Կարօ Գէորգեան (1895, Քոմոթինի, Արեւմտեան Թրակիա, Յունաստան Կիւմիւլճինա, թրք․անունով - 11 Նոյեմբեր 1975, Պէյրութ, Լիբանան), հրապարակագիր (նկարը [1]

Կարօ Գէորգեան
Ծնած է 1895
Ծննդավայր Քոմոթինի, Արեւմտեան Թրակիա, Յունաստան
Մահացած է 11 Նոյեմբեր 1975
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն յօդուածագիր, հրապարակագիր
Ստորագրութիւն

Արկածալից, հետաքրքրական ու ստեղծագործ կեանք մը

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Քոմոթինի, ապա յաջորդաբար Պարտիզակի հայկական եւ Ամերիկեան վարժարաններուն մէջ։ Պոլիս՝ կ՛աւարտէ համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը։

Պալքանեան պատերազմի աւարտին, 1913 Օգոստոս 10-ին Պուքրէշի դաշնագրով, Արեւմտեան Թրակիան Օսմանեան լուծէն կ՛անցնի Պուլկարիոյ տիրապետութեան։ Ա․Համաշխարհային պատերազմին, Պուլկարիան Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ կողքին կը գտնուի։ Պուլկար բանակի ընդհանուր զօրակոչին հետ, Կարօ Գէորգեան 19 տարեկանին, 1916 Մարտին իբրեւ Քոմոթինիի 39-րդ գունդին զինուորագրեալ, ռազմաճակատ կը ղրկուի՝ Սքոփիա։ «Դժոխք անծանօթ ռազմագծերու վրայ, ուր կրակ կը տեղար երկինքէն առանց դադարի․․» այսպէս կը նկարագրէ ինք պատերազմի այդ օրերը,(Ամէնուն Տարեգիրք 1967-1968), իր ինքնաներկայացման գրութեան մէջ՝ «Թափառական կեանք մը» խորագրով։ Ու՝ «աստուածային հրաշքի» կը վերագրէ իր փրկութիւնը 2 Նոյեմբեր 1916-ին, երբ գերի կ՛իյնայ սերպ զինուորներուն ձեռքը։

1917 Փետրուարին, պուլկար ռազմագերիներուն հետ կը փոխադրուին Մակետոնական ճակատին թիկունքը։ Հմուտ թրքագէտ ու անգլիագէտ, զայն կը նշանակեն թարգման սերպ գնդապետին մօտ, ուր ենթակայ չէր որեւէ հսկումի։ Հետը՝ յոյն եւ հրեայ գերիներ, առաջինը ֆրանսերէնի թարգման եւ միւսը՝ հիւանդապահ։ Սակայն, երբ իրենց կեանքը կը վտանգուի սերպ զինուորներուն նախանձէն, կ՛որոշեն փախչիլ։ Հինգ օրէն կը հասնին յունական շրջան, Թեսալիայի Լարիսա քաղաքը։ Կ․Գէորգեան անոր մերձակայքի Վոլօ քաղաքը կ՛երթայ գործ գտնելու յոյսով։ Կը հանդիպի Եգիպտոսի Մելքոնեան ծխախոտի հաստատութեան ներկայացուցիչ Կարապետ Մոմզէրեանին․ վերջինը, քանի Կարօ Գէորգեանը յունարէն չի գիտեր, կը թելադրէ կամաւոր կամ թարգման գրուի ու երթայ Մերձաւոր Արեւելք։

Շաբաթ մը ետք կը փոխադրուի Աթէնք։ Կ՛այցելէ Հայոց եկեղեցին։ Յունարէն չգիտնալուն եւ արհեստ չունենալուն պատճառով, փողոցները կը թափառի թուզ, չամիչ կամ պիստակ ծախելով։ Ժամանակ մըն ալ գիշերապահութիւն կ՛ընէ մեծահարուստի մը ապարանքին շուրջը։ 1918-ի Օգոստոսի կէսերուն, Սելանիկ կը հասնի։ Կը հետեւի համայնքին տիրական դէմքերէն Լեւոն Շիրինի թելադրանքին, կը հրաժարի կամաւորագրուիլ Հայկական Լէգէոնին եւ որպէս թարգմանիչ անգլիական իշխանութիւններուն մօտ, կ՛ուղղուի դէպի Պաղեստինեան ճակատը։

Բեռնատար շոգենաւով Փորթ Սայիտ կը հասնի։ Անկէ Քանթարա ու՝ Ռամլէ։ Իսկ Օգոստոսի վերջաւորութեան՝ Երուսաղէմ։ Սեպտեմբեր 12-ին կը ստանձնէ թարգմանի պարտականութիւնները՝ Ռամալլա։ Սեպտեմբեր 24-ին, երբ հազարաւոր գերիներ կը հասնին շրջանը, 30-ի մօտ հայ գերիներու կարգին, կը ծանօթանայ Պոլսոյ Ժամանակ թերթի խմբագիրներէն Հրանդ Սամուէլեանին։ Նաեւ, Հայ Լեգէոնականներու հետ կը հաստատէ ծանօթութիւններ ու մտերմութիւններ, որոնք հիմք կը ծառայեն հետագայ տասնամեակներու իր գործունէութեան։

Մուտրոսի զինադադարի դաշինքով՝ 30-10-1918, թրքական ճակատներուն վրայ պատերազմը կը լրանայ ու ինք ազատ թարգմանի պարտականութենէն, կը գտնուի Պէյրութի ճամբով՝ Գահիրէ, Սելանիկ մեկնելու միտումով։ Հոն, կը հանդիպի ուսուցիչ Վարդան Գէորգեանին․ ըստ իր վկայութեան, կը սկսի անկեղծ բարեկամութիւն մը։ Նոյն տարուան Նոյեմբեր 26-ին, Փորթ Սայիտէն Սելանիկ կը հասնի ու անկէ տուն՝ Քոմոթինի։

Ծառայութիւնը հայ մամուլին․ լրագրութիւն եւ հրապարակագրութիւն

Խմբագրել

Մինչեւ 1937

Խմբագրել
 
11-րդ տարին, 1921, Ապրիլ 24

1921-ին կ՛ընդառաջէ Պոլիս տեղափոխուելու եւ «Ազատամարտ»ի ժառանգորդ «ճակատամարտ»ի խմբագրութեան մաս կազմելու հրաւէրին 1921 Սեպտեմբերէն – 1922 Հոկտեմբերի սկիզբը։[2] թիւ՝ 294

Փոքր Ասիոյ մէջ յունական բանակին պարտութեամբ եւ Զմիւռնիոյ ողբերգութենէն ետք, Յունաստան կը տեղափոխուի յոյն եւ հայ գաղթականութեան մեծ ալիքին հետ։

Կարօ Գէորգեան կը հաստատուի Թեսաղոնիկէ (Սելանիկ), ուր աւելի քան 15 տարի բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ իբրեւ ազգային-հանրային տարբեր պատասխանատուութիւններու գործիչ, հրապարակագիր եւ յօդուածագիր զանազան թերթերու՝

  • «Ալիք» օրաթերթ, Սելանիկ, 18/6/1925 – 13/3/1927[2]
  • «Հորիզոն» օրաթերթ, («Ալիք»ի շարունակութիւնը), անհատական ձեռնարկ, իր խմբագրութեամբ եւ Խոսրով Ներսէսեանի օժանդակութեամբ, 16/10/1927 – 8/9/1937․[2]
  • «Կսմիթ» Երգիծական շաբաթաթերթի խմբագիր, խմբագրական կազմի անդամ 24/4/1927 – 2/10/1927[2]
  • Աթէնքի «Նոր Օր» օրաթերթի աշխատակից, մինչեւ Բ․ Համաշխ․ պատերազմի նախօրէին։[2]

1937էն մինչեւ 1952․ Սոֆիա, Շթութկարտ, Փարիզ

Խմբագրել

Կը շրջի երկրէ երկիր․ կը մաշեցնէ առողջութիւնը ի սպաս հայ մամուլին։

  • 1942 Օգոստ․ - 1944-ի սկիզբը․ խմբագիր «Ռազմիկ» եռօրեայ օրկանին, ՍոֆիաՊուլկարիա։
  • 1946․ «Տարագիր» շաբաթաթերթ․ խմբական հրատարակութիւն իր խմբագրութեամբ, Շթութկարտ – Գերմանիա։[2]
  • 2/9/1948 – 29/10/1949, «Բանբեր» շաբաթաթերթ․ հրատարակութիւն Ազգ․ Կեդր․ Կոմիտէի եւ Հայկական Ճամբարի․ իր խմբագրութեամբ եւ Խոսրով Ներսէսեանի օժանդակութեամբ, Շթութկարտ – Գերմանիա։[2]
  • 15/8/1950 – 10/8/1951, «Յառաջ» օրաթերթ․ անդամ՝ խմբագրական կազմին․ ՓարիզՖրանսա։[2]
  • 25/8/1951 – 31/7/1952, «Յուսաբեր» օրաթերթ․ անդամ՝ խմբագրական կազմին, ԳահիրէԵգիպտոս։[2]
  • Աշխատակից Պոսթընի «Հայրենիք» եւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթերուն։[2]

Կը շարունակէ աշխատակցիլ Պոսթընի «Հայրենիք» եւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթերուն, առաւել «Նայիրի» (1952-1954) եւ «Ազդարար» (1952-1953) շաբաթաթերթերուն, Պէյրութ։[2]

1952թ․ ամրան, Կարօ Գէորգեան Պէյրութ կը հաստատուի ու կը ձեռնարկէ անհատական վերջին, սակայն հսկայ գործին՝ Ամէնուն Տարեգիրքը․ 14 հատորներու շարք, 19541968։[2]

Այս այնքան կարեւոր հրատարակութեան համար, ան կը շրջի ամերիկեան, եւրոպական ու միջին-արեւելեան հայօճախները․ մօտէն կը ծանօթանայ անոնց։ Անոր էջէրէն, սերունդներ եւ սերունդներ ճանչցան ու կը ճանչնան համայնքները, անոնց կազմաւորումն ու զարգացումը․ ազգային ու միջազգային, գրական, գիտական, գեղարուեստական իրարադարձութիւնները, հայ թէ օտար անձնաւորութիւններ։

11 Նոյեմբեր 1975-ին, երկարամեայ հիւանդութենէ ետք, Կարօ Գէորգեանը աչքերը կը փակէ։

Իր գրութիւնները կը ստորագրէր անուն-մականունովը, իսկ խմբագրութրւններուն տակը՝ Կ․Գ․ սկզբնատառերով։ Գործածած է կարճ ժամանակով, Սուրէն, Հ․Անտունի եւ երկար տարիներով՝ Տէթէքթիվ գրչանունները․ այս վերջինը «Զիկզակ Նօթեր» մնայուն ենթախորագիրը կրող զուարթ եւ քաշքշուկներու նիւթ ծառայող գրութիւններուն տակ։ Ոտանաւորներ ստորագրած է նաեւ Ֆիկարօ գրչանունով։

Հատուածներ՝ Կարօ Գէորգեանի «ԹԱՓԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ» խորագրով ինքնաներկայացումէն

Խմբագրել

Առաջին էջ՝

  Լրիւ յիսնամեակի մը հետ կապուած անցեալ մը պիտի քրքրեմ՝ շատ համառօտի արձանագրելով առաջին աշխարհամարտի ընթացքին բոլորած ակամայօրէն արկածախնդրական, կամ, աւելի թեթեւ բնորոշումով, թափառական եւ անակնկալներով լեցուն կեանքս․․․  


Վերջին էջ՝

  Այս կարգի իրողութեանց իմ կողմէ արձանագրութիւնն ալ թող նկատուի ինքնաներկայացման եղանակ մը, անհրաժեշտ այլ շատ համառօտ մանրամասնութիւններովը քառասունեւհնգամեայ այն վաստակին, որուն տէրն է այս տողերը ստորագրողը։

Այսքանը իմ խօսքն է։ Մնացածն ու վերջնականը պիտի ըսէ հայ մամուլի պատմութիւնը ապագային,․․․

 


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Սելանիկ

Աթէնք

Յունաստան

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Ամէնուն Տարեգիրքը 1967-1968, էջ 264-287,«ԹԱՓԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ» գրեց ԿԱՐՕ ԳԷՈՐԳԵԱՆ (ինքնաներկայացում)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել