Քիքլատեան մշակոյթ

Քիքլատեան մշակոյթ (յուն․՝ Κυκλαδικός πολιτισμός). այսպէս անուանած են հին յոյն գրագէտները կեդրոնական Էգէականի Քիքլատես* կղզեխումբի շրջանը Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակին զարգացած մշակոյթը։

Քիքլատես

Քիքլատես անունը հին աշխարհագէտները տուած են Տիլոս սրբավայրին շուրջը կղզիներուն բոլորաձեւ դասաւորման պատճառով․  (Κυκλάδες = բոլորաձեւ / κύκλος = շրջանակ)։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Քիքլատեսի աշխարհագրական դիրքը, միջավայրին ընձեռած սահմանափակ կարելիութիւնները (բնակիչները իրենց յարատեւութեան համար կ՛ օգտագործեն ծովը) եւ հանքային հարստութիւնը՝ Միլոսին ոբսիդը, Նաքսոսին զմռնիտը, Սիֆնոսին կապարը, Քիթնոսին եւ Սերիֆոսին պղինձը ու յատկապէս Փարոսին եւ Նաքսոսին մարմարը, մեծապէս կը սատարեն Քիքլատեան մշակոյթին ստեղծման եւ զարգացման։

Քիքլատեան մշակոյթի ծաղկման ժամանակաշրջանը կը բաժնուի երեք շրջաններու․-

  • Նախաքիքլատեան՝ Ք․Ա․ 3200-2800
  • Միջին քիքլատեան՝ Ք․Ա․ 2800-2300
  • Հին քիքլատեան՝ Ք․Ա․ 2300-2000

Քիքլատես

Խմբագրել
 
Քիքլատեան տապակ, Ք․Ա․ 2800
 
Քիքլատեան աման, Ք․Ա․ 3300-2800

Եւրոպայի հնագոյն մշակոյթներէն մէկը կը զարգանայ Քիքլատես Ք․Ա․ 3-րդ եւ 2-րդ հազարամեակներու ընթացքին՝ պղինձի դարաշրջան։ Քիքլատես կղզեխումբը բնական կամուրջ մըն է Եւրոպայի, Ասիոյ, Յունաստանի մայր ցամաքամասին եւ Կրետէի միջեւ։ Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակին Քիքլատեսի կղզիներուն նաւերը կը տիրապետեն Էգէական ծովուն․ Միջին Արեւելքի արտադրութիւններուն հետ, Եւրոպա կը տարածեն զանազան գաղափարներ՝ կրօնական, արհեստագիտական, եւայլն։ Իսկ փոխադարձ Եւրոպայէն՝ մասնաւորաբար արեւելեան Միջերկրականի աւազանէն, Միջին Արեւելք կը փոխանցեն արուեստագիտութիւն։

Քիքլատեսի բնակիչները, շնորհիւ իրենց կղզիներու աշխարհակագրական դիրքին հիանալի նաւաստի եւ առեւտրական էին։ Կ՛ ենթադրուի թէ շրջանը աւելի կ՛ արտադրէր քան կը ներածէր։

Շրջանը կատարուած հնագիտական պեղումները կը փաստեն թէ բնակիչները մասնագիտացած էին զանազան արհեստներու, ինչպէս օրինակ՝ մետաղ ձուլողներ, երկաթագործներ, քանդակագործներ եւ բրուտագործներ, եւայլն։

[1] [2] [3]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Նաքսոսի Հնագիտական Թանգարան

Տիլոսի Հնագիտական Թանգարան

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել