւղեր, իսկ Տիգրիսէն դէպի ձախ՝ քրտաբնակ գիւղեր։ Սակայն հայ բնակչութիւնը մշտապէս յարձակման ենթարկուած է շրջանը հաստատուած քանի մը քրտական ցեղերու․ Խալիլանցիներ, Խաւշտանցիներ, Եզդինանցիներ, Ալանցիներ եւ Նորդուզի սահմանին վրայ՝ Գրաւցիներ։
Թաղ
ԽմբագրելԹաղը ունէր 220 ընտանիքներ. բաժնուած էր երեք թաղամասերու՝ Վերին, Ներքին եւ Ջրաղացի։ Վերին եւ Ներքին թաղերը մէկ գիծի վրայ կը գտնուին Սիւտկնա (Սիւտկին) գետի եւ միացեալ Տիգրիսի աջ ափին՝ կռնակին ունենալով Քիւրէկ կոչուած լեռնագագաթը։ Այդ երկու թաղերուն միջեւ, գետի եզերքին, կը գտնուէր շուկան։ Իսկ Ջրաղացի թաղը կը գտնուէր Սիւտկնա գետի ձախ ափին, դէպի հիւսիս-արեւելք, Ջամլամբէկի լանջին (իջնելով մինչեւ Տիգրիսի աջ ափը ու գետերի խառնուրդը)։ Նաեւ Վերի Տիգրիսի ձախ ափին կը գտնուէին կառավարական երեք շէնքեր եւ կառավարատունը իր հեռագրատունով եւ զօրանոցով։
Ջրաղացի թաղը իր դիրքով կ՛ իշխէր Վերին ու Ներքին թաղերուն վրայ։ Հոն կ՛ապրէին աւելի քան 60 հայ ընտանիքներ եւ կար տղոց դպրոցը՝ երկու յարկանի նորաշէն մեծ շէնք մը։ Այս թաղին մէջ կ՛ ապրէին թուրք պաշտօնեաները, որոնք թաղամասի լաւ տուները կը վարձէին։
Կրթութիւն
ԽմբագրելԿրթական գետնի վրայ կային հայկական եօթը վարժարաններ եւ 487 ուսանող։ 1880-էն ետք, կրթական ցանցը կը տարածուի ու կը զարգանայ։
Շատախի հերոսամարտը
ԽմբագրելՏե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Շատախի հերոսամարտը
1908-ի սահմանադրական փոփոխութիւնները ուրախութեամբ կ՛ ընդունուին Շատախի հայութեան կողմէ։ Սակայն Շատախցիները զէնքերը վար չեն դներ․ հոն գործող գործիչներու վերապահութիւնը կը սատարէ, որպէսզի հայութիւնը շարունակէ հոգալ իր ինքնապաշտպանութեան համար՝ ձեռք բերել զէնք ու զինամթերք, երիտասարդութեան զինավարժութեան դասեր, եւայլն։ Ցեղասպանութեան սկզբնական օրերէն, շնորհիւ իր կազմակերպած ինքնապաշտպանութեան կարողացաւ կոտորածներէն փրկուիլ: Շատախցին հազարամեակներ ապրած անառիկ լեռներուն վրայ, անոնց նման դարձաւ տոկուն, հպարտ եւ քաջ։ Շնորհիւ այս յատկութիւններուն, դարերով ան կը կարողանայ դիմադրել թրքական եւ քրտական արշաւանքներուն։ Այս իսկ պատճառով Վանի կուսակալութիւնը նախ եւ առաջ իր ուշադրութիւնը Շատախի վրայ կը դարձնէ եւ կ՛ ուզէ քանդել բնիկ հայկական այդ բոյնը։
14 Ապրիլէն մինչեւ կամաւորական գունդերու հասնիլը՝ Մայիսի վերջ, ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն շնորհիւ, կը փրկուի հայութիւնը։ Շատախցին կը պահպանէ իր բնօրանը։ Քանի մը տարի ետք, երբ ռուսական զօրքերը կը նահանջեն ու թրքական բանակները եւ քրտական զինեալ խումբերը գաւառը կը պաշարեն, կ՛ որոշուի Շատախի հայութիւը ապահով հասցնել արեւելեան Հայաստան եւ մասամբ՝ Պարսկաստան։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՀայրենագիտութիւն, Սօս Վանի․ Քոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի արխիւ
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ GEOnet Names Server — 2018.
- ↑ Նայիրի բառարան, «Զռնեխ»
- ↑ AUA – Ազգարութիւն․ Համով Հոտով, հեղ․՝ Սրուանձտեանց Գարեգին (19-րդ դար)
- ↑ Էջմիածին ՌՆԺԷ - ԻԴ տարի, Մայիս․Պաշտօնական Ամսագիր Հայրապետական Աթոռի Ս․ Էջմիածնի, Ե․ 1968․ «Շատախի Հերոսական Անցեալից», Հայրիկ Մուրատեան, էջ 39
- ↑ Շատախի հերոսամարտը եւ շրջանը[permanent dead link]
- ↑ Ուս ուսի. Շատախի ռազմապար
- ↑ AUA - Մեծ դէպքերը Վասպուրականում 1914-1915 թուականներին. Հեղ․՝ ՏԷՐ-ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (Ա-ԴՕ) (1867-1954)
- ↑ AUA - ՓՈՔՐԻԿ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ, ՏԷՐ-ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (Ա-ԴՕ) [permanent dead link]
- ↑ Շատախի հերոսամարտը եւ շրջանը[permanent dead link]