Քոքինիան շրջան մըն է, որ կը գտնուի Փիրէա (Πειραιάς) եւ Նիքէա (Νίκαια) քաղաքներուն միջեւ, Յունաստանի Ատիկէ նահանգին մէջ։ Քոքինիոյ մեծ մասը ներառնուած է Նիքէա-Ռենտի քաղաքաքապետութեան մէջ։ Իսկ փոքր մասը, հարաւային կողմը՝ Փալէա Քոքինիա (հին Քոքինիա) Փիրէա քաղաքապետութեան։ Բնակչութիւնը՝ 88 077 մարդ (2021)[1],
95 798 մարդ (2001),
89 822 մարդ (1991),
89 380 մարդ (2011),
72 176 մարդ (1951)[2]։

Շրջան Նիքէա եւ Փիրէա քաղաքներուն միջեւ․ Այժմ մեծ մասը կը պատկանի Նիքէա քաղաքին
Քոքինիա
յուն․՝ Νικαία
Նիքէա քաղաքին սկիզբը (Նոր Քոքինիա) Փ․ Ռալի եւ Ղր․ Լամպրաքի պողոտաներուն խաչմերուկը, դիտուած դէպի արեւմուտք
Երկիր  Յունաստան
Հիմնադրուած է՝ 1928
Առաջին յիշատակում 1922
Այլ անուանումներ Նոր Քոքինիա, Հին Քոքինիա, Նիքէա-Այ Եանի Ռենտի
Տարածութիւն 6,65 քմ²
ԲԾՄ 40 մեթր
Բնակչութիւն 89 380 (2011)․ իսկ Ռենտիի բնակչութեան հետ 105 430 բնակիչ մարդ
Հեռախօսային ցուցանիշ 210
Փոստային ցուցանիշ 184 00–184 99
Պաշտօնական կայքէջ polisnikaia.gr
Քոքինիոյ շրջանը՝ Ատտիկէ նահանգ, Յունաստան

Պատմական

Խմբագրել

Փոքր Ասիոյ եւ արեւելեան Թրակիոյ շրջաններէն յոյն գաղթականներուն հեղեղը, շուրջ մէկուկէս միլիոն, տեղի կ'ունենայ Յուլիս, Օգոստոս, Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն, 1922-ին (Փոքր Ասիոյ աղէտ, յունական բանակի նահանջ), կը շարունակուի մինչեւ 1923 (Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ժողովուրդի փոխանակութեան պայմանագիր՝ Լոզանի Դաշնագիր)։ Յոյն գաղթականներուն հետ 80․000 հայ գաղթականներ եւ 8․000 որբեր ապաստան կը գտնեն Յունաստանի զանազան շրջաններուն մէջ։ Քոքինիա կ՛ ապաստանին 6․000 ու անոր շրջկայքը՝ 5․000 (Փիրէայի նաւահանգիստին մօտակայ Լիփազմայի շրջանը) հայեր։

 
Վարդագոյնով՝ Քոքինիոյ հարաւ արեւելքը գտնուող Ռենտի քաղաքը․ կարմիրով՝ Նոր Քոքինիա եւ դէպի հիւսիս գացող մասը Նիքէա․ այժմ կարմիր եւ վարդագոյն գոյներով շրջանները Նիքէա-Ռենտի (միացած) քաղաքապետութիւնը կը կազմեն։

Նոր Քոքինիա - Նիքէա

Խմբագրել

Շրջանը ապաստանած հայ եւ յոյն գաղթականները իրենց միջոցներով կը կառուցեն իրենց տուները, որոնց մեծ մասը թիթեղաշէն է, առանց առողջապահական ենթակառոյցի։ 1925-ին Երիտասարդ ճարտարապետ՝ Արթին Փալանճեան, շնորհիւ քանի մը գործարարներու նիւթական ներդրումին, գաղթականներուն անձնական մաքրութեան համար կը կառուցէ հանրային բաղնիք մը «Μικρά Ασία» (Փոքր Ասիա) անունով։  Բաղնիքը կը գործէ մինչեւ 1970-ական թուականները, մեծ գոհացում տալով տեղւոյն բնակչութեան։ Այժմ կը գործէ իբրեւ Նիքէայի Քաղաքապետարանի Մշակութային Տուն․ կը գտնուի Միլասոն փողոցին վրայ։

Նոր Քոքինիային գաղթակայանը կը հիմնուի 1923-ին եւ ըստ 1928-ի մարդահամարին բնակչութեան թիւն է 33 201 հոգի։ 1934-ին, գաղթակայան-քաղաքը կ՛ անջատուի Փիրէայէն եւ անկախ քաղաք կը դառնայ, իսկ 1940-ին Նիքէա կը վերանուանուի։ 2011-ին Քալիքրաթիս ծրագրին կիրարումով (Յունաստանի վարչական բաժանման օրէնք), Նիքէան կը միանայ Ռենտի քաղաքին հետ եւ կը կազմեն Նիքէա-Այ Եանի Ռենտի քաղաքապետութիւնը։

Պետական օրէնքով Նիքէան ճանչցուած է իբրեւ տառապալի քաղաք․ վասն տառապանքներուն որ տուժեց գերմանական բռնիշխանութեան տարիներուն 1941-1944՝ «Քոքինիոյ կռիւը» եւ «Քոքինիոյ շրջափակումը»։ Պատմականօրէն ուղղակի կապուած է Հին Քոքինիոյ որ գաղթակայան դարձած է աւելի կանուխ։

Հին Քոքինիա - Ասփրա խոմաթա

Խմբագրել

1915-ին Հայոց եւ 1917-ին Պոնտոսի յոյներուն Ցեղասպանութիւններէն եւ մանաւանդ Փոքր Ասիոյ աղետէն (1919-1922 յունաթրքական պատերազմին հետեւանքները) ետք վերապրողներու հսկայ հոսքին մէկ մասը Փիրէա նաւահանգիստը կը հասնի․ 1920-ին բնակչութեան թիւը կը կրկնապատկուի։  Քաղաքին շրջակայքը, արուարձանները կը լեցուին յոյն եւ հայ գաղթականներով (տե՛ս Քոքինիոյ հայկական գաղութը)․ Ասփրա խոմաթա, Քոքինիա, Նիքէա, Քերացինի, Տրափեցոնա եւ Քորիտալոս։ Սեպտեմբեր 1946-ին, կը հիմնուի Ռենտի քաղաքը որ կ՛ընդգրկէ Ասփրա խոմաթան։

Հին Քոքինիային շրջանը (Նոր Քոքինիային հարաւը եւ Ասփրա խոմաթա) 1920-ական տարիներուն եղած է օդափոխութեան եւ գիւղատնտեսական շրջան․ առանձնատուներ, պարտէզներ եւ արտեր։ Մինչեւ 1940 Աթէնքի տարածքաշրջանին մէջ բանջարեղէնի եւ կանաչեղէնի մշակումի երրորդ քաղաքն է․ կը մատակարարէ Աթէնքը եւ Փիրէան։ Կան նաեւ այգեստաններ եւ ձիթենիի ծառաստաններ։ Համեստ խաւին (բանուորներ, արհեստագործներ) համար օդափոխութեան վայրը կը դառնայ։ Անոր հարաւ-արեւմուտքէն՝ Մոսխաթօ, կ՛ անցնի ելեկտրական երկաթուղին որ Փիրէան Աթէնքի կեդրոնին եւ հիւսիսային արուարձաններուն կը միացնէ։ Շրջանի դիմաքիծը բոլորովին կը փոխուի երբ կը հիմնուին գործարաններ․ գիւղատնտեսական կեդրոնէ ճարտարարուեստի կեդրոնի կը վերածուի, մանաւանդ (1967 - 1974)։ Մշակումի հողատարածքները տեղի կու տան գործարաններու։

Ի․ դարավերջերուն, շրջանին մէջ բնապահպանման հարցը եւ բնակչութեան առողջապահական պայմաններուն բարելաւման համար, կը սատարեն եւ շրջանէն կը սկսին մեկնիլ ծանր ճարտարարուեստի գործարանները։

2011-ին Քալիքրաթիս ծրագրին կիրարումով (Յունաստանի վարչական բաժանման օրէնք), Ռենտին կը միանայ Նիքէայ քաղաքին հետ եւ կը կազմեն Նիքէա-Այ Եանի Ռենտի քաղաքապետութիւնը։

Շէնքերու կառուցում անտուն հայ եւ յոյն բնակիչներուն համար

Խմբագրել

1955-ական թուականներուն, տակաւին հարիւրաւոր հայ եւ յոյն ընտանիքներ, կը բնակէին 35-40 տարուան ապառողջապահական տաղաւարներու մէջ։ Այս նպատակով, «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն»ը կը տրամադրէ հսկայ գումար մը․ կը գործակցի ՄԱԿ-ի գաղթականաց գրասենեակին եւ Յունաստանի խնամատարական նախարարութեան հետ ու կը կառուցեն բազմայարկանի շէնքեր Ասփրա խոմաթա (Քոքինոյ եւ Ռենտիին միջեւ) եւ Ռենտի (Հին Քոքինիոյ շրջանի արեւելեան մաս) շրջանները։ Սակայն հայ կարիքաւորներուն միայն փոքր մասը կը պատսպարուի։ Որպէսզի բնակարանային տագնապը լուծուի, այդ օրերու Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, կը կազմուի Յունահայ Շինութեան Ընկերակցութիւնը։ Կը մասնակցին՝ Գ․ Կիւլպէնկեան, Հ․ Գարակէօզեան Հիմնարկութիւնները եւ «անտուն» հայ ընտանիքները իրենց համեստ մասնավճարներով․ այսպէս երբ հիմնադրամը պատրաստ կ'ըլլայ, նոյն շրջաններուն մէջ՝ Ասփրա խոմաթա եւ Ռենտի, կը ձեռնարկուի բազմայարկանի շէնքերու կառուցումը։ Մինչեւ այսօր շէնքերը ծանօթ են «հայկական բազմայարկանի - Αρμένικες πολυκατοικίες» անուանումով։

[3] [4] [5] [6]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Քոքինիոյ հայկական գաղութը

Փիրէա

Աթէնք

Սելանիկ

Սելանիկի հայկական գաղութը

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել