Քոքինիոյ հայկական գաղութ

Քոքինիոյ (Քոքինիա-Գոքինիա) հայկական գաղութը

Քոքինիոյ շրջանը՝ Ատտիկէ նահանգ, Յունաստան

Քոքինիա․ շրջան, որ կը գտնուի Փիրէա (Πειραιάς) եւ Նիքէա (Νίκαια) քաղաքներուն միջեւ, Յունաստանի Ատտիկէ նահանգին մէջ։ Վաղեմի անունով՝ Քոքինատա (Κοκκινάδα)[1][2] այդպէս կոչուած է, որովհետեւ ատենին կակաչներով, սոճիներով, բարտիներով լեցուն եւ հարուստ մարգագետիններով շրջան էր եւ կամ՝ հողին կարմիր գոյնին պատճառով։

Քոքինիան պատմականօրէն կապուած է դրացի Նիքէա քաղաքին՝ հիմնուած՝ 1922-1923-ին, այդ պատճառով ալ կոչուած է Նոր Քոքինիա եւ կամ պարզապէս Քոքինիա[3]․ սակայն այս երկու շրջանները իրարու հետ պէտք չէ շփոթել։ Այժմ Քոքինիոյ մասը վարչականօրէն բաժնուած է երկու քաղաքներու միջեւ․ հիւսիս եւ հիւսիս արեւելեան կողմը Նիքէային, իսկ հարաւային կողմը (Փալէա Քոքինիա)՝ Փիրէային։

Պատմական անդրադարձ

Խմբագրել

Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցած է զանգուածային գաղթեր դէպի այլ երկիրներ։ Նոյնիսկ բռնի տեղափոխութիւններ` Պարսկաստան, Յունաստան․․․։[4][5] 1821-էն ետք, բազմատեսակ առիթներով, հայեր իրենց պատմական հայրենիքէն տեղափոխուած են Յունաստանի զանազան շրջանները՝ Թեսալիա, Մակետոնիա, Թրակիա, Պելոպոնես, Կրետէ, եւ այլն։[4][6]

Երկար ժամանակներ հոն ապրած են, սակայն կարեւոր մաս մը, ի վերջոյ կամ տեղափոխուած է այլ հայաշատ շրջաններ, եւ կամ՝ ձուլուած եւ կորսուած է։ Անոնց հետքերուն փաստը այժմ կայ միայն անուանակոչումներով այն բոլոր վայրերուն, ուր հայերը բնակած ու գործած են։ Օրինակ՝

Նախքան գաղթականներուն մեծ հոսքը (1922-23), 1890-1900 թուականներուն Աթէնքի եւ Փիրէայի շրջանները մօտաւորապէս 1-2 տարի ապրած են ոչ աւելի քան 150 հայեր, մեծ մասով ամուրիներ։ Իսկ Սելանիկի (հիւսիսային Յունաստան) հայերը 1912-էն յունահպատակ դարձած են եւ ունին աշխոյժ գործունէութիւն։

Յոյներուն բարիացակամ վերաբերումը հայերուն նկատմամբ, կարելի է վերագրել անոնց հակաթուրք տրամադրութեան: Այսպէս մեծ թիւով հայեր, մանաւանդ գործիչներ, ապաստան գտած են՝

  • 1896-ին Կրետէի ապստամբութեան ատեն,
  • 1896-ին Պոլսոյ կոտորածին,
  • 1887-ին յունաթրքական պատերազմին:

Հայ յեղափոխականներ զէնք եւ զինամթերք փոխադրած են Փիրէայի նաւահանգիստէն։ Փիրէայի նաւահանգիստը հայ յեղափոխականներուն խարիսխը դարձած էր։ Այդ փախստականներէն ծանօթ դէմքեր կարելի է նշել՝ 1892-ին, Հնչակեաններէն՝ Աւետիս Նազարբեկեան եւ Մարօ Վարդանեան-նազարբեկեան, 1896-ի դէպքերէն ետք՝ Արմէն Գարօ, Երուանդ Օտեան (1896-ին), Տիգրան Երկաթ (1895-97), Սարհատ՝ բնիկ անունով Յարութիւն Յակոբեան Կէլլիպոլցի (1905-ին), եւ շատ ուրիշներ.․․:[10]

1903-1905 կը հիմնուին հայկական ընկերութիւններ, ինչպէս՝ «Կաթիլ ընկերութիւն Հայոց Աթէնքի եւ Փիրէայի», որոնց առաջին ձեռնարկը կ'ըլլայ «Վարդանանց» տօնակատարութիւնը՝ 5 Փետրուար 1904-ին, Աթէնքի կեդրոնական Սթատիու փողոցի թիւ 8 սրճարանի վերնայարկի սրահին մէջ։

Կապեր կը հաստատուին այլ գաղութներու հետ՝ Մանչէսթըր, Պուքրէշ, Փարիզ, Գահիրէ, Թիֆլիս, Կալկաթա։

1916-ին եւ 1919-21 Աթէնքի եւ Փիրէայի հայերը կը կազմակերպուին ու կը հիմնեն ազգային մարմիններ։ Նոյնը կը պատահի Հիւսիսային Յունաստանի եւ այլ շրջաններու (Փաթրա, Միտիլլի կղզին․․․) հայահոծ քաղաքներուն մէջ։

1920-1924 կ'ընտրեն նաեւ հայ երեսփոխան մը յունական խորհրդարանին մէջ՝ Գէորգ Փափազեանը։ Կը հրատարակեն օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր եւ պարբերաթերթեր։

1920-26 տարիներուն հազարաւոր հայեր կը հիւրընկալուին, ապա կը մեկնին (կը ներգաղթեն կամ կ'արտագաղթեն)։ Անոնցմէ նաեւ հայդուկներ, ինչպէս՝ Չոլօն, Մօրուք Կարապետը եւ Սասունցի Մուշեղը։

1975-էն մինչեւ 1990 թուականները, Միջին Արեւելքի խլրտումներէն ետք, շրջանը կ'ընդունի փախստական հայրենակիցներ՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Իրաքէն, որոնց փոքր մասը միայն մնայուն կայք կը հաստատէ: Իսկ մեծագոյն հոսքը տեղի կ'ունենայ Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն ու կը շարունակուի (նուազ չափով) մինչեւ 2015:

Հ․Հ․ քանի մը տասնեակ հազարներ հաշուող քաղաքացիներ կը ցրուին Յունաստանի տարածքին․ շօշափելի թիւ մը՝ Քոքինիա: Դժբախտաբար մեծ մասը հեռու կը մնայ հայ համայնքին ազգային-կրթական կեանքէն։

Գաղթականները՝ Քոքինիա

Խմբագրել

1915Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերէն մաս մը, Քոքինիոյ առաջին բնակիչներէն կը դառնայ[3]։ Այս խումբին կը միանայ 18 Դեկտեմբեր 1921-էն մինչեւ 27 Դեկտեմբեր 1921 Կիլիկիոյ եւ Նիքոմիտիոյ շրջաններէն տեղահանուած 3950 հոգի։ 1921-ին, կը կառուցուի փայտաշէն եկեղեցի մը՝ «Ամենայն Սրբոց»ը։

Փոքր Ասիոյ եւ արեւելեան Թրակիոյ շրջաններէն հայ գաղթականներուն հեղեղը, շուրջ մէկուկէս միլիոն (յոյն գաղթականներուն հետ), տեղի կ'ունենայ Յուլիս, Օգոստոս, Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն, 1922-ին (յունական բանակի նահանջին հետ), կը շարունակուի սակայն նուազ չափով մինչեւ 1923 (նկար՝ Քոքինիոյ մէջ հայկական գաղթակայանը 1922-ին)։ 80․000 հայ գաղթականներ եւ 8․000 որբեր ապաստան կը գտնեն Յունաստանի զանազան շրջաններուն մէջ[11][12][13]։ Քոքինիա ու անոր շրջկայքը՝

 
Քոքինիոյ բաղնիքը- Το Λουτρό της Κοκκινιάς
  • 6․000 Քոքինիա,
  • 5․000 Փիրէայի նաւահանգիստին մօտակայ Լիփազմայի շրջանը։

(Լիփազմա Քոքինիոյ կից շրջան մը։ Կ'ունենայ աշխոյժ հայկական համայնք մը մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակը։ Ռմբակոծումներու ընթացքին հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ապաստան կը գտնէ Քոքինիա․ այդ պատճառով ալ ներառուած է անոր պատմութեան մէջ։)

Շրջանը ողողած հայ եւ յոյն գաղթականները իրենց միջոցներով կը «կառուցեն» տուներ, բնակավայրեր, մեծ մասը թիթեղաշէն, առանց առողջապահական ենթակառոյցի, հեռու քաղաքի կամ թաղի կառոյցի այսօրուան չափանիշներէն։ Երիտասարդ ճարտարապետ՝ Արթին Փալանճեան, շնորհիւ քանի մը գործարարներու նիւթական ներդրումին, 1925-ին, գաղթականներուն անձնական մաքրութեան համար կը կառուցէ հանրային բաղնիք մը «Μικρά Ασία» (Փոքր Ասիա) անունով։ [14] Բաղնիքը կը գործէ մինչեւ 1970-ական թուականները, մեծ գոհացում տալով տեղւոյն բնակչութեան։ Այժմ կը գործէ իբրեւ Նիքէայի Քաղաքապետարանի Մշակութային Տուն։

Քոքինիոյ գաղութը՝ պատմական անդրադարձ

Խմբագրել

Աղքատ, թիթեղաշէն տուներու մէջ ապրող հայ գաղթականներուն համար, քաջութենէ աւելի հաւատք էր՝ իբրեւ հայ տոկալը, ապրիլն ու գործելը։ Առաջին ու գլխաւոր գործը կ'ըլլայ հիմնել ակումբներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, որպէսզի վերապրող սերունդը ունենայ հայեցի կրթութիւն ու պահպանէ հայու իր նկարագիրը։ Գաղութը կը համախմբուի Առաքելական, Կաթողիկէ ու Աւետարանական եկեղեցիներուն շուրջ (երեք յարանուանութիւնները միշտ համերաշխ եղած են ու են)։ Անոնց զուգահեռ կը գործեն բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական, պատանեկան, մշակութային, բնութասիրական միութիւններ, ինչպէս նաեւ դասական քաղաքական գաղափարախօսութիւնները՝ Հ․Յ․Դ․ (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն), Ռ․Ա․Կ․ (Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն) եւ Ս․Դ․Հ․Կ․ (Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Բ․ Համաշխարհային պատերազմը եւ համայնքը, անմիջական հետեւանքներ

Խմբագրել

1940-1944 պատերազմի տարիները ողբերգական կ'ըլլան յունահայութեան համար։ Հ․Կ․Խ․-ի, Բարեգործականի եւ Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ Աղքատախնամի գործակցութեամբ կը ստեղծուի Համազգային Բարեսիրական Մարմին մը, որ կը հիմնէ առողջապահական երկու կեդրոններ՝ Տուրղութի (Νέο Κόσμο) եւ Քոքինիոյ մէջ։ Առաւել, Բարեգործականի Տիկնանց Յանձնախումբը անջատաբար կ'ընդլայնէ իր գործունէութիւնը՝ նիւթական բաշխումներով եւ 3000-ի հասցնելով սեղանատուներէն օգտուող կարօտեալներուն թիւը։ Սակայն ծանր կ'ըլլայ հայութեան տուրքը այս պատերազմին, հակառակ արտասահմանի հայութեան եւ կազմակերպութիւններուն՝ ՀՕՄ-ի, Բարեգործականի եւ այլ օգնութիւններու, միայն Փիրէայի (Քոքինիա, Լիփազմա) մէջ 1000-էն աւելիի կը հասնի հայ սովամահներուն թիւը։ Պատերազմի անմիջական հետեւանքները կ'ըլլան ներգաղթն ու արտագաղթը։ Զգալի կ'ըլլայ գաղութին թիւի նուազումը, ինչ որ կ'ազդէ անոր վերակազմակերպման։

Ներգաղթ, Արտագաղթ

Խմբագրել

Ներգաղթի (1925-1948) կարաւանները Հայաստան կը փոխադրեն 18․000-է աւելի յունահայեր (նկար՝1932-հայրենադարձութիւն)։ Միայն 1947-ին, Փիրէայի նաւահանգիստէն կը ներգաղթեն 2000-է աւելի յունահայեր, կէսէն աւելին՝ Քոքինիոյ շրջանէն։ Նաեւ 1946-էն մինչեւ 1960-ական թուականները, Յունաստանի ամբողջ տարածքին ծայր կ'առնէ արտագաղթ մը դէպի՝ Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկա (մանաւանդ Արեւմտեան ԱՄՆ, Արժանթին եւ Քանատա)։ Քոքինիոյ հայութիւնը կը կորսնցնէ իր թիւին շուրջ երկու երրորդը։

Քոքինիոյ գաղութին կազմակերպական վիճակը, անցեալն ու ներկան

Խմբագրել
 
Քոքինիոյ Ս․ Յակոբ Եկեղեցին

Միութիւններ

Խմբագրել

1923-էն ետք, յաջորդաբար կը սկսին գործել Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի (Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն) Քոքինիոյ մասնաճիւղերը, Հայ Աւետարանական Ջանից Միութիւնը, Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդականի եւ Պատանեկանի միութիւնները, Հայ Բարեգործական Միութեան մասնաճիւղը, Յունահայ Արարատ Մարզական եւ Մշակութային Միութիւնը (1947), Հայրենակցական միութիւններ, Համազգայինի Յունաստանի մասնաճիւղը։

Եկեղեցիներ

Խմբագրել

Ս․ Յակոբ Առաքելական եկեղեցին

Խմբագրել

Քոքինիոյ Կէլլիպոլցի գաղթականները, կրցած են իրենց հետ բերել ­Ս. ­Թո­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ սպաս­նե­րը։ Որպէսզի այդ սպասները իրենց պատշաճ տեղը գտնեն, կ'որոշեն փայտաշէն Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ տեղ կառուցել քարաշէն մեծ եկեղեցի մը։ Իս­կա­պէս ալ, 1933-ի հիմ­նար­կէքէն հա­զիւ 3 տա­րի անց`1936-ին, պատ­րաստ կ'ըլլայ Քո­քի­նիոյ Առաքելական ե­կե­ղե­ցին: Ամենայն Սրբոցը կը վերանուանուի՝ Ս. Յակոբ։ ­Ս. ­Թո­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­զան սպաս­նե­րը կը միա­տե­ղո­ւին, ի­րենց պատս­պա­րա­նը կը գտնեն[15]։ Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ե­կե­ղե­ցին կը գոր­ծէ իբրեւ հո­գե­ւոր սիրտը Քո­քի­նիոյ եւ ­Փի­րէա­յի ու ա­նոր շրջա­կայ­քի հա­յու­թեան։

1965-1992 թուականներուն եկեղեցւոյ բակին կից երկյարկանի շէնքին սրահներուն մէջ, կը հիւրընկալուի «Զաւարեան» վարժարանը։ Այժմ, ա․ յարկը իր խոհանոցով, կը ծառայէ եկեղեցւոյ բազմատեսակ գործունէութեան։ Իսկ բ․ յարկէն սրահ մը կը տրամադրուի Յունաստանի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Շրջանային Վարչութեան իբր գրասենեակ-թանգարան։

 
Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մանկատունն ու Ժողովարանը․ նկար՝ 2017

Հայ Աւետարանական եկեղեցին

Խմբագրել

Քոքինիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցին կը պատկանի Ժողովական դաւանանքին։ 1923-էն ունէր երկու աղօթավայրեր, մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմը՝ Լիբազմայի եւ Քոքինիոյ շրջաններուն մէջ։ Այժմ կը գործէ միայն Քոքինիոյ աղօթավայրը, որ նաեւ հաւաքավայրն է Աւետարանական համայնքին։ Նոյն շէնքին մէջ կայ «Հայկազեան» սրահը։ Անոր տարածքը, ներառեալ շէնքերը, սեփականութիւնն են Ամերիկեան Պորտին եւ ձրիաբար տրամադրուած են համայնքին։ Մինչեւ այսօր կը գործէ Կիրակնօրեայ դպրոցը։

 
Ս․ Թերեզա եկեղեցին

Հայ Կաթողիկէ Սրբուհի Թերեզա Եկեղեցին

Խմբագրել

Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաքելութիւնը անկախ է լատինածես եւ յունածես կեդրոններէն․ կապուած է ուղղակի Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին։ Սրբ․ Թերեզա Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կը կատարուի 1925-ին, շնորհիւ Կարնեցի Վիճակաւոր (Առաջնորդ) Հայր Կիւրեղ վրդ. Զոհրապեանի ջանքերուն։ Ան կը կազմակերպէ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Թեմը։ Այժմ համայնքի ժողովուրդին առջեւ եկեղեցւոյ դռները կը բացուին տարին մէկ-երկու անգամ։[16]

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ակումբներ, հաւաքավայրեր

Խմբագրել

Քոքինիոյ տարածքին կը գործեն Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» կեդրոնը եւ Հայ Բարեգործական միութեան «Արարատ» ակումբը։

Արարատ Մարզական եւ Մշակութային ակումբ

Խմբագրել

«Արարատ» ակումբը կը պատկանի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։ Անոր հաւաքավայրն է։

Բ․ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին եւ 1946-47-ի հայրենադարձէն վերջ, կը յղանայ գաղափարը ու 1947 Հոկտեմբեր 1-ին կը հիմնուի Արարատ մարզական եւ մշակութային Միութիւնը։ Անոր կորիզը կը կազմեն 21 երիտասարդներ։ Առաջին օրէն, Միութիւնը կ՛ունենայ երգչախումբը, թատերախումբը, նուագախումբը եւ պարախումբը։ Նաեւ՝ Սկաուտական խումբը։ 1980-ին կը ստանձնէ «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան նիւթական եւ բարոյական պատասխանատուութիւնը։ Անոնց կողքին կը գործէ նաեւ Արարատի Երիտասարդաց խումբը։

Զգալի էր կարիքը, ունենալ սեփական ակումբ։ 1981 Ապրիլ 5-ին կը հիմնուի «Արարատ Մ․Մ․ Միութեան հիմնադրամ»ը ու 1988 Յունուարին, Հ․Բ․Ը․Մ․-ի ներդրումով կը գնուի ներկայ շէնքը։

Զաւարեան կեդրոն

Խմբագրել

Գաղթականներուն համար, անհրաժեշտ էր ունենալ մնայուն դպրոց մը եւ հաւաքավայր մը։ Այդ օրերուն Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները եւ «Զաւարեան»ի կառուցման օժանդակ մարմնոյ անդամները, իրենց կողքին ունենալով շրջանի հայ գաղթականութեան նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնն ու ծառայութիւնը, 750 տրախմիի հիմնադրամով 1924 թուականին հիմը կը դնեն «Զաւարեան» ակումբ-դպրոցին․ բացումը՝ 1927 Սեպտեմբեր[17],[18]։

Տարիներ ետք, անհրաժեշտ կ'ըլլայ շէնքին վերակառուցումը, որ գոհացում պիտի տար ակումբ-դպրոց արդիական կարիքներուն։ Այս նպատակով կը կազմուի փոքրանդամ շինութեան յանձնախումբ մը։ 1992-ի վերջաւորութեան նորակառոյց շէնքը ամբողջութեամբ կը լրանայ շնորհիւ շրջանի հայութեան անսակարկ նուիրումին ու Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, Հայ Կապոյտ Խաչի նիւթաբարոյական աջակցութեան։

Այսօր, «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, կը շարունակեն գործել Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» վարժարան ը՝ ա․ յարկ եւ Քոքինիոյ՝

  • Հայ Կապոյտ Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղը,
  • Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մասնաճիւղը իր Սկաուտական բաժինով ու Մարզական խումբերով (Ոտնագնդակի եւ Վոլէյպոլի՝ փոքրերու, պատանիներու, մեծերու երկսեռ բաժինները),
  • Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդականի[19] «Փոթորիկ» խումբը,
  • Հ․Յ․Դ․ Պատանեկանի խումբը
  • Համազգայինի մշակութային եւ կրթական միութիւնը։

Կրթական հաստատութիւններ

Խմբագրել

Գաղթականներէն, Հաճընցի Սոկրատ Թօփալեան, 1923-ին Քոքինիոյ մէջ կը հիմնէ առաջին հայ վարժարանը՝ «Համազգային»ը, որ կը գործէ միայն 2 տարի։

Անմիջապէս ետք, կը բացուին հետեւեալ նախակրթարանները իրենց մանկապարտէզի բաժիններով․-

  • «Ազգային» (Ս․Յակոբ եկեղեցւոյ բակին կից. Բարեգործականը կ'ունենայ իր նիւթական ներդրումը),
  • Հայ կապոյտ Խաչի «Զաւարեան»,
  • Հայ Կաթողիկէ «Արարատեան»,
  • Հայ Աւետարանական:
 
Հ․Կ․Խ.-ի «Զաւարեան» կեդրոնը ու Ա․ յարկին՝ համանուն վարժարանը

Բ․ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, առաջին երկուքը կը միանան՝ «Ազգային Զաւարեան Միացեալ վարժարան» անուան տակ․ «Ազգային»ի եւ «Զաւարեան»ի շէնքերուն մէջ։ 1957-58 դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը, Բարեգործականը կը հեռանայ այս միացումէն ու կը հիմնէ «Արտաքի Գալփակեան» վարժարանը, Աթէնքի հարաւային արուարձաններէն Ամֆիթէայի շրջանը։ Այժմ Քոքինիոյ տարածքին կը գործեն՝ Հ․Կ․Խ․-ի «Զաւարեան» վարժարանը իր նախակրթարանի եւ Մանկապարտէզի բաժիններով եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Մանկատունը։

Հ․Կ․Խ․ի «Զաւարեան» վարժարան

Խմբագրել

Զաւարեան ակումբին հիմնումէն՝ 1926-էն իսկ, անոր սրահներուն մէջ կը գործէ Հ․Կ․Խ․ի «Զաւարեան» վարժարան նը։ Առաջին տարուան տնօրէնը կ'ըլլայ Զաքար Զաքարեանը։ 1926-ին բացուած Հռիփսիմեանց մանկապարտէզը տնօրէնութեամբ տիկին Հայաստան Ուշագլեանի, 1927-ին կը միանայ նորակառոյց «Զաւարեան» դպրոցին։ 1928-29 ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը կը կատարուի պաշտօնական բացումը Հայ Կապոյտ Խաչին Ազգային Միացեալ «Զաւարեան»-«Հռիփսիմեանց» վարժարանին Սօս Վանիի տնօրէնութեամբ եւ 260 երկսեռ աշակերտութեամբ[18]։ Սկիզբը ընթացիկ ըմբռնումով դպրոցական հաստատութիւն մը չ'ըլլար միայն, այլեւ փողոցներէն անկարող ընտանիքներուն զաւակները փրկող, հայ որբերը պահող-պահպանող պատսպարան մը։ Բ․ Համաշխարհային պատերազմին առաջին օրէն իսկ կը կասեցուին անոր աշխատանքները․ կը վերաբացուի 1945-ին։ Յունաստանի ներքին ազգամիջեան (1944-1948) պատերազմէն ազդուած, յունահայութեան եւ ինքնաբերաբար հայ դպրոցներու աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն կը նուազի (նկար՝ Քոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէս — 1 Յուլիս 1947ին

1965-ական տարիներուն, այլեւս դպրոցին համար անհնարին կը դառնայ գործել «Զաւարեան» ակումբին մէջ։ Առժամապէս կը փոխադրուի Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ հիւրընկալ սրահներուն մէջ (շրջափակին կից)։ Ու, 1993-ին կը վերադառնայ իր «տունը», գրաւելով նորաշէն «Զաւարեան» կեդրոնին Ա․ յարկը, օժտուած դաստիարակչական արդի բոլոր յարմարութիւններով։

2010-ին կը կառուցուի արդի մանկավարժութեան յարմար «Հայաստան Ուշագլեան» Մանկապարտէզը Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ կից։[17]

 
2017 Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մանկատունը՝ գետնայարկը

Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Նախակրթարանը եւ Մանկատունը

Խմբագրել

Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ յարակից շէնքին մինչեւ 1982, կը գործէր նախակրթարանը, իսկ Մանկատունը՝ մինչեւ Յունիս 2018։ Բակը ընդարձակ ըլլալով, ժամանակին յաճախ կ'օգտագօրծուէր հայ եւ յոյն միւս վարժարաններուն կողմէ աշակերտներուն մարզանքի պահուն։[20]

Կաթողիկէ համայնքին «Արարատեան» վարժարանը

Խմբագրել

Շնորհիւ Գերապայծառ Արք․ Կիւրեղի ջանքերուն, 1926-ին կը բացուի «Արարատեան» վարժարանը, 183 աշակերտներով (նկարը՝ [21]Մխիթարեանի միաբանները կը հոգան, նաեւ կը կազմաւորեն դպրոցին Ուսուցչական կազմը։ Վարժարանը կը փակուի 1936-ին եւ անոր աշակերտները կը շարունակեն իրենց կրթութիւնը «Ազգային» եւ «Զաւարեան» վարժարաններուն մէջ։

Լիփազմայի վարժարանները

Խմբագրել

Լիփազման կը գտնուի Քոքինիոյ արեւմուտքը եւ շատ մօտ է Փիրէայի նաւահանգիստին․ ատենօք անոր հիւսիսային արուարձանն էր։ Մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմ, կը գործէին երեք նախակրթարաններ իրենց Մանկապարտէզներով՝ Ազգային, Հ․Կ․Խ., եւ Պատ․ Յր․ Աճէմեանի անհատական վարժարանը։ Առաջին ռմբակոծումներուն իսկ, հայութեան մեծ մասը կը լքէ ու կ'ապաստանի Քոքինիոյ եւ Աթէնքի շրջանները։

Շէնքերու կառուցում «անտուն» մնացած հայ ընտանիքներու համար

Խմբագրել

1955-ական թուականներուն, տակաւին հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ կը բնակէին 35-40 տարուան ապառողջապահական տաղաւարներու մէջ։ Այս նպատակով, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն Archived 2018-01-26 at the Wayback Machine.-ը[22] կը տրամադրէ հսկայ գումար մը․ կը գործակցի ՄԱԿ-ի գաղթականաց գրասենեակին եւ Յունաստանի խնամատարական նախարարութեան հետ ու կը կառուցեն բազմայարկանի շէնքեր։

Սակայն բնակարանային տագնապը շատ մեծ էր․ հայ կարիքաւորներուն միայն 2/7-ը կը պատսպարուի։ 600 հայ ընտանիքներ՝ մեծ մասը Քոքինիոյ շրջանէն, տակաւին «անտուն» կը մնան։ Այդ օրերու Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի՝ Գրիգոր Բարաղամեանի նախաձեռնութեամբ, կը կազմուի Յունահայ Շինութեան Ընկերակցութիւնը։ Կը մասնակցին՝ Գ․ Կիւլպէնկեան, Հ․ Գարակէօզեան Հիմնարկութիւնները, «անտուն» հայ ընտանիքները իրենց համեստ մասնավճարներով․ այսպէս երբ հիմնադրամը պատրաստ կ'ըլլայ, կը ձեռնարկուի բազմայարկանի շէնքերու կառուցումը։ Այսօր ալ ծանօթ են այս շէնքերը` «հայկական բազմայարկանի - Αρμένικες πολυκατοικίες» անուանումով։

Հայանպաստ բարեսիրական հիմնարկութիւններու եւ հաստատութիւններու օգուտը Քոքինիոյ համայնքին

Խմբագրել

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւն

Խմբագրել

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը կը հիմնուի գործարար եւ բարեգործ՝ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանին կողմէ։ Ան իր հարստութիւնը կ'օգտագործէ նպաստելու եւ զօրավիգ կանգնելու աշխարհի տարածքին գտնուող տարագիր հայերուն։ Հիմնարկը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր այս գործունէութիւնը։

1960-ական թուականներուն, շնորհիւ հսկայական գումարներու ներդրումին, հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ կ'ունենան բնակարաններ։

Կրթաթոշակներու նպաստ մը կը տրամադրուի հայ ուսանողներուն շարունակելու իրենց ուսումը, որպէսզի հետագային անոնք իրենց նպաստը բերեն հայ համայնքին։ Առաւել եւս, վերջին տարիներուն հիմնարկութիւնը իր ձեռնարկներով կը սատարէ արեւմտահայերէնի յառաջացման ու զարգացման, կը կազմակերպէ արեւմտահայերէնով ճամբարներ, մանկավարժներու, մասնագէտներու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ուսանողներու ու նոյնիսկ արուեստագէտներու համար[23]: Քոքինիոյ համայնքն ալ տասնամեակներէ ի վեր կ'օգտուի Կիւլպէնկեան հաստատութեան բարիքներէն, մանաւանդ դպրոցները իրենց ուսուցիչներով ։

Հայասէր Զուիցերեացիներուն Ընկերակցութիւնը, Հայկական Ծերանոց

Խմբագրել

Հայ ժողովուրդին օգտակար հանդիսանալու եւ յատկապէս թրքական կոտորածներէն փրկուած հայերուն օգնելու նպատակով, 1897-ին կը կազմուի Հայասէր Զուիցերեացիներուն Ընկերակցութիւնը։

Այս ընկերակցութիւնը Քասթրիի շրջանը (Աթէնքին հիւսիսը), կը հիմնէ տկարակազմ փոքրերու կազդուրման ծառայող հանգստեան տուն մը, որմէ կ'օգտուին Քոքինիոյ շրջանէն մեծ թիւով երեխաներ ու պատանիներ:

Իսկ 1957-ին կը հիմնէ կեանքի մայրամուտին հասած մեր հայրենակիցներուն համար պատսպարան մը՝ Հայկական Ծերանոցը եւ 30 Դեկտեմբեր 1985-ին, զայն կը փոխանցէ Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանին։ 1986-ին այս ընկերակցութիւնը կը լուծուի եւ փոխարէնը կը կազմուի Արմենօֆաս հիմնարկը, որ կը շարունակէ նախորդին բարեսիրական գործունէութիւնը։

Բարեսիրական այս հիմնարկը կը հիմնուի 1921-ին: Յունաստանի մէջ կը սկսի գործել 1937-էն մինչեւ 1980-ական թուականները։ Քոքինիոյ մէջ ալ մեծապէս կը սատարէ հայ մանուկներուն, պատանիներուն առողջութեան։ Կը հսկէր վարժարաններու աշակերտութեան առողջապահական վիճակին, վերջիններս հերթական դրութեամբ բժշկական քննութիւններու կ'ենթարկուէին եւ կը վայելէին ընդհանուր կամ մասնաւոր հոգատարութիւն։ Այս ուղղութեամբ՝

  • Ակնաբուժարան/ դարմանատուն
  • Ատամներու ընդհանուր խնամք,
  • Տկարակազմերու առաքում դէպի՝ նախաբուժական ապաքինարաններ
  • Դեղորայքի կամ կենսանիւթերու ձրի բաշխում
  • Ձկան իւղի եւ կաթի բաշխում
  • Ուտեստեղէնի կամ հագուստի ծրարներու բաշխում (պատահական)

Կը հիմնուին ամառնային կազդուրման կայաններ բժշկական հսկողութեամբ: Հայ վարժարաններէն ուսուցիչներ կամաւոր կերպով կը մասնակցէին այս կայաններուն։

Դանիացի Հայասէրներու Առաքելութիւնը

Խմբագրել

Այս հայանպաստ կազմակերպութիւնը կը հիմնուի 1922-ին։ Իր գործունէութիւնը գլխաւորաբար կը կեդրոնացնէ յունահայ գաղութին շուրջ մինչեւ 1965-ական թուականները։ Նէա էրիթրէայի (Աթէնքին հիւսիսը) սեփական շէնքին մէջ: Ձմեռը կը պատսպարէր հայ աղջիկներ, որոնք կը հետեւէին կարի, տնային տնտեսութեան, առողջապահութեան եւ կենցաղագիտութեան դասընթացքներու։ Իսկ ամառը, կ'ընդունուէին կազդուրման կարօտեալներ։ Հակառակ որ այս հաստատութիւնն ալ հեռու էր Քոքինիոյ շրջանէն, օրին, մեծ թիւով Քոքինիացիներ կ'օգտուէին անոր ծրագիրներէն։

Ծանoթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Քոքինիոյ հին անուանակոչումը(յունարէն)
  2. Քոքինիոյ հին անուանակոչումը(յունարէն)
  3. 3,0 3,1 Քոքինիա
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 Հայերուն ներկայութիւնը Յունաստան - Արմենիքա պարբերաթերթ (յունարէն)
  5. Հայերը հինէն Յունաստան (յունարէն)
  6. Յունահայ համայնքին պատմականը - Արմենիքա պարբերաթերթ (յունարէն)
  7. Հայերու հետքեր Լարիսա Archived 2017-07-08 at the Wayback Machine. (յունարէն)
  8. Հայերը Քորֆու - Արմենիքա պարբերաթերթ (յունարէն)
  9. Կրէտէի Արմէնօն շրջանը Archived 2016-11-13 at the Wayback Machine. (յունարէն)
  10. Η επιχείρηση “Μπανκ Οτομάν” οι Αρμένιοι πρόσφυγες στην Αθήνα και ο Ελληνικός Τύπος της εποχής, Περιοδικό Αρμενικά Արմենիքա Պարբերաթերթ http://armenika.gr/koinotita/75-istoria-paroikias/547-epixeirhsh-bank-otoman-oi-armenioi-prosfuges-stin-athina-kai-o-ellinikos-tupos
  11. Սիրոս կղզիին Ամերիկեան որբանոցին մօտ 4000 հայ որբերը Archived 2015-12-12 at the Wayback Machine.յուն․՝ {{{1}}}
  12. «Ազատ Օր» օրաթերթ Քորֆու-որբեր
  13. Հայ գաղթականներ Քորֆու (յունարէն)
  14. Բաղնիքին պատմականը (յունարէն)
  15. Կէլլիպոլէն՝ Քոքինիոյ Ս․Յակոբ եկեղեցին, Քուին Մինասեան
  16. Հայ Կաթողիկէ Համայնքը - Արմենիքա պարերաթերթ (յունարէն)
  17. 17,0 17,1 Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» վարժարան
  18. 18,0 18,1 Զաւարեան վարժարանի 90-ամեակի տօնակատարութիւն, 17-10-2018
  19. maik1970 (2018-02-02)։ «Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան 70ա­մեա­կը»։ Azat Or (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-20 
  20. Հայ Աւետարանական եկեղեցի, Արմենիքա պարերաթերթ (յունարէն)
  21. [1]
  22. Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկ (անգլերէն)
  23. «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժինի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին Հարցազրոյցը

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. «ԱՄԷՆՈՒՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔԸ», 1960 Կարօ Գէորգեան
  2. Կարօ Մինասեանի Արխիւ
  3. «Նոր Աշխարհ» Տարեգիրք, 2004

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել