Միկինեան քաղաքակրթութիւն

Միկինեան քաղաքակրթութիւն (յուն․՝ Μυκηναϊκός πολιτισμός), Պղնձադարի մշակոյթ, որ զարգացաւ մասնաւորաբար Յունաստանի կեդրոնական եւ հարաւային մայցամաքին վրայ, ինչպէս նաեւ կղզիները։ Ծաղկեցաւ Ք․Ա․1600 մինչեւ Ք․Ա․1100։ Կը ներկայացնէ Յունաստանի մայրցամաքին վրայ առաջին զարգացած եւ առաջացեալ մշակոյթը։[1] [2]

Միկինեան քաղաքակրթութիւնը, Ք․Ա․ 1400 - 1100 թուականներուն

Անուանում

Խմբագրել

Միկինեան անունը յառաջացած է հնագիտական վայրէն ուր առաջին անգամ յայտնաբերուեցաւ՝ Միկինես (Պելոպոնեսի Արղոլիտա նահանգ)։[3] [4]

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել
 
Աղամեմնոնասին Դիմակը (Ք․Ա․ 16-րդ դար), յայտնաբերուած Միկինես հնավայրը․ Աթէնքի Հնագիտական Թանգարան

Քաղաքակրթութիւնը դասուած է իբրեւ նախապատմական, որովհետեւ մինչեւ այսօր մեր գիտելիքները անոր մասին յենուած են հնագիտական պեղումներէ գտնուած իրերուն։[5] [6] [7]

Քաղաքակրթութեան բարգաւաճում

Խմբագրել
 
Առիւծներու Դարպասը․ Միկինեսի Աքրոփոլիսին գլխաւոր մուտքը․ Միկինես
 
Միկինեան կին․ որմանկար, Ք․Ա․ 1300

Միկինեան քաղաքակրթութիւնը կը ներկայացնէ Յունաստանի մայրցամաքին վրայ առաջին զարգացած եւ առաջացեալ մշակոյթը, իր պալատներով, քաղաքային կազմակերպութեամբ, արուեստով եւ Գծային Β (Γραμμική Β) գիրով։ Շնորհիւ ծովու ճամբաներուն, աստիճանաբար դէպի հարաւ եւ արեւելք կը տարածուի։ [8] [9]

Քաղաքակրթութեան բարգաւաճման շրջանին Միկինացիներ կը տարածուին Կրետէ, Էգէականի մնացեալ կղզիներուն, Կիպրոս եւ Միջերկրականի աւազանի արեւելեան շրջաններուն (Կիլիկիա, Սուրիա եւ Պաղեստինի հարաւային ափեր) եւ Իտալիա (Ք․Ա․12-րդ դա)։ [10] [11]

 
Ք․Ա․ 1350, որմանկար, Փիլոս․ կը պատկերացնէ երկու կին սայլապան

Բարգաւաճման գագաթնակէտին՝ Ք․Ա․13-րդ դար, Միկինեան քաղաքակրթութիւնը Էգէականի շրջանին մէջ կը ներկայանայ իբրեւ համասեր ազդեցութեան գօտի․ վերոնշեալ տարածքներուն գտնուած հնագիտական նիւթերը, իրերը, այդ կը փաստեն։ Իսկ դէպի հիւսիսային Յունաստանի շրջանները կը տարածուի աւելի ուշ։[12]

Բացի հնագիտական նիւթերէն, որոնք կը փաստեն այդ շրջաններուն մէջ Միկինացիներուն հաստատումը եւ գերիշխանութիւնը, յայտնաբերուած են նաեւ տուեալներ, որ կը վկայեն Միկինացիներուն կապը այդ ժամանակաշրջանի կարեւոր ծովային եւ առեւտրական կեդրոններուն հետ՝ Տրոյա (Փոքր Ասիոյ հիւսիս-արեւմուտք), Ուկարիթ (Սուրիա), Սարտենիա (Իտալիա) եւ Իպերական թերակղզի։[13]

 
Գծային Բ - Միկինեան արձանագրութիւն․ Աթէնքի Հնագիտական Թանգարան

Եգիպտական արձանագրութիւններ, ինչպէս նաեւ Կրետէ գտնուած եգիպտական հնագիտական իրեր կը փաստեն թէ Միկինացիները դիւանագիտական կապեր ունեցած են եգիպտացիներուն հետ։ 

Միկինեան քաղաքակրթութեան պատկանող նիւթեր, իրեր, Գծային Բ արձանագրութեամբ յայտնաբերուած են Գերմանիա, Վրաստան, Իրլանտա եւ Մեծն Բրիտանիա։[14]

Գծային Բ

Խմբագրել

Գծային Բ գիրը առաջին անգամ յաջողեցաւ վերծանել Միքայէլ Վենթրիս։ Իր այս գործին օգնեցին Էմեթ Լեսլի Պենեթ, Ալիս Քոպեր եւ Ճոն Չատուիք։ Գծային Բ գիրին վերծանմամբ, փաստուեցաւ թէ յունական գիր է։ 

Վարչակարգ

Խմբագրել
 
Կռիւի որմանկար․ Նեսթորասի պալատ, Փիլոս, Ք․Ա․ 1300
 
Որմանկար (Փիլոսի պալատ)․ կը պատկերացնէ մարտակառք երկու զինեալներով, Ք․Ա․ 1350

Միկինեան պալատական պետութիւններուն (պալատը՝ վարչակարգի կեդրոն) մասին տեղեկութիւններ արձանագրուած են յունական գրականութեան եւ դիցաբանութեան մէջ եւ փաստուած նորագոյն շրջանի հնագետներէն, ինչպէս օրինակ՝ Հենրիխ Շլիման։ Իւրաքանչիւր Միկինեան թագաւորութիւն պալատէն կը կառավարուէր։

Ընկերութիւն

Խմբագրել

Գծային B արձանագրութիւնները կը վկայեն թէ Միկինեան ընկերութիւնը կը հետեւէր դասակարգային խիստ կանոններու․-

  • պալատ-պետութեան գլուխը թագաւորն էր (άναξ կամ άνακτας)․ կրօնապետ, բանակին հրամանատար եւ դատաւոր,
  • պալատականներ՝ ազնուականներ,
  • քուրմեր - քումուհիներ,
  • ժողովուրդը՝ ռամիկներ, շինականներ։

Պատերազմ

Խմբագրել

Միկինացիները ունեցած են ռազմական կարեւոր գործունէութիւն։ Քնոսոսի (Կրետէ) եւ Փիլոսի (Պելեպոնես) մէջ յայտնաբերուած Գծային Բ արձանագրութիւններ կը վկայեն թէ պալատական կեդրոնները (Միկինես, Սալամինա, Թիրինթա, եւայլն) մասնագիտացած էին զէնքերու զանգուածային շինութեան։

Քաղաքակրթութեան վերջը

Խմբագրել

Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակի վերջաւորութեան, Միկինեան իշխանութեան կեդրոնները կը կործանին (մեծամասնութիւնը հրդեհներէ) կամ ալ կը լքուին․ ստորեւ ենթադրուած պատճառները՝

  • Բնական աւերներ (երկրաշարժներ, հրդեհներ եւ հաւանաբար կլիմայական փոփոխութիւններ),
  • Օտարներու ներխուժումներ, յարձակումներ,
  • եւ ներքին խնդիրներ, բախումներ։

Բնակչութիւնը կը նուազի, միկինեան գիրը՝ Գծային Բ կ՛ անհետանայ եւ յունական գիրը դարեր ետք կը վերայայտնուի։ Գրեթէ բոլոր բնակավայրերը յարձակումներու ենթակայ կ՛ ըլլան։ Սակայն պալատներուն մէջ ծագած հրդեհները կ՛ օգնեն Գծային Բ գիրով արձանագրութիւններուն փրկութեան։

Միկինեան քաղաքակրթութեան անկումով, Յունաստան կը մտնէ երկարատեւ մութ ժամանակաշրջանի մը, մինչեւ Ք․Ա․ 900։

Ծննդական ուսումնասիրութիւններ

Խմբագրել
 
Պոնտական-Կասպեան (Եւրասեան) լեռնադաշտ․կովկասեան որսորդ-հաւաքիչին ապրած շրջանը

2017-ի հրապարակուած ուսումնասիրութիւն

Խմբագրել

2017-ին հրապարակուած Genetic origins of the Minoans and Mycenaeans ուսումնասիրութիւնը, կ՛ եզրականացնէ թէ Միկինացիները սերտ կապ ունեցած են Մինոասցիներուն հետ եւ թէ երկուքն ալ արդի ժամանակաշրջանի յոյներուն հետ ազգական են սակայն ոչ 100% նոյնութեամբ։ Միկինացիներուն եւ Մինոասցիներուն DNA-ի 3/4 յառաջ եկած է Նոր Քարէ Դարու առաջին երկրագործներէն, որոնք կ՛ ապրէին արեւմտեան Փոքր Ասիա եւ Էգէական ծովու կղզիները (Միկինացիներ ≈ 74-78%, Մինոասցիներ ≈84-85%), իսկ 1/4՝ հնադարի բնակիչներէ, որոնք կապ ունեցած են Կովկասեան որսորդ-հաւաքիչին եւ Իրանի բարձրաւանդակի վրայ ապրող ժողովուրդներուն հետ։

Միկինացիները սակայն ժառանգած են ≈4-16% նախնիք հիւսիսային աղբիւրէ մը, որ սերտ կապ ունեցած է Արեւելեան Եւրոպայի ու Սիպերիոյ Վերին Հին Քարէ Դարու որսորդ-հաւաքիչներուն հետ եւ ներմուծուած է մօտիկ աղբիւրէ մը, որ ազգական եղած է Պոնտական-Կասպեան (Եւրասեան) լեռնադաշտի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բնակիչներուն հետ։

2021-ի հրապարակուած ուսումնասիրութիւն

Խմբագրել

2021-ին հրապարակուած է ուսումնասիրութիւնը մը յենուած երեք քաղաքակրթութիւններու մարդերու ծննդական նիւթին․ Յունաստանի մայրցամաք եւ Էգէական ծովու Մինոասեան, Քիքլատեան եւ Յունական։ Ուսումնասիրութիւնը կ՛ եզրակացնէ թէ այդ երեք քաղաքակրթութիւններուն բնակիչները ծննդականօրէն համասեր (համազգի) եղած են Պղնձադարի սղիզբին Էգէականի եւ արեւմտեան Փոքր Ասիոյ շրջաններուն մէջ։ Այդ բնակիչներուն նախնիքները եղած են Նոր Քարէ Դարու Էգէականի բնիկ երկրագործները (65%≥) եւ Կովկասեան որսորդ-հաւաքիչներուն հետ կապ ունեցող ժողովուրդներ (17%-27%)։

Պղնձադարի վերջաւորութեան սակայն, Միկինացիները ծննդական կապ ունեցած են Պոնտական-Կասպեան (Եւրասեան) լեռնադաշտի, ինչպէս նաեւ յաւելուածական ներազդեցութիւն Հայաստանի բնակիչներուն հետ։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յունաստանի Մշակոյթի նախարարութիւն – Թեսալիա եւ Սթերէա Էլատայի հնագիտական վայրեր․ Միկինեան քաղաքակրթութիւն (յունարէն)
  2. The Mycenaean Feast - Փրինսթոն համալսարան, 2004 (անգլերէն)
  3. Ամերիկայի Հնագիտական Թերթ - Ըլլալ Միկինեցի, 115, 2011 (անգլերէն)
  4. Միկինեան Յունաստան․ Միջերկրականի առեւտուր, Պրայան Պըրնս, Քեմպրիճ համալասարան, 2012 (անգլերէն)
  5. Յունաստանի Հնադարի պատմութիւն․Ա․միջնակարգի դասագիրք (յունարէն)
  6. Գծային Բ․Գերմանիոյ մէջ, 30 Օգոստոս 2016 (անգլերէն)
  7. Պոսթոնի համալսարան - Historical society (անգլերէն)
  8. Հին յոյները․ ներածական – Օքսֆորտ համալսարան, Stephanie Lynn Budin
  9. Սելթիք համալսարան, Միկինացիներ (անգլերէն)
  10. Պղնձադար․ ռազմական մթերք, Dan Howard (անգլերէն)
  11. Փոլիթիա - Հին Յունաստանի ընկերութեան պատմութիւն․ Յունաստանի Ազգային Դրամատան Դաստիարակչական Հիմնարկ (յունարէն)
  12. Էգէականի պալատական քաղաքակրթութեան ծննդաբերական պատմութիւն (անգլերէն)
  13. Մինոասցիներու եւ Միկինացիներու ծննդական ծագումը,Lazaridis, Iosif; Mittnik, Alissa; Patterson, Nick; Mallick, Swapan; Rohland, Nadin; Pfrengle, Saskia; Furtwängler, Anja; Peltzer, Alexander եւ ուրիշներ, 2-8-217 (անգլերէն)
  14. Էգէականի Պալատներու ծննդական պատմութիւնը,Clemente, Florian; Unterländer, Martina; Dolgova, Olga; Amorim, Carlos Eduardo G.; Coroado-Santos, Francisco; Neuenschwander, Samuel; Ganiatsou, Elissavet; Cruz Dávalos, Diana I. եւ ուրիշներ, 13-5-2021(անգլերէն)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Միքայէլ Վենթրիս (անգլերէն)
  2. Ճոն Չատուիք(անգլերէն)
  3. Ալիս Քոպեր(անգլերէն)
  4. Էմեթ Լեսլի Պենեթ(անգլերէն)
  5. Շլիման(անգլերէն)