Միլոս (յունարէն՝ Μήλος), hրաբխային կղզի, կը գտնուի Եգէական ծովուն Քիքլատես կղզեխումբին հարաւ-արեւմուտքը եւ Կրետական ծովուն հիւսիսը։ Մայրաքաղքը Փլաքան է: Միլոս կղզիի տարածութիւնն է151 քառ․ քմ․ եւ ունի 5․129 բնակիչ։ Աշխարհածանօթ են Միլոսի Աֆրոտիթի նշանաւոր արձանը, որ յայտնաբերուած է 1820-ին եւ ներկայիս կը գտնուի Լուվրի թանգարանին մէջ (ընդօրինակութիւնը՝ Միլոսի թանգարանին մէջ), ինչպէս նաեւ Միլոսի հին թատրոնը (Ք․Ա․ 1-ին դար), քրիստոնէական առաջին տարիներուն ստեղծուած գետնադամբարանները, եւ ձկնորսներուն Քլիմա, Մանտրաքիա եւ Ֆիրոփոթամօ ծովեզերեայ բնակավայրերը փորուած հրաբխային տուֆաքարայրներու մէջ։

Կղզի
Միլոս
յուն․՝ Μήλος
Երկիր  Յունաստան
Տարածութիւն 150,6 քմ²
ԲԾՄ 748 մեթր, 0 մեթր, 748 մեթր
Կը գտնուի ափին Էգէական Ծով
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Պաշտօնական կայքէջ milos.gr
Քլիմա․ ձկնորսներու գիւղը

Անուանում

Խմբագրել

Կը կարծուի, թէ նախնապէս կոչուած է «վիլոս», որ «ոչխար» կը նշանակէր եւ ժամանակի ընթացքին «միլոս»ի փոխուած է։

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել
 
Հանքահոր՝ Միլոս կղզիին վրայ

Միլոս կը գտնուի Քիքլատեսի հարաւ-արեւմտեան մասին մէջ։ Պայտաձեւ կղզի մըն է, որ մեծ ծոց մը կը կազմէ։

Ամէնէն բարձր լեռն է՝ Փրոֆիթիս Իլիաս (751 մ․)։

Կղզիին ամէնէն գրաւիչ եւ վայրի բաժինը արեւմտեան մասն է, որ անբնակ է։

Բնապահպանում

Խմբագրել

Գրեթէ ամբողջ կղզին մաս կը կազմէ Նաթիւրա 2000 (NATURA 2000) գօտիին։ Հարաւային մասը Միջերկրականի փոկի բնավայրն է, իսկ Իսկ արեւմտեան մասը՝ Միլոսի կարմիր օձին։ Ախիվատոլիմնի շրջանը՝ Քիքլատեսի ամէնէն ընդարձակ բնական խոնաւ տարածքը, գաղթող թռչուններուն ապաստանարանն է։

Մօտակայ կղզիներ

Խմբագրել
 
Միլոս եւ հիւսիս արեւելքը՝ Քիմոլոս
 
Անդիմիլոս, նկարուած Միլոս կղզիէն, 2014-ին

Միլոսի շուրջ կը գտնուին՝

  • Հիւսիս-արեւելքէն՝ Քիմոլոս
  • Հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Անդիմիլոս
  • Արեւմուտքէն՝ Փոլիէղոս


Բնակավայրեր

Խմբագրել

Ըստ 2001-ի պետական արձանագրութիւններուն, բնակելի են հետեւեալ բնակավայրերը՝ Էպուրիոս, Քսիլոքերաթիա, Րալաքի, Ֆուրքովունի, Ֆիրոփոթամոս, Փսաթատիքա, Ատամաս, Փերան Թրիովասալոս, Քացարոնաս, Քմիա, Թրիովասալոս, Այի Անարղիրի, Այոս Երասիմոս, Փոլոնիա, Վուտիա, Մանտրաքիա, Միթաքաս, Փահենա, Ֆիլաքոփի, Թրիփիթի, Զեֆիրիա, Քանավա, Քլիմա, Փրովաթաս եւ Փալէոխորի։

 
Փլաքա եւ հնագիտական թանգարանը․ Միլոս կղզիին կեդրոնը

Միլոս հին բնակավայրը կը գտնուի կղզիի նաւահանգիստին մօտ։ Հնագիտական վայրին մէջ կը գտնուին հին հռոմէական թատրոնը, պարիսպներուն աւերակները, ինչպէս նաեւ այլ կառոյցներու մնացորդներ։ 1896-ին Աթէնքի Բրիտանական Դպրոցին հոն կատարած պեղումներուն ատեն, երեւան կու գան կարեւոր խճանկար մը եւ բազմաթիւ քանդակներ, որոնցմէ նշանաւոր են Միլոսի Աֆրոտիթը Αφροδίτη της Μήλου (այժմ կը գտնուի Լուվր), Ասքլիփիոս (Բրիտանական Թանգարանը, Լոնտոն) եւ Արխայիք (հնագոյն շրջան) Ափոլոնաս (Աթէնքի Հնագիտական Թանգարանը

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել