Հայ Օգնութեան Միութիւն

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (անգլերէն՝ Armenian Relief Society), անկախ, մարդասիրական եւ բարեգործական կազմակերպութիւն մըն է։ ՀՕՄը ինքնավար, ոչ-կառավարական եւ ոչ-յարանուանական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ծառայէ հոգալու Հայ Ժողովուրդի մարդկային – հոգեկան թէ ֆիզիքական-կարիքները եւ կը ձգտի պահպանելու Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը: 26 երկիրներու մէջ ունի մասնաճիւղեր՝ աւելի քան 15 հազար անդամներով։ ՄԱԿ-ի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հասարակական լրատուութեան բաժանմունքի անդամ։

Պատմական

Խմբագրել

1910 թուականէն շատ առաջ, յեղափոխական շարժման զուգընթաց, կային կանանց խումբեր, կոմիտէներ ու «Կարմիր Խաչ»ի միաւորներ Կովկասի, Ատրպատականի, Վասպուրականի, Տրապիզոնի, Էրզրումի, Խարբերդի, Տիգրանակերտի եւ այլ հայաշատ շրջաններու մէջ։ Այս խումբերը կատարած են կարեւոր աշխատանք հայդուկային կռիւներու ընթացքին վիրաւոր մարտիկներ խնամելով, թալանուած հայկական գիւղերու բնակիչներուն սնունդ, հանդերձանք եւ դեղօրայք հասցնելով, փախստականներու ապաստան ապահովելով, եւ այլ մարդասիրական աշխատանքներով։

Հիմնադրութիւն

Խմբագրել

Քսաներորդ դարուն առաջին տասնամեակին, երկու իրերամերժ կայսրութիւններու միջեւ բաժնուած հայութիւնը, Պոլիսէն Թիֆլիս, կ'ապրէր իր ազգային ինքնագիտակցութեան, մշակութային ու քաղաքական զարթօնքի նորագոյն շրջանը։ Գալիք դէպքերու լոյսին տակ, նախախնամական եղաւ երիտասարդ մտաւորական եւ դաշնակցութիւն կուսակցութեան ակնառու գործիչ՝ Խաչատուր Մալումեան «Է. Ակնունիի» կը հասնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորակազմ համայնքներէն ներս ի մի հաւաքելու եւ կազմակերպելու ազգային վերազարթնումով խանդավառ հայ կանանց անջատաբար գործող զանազան խումբերը։

Միջազգային Կարմիր Խաչի մարդկայնական եւ բարեսիրական սկզբունքներէն ու ծրագիրներէն ներշնչուած, Միացեալ Նահանգներու հայ կանանց փոքրաթիւ այս խումբերը, Ակնունիի խրախուսիչ թելադրանքներով ու ցուցմունքներով, 1910 թուին կը համախմբուէին Նիւ Եորքի մէջ եւ հիմը կը դնէին «Դաշնակցութեան Կարմիր խաչի», որ հետագային, համասփիւռքեա՛ն իր տարածուն ցանցով եւ աշխոյժ գործունէութեամբ, ամենուրե՛ք պիտի ճանչցուէր որպէս ՀՕՄ, որպէս ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ։

Առաքելութիւն

Խմբագրել
  1. Ա. Սատարել բարոյական բարձր ըմբռնումի եւ ընկերական յարաբերութիւններու զարգացման՝ Միութեան անդամներուն, մասնաճիւղերուն եւ շրջաններուն միջեւ:
  2. Օժանդակել Հայ ժողովուրդի ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական ճիգերուն:
  3. Յատուկ յատկացումներ ընել՝ սնունդ, դեղօրայք եւ հագուստեղէն հայթայթելու՝ պատերազմներու համաճարակներու եւ բնական աղէտներու ժամանակ եւ օգնել հիւանդներու, կարօտեալներու, ռազմագերիներու եւ աքսորեալներու:
  4. Հիմնել առողջապահական, սննդաբաշխումի եւ ընկերային ծառայութեան կեդրոններ եւ կամ նիւթապէս օժանդակել անոնց:
  5. Քաջալերել Հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցումը, հիմնել հայկական վարժարաններ եւ նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակել անոնց. օգնել հայ մշակոյթի յաւերժացման սատարող ճիգերու:
  6. Նիւթապէս օժանդակել հայկական վարժարան յաճախող արժանաւոր աշակերտներու:
  7. Նիւթապէս օգնել բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ յաճախող արժանաւոր հայ ուսանողներու:
  8. Օժանդակել առողջապահական, կրթական եւ խնամատարական ծրագիրներու, որոնք կ'օգնեն Հայ զինուորներու, մեր Ազգային Դատին ծառայողներու ընտանիքներուն, կարօտեալ այն հայերուն, որոնք ծանօթ են իրենց ազգային կարկառուն ծառայութեամբ եւ նպաստել անոնց զաւակներու կրթութեան:
  9. Սատարել ՀՕՄի անդամներու դաստիարակութեան եւ քաջալերել անոնց մասնակցութիւնը հանրային կեանքէն ներս:
  10. Քաջալերել ՀՕՄի անդամները անհատապէս թէ' հաւաքաբար մասնակցելու գաղութային կազմակերպութիւններու գործունէութեանց, որոնց սկզբունքները կը համընկնին ՀՕՄի սկզբունքներուն:
  11. Գործակցիլ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք համանման նպատակներ կը հետապնդեն:
  12. Իբրեւ ոչ-կառավարական, Միացեալ Ազգերու անդամ կազմակերպութիւն, քաջալերել եւ ջատագով հանդիսանալ մարդկային իրաւունքներու պահպանումին եւ ընկերային բարեփոխումներու, ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Խորհրդանիշ

Խմբագրել
  • Խաչ՝ Խորհրդանշան կրօնի
  • Արեւ՝ Խորհրդանշան մտային լուսաւորութեան
  • Դափնիի ճիւղ՝ Խորհրդանշան մշակոյթի
  • Սուր՝ Խորհրդանշան արթնութեան եւ ընտանիքի պաշտպանութեան (խաչը սուրին կոթն է)
  • Ձիթենիի ճիւղ՝ Խորհրդանշան խաղաղութեան
  • Սիրտ՝ Խորհրդանշան գութի եւ ողորմութեան
  • Արարատ լեռ՝ Խորհրդանշան Հայրենիքի
  • 1910՝ Հիմնադրութեան թուական Նիւ Եորք Նահանգին մէջ

Քալերգ

Խմբագրել

Մենք՝ ուխտեալներ հայ օգնութեան սուրբ գործին,
Լոյսի բանակ եւ գթութեան խաչուհի,
Գոյամարտին մէջ սրբազան մեր դատին՝
Մենք կը բերենք հայ կնոջ սիրտը ոսկի։

Օտար երկրի հովերուն դէմ մոլեգին՝
Հայ դպրութեան ջահը պահենք մշտավառ
Եւ թող շունչ տայ Հայ օճախի կրակին
Մեր շրթներուն վրայ ծաղկող ամէն բառ։

Մենք՝ ուխտեալներ ՀՕՄի պայծառ դրօշին,
Միշտ կը մնանք արի պահակն անցեալի,
Մինչեւ ծագի արդարութեան վառ արփին,
Մինչեւ հասնինք սէգ սարերուն Հայրենի։

Խօսք՝ Մուշեղ Իշխան
Երաժշտութիւն՝ Բարսեղ Կանաչեան

Առաջին Տասնամեակները

Խմբագրել

Նորկազմ Միութեան առած առաջին քայլերէն մին կ'ըլլայ խմբագրել ստորեւ երեւցող տողերը՝ ուղղուած Ամենայն Հայոց Վեհափառ Մատթէոս Բ. Կաթողիկոսին, Էջմիածին, առ ի տեղեկութիւն ընկերութեան ծրագրեալ աշխատանքներուն, միաժամանակ խնդրելով Նորին Սրբութեան հայրապետական օրհնութիւնն ու աջակցութիւնը նորակազմ այդ միութեան:

ՀՕՄը, իր անդրանիկ պատգամաւորական ժողովը կը գումարէ 30 մայիս, 1915-ին, Պոսթոնի մէջ—որ կոչուած էր դառնալու Միութեան վարչական նստավայրը։ Երբ Ժողովը կը սկսի, ՀՕՄի ժողովին կը հասնի Մեծ Եղեռնի դաւադիր ծրագրին սկիզբը նշող, պոլսահայ մտաւորարականութեան զանգուածային ձերբակալութիւններուն լուրերը եւ միաժամանակ թափ կ'առնէր ամերիկահայ կամաւորակա՛ն շարժումը, որուն ի տես՝ ժողովը կը որոշէ իր շարքերէն բուժքոյրեր ուղարկել կովկասեան ճակատ՝ խնամելու համար հիւանդ կամ վիրաւոր մարտիկները։ Միջազգային քաղաքական վիճակով մտահոգ, ժողովը բնականաբար զբաղած էր նաե՛ւ աղէտի եզրին կանգնած Օսմանեան կայսրութեան հայ զանգուածներուն ճակատագրով, եւ հեռագիր մը խմբագրած էր ու յղած Նախագահ Վուդրօ Վիլսընին՝ խնդրելով, որ ան իր ազդեցութիւնը ի գործ դնէ, ընդհանրապէ՛ս Օսմանեան կայսրութեան, ու մասնաւորաբա՛ր հայկական նահանգներու տարածքին ապրող հայութեան սպառնացող լու՛րջ վտանգին առաջքը առնելու առաջադրութեամբ։ 1920-ական թուականներուն մեծ աշխատանք ծաւալած է տարբեր երկիրներու մէջ, հայ համայնքներու ազգամշակութային կեանքի կազմակերպման ուղղութեամբ։ Կազմակերպութեան ամերիկեան կեդրոնին շուրջ միաւորուած են Ֆրանսայի, Յունաստանի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Պուլկարիոյ, Իրանի, Ռումանիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի մասնաճիւղերը։ Կազմակերպութեան միջոցներով ստեղծուած են հայկական դպրոցներ, հոգեւոր ճեմարաններ, առողջապահական կեդրոններ եւ այլն։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1939-45) մասնաճիւղերը համագործակցած են միջազգային «Կարմիր խաչ»ին հետ։

Հիւսիսային Ամերիկա

Խմբագրել

Մինչեւ 1979, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութիւնը կը կատարէր թէ՛ հիւսիսային ամերիկեան ցամաքամասի շրջանային՝ եւ թէ՛ համասփիւռքեան ներկայութիւն եղող համանուն միաւորներու Կեդրոնակա՛ն վարչութեան զոյգ պարտականութիւնները։ 1979-ի յուլիսին էր որ, Համահայկական պատգամաւորական ժողովին, Միութիւնը, վերամշակելով իր Ծրագիր-Կանոնագիրը, կը ստեղծէր Կեդրոնական վարչական մարմին մը՝ վարելու համար համասփիւռքեան միաւորներով կազմուած իր կառոյցին աշխատանքները, եւ կը վերահաստատէր Հիւս. Ամերիկայի ՀՕՄ-ի վարչութեան իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնները՝՝ Շրջանայի՛ն վարչութեան յատուկ սահմաններով։ 1984 թուին, նկատի առնելով ամերիկահայ գաղութի արագ աճը արեւմտեան Միացեալ Նահանգներուն մէջ, նոր միաւոր մը կազմուեցաւ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Օգնութեան Միութիւն անուան տակ, իր մէջ առնելով Միսիսիփի գետին արեւմուտքը գտնուող նահանգները. մնացեալ շրջանը, ներառեալ ԱՄՆ-ի արեւելեան ափը եւ Գանատան, պահեց իր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութիւն անունը մինչեւ 1990՝ երբ Գանատան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգները եւս պաշտօնապէս կը դառնային զատ շրջանային միաւորներ։ Այսպիսով, 1990 թուականը կը նշէր վերատեսութեան եթարկուած համասփիւռքեա՛ն կառոյցի մը սկզբնաւորութիւնը՝ որ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան եւ Հայաստանի ՀՕՄ-ի հաստատումով, պիտի դառնար համահայկակա՛ն միջազգային կազմակերպութիւն։

ՀՕՄը եւ Սպիտակի Երկրաշարժը

Խմբագրել

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, առաջին հերթին, ՀՕՄ-ի բերելիք մասնակցութիւնն ու ստանալիք օժանդակութիւնը յստակացնելու ճամբով, անմիջապէս կապ կը հաստատէր Ուաշինկթընի Խորհրդային դեսպանատան, Միացեալ Նահանգներու Արտերկրեայ աղէտներու օգնութեան գրասենեակին, Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան, Ամերիկեան Կարմիր խաչի միջազգային օգնութեան բաժանմունքին եւ այլ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ։

Երկրաշարժին անմիջապէս յաջորդող հրատապ փուլին համար, ՀՕՄ-ը իր աշխատանքային ծրագիրը կը մշակէր նկատի ունենալով հետեւեալ երեք առաջնահերթութիւնները.- 1. Կանխել փրկութեան եւ օգնութեան աշխատանքներուն դանդաղութեան ու բժշկական անհրժեշտ միջոցառումներու եւ դեղօրայքի անբաւարարութեան պատճառած մահերը։ 2. Բժշկական խնամք ապահովել վերապրողներուն։ 3. Ջանալ վերականգնել նախա-աղէտային պայմանները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով վերակառուցման եւ տնակորոյս բնակիչներու վերաբնակեցման ծրագիրներուն վրայ: Դեկտեմբեր 8-ի առաւօտեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը զօրաշարժի կ'ենթարկէր իր աշխարհասփիւռ միաւորները՝ կարենալ համադրելու համար թէ՛ շտապ օգնութեան առաջին քայլերը եւ թէ՛ գալիք դժուարին օրերու անհամար կարիքներուն հասնելու երկարատեւ ծրագիրներու գործադրման միջոցառումները։ Միաժամանակ, Կեդրոնական վարչութիւնը, իր բոլո՛ր շրջանային թէ մեկուսի միաւորներուն կը թելադրէր եւ հարկ եղած ուղղութիւնը կուտար հանգանակութիւններու ձեռնարկելու՝ աղէտեալ գօտիին տրուելիք օգնութեան ծաւալը իր առաւելագոյնին հասցնելու առաջադրանքով։ Գաղթաշխարհի ա՛յն շրջաններուն մէջ, ուր համագաղութային, միացեա՛լ մարմիններ կազմուած էին նո՛յն նպատակին համար, ՀՕՄ-ի միաւորներուն եւ անդամներուն կը թելադրուէր, հաւաքակա՛ն ճիգերով իրենց ամբողջակա՛ն մասնակցութիւնը բերել ընթացքի մէջ եղող գործունէութեան։ Օգնութեան աշխատանքները համադրելու եւ տեղեկութիւններ փոխանակելու համար, արտերկրի տարածքին, հեռախօսային եւ հեռատպային ամենօրեայ կապերու ցանց մը կը հաստատուէր ՀՕՄ-ի միաւորներուն, յարակից թէ համայնքային հայ գլխաւոր կազմակերպութիւններուն հետ։ Օտար հաստատութիւններու եւ այլ գրասենեակներու համար, ՀՕՄ-ի Ուաշինկթընի գրասենեակը կը ծառայէր որպէս տեղեկատուական կեդրոն։

Արտերկրի հայութեան անդոհանքը փարատելու ձգտումով, հեռախօսային յատուկ գիծեր կþապահովուէին 11 տարբեր երկիրներէ ներս, աղէտի գօտիին մէջ գտնուող ազգականներու վիճակին մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ փոխանցելու համար։ Ամերիկայի Ձայնի հայկական բաժնի հետ յատուկ համաձայնութեամբ, հեռախօսային այդ թիւերը շարունակաբար կը հեռասփռուէին դէպի Հայաստան։ Աղէտէն չորս օր ետք, բաւարարելու համար երիկամունքի մաքրազտման մեքենաներու անբաւարար քանակի հրատապ հարցը, ՀՕՄ-ի Ուաշինկթընի գրասենեակը կապ կը հաստատէր Baxter Healthcare ընկերութեան հետ եւ դեկտ. 18-ին, 36 300 քիլօկրամ ծանրութեամբ երիկամունքի մաքրազտման յատուկ սարքաւորումներ Հայաստան կþուղարկուէին՝ բժիշկներէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած խումբի մը ընկերակցութեամբ։ Այդ խումբը, օրական մօտ 35 հիւանդ խնամելէ ետք, Ամերիկա կը վերադառնար դեկտեմբեր 31-ին։ Երկրորդ խումբ մը Հայաստան կը մեկնէր յունուար 7, 1989-ին, եւ 16 օր մնալով, օրական մօտ 25 հիւանդ կը խնամէր եւ, այդ խնամքին շարունակականութիւնը ապահովելու համար, ուղարկուած սարքաւորումներուն գործածութեան կը վարժեցնէր Երեխաներու թիւ 3 հիւանդանոցի եւ վիրաբուժական հաստատութեան անձնակազմերը։ Հնարաւորին չափ մեծ թիւով վերապրողներու կեանքերը փրկելու առաջադրութեամբ, ՀՕՄ-ը հետեւեալ քայլերը կþառնէր աղէտին առաջի՛ն շաբթուան ընթացքին իսկ.-

ա. Կեդրոնական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած կամաւոր հաստատութիւններու ցանկէն ընկերութեան մը տրամադրած սեփական սաւառնակով՝ հայաստան կը գործուղուէր արկածային վէրքերու մասնագէտ բժիշկներու խումբ մը։ բ. Անմիջապէս, շուրջ 15,000 տոլար արժողութեամբ որոնման ու փրկութեան յատուկ սարքուածներ կþուղարկուէին աղէտեալ գօտիի գիւղերուն մէջ փրկութեան աշխատանքները արագացնելու համար։

Միաժամանակ, օգնութեան մեր աշխատանքներուն համար նիւթական միջոցներ ապահովելու մտօք, համաձայնութիւն կը կայանար Chrysler եւ Monsanto ընկերութիւններուն հետ՝ որուն հիման վրայ, անոնք կը խոստանային իրենց պաշտօնեաներուն կողմէ կատարուած նուիրատւութիւններուն դիմաց համահաւասա՛ր գումարներով մասնակցիլ ՀՕՄ-ի Հայաստանի աղէտեալներու Ֆոնդին։ Դեկտեմբեր 28-ին, Կեդր. վարչութիւնը Ուաշինկթընի Խորհրդային դեսպանին կը յանձնէր երկրաշարժի օգնութեան ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն առաջարկը, որ կը բնորոշէր Միութեան Հայաստանի վերակառուցման աշխատանքներուն մասնակցութեան բնագաւառները՝ հետեւեալ կարգով.- Հոգեբուժական դարմանում՝ վերապրողներուն. առողջապահական դարմանատուներու հայթայթում. տեղացի բժիշկներ մարզելու նպատակով բժշկական մասնագէտներու փոխանակում, եւ այլազան մարզերու մէջ կամաւոր աշխատելու պատրաստ խումբերու կազմութիւն։ Նոյնատեն, դեկտեմբերին, ՀՕՄ-ը համաձայնութիւն կը կայացնէր օգնութեան բնագաւառի մէջ աշխատող համահայկական երկու այլ կազմակերպութիւններու՝ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Աւետարանական ընկերակցութեան հետ, օգնութեան ու վերակառուցման աշխատանքներու համադրման համար։

ՀՕՄ-ը հետեւողականօրէն կը բանակցէր Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան եւ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան հետ՝ սննդեղէնի քանակը աւելցնելու համար Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրած ինքնաթիռներով Հայաստան տարուող մարդասիրական օգնութեան ցանկին վրայ։ Ընդամենը 13 թռիչքներով, դեկտեմբերէն փետրուար ամիսներուն միջեւ, Ամերիկայէն Հայաստան կը փոխադրուէր 300 թոն ապրանք—բժշկական գործիքներ, դեղօրայք, հագուստեղէն եւ վրաններ—հաւաքուած գլխաւորաբար ՀՕՄ-ի, ՀԲԸՄիութեան եւ մասամբ՝ այլ հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ։ ՀԲԸՄ-ի հետ յատուկ կարգադրութեամբ, ուղարկուած բոլո՛ր ապրանքները կը յանձնուէին Երեւանի առաջնորդ՝ Գարեգին Սրբազան Ներսիսեանին, առ ի ցրւում հիւանդանոցներու եւ վերապրողներու։ Յունուար 26-ին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին գլխաւորութեամբ, ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւն մը Ուաշինկթընէն կը մեկնէր Մոսկուա եւ Հայաստան։ Կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներու եւ քննարկումներու, ինչպէս նաեւ հիւանդանացները կատարուած այցելութիւններու բովէն անցնելով, ՀՕՄ-ի 7 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան քաղած տեղեկութիւնները հիմը կը կþազմէին Միութեան որդեգրած ու գործադրած ծրագիրներուն։ Յատկապէս առողջապահական բնագաւառէն ներս, պատուիրակութիւնը կþանդրադառնար, մինչ բժշկական սարքերու եւ կազմածներու սակաւութիւնը համատարած էր երկրի տարածքին, աւելի՛ լուրջ էր առողջապահական հաստատութիւններու միջեւ հասարակաց չափանիշներու պակասը։ Յատուկ ուշադրութեան կը կարօտէր բժշկական բոլո՛ր ճիւղերուն մէջ, փոխանակման ծրագիրներու միջոցաւ, բժիշկներու եւ այլ մասնագէտներու վերապատրաստումը։ Նոյնպէս, ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը կը տեղեկանար, թէ աղիտահար շրջաններու վերակառուցման ծրագիրներուն մշակման ընթացքին, Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը իրազեկ դարձած էր վերապրողներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններու գրանցման անհրաժեշտութեան եւ ա՛յդ հիման վրայ, բնակչութեան առողջապահական կացութեան ուսումինասիրութեան եւ համապատասխան դարմանումի կարեւորութեան։ Նկատի առնելով, որ Հայաստանի մէջ կը պակսէին բարձր ճարտարարուեստի կարելիութիւններ նման լայնածաւա՛լ եւ երկարաժամկէտ ուսումնասիրութիւններ կատարելու, ՀՕՄ-ը, Johns Hopkins համալսարանի հետ համագործակցաբար, առաջարկ կը ներկայացնէր նման ծրագրի մը իրականացման համար։ Այս ծրագիրը կþընդունուէր անմիջապէս եւ ՀՕՄ-ը $180,000 կը յատկացնէր անոր գործադրութեան համար։

Ծրագրին գլխաւոր նպատակն էր կատարել ուսումնասիրութիւններ՝ արժեւորելու համար աղիտահար բնակչութեան առողջապահական խնդիրները, հաստատել կացութեան հետեւելու եւ հակազդելու միտող համակարգ մը, Առողջապահական նախարարութեան մէջ ստեղծել ուսումնասիրութիւններու եւ արժեւորման միաւոր մը՝ համապատասխան յարմարութիւններով, իրականացնել նման ծրագրի մը համար անհրաժեշտ անձնակազմի պատրաստութիւնը, եւ ուսումնասիրութենէն ընկալուած տեղեկութիւնը օգտագործել`տուեալ բնակչութիւններու պատշաճ խնամք մատակարարելու համար։ Այս ծրագիրը կÿամբողջանար 1992 թուին։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ համաձայնութիւն կը կայացնէր Volunteers in Technical Assistance միջազգային բարեսիրական կազմակերպութեան հետ, եւ իր Հիսիսային Ամերիկայի միաւորին հետ միասնաբար, կը հովանաւորէր աշխարհահռչակ թաւջութակահար Մստիսլաւ Ռոստրոպովիչի կատարումով նուագահանդէս մը՝ Ուաշինկթընի Քէնըտի կէդրոնին մէջ։ Այս նոյն կազմակերպութեան գործակցութեամբ, 1990-ի գարնան Հայաստան ¥Սպիտակ¤ կը ղրկուէր երշիկի գործարանի յատուկ ամբողջական սարքուածք. նոյն նպատակին համար երեք անհատներ կþուղարկուէին Kansas՝ մասնագիտանալու համար որպէս երշիկի արտադրութեան արհեստաւորներ։ Կեդրոնական վարչութիւնը այս ծրագրին կը յատկացնէր մօտ 60,000 տոլար։

Մարտ 29, 1989-ին, ՀՕՄ-ի կողմէ հովանաւորուած երկու ականաւոր բժիշկներ—Նիւ Եորքի Montifior բժշկական կեդրոնի պատասխանատու տնօրէններ՝ Վլատիմիր Քվէթանի եւ Վալէրի Պաշթօք – կը վերադառձային Հայաստան կատարած իրենց եօթնօրեայ այցելութենէն։ Իրենց կեցութեան ընթացքին, այս երկու մասնագէտները հայաստանի բժիշկները կը ծանօթացնէին սրտերակային անհանգստութիւններու բուժման այլազան ձեւերուն եւ սերտօրէն կը գործակցէին տեղւոյն հիւանդանոցներուն մէջ գործող երիկամներու բուժման մասնագէտներու հետ։ Առողջապահական ծրագիրներու շարքին, Կեդրոնական վարչութիւնը կը ստանձնէր Հանրապետական հիւանդանոցին Շտապ խնամքի բաժանմունքին սարքաւորումը, ինչպէս նաեւ նոյն հիւանդանոցի անձնակազմէն երկու բժիշկներու վերապատրաստութիւնը՝ վերեւ նշուած Montifior բժշկական կեդրոնին մէջ։ Այս 30 000 տոլար արժող ծրագիրը կþամբողջանար 1990-ի ապրիլին։ ՀՕՄ-ը կը կարողանար նաեւ ձրիաբար ապահովել վիրաբուժական գործիքներ եւ բժիշկներու համապատասխան պատրաստութիւն՝ որուն համար, որպէս ճանապարհածախս, կը յատկացէր 4,000 տոլար։ Օգոստոս 30-էն 12 սեպտեմբեր, 1989, ութը մասնագէտ հոգեբոյժերէ բաղկացած խումբ մը Հայաստան կը գործուղուէր այս մարզին մէջ համագործակցութեան եզրեր ճշդելու եւ այդ ուղղութեամբ համաձայնութիւն կնքելու նպատակաւ։ ՀՕՄ-ը, այս ծրագրի գործադրութեան համար կը յատկացնէր նաեւ 12,000 տոլար՝ որպէս ճանապարհածախս։ Նոյն տարուայ սեպտեմբերին, Կեդրոնական վարչութիւնը 30 000 տոլարով կը մասնակցէր Հայ Հետազօտական Հիմնարկութեան հովանաւորած, Հայաստանը համակարգիչներով օժտելու եւ անոնց գործածութեան համար վարժողական յատուկ ծրագիր մը իրականացնելու ծրագրին։

Նոյն ժամանակաշրջանին, ՀՕՄ-ը Հայաստան կ'ուղարկէր 25 երիտասարդներէ բաղկացած շինարարական կամաւորներու խումբ մը՝ Ախուրեանի Գետք գիւղին մէջ իրենց բաժինը բերելու վերաշինութեան գործին։ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւնները այս մեծ յաջողութիւն գտած ծրագրին կը մասնակցէին 15,000 տոլարով։ Երկրաշարժին յաջորդող 1990-91 տարեշրջանին, ՀՕՄ-ը կը որդեգրէր երկու նոր ծրագիրներ եւս.- 1. Համայնքային հաւաքավայրերու ծրագիր՝ հիմնելու ակումբներ երկրի տարածքին, օժտուած տուեալ համայնքի կարիքները գոհացնող սարքաւորումներով։ Այս ծրագրին կը յատկացուէր 200,000 տոլար։ 2. Գիւղերու ծրագիր՝ Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերը բարելաւելու ծրագիր եւ, ի մասնաւորի, սահմանամերձ շրջաններու ապրուստի միջոցները զարգացնելու մոջոցառումներ։

ՀՕՄի տարբեր շրջաններու գործունէութիւններու ընդմէջէն կ'ուղարկուի դրամ, դեղօրայք, տուներու հովանաւորութիւն, շարժուն հիւանդանոցներ, եւ եւայլն:

Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան»

Խմբագրել
 

Հայ Օգնութեան Միութեան Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահական Կեդրոնն ու Ծննդատունը հիմնուած է, 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն ինը տարի ետք՝ 1997-ին բացաւ իր դռները Ախուրեանի եւ շրջակայ աւաններու ու գիւղերու շուրջ 40,000 բնակիչներուն առջեւ՝ արգասաւոր տարիքի կիներուն եւ մանուկներուն համար մատչելի դարձնելով որակաւոր նախա-եւ-յետ-ծննդաբերական խնամք, դարման եւ ապաքինում, նկատելի վերելք արձանագրելով շրջանի առողջապահական վիճակի բարելաւման մէջ: Իբրեւ յարատեւ յառաջդիմութեան ձգտող արդիական հաստատութիւն, «Մօր ու Մանկան» կեդրոնը, ՀՕՄի համասփիւռքեան միաւորներու գործօն մասնակցութեամբ, 2005-ի Ապրիլին բացաւ նաեւ արդիական սարքերով ու մասնագէտներու անձնակազմով օժտուած իր Ծննդաբերական բաժինը: Երեք աշխատունակ տարիներէ ետք՝ 2008-ին, կեդրոնի նորահաստատ ատամնաբուժարանը սկսաւ հիւանդներ ընդունելու՝ սատարելով մայրերու ընդհանուր առողջական վիճակի կայունացման, մասնաւորաբար անոնց յղութեան շրջանին: Առաջին փոքրիկը որ կը ծնի Ծննդատան մէջ կ'ըլլայ Ապրիլ 24, 2005-ին եւ ընտանիքը իրեն անունը կը դնէ Վրէժ:

Այսօր, Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջական ու մանկաբարձական կեդրոնը, բժշկական արդիական սարքաւորումներու կողքին, ունի նաեւ անընդհատ ջեռուցման եւ ելեկտրական հոսանքի ինքնաբաւ մեքենականութիւն, նաեւ՝ մանկաբուժական ու կանացի հիւանդութիւններու յատուկ արձագանգային քննութեան, ստինքազննութեան եւ անմիջական օգնութեան բաժիններ, այսպիսով՝ ընդարձակելով ու ամբողջացնելով իր բժշկական ծառայութիւններու յարաճուն ծիրը: Կեդրոնը կը հանդիսանայ շրջանի լաւագոյն հիւանդանոցներէն, որ կ'արձանագրէ 1,000-էն աւելի ծննդաբերութիւններով:

Արցախի «Սօսէ» Մանկապարտէզները

Խմբագրել

ՀՕՄի «Սօսէ» Մանկապարտէզներու ցանցը կը սկսի 1998-թուականին, երբ Արցախի Գիտութեան Նախարարութիւնը Հայ Օգնութեան Միութեան կը նուիրէ կիսաքանդ շէնք մը Ստեփանակերտի մէջ: Այդ շէնքը կը նորոգուի եւ Ապրիլին դռները կը բանայ 3-6 տարեկան 87 երեխաններու, որոնք կը սկսին յաճախիլ ՀՕՄի «Սօսէ» Մանկապարտէզը: Յաջորդաբար կը հիմնուի «Սօսէ» Մանկապարտէզներ հետեւեալ շրջաններուն մէջ՝ Մեծ Թաղեր, Հադրութի (2000), Տող, Հադրութի (2002), Աշան, Մարտունի (2004), Ակնաբերդ, Շահումեան (2004), Շուշի (2004), Քարեգահ, Քաշաթաղ (2006), եւ Խնձրիստան, Ասկերան (2007): Շուտով, «Սօսէ» մանկապարտէզները տեղ գտան նաեւ Պուլկարիոյ Սոֆիա, Փլովտիվ, Վառնա, Պուրկաս եւ Ռուսսէ քաղաքներուն մէջ։

ՀՕՄի Կրթաթոշակ

Խմբագրել

ՀՕՄ-ի Կրթաթոշակի ֆոնտը ստեղծուած՝ 1983-ին, աճած է տարիներու ընթացքին նուիրատուութիւններու եւ ժառանգներու ընդմէջէն։ Կրթաթոշակի ֆոնտը նիւթական յատկացումներ կը կատարէ հայ ուսանողներու՝ հիմնուելով անոնց կրթական մակարդակին, նիւթական կարիքին, հայկական կեանքէն ներս իրենց ունեցած ներդրումին, եւ համալսարանական ճիւղին վրայ։ Մինչ օրս, 470-է աւելի հայ ուսանողներու, ՀՕՄ-ը յատկացուցած է աւելի քան 700,000 ԱՄՆ տոլար։

Լաւագոյն Ուսանող

Խմբագրել

«Լաւագոյն Ուսանող» ծրագիրը սկսած է 1995-ին, Հայաստանի մէջ: Յետագային ան նաեւ ընդարձակուած է Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ: Ծրագրի նպատակն է նիւթական պարգեւներ յատկացնել Հայաստանի, Արցախի, եւ Ջաւախքի մէջ փայլուն ուսանողներու: Մինչ օրս, աւելի քան $135,000 ԱՄՆ տոլար յատկացուած է այս ծրագրին:

Խնամատարական Ծրագիրներ

Խմբագրել

ՀՕՄ-ի «Որբախնամ Ծրագիր» ՀՕՄ-ի Որբախնամ Ծրագիրը հաստատուած է 1992-ին Հայաստանի երկրաշարժին (1988) եւ Արցախեան պատերազմին (1988) հետեւանքով որբացած մանուկներու խնամատարութեան համար։ Աւելի քան 20 տարիներ, 4,900 նուիրատուներ ապահոված են 7,400 որբերու խնամատարութիւնը։ 2012-ին այս ծրագրի 20ամեակը նշուեցաւ, եւ հիմը դրուեցաւ ծրագրի յաջորդ փուլին։ Որբախնամ այս ծրագրին յատկացուած է աւելի քան 5,300,000 ԱՄՆ տոլար։

ՀՕՄ-ի Որբերու «Ուսման Ծրագիր» Որբախնամ ծրագրի երկրորդ փուլն է ՀՕՄ-ի Որբերու Ուսման ծրագիրը՝ հաստատուած 2008-ին։ Ծրագիրը կը հոգայ 18 տարիքը լրացուցած եւ երկրորդական վարժարան աւարտած որբերու համալսարանական ուսման մասամբ ծախսերը։ Համասփիւռքեան խնամատարներու նուիրած յատկացումներով, այսօր աւելի քան 700 երիտասարդ որբեր օժանդակութիւն կը ստանան իրենց համալսարանական ծախսերուն համար։ Ցարդ, Որբերու Ուսման Ծրագրին ՀՕՄը յատկացուցած է աւելի քան 200,000 ԱՄՆ տոլար։

Ամանոր Ծրագիր

Խմբագրել

Ամանոր ծրագրի հիմքը դրուած է 2000 թուականին։ Մինչ օրս, ՀՕՄ-ը 200,000 ԱՄՆ տոլար յատկացուցած է այս ծրագրին՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Պուլկարիոյ, եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Այս ծրագրին ընդմէջէն, իւրաքանչիւր տարի, Ամանորի առթիւ կը կազմակերպուին տօնական համախմբումներ եւ տեղի կ՛ունենայ նուէրներու բաշխում՝ երէցներու եւ կարիքաւոր երեխաներու համար։

Համաշխարհային Աղէտներու Օժանդակութիւն

Խմբագրել

Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժի ընթացքին՝ 1988-ին, ՀՕՄը անմիջապէս դարձաւ գործօն դերակատար այլ հաստատութիւններու եւ երկիրներու հետ, նիւթապէս օժանդակելով տարուող ջանքերուն եւ համատեղ աջակցելով Միջազգային Կարմիր Խաչին հետ. Վերջին 20 տարիներուն ընթացքին, ՀՕՄ-ը եւ իր բոլոր կառոյցները դրականօրէն արձագանքեցին նաեւ հետեւեալ աղէտներուն՝ Գալիֆորնիոյ, Չիլիի եւ Իրանի երկրաշարժներուն Թայլանտի եւ Ճափոնի ցունամիներուն Հարաւային Ափրիկէի, Հայիթիի, Նիւ Օրլինզի եւ Ֆիլիփփինի աղէտեալներուն Նիւ Եորքի 9/11 յարձակումներուն, Կարմիր Խաչի միջոցաւ ՀՕՄ-ը օժանդակեց այն ընտանիքներուն, որոնց հարազատները կորուստի մատնուած էին. ՀՕՄ-ը ունեցած է գործօն դերակատարութիւն պատերազմի գօտիի մէջ գտնուող երկիրներուն մէջ, ինչպէս Լիբանան եւ Իրաք։ Սուրիոյ տագնապի օրերուն սկիզբէն ի վեր, ՀՕՄ-ը Սուրիոյ մէջ մեր հայրենակիցներուն կարիքները առաջնահերթ խնդիր նկատելով, կեդրոնացաւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքին վրայ։ ՀՕՄ-ի «Սուրիահայ վարժարաններու Օժանդակութեան Ֆոնտ», «Տաք Ճաշ», եւ «Տաքուկ Բնակարան» ծրագիրները նիւթապէս կ՛օժանդակեն Սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքները։ ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքի ջանքերով, աւելի քան 1,00,000 ԱՄՆ տոլար տրամադրուած է Սուրիահայութեան օժանդակութեան համար։

ՄԱԿի Գործունէութիւն

Խմբագրել

ՀՕՄ-ը որպէս Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւն (ՈԿԿ) Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն ներս 1975-էն ի վեր ՄԱԿ-ի անդամ է: Գրանցուած որպէս ՈԿԿ՝ ՀՏԲ-ի մօտ (Հանրային Տեղեկատւութեանց Բաժանմունք) 1978-էն ի վեր: Խորհրդատուութեան իրավիճակ՝ 1998-էն ի վեր, որպէս Զօրացուցակի վրայ անդամ ECOSOC-ի (Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողով)

ՄԱԿ-էն ներս գործունէութեան նպատակադրում (ՀՕՄ-ի մասնակցութիւնը կազմակերպչական մակարդակի վրայ),

  • Ծառայել աղքատութեան ոչնչացման
  • Տիեզերական նախակրթութեան իրականացում
  • Սատարել սեռերու հաւասարութեան եւ կանանց իրաւունքներուն
  • Նուազեցնել մանկատի մահերու թիւը
  • Բարելաւել մայրական առողջութիւնը
  • Պայքարիլ HIV/AIDS-ի եւ այլ հիւանդութիւններու դէմ
  • Պահպանել կենսոլորտը
  • Բարելաւել համաշխարհային համագործակցութիւնը

Գործունէութեան Դաշտ

Խմբագրել

ՀՕՄի Շրջանները կը գտնուին Արեւելեան ԱՄՆ, Արեւմտեան ԱՄՆ, Գանատա, Հայաստան, Աւստրալիա, Պուլկարիա, Ֆրանսա, Յունաստան, Յունաստանի Մակեթոնիա եւ Թրակիա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, եւ Սուրիա: ՀՕՄի Մեկուսիները կը գտնուին Արցախ, Պելճիքա, Գահիրէ, Կիպրոս, Անգլիա, Ջաւախք, Գերմանիա, Հայֆա, Ճաֆֆա, Երուսաղէմ, Յորդանան, Քուէյթ, Ռուսաստան, Սթոքհոլմ, Հոլլանտա, եւ Զուիցերիա:

Աղբիւրներ

Խմբագրել