Կրետէ (յունարէն՝ Κρήτη, Crete),  Յունաստան։ Կը գտնուի Միջերկրական Ծովուն արեւելեան կողմը։ Յունաստանի ամենամեծ եւ բազմամարդ կղզին է, իսկ տարածութեամբ Եւրոպայի հինգերորդը՝  Սիչիլիա, Սարտինիա, Կիպրոս եւ Քորսիքա կղզիներէն ետք։

Կրետէի Շրջանը (կապոյտով)
Կրետէ կղզին, Յունաստան

Բնակչութեան թիւն է՝ 623.065 ըստ 2011 մարդահամարին։

Կը գտնուի Յունաստանի մայր ցամաքամասէն 160 քմ․ հարաւ եւ կ՛ ընդլայնուի արեւմուտքէն՝ արեւելք։  Կը շրջապատուի՝ հիւսիսէն Հիւսիսային Կրետական Ծովէն եւ հարաւէն Հարաւային Կրետական Ծովէն։

Մայրաքաղաքն է Իրաքլիօ, կեդրոնը՝ Կրետէի Շրջանային Միաւորումին եւ կ՛ընդգրկէ մերձակայ կղզիներն ու կղզիակները։

Յունաստանի ծովային, ճարտարարուեստի, տնտեսութեան եւ մշակութային ժառանգութեան գլխաւոր կեդրոններէն է։  Կը պահպանէ իր ուրոյն մշակոյթի տուեալները։ Յունաստանի զբօսաշրջիկութեան գլխաւոր վայրերէն է։

Ք․Ա․ 3000–1500 թուակններուն, Կրետէի մէջ կը զարգանայ Եւրոպայի առաջին քաղաքակրթութիւնը՝ Մինոասեան քաղաքակրթութիւն, կեդրոն ունենալով Քնոսոս, Ֆեսթոս, Մալիա, Զաքրոս եւ Ղուրնիա։

Կրետէ կղզիին ուղղափառ եկեղեցին կիսանկախ է եւ կապուած՝ Կոստանդնուպոլսոյ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքութեան։

Յունաստանի կեանքին մէջ, մեծ դեր խաղցած են կղզին ծնած-մեծցած անձնաւորութիւններ․ քաղաքական դէմքեր, գրագէտներ, բանաստեղծներ, գիտնականներ, համալսարանի դասախօսներ, կրթական մշակներ, առեւտրականներ, բնաբաններ, ռազմական ծովուժի բարձրաստիճան զինուորականներ, թատերագիրներ, դերասաններ, փաստաբաններ, երգիչներ ու յօրինողներ, գծագրիչներ ու նկարիչներ, լրագրողներ եւ պատմաբաններ։

Աշխարհագրութիւն Խմբագրել

 
Սամարիայի Ձորը
 
Փսիլորիթի լեռնաշղթան․ համայնապատկեր

Կը գտնուի Էգէական Ծովուն հարաւը։  Տարածութիւնն է՝ 8336 ք․քմ․։  Մնայուն բնակչութեան թիւն է՝ 623.065։  Պելոպոնեսը կը գտնուի Կրետէին հիւսիս արեւմուտքը․ Տոտեքանիսա կղզեխումբը՝ հիւսիս արեւելքը, Քիքլատես կղզեխումբը՝ հիւսիսը (Կրետէէն զայն կը բաժնէ Հիւսիսային Կրետական Ծովը)։

Կղզիին երկայնքն է՝ 260 քմ․։ Լայնքը կը տարբերի․ Տիոն հրուանդանէն մինչեւ Լիթինօ հրուադանը՝ 60 քմ․ է, իսկ հիւսիս - արեւելեան ծայրամասին Իէրափեթրայի նեղուցը՝ 12 քմ․։  Ծովեզրը 1000 քմ․ է։

 
Մեսարիթիքօ ձի

Լեռնային կզղի է։  Ունի բարձր լեռներ ու լեռնաշղթաներ։ Երեք գլխաւոր լեռնաշղթաները՝ Փսիլորիթիս (2456 մ․),   Լեֆքա Օրի (2454 մ․) եւ Տիքթի կամ Լասիթիօթիքա Օրի (2148 մ․), կղզին արեւմուտքէն արեւելք կը ճեղքեն։  Լեռնաշղթաներուն եւ լեռներուն վրայ կան բարեբեր լեռնադաշտեր, ինչպէս օրինակ՝ Օմալոս, Նիտա եւ Լասիթի։

Կղզին ունի նաեւ պատմական նշանակութիւն ունեցող կարեւոր քարայրներ՝ Տիքդէօ եւ Իդէօ անտրօ։  Նաեւ հարուստ է ձորերով, կիրճերով․ օրինակ՝ աշխարհահռչակ Սամարիայի Ձորը (արձանագրուած է Եունեսքոյի «Մարդու եւ Երկրագունդի Պաշար» ծրագրին, իբրեւ բնապահպանուած վայր Man and the Biosphere Programme (MAB) ), Իպրուի Ձորը, Խա Ձորը, Միլոն Ձորը եւ Քուրթալիօթիքօ Ձորը։

Կլիմա Խմբագրել

Կրետէ կղզիին կլիման բարեխառն է։ Ձմեռները թեթեւ ու խոնաւ են, իսկ ամառները տաք ու չոր։

Բնապահպանում Խմբագրել

 
Քրի-քրի կրետական քարայծը
 
Կրետական Հետախոյզը

Մեծ թիւով շրջաններ՝ հարուստ կենդանիներու եւ բոյսերու զանազանութեամբ, ներառնուած են Յունաստանի Բնապահպանման Ծրագրին․ ինչպէս օրինակ՝ Էլաֆոնիսի կղզին (Կրետէին հարաւ արեւմտեան մաս), Վայի արմաւենիներու պուրակը (արեւելեան Կրետէ)՝ իր տեսակին Եւրոպայի ամենամեծը, Տիոնիսատես շրջանը՝ Սիթիայի եւ Լասիթի։ Խրիսի կղզիին (Իէրափեթրային հարաւը, Կրետէին հարաւ արեւելեան մաս) մէջ կայ Եւրոպայի ամենամեծ Նոճիներու անտառը (Juniperus macrocarpa), ուր բնական ձեւով կ՛աճի Գիհին (գիհի՝ նոճիի տեսակ մը)։

Կրետէն կը պատսպարէ բազմաթիւ կենդանիներու տեղական տեսակներ եւ հարուստ է տարբեր հազուագիւտ բուսականութեամբ։ Կրետէին ջուրերը կը պատսպառեն ծովային կենդանիներու բազմաթիւ տեսակներ՝ Կէտեր, Կիտոսկրներ, դլփիններ եւ Միջերկրականի փոկերը։ Երկինքն ալ հարուստ է մեծ թեւաւորներով, որոնցմէ շատեր անհետացման վտանգի տակ կը գտնուին՝ անգղ, ոսկեայ արծիւը։ Կղզիին մէջ նաեւ կ՛աճին կրետական Մեսարիթիքօ ձին եւ բնիկ Կրետական Հետախոյզը։ Իսկ կրետական լեռներուն վրայ ազատ կ՛ապրի բնիկ կրետական քարայծը՝ Քրի-Քրի։

Կղզին նշանաւոր է իր ձէթով։ Արձանագրուած են 35 միլիոնէ աւելի ձիթապտուղի ծառեր, որոնցմէ կարեւոր մաս մը դարաւոր է։ Հարուստ բուսականութիւնը կղզին աշխարհահռչակ դարձուցած է․ բոյսերուն մեծամասնութիւնը կ՛օգտագործուին տեղական խոհանոցին մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Տիքթամօ (կրետական սուսամբարը)։

 
Լասիթի նահանգ․ Այիոս Նիքոլաոս քաղաքը

Վարչական կարգաւորում Խմբագրել

 
Ռեթիմնօ․ քաղաքը եւ վենետիկեան բերդը
 
Լասիթի նահանգ․ Խա կիրճը, Եէրափեթրա

Կրետէն Յունաստանի 13 Շրջանային Միաւորներէն մէկն է։ Կղզին ինքնին բաժնուած է չորս շրջանային միաւորումներու։ Ստորեւ, շրջանային միաւորումները իրենց տարածքաշրջանի բնակչութեան թիւով (2011 մարդահամար)․ կը նշուին ձախէն աջ իրենց աշխարհագրական դիրքով՝

 
Իրաքլիօ․ 12-րդ դարու Տոմինիկեան դաւանանքի Ս․ Պետրոս վանքը

Դիցաբանութիւն Խմբագրել

 
17-րդ դարու քանդակ․ կը պատկերացնէ Իքարոսին ծով իյնալը եւ բաւիղը labyrinthe․ Antoine Vivenel թանգարան, Ֆրանսա

Կրետէն սերտօրէն կապուած է յունական դիցաբանութեան՝ հին յունական կրօնի աստուածներուն եւ Մինոասեան քաղաքակրթութեան հետ. վայրն է ուր՝

  • Զեւս կամ Տիասը կը ծնի եւ մայրը՝ Ռէա, զայն կը փրկէ հօրը՝ Քրոնոսին ախորժակէն։ Ռէան կը պահէ Զեւսը Փսիլորիթիս Ψηλορείτης լեռնաշղթային Իտա լերան քարայրին մէջ, ուր անոր հոգ կը տանին Յաւերժահարսներն ու Քուրիթեսները։
  • Զեւս եւ Եւրոպա (փիւնիկեան թագուհիի, որ Զեւս փախցուցած էր) կը սիրաբանին։ Հետեւանքն է՝ Մինոասին ծնունդը։
  • Մինոասին կինը՝ Փասիֆայի, կը սիրահարուի եզի մը, զոր Փոսիտոնաս ղրկած էր։ Կը ծնի Մինոթաւրոսը։ Մինոասը զայն կը փակէ բաւիղին labyrinthe մէջ, որ Տետալոս ճարտարապետը կառուցած էր։
  • Թիսէասը եւ Արիանտին խորամանկութեամբ եւ համարձակութեամբ կը կարողանան Մինոթաւրոսը սպաննել եւ բաւիղէն դուրս ելլել։
  • Տետալոն եւ զաւակը՝ Իքարոս, կը փորձեն Կրետէէն փախչիլ, փրկուելու համար Մինոասին վրեժխնդրութենէն։ Այդ պատճառով է որ Տետալոս թեւեր կը շինէ, որոնց փետուրները իրենց մարմիններուն վրայ մոմով կը փակցնէ։ Դիցաբանութիւնը կ՛ըսէ թէ, Իքարոսը, հակառակ հօրը խրատներուն, թռիչքի ընթացքին արեւուն կը մօտենայ․ մոմը կը հալի ու ինք ծովը կ՛իյնայ։ Ինկած ծովը այնուհետեւ կը կոչուի՝ Իքարիոյ Ծով։

Պատմութիւն Խմբագրել

Հարաւային Կրետէի Փլաքիա շրջանին մէջ 2008-2009 տեղի ունեցած հնաբանական պեղումներէն յայտնուած են 130․000 մինչեւ 190․000 տարիներու ծովագնացութեան եւ առօրիայի քարէ գործիքներ։

Ք․Ա․ 3000 թուականին, կը զարգանայ Մինոասեան քաղաքակրթութիւնը՝ Եւրոպայի առաջինը։ Կը կառուցուին պալատներ եւ կը ստեղծուի հզօր ծովուժ, որ կը տիրապետէ ամբողջ Միջերկրականին։ Մինոասեան քաղաքակրթութեան անկումէն ետք, կը յաջորդէ Միկինեան քաղաքակրթութիւնը՝ Ք․Ա․ 1700։

Տորացիներու կամ «Յունական ցեղերու» արշաւանքով, ներխուժումով (Ք․Ա․ 1100), Միկինեան քաղաքակրթութիւնը կը կործանի։ Այն ժամանակին է որ Կրետէն, ինչպէս մնացեալ Յունաստանը կը մտնէ «Յունական Մութ դարերու»ն որ «երկրաչաբական շրջան» ալ կը կոչուի։

 
Իրաքլիօ․ վենետիկեան շրջանին կառուցուած բերդը

Դասական շրջանին, Կրետէն չի մասնակցիր պարսկական եւ պեղոպոնիզեան պատերազմներուն (տե՛ս Յունապարսկական պատերազմներ)։ Իսկ հելլենիստական ժամանակաշրջանին, Մակետոնացիներն ու Ռոտոսցիները կը մխրճուին Կրետէի քաղաքներուն ներքին վէճերուն։

Կրետէն Հռոմէական եւ Բիւզանդական Կայսրութեանց իշխանութեան տակ Խմբագրել

Ք․Ա․ 67 թուականին, կղզին Հռոմէական Կայսրութեան եւ անոր շարունակութիւն՝ Բիւզանդական Կայսրութեան մաս կը դառնայ։ Մինչեւ 8-րդ դար կղզիին մէջ ընդհանրապէս խաղաղութիւն կը տիրէ, երբ՝ Բիւզանդիոնի Լեւոն Գ․ կայսրը հրովարտակով մը կ՛արգիլէ Պատկերապաշտումը։ Կը յաջորդէ խռովութիւններու երկար շրջան մը մինչեւ 1201՝ Խաչակիրներուն Դ․ արշաւանքին։ Կղզին կ՛իյնայ Վենետիկի Հանրապետութեան ձեռքը։ Կրետացիները յաճախ կ՛ապստամբին Վենետիկցիներուն դէմ, սակայն միաժամանակ արուեստը, արհեստագիտութիւնը եւ մշակոյթը կը զարգանան։ Կրետէն կ՛ապրի Վերածնունդի շրջան մը։

Օսմանեան Կայսրութեան շրջան Խմբագրել

1669, Օսմանեան Կայսրութիւնը կղզին կը գրաւէ։ Կրետէն կը վերադառնայ Միջնադարի մութ շրջանին։

 
Թերիսոս․ յեղափոխականներ, նկար՝ 1905

1770 մինչեւ 1898 Կրետէն կը հանդիսանայ պատերազմներու, ապստամբութիւններու վայր (կրետացիները անդադար կ՛ապստամբին օսմանեան լուծին դէմ)։ 1866 - 1869 տեւող Կրետական մեծ ապստամբութեան իբրեւ հետեւանք, կղզին Ինքնավար կը դառնայ՝ Մեծ Ուժերուն (Ռուսիա, Անգլիա եւ Ֆրանսա) ներդրումով։ Այս շրջանին է որ կը յայտնուին նշանաւոր զինուորականներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ։

Յունաստանի հետ միացումը Խմբագրել

1908 թուականին, Կրետէն վերջնականապէս կը ձերբազատուի օսմանեան լուծէն եւ Յունաստանին կը միանայ։ Սակայն Յունաստանին կողմէ միացումը պաշտօնապէս կը յայտարարուի 1913, 1 Դեկտեմբերին, Պալքանեան Ա․ Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք։

Փոքր Ասիոյ Աղէտի հետեւանքները Խմբագրել

1922 յունական բանակի կրած պարտութենէն եւ նահանջէն ետք, Փոքր Ասիոյ շրջանէն մեծ թիւով գաղթականներ (հայեր ներառեալ) Կրետէ կը հաստատուին։ 1923-ին Լոզանի Դաշնագրի իբրեւ հետեւանք ժողովուրդներու փոխանակումը, 33 000 կրետացի թուրքեր կղզին կը լքեն եւ փոխադարձ՝ Կրետէ կը հաստատուին յոյն գաղթականներ։

Տնտեսական եւ մշակութային զարգացում Խմբագրել

 
Քարտէս․ «Կրետէի կռիւ»ը, Մայիս 1941

Փոքր Ասիոյ գաղթականները կը հարստացնեն տեղական մշակոյթն ու դրական ներդրում կ՛ունենան կղզիին տնտեսութեան։ Կը կառուցուին նոր գիւղեր եւ քաղաքներ, որոնք կը կրեն «կորսուած հայրենիքին» անունները․ Նէես Քլազոմենես, Նէա Ալիքարնասօ, Նէա Վրիուլա, Նէա Ալացաթա, եւայլն։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմ Խմբագրել

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, տեղի կ՛ունենայ ճակատագրական «Կրետէի Կռիւը»՝ Մայիս 1941։ 11 օրեր տեւող կռիւներուն ընթացքին, կը սպաննուին կամ ծանրօրէն կը վիրաւորուին աւելի քան 11 000 զինուորներ եւ քաղաքացիներ։ Գերմանացիները չէին սպասեր այսպիսի դիմադրութիւն, մանաւանդ անզէն բնակչութենէն եւ կը փոխադարձեն՝ սպաննելով Քոնտոմանոս եւ Վիանոս շրջաններու անզէն բնակչութիւնը։

Մշակոյթ Խմբագրել

 
Կրետական քար․ լիրա
 
Լաութօ

Կրետական բարբառ եւ Մանտինատա Խմբագրել

Կրետէի բնակիչները մինչեւ այսօր պահած են իրենց կրետական բարբառը․ կը խօսուի բնակչութեան մեծամասնութենէն։ Մանտինատայի μαντινάδα աւանդութիւնը վառ է։

Մանտինատա․ ժողովրդային ինքնաբուխ արտայայտութիւն։ Կարճ ոտանաւորներ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ՝ կրետական քնար λύρα եւ լաութօ λαούτο։

Կրետական երաժշտութիւն եւ պար Խմբագրել

Կրետական երաժշտութիւնը միջազգային համբաւի տիրացած է։ Գլխաւոր նուագարաններն են՝ առաջին հերթին կրետական քնարը λύρα եւ լաութօն λαούτο, իսկ երկրորդական՝ ջութակը, մանտոլինը եւ ասքոմանտուրա (հոս՝ նկարը

Աշխարհարռչակ են նաեւ կրետական պարերը․ սիղանոս σιγανός, փենտոզալի πεντοζάλη, սիրթոս συρτός կամ՝ խանիօթիս χανιώτης, սուսթա σούστα եւ քասթրինոս καστρινός կամ՝ մալեւիզիօթիքոս μαλεβιζιώτικος։

Իւրայատուկ է Կրետական տարազը․ կը հագցուի ընդհանրապէս կրետական աւանդական պարերու պարախումբերէն։

Գրականութիւն Խմբագրել

Կրետական գրականութիւնը մեծապէս սատարած է Յունաստանի Գրականութեան զարգացման։ Կրետէն տուած է միջազգային ճանաչումի արժանացած գրագէտներ՝ Վիցենզօ Քորնարօ Βιτσέντζο Κορνάρο որ 17-րդ դարուն գրած է «Էրոթոքրիթոս» Ερωτόκριτος վէպը, Նիքոս Քազանծաքիս Νίκος Καζαντζάκης (20-րդ դար)՝ 3 անգամ առաջարկուած է Նոպէլեան Գրականութեան մրցանակին համար եւ 1979 Նոպէլեան գրականութեան մրցանակակիր բանաստեղծ Օտիսէաս Էլիթիս Οδυσσέας Ελύτης։

Գեղարուեստ Խմբագրել

 
Քնոսոս հնագիտական վայրը

Վերածնունդի ժամանակաշրջանին, Կրետէի մէջ կը զարգանայ գեղանկարչութիւնը եւ Կրետական գեղանկարչութեան Դպրոցը, ուրկէ կ՛ազդուի Տոմինիքոս Թէոթոքոփուլոս Δομήνικος Θεοτοκόπουλος (ծնած է Իրաքլիօ 1-10-1541 եւ մեռած Թոլետօ՝ Սպանիա 7-4-1614), հետագային ծանօթ իբրեւ Էլ Կրեքօ El Greco։

Հնագիտական վայրեր եւ թանգարաններ Խմբագրել

 
Ֆեսթոս հնագիտական վայրը

Կրետէ կղզին ունի բացօթեայ ընդարձակ հնագիտական վայրեր․ Մինոասեան քաղաքակրթութեան շրջանին զարգացած քաղաքները՝ Քնոսոս, Մայլա (հին քաղաքը), Փեթրա, Ֆեսթոս եւ Ղորթիս , ինչպէս նաեւ տարբեր ժամանակաշրջաններու հնագիտական իրերով հարուստ Քուֆոնիսի կղզին՝ կ՛ընդգրկէ Մինոասեան քաղաքակրթութեան, Հռոմէական շրջանի եւ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի աւերակներ։

 
Մալիա հնագիտական վայր․ պալատին մեծ սանդուխները

Կրետէն ունի բազմաթիւ թանգարաններ, որոնք տարածուած են գլխաւոր քաղաքներուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ։

Խոհանոց Խմբագրել

Կրետական խոհանոցը վերջին տասնամեակներուն համաշխարհային ճանաչում ստացած է «Միջերկրականեան Սննդականոն» պիտակին տակ։ Առաջին, ամերիկացի համաճարակագէտ՝ Անսել Քէյսն է Ancel Keys, որ 1960 կը գնահատէ կրետական խոհանոցը եւ անոր բերած օգուտները մարդուն կեանքին վրայ։ Աշխարհահռչակ համբաւի է կղզիին ձէթը։

Ժողովրդային արուեստ Խմբագրել

Ժողովրդային արուեստը մինչեւ օրս պահպանուած է։ Կ՛արտայատուի հիւսուածքներուն, ձեռագործներուն, կաւագործութեան, փայտի քանդակագործութեան, մետաղագործութեան եւ նկարչութեան ընդմէջէն։

Տակաւին՝ ընտանիքներ կը զբաղին հիւսածքի ճարտարարուեստվ․ անոր սկզբնական շրջանէն մինչեւ վերջ, այսինքն՝ անասնաբուծութեամբ, բուրդի հիւսքով եւ ներկարարութեամբ։ Կրետական հիւսուածեղէնները կը յատկանշուին իրենց վառ գոյներով եւ նաշխերով՝ երկրաչափական եւ կամ կենդանիներու եւ բոյսերու ձեւերով։

Այլ Խմբագրել

Նշանաւոր են Կրետէին հարսանեկան խրահճանքները։ Կրետական ընկերութիւնը Յունաստանի ամենէն աւանդապահ հասարակութիւններէն է․ ծանօթ իր ընտանեկան եւ տոհմային վրիժակռիւներով vendettas ։ Նաեւ, Օսմանեան շրջանէն մնացած սովորութիւն մըն է (ինքնապաշտպանութեան համար) տունը զէնք պահելը։ Յունաստանի կառավարութիւնը փորձած է ու կը փորձէ զանազան օրէնքներով վերցնել այս սովորութիւնները, սակայն մինչեւ այսօր լիուլի չէ յաջողած։

Զբօսաշրջիկութիւն Խմբագրել

Կրետէն Յունաստանի զբօսաշրջիկութեան նշանաւոր վայրերէն մէկն է։ Վերջին եռեսնամեակին Կրետէն ներքին եւ արտաքին զբօսաշրջիկութեան մեծ աճ արձանագրած է։ Կղզին օժտուած է հիւրընկալութեան ամէն տեսակի յարմարութիւններով։ Մեծ թիւով Եւրոպայի բնակիչներ կայք կը հաստատեն կղզիին զանազան (լեռնային թէ ծովեզերեայ) վայրերուն մէջ, օգտուելով Եւրոպական Միութեան ուղղիչէն ։

Փոխադրամիջոցներ Խմբագրել

Կղզին ունի լայն ծաւալով հանրակառքերու ցանց։ Գլխաւոր քաղաքներուն նաւահանգիստները՝ Իրաքլիօ, Խանիա, Ռեթիմնօ, Այոս Նիքոլաոս, Սիթիա եւ Քասթելի Քասամօ, ամենօրեայ հերթականութեամբ կապուած են Փիրէայի եւ Յունաստանի ուրիշ նաւահանգիստներու հետ եւ նաեւ կ՛ընդունին փոքր եւ մեծ զբօսանաւեր։

Օդային թռիչքներ Խմբագրել

Օդային թռիչքները կը կատարուին Իրաքլիոնի «Էլեֆթերիոս Վենիզելոս» միջազգային օդակայանէն, ինչպէս նաեւ Խանիա եւ Սիթիա քաղաքներուն պետական (ընդհանրապէս ներքին եւ charter թռիքներուն մէկ մասը) օդակայաններէն։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Հայերուն ներկայութիւնը Կրետէ Խմբագրել

Հայերուն ներկայութիւնը Կրետէ, հազար տարուան պատմութիւն ունի։ Անոնց Կրետէ ներկայութեան մասին կը հանդիպինք 961 թուականի արձանագրութիւններուն, երբ Բիւզանդիոնի կայսրն էր՝ Նիքիֆորոս Ֆօքաս։ Տե՛ս Կրետէի հայերը

Կրետացի ծանօթ դէմքեր Խմբագրել

Կրետացի ծանօթ դէմքերու ցանկը երկար է․ ստորեւ կը նշուին միջազգային եւ համաշխարհային համբաւի արժանացած կարգ մը դէմքեր․-

Երաժշտութիւն Խմբագրել

Նիքոս Քսիլուրիս Νίκος Ξυλούρης, Թանասիս Սքորտալոս Θανάσης Σκορδαλός, Քոսթաս Մուտաքիս Κώστας Μουντάκης, Փսարանտոնիս Ψαραντώνης, Վասիլիս Սքուլաս Βασίλης Σκουλάς , Նանա Մուսխուրի Νάνα (Ιωάννα) Μούσχουρη։

Գրականութիւն Խմբագրել

Վիցենզօ Քորնարօ Βιτσέντζο Κορνάρο, Նիքոս Քազանծաքիս Νίκος Καζαντζάκης, Օտիսէաս Էլիթիս Οδυσσέας Ελύτης, Ղիորղոս Փսիխուտաքիս Γεώργιος Ψυχουντάκης։

Քաղաքականութիւն Խմբագրել

Էլեֆթերիոս Վենիզելոս Ελευθέριος K. Βενιζέλος

Գիտութիւն Խմբագրել

Իոսիֆ Սիֆաքիս Ιωσήφ Σηφάκης, Ղիորղոս Քարնիատաքիս George Em Karniadakis

Գեղարուեստ Խմբագրել

Տոմինիքոս Թէօթոքոփուլոս (Էլ Կրէքօ) Δομήνικος Θεοτοκόπουλος

Պատկերասրահ Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15][16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26] [27] [28] [29]

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Կրետէի հայերը

Քոքինիոյ հայկական գաղութը

Քիթիրա

Սիրոս

Զաքինթոս

Քերքիրա

Փիրէա

Փաթրա

Կորնթոս

Քեֆալոնիա

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. Կրետէ, Victoria Kyriakopoulos

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Յունաստանի 2011 մարդահամար (յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-12-07-ին։ արտագրուած է՝ 2020-12-14 
  2. Կրետէին ձորերը (յունարէն)
  3. Ճանչնանք Կրետէն(անգլերէն)
  4. «Մեսարայի նկարագրութիւնը Եւրոպայի Տարբեր Ընտանի Կենդանիներու Տուեալներուն» 28-5-2019 (անգլերէն)
  5. Կրետէին բուսականութիւնը եւ կենդանիները(անգլերէն)
  6. Մինոասեան քաղաքակրթութիւնը(անգլերէն)
  7. Հին Կրետէն Angelos Chaniotis, Antonis Kotsonas 26 -8- 2020 (անգլերէն)
  8. Յունական Դիցաբանութեան անձեր, տիպարներ, Տիմիթրա Միթա(յունարէն)
  9. Ծովագնացութեան ամենահին փաստը, Կրետէ, John Noble(անգլերէն)
  10. Հին Քարէ Դարու շրջանէն նաւաստիներու քարէ գործիքներ, Կրետէի մէջ յայտնաբերուած-Jack Linthicum, 19-1-2010(անգլերէն)
  11. Կրետէի վերածնունդի շրջանը, David Holton(անգլերէն)
  12. «Կրետացիները ինչպէս ընդունեցին Փոքր Ասիոյ դաղթականներուն, Կրետէ թերթ, 6-5-2014(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-12-12-ին։ արտագրուած է՝ 2020-12-14 
  13. Կրետէ․ կռիւը եւ դիմադրութիւնը, John Murray, 1991(անգլերէն)
  14. Րիզոսփասթիս օրաթերթ, Կրետէին Մայիս 1941իԿռիւը,22-5-2011
  15. Կրետական բնավայրը, Oliver Rackham, Jennifer Moody (անգլերէն)
  16. Վտանգի տա՞կ է արդեօք Կրետէի հարուստ բնավայրը, հատոր 11, 2003, Միջերկրականեան զբօսաշրջիկութիւն, էջ՝ 97-115, 24-11-2009 (անգլերէն)
  17. The Seattle Times, Կրետական վռիժակռիւի զոհեր, 14-1-1999, Brian Murphy (անգլերէն)
  18. e-ktel Կրետէի հանրակառքերու փոխադրամիջոցը (յունարէն)
  19. explorecrete - Կրետէի հնագիտական վայրերն ու թանգարանները (անգլերէն)
  20. Կրետէի ծովաշխարհը (անգլերէն)[permanent dead link]
  21. Կրետէին թեւաւոր աշխարհը (անգլերէն)
  22. Կրետէի ստնաւորներուն զարգացումը, Alexandra van der Geer, George Lyras, John de Vos, Michael Dermitzakis (անգլերէն)
  23. Կրետական ճաշեր (անգլերէն)
  24. Հայերուն ներկայութիւնը Կրետէ, ipy(յունարէն)
  25. Տոմինիքոս Թէոթոքոփուլոսին կեանքն ու գործը, Αμαλία Κ. Ηλιάδη(յունարէն)
  26. Σαν Σήμερα - Նիքոս Քազանծաքիս
  27. Առնականութեան բանաղտեղծութիւններ․ աւանդոյթ եւ ինքնութիւն Կրետական լեռնային գիւղի․ Herzfeld, Michael, 1947-(անգլերէն)
  28. «Ա․Մ․Ն․ Հարվարտ համալասարան՝ Յունական ուսումնասիրութեան կեդրոն – Արձանագրելով անգիր պատմութիւնը․ աւանդութիւն, ազգայնականութիւն եւ Կրետական քնարը - Panayotis League(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-25-ին։ արտագրուած է՝ 2020-12-20 
  29. Կրետական խոհանոց եւ Միջերկրականեան սննդականոնը (ֆր.)

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Օտիսէաս Էլիթիս(յունարէն)
  2. Կրետէի պատմութիւնը(ֆր.)
  3. Կրետական Հետախոյզը(անգլերէն)
  4. Մեսարիթիքօ ձի(յունարէն)
  5. Քրի-քրի կրետական քարայծը(անգլերէն)
  6. Տիքթամօ՝ կրետական սուսամբար(յունարէն)
  7. Մինոթաւրոս(ֆր.)
  8. Իքարիոյ Ծով(անգլերէն)
  9. Կրետական ապստամբութիւնը(անգլերէն)
  10. Մանտինատա(անգլերէն)
  11. Կրետական քնար․ տեսերիզ նկարահանուած 1970 թուականներուն Կրետէի լեռներուն վրայ
  12. Պալքանեան Ա․ Պատերազմ(անգլերէն)
  13. կրետական հարսանիք(յունարէն)