Լուվրի Պալատ, Լուվրի Թանգարան (ֆրանսերէն՝ palais du Louvre), կամ պարզապէս Լուվր, Փարիզի հին թագաւորական ամրոց, որ վերակառուցուած է իբրեւ պալատ, հաստատուած Սեն (La Seine) գետի աջ ափին՝ Թուիլերի պարտէզին (Jardin des Tuileries) եւ Սեն Ժերմեն-Լոսերուա (Saint-Germain-l'Auxerrois) եկեղեցւոյ միջեւ։ Այսօր Լուվրը իր հաւաքածոյով աշխարհի ամէնէն հարուստ թանգարաններէն մէկն է: Իսկ մակերեսով՝ Փարիզի ամէնէն մեծ թանգարանը (210.00 մ² քառակուսի, որմէ 68,000-ը տրամադրուած է ցուցասրահին)[8]։ Թանգարանը կը ներկայացնէ բազմազան հաւաքածոներ՝ շատ հին ժամանակներէն մինչեւ 1848 թուական, Արեւմտեան Եւրոպայէն մինչեւ Պարսկաստան, Յունաստան, Եգիպտոս, Մերձաւոր Արեւելք եւ Միջագետք։

Լուվր
Տեսակ Պալատ
Երկիր Ֆրանսա
Տեղագրութիւն Սեն Ժերմեն Լէօզերուա[1]
Վայր Լուվրի Պալատը
Կազմուած է Լուվրի յհունական, հռոմէական եւ էթրուսքեան հնութիւններու բաժանմունք, Իսլամական Արուեստի Բաժանմունք, Եգիպտական Արուեստի Բաժանմունք, Միջին Արեւելքի Բաժանմունք, Լուվրի տպագրութեան եւ նկարչութեան բաժանմունք, Լուվրի Արուեստներու բաժանմունք, Լուվրի Գեղանկարչութեան բաժանմունք, Լուվրի Քանդակագործութեան բաժանմունք, Լուվրի պահպանութեան կեդրոն, Լուվր Լենս եւ departement of the Byzantine Arts and the Eastern Christians in the Louvre Museum?
Տեսակ Պալատ
Հասցէ 75001[2]Ռիվոլի թաղ
Հիմնադրուած է 10 Օգոստոս 1793[3]
Հիմնադիր Նափոլէոն Պոնափարթ[4]
Այցելուներ 2 825 000[5]
Տնօրէն Ժան Լիւք Մարթինեզ[6] եւ Laurence des Cars?
Հաւաքածոյի չափ 460 000 ± 5000 արխիվային միավոր[7]
48°51′40″N 2°20′09″E / 48.8611°N 2.3358°E / 48.8611; 2.3358
Կայքէջ louvre.fr(ֆր.)
Քարտէս
Քարտէս

Լուվրի ներկայի շէնքին կառուցումը գրեթէ հազարամեակներ տեւած է եւ անբաժանելի մէկ մասն է Փարիզ քաղաքին պատմութեան:

Լուվրի մէջ ներկայացուած ստեղծագործութիւնները բազմազան են՝ նկարներ, քանդակներ, սերամիքի ստեղծագործութիւններ, հնաբանական գտածոներ, արուեստի ստեղծագործութիւններ, զարդարուն կիրառական արուեստ եւ այլն։ Համաշխարհային ճանաչում ունին Լուվրի մէջ ներկայացուած յունական հին դարաշրջանի քանդակ Միլոսեան Վեներան, Լէօնարտօ Տա Վինչիի Մոնա Լիզան (Ճիոքոնտօ), Էօժէն Տելաքրուայի «Ժողովուրդին առաջնորդող ազատութիւնը» կտաւը, եւ բազմաթիւ այլ ստեղծագործութիւններ։ Լուվրը աշխարհի ամէնէն շատ այցելուներ ունեցող թանգարանն է։ 2008-ին Լուվր այցելած է շուրջ 8,5 միլիոն մարդ։[9] Լուվրի մշտական ցուցադրութիւնը կ'ընդգրկէ շուրջ 35 հազար ստեղծագործութիւն՝ տեղաբաշխուած 60,600 մեթր² ընդհանուր մակերեսով դահլիճներուն մէջ։

Պատմութիւնը

Խմբագրել

Բառին Ծագումը

Խմբագրել

Լուվրի առաջին ամրոցը կառուցուած է ԺԲ. դարուն, Ֆիլիփ-Օգոստոսի (Philip II Augustus) օրով, «Լիւբարա» (Lupara) կոչուող տարածքին մէջ։ Բառին ծագումը անյայտ է։ Հաւանաբար լատինական «լիւբուս» (lupus) բառէն սեռած է եւ կը նշանակէ գայլերու բնակութեան վայր։

«Լուվր» բառին ծագման միւս տարբերակը կը վերաբերի այն ֆրանկներու լեզուին, որոնք եղած են ֆրանսացիներու նախնիները․ «lauer» կամ «lower» բառը հին ֆրանսերէնով կը նշանակէ «պահակային աշտարակ»։

Բայց նման բառ գոյութիւն ունեցած է նաեւ այն գերմանական ցեղերու լեզուին մէջ, որ ունեցած է ոչ լատինական ծագում։ Ըստ Ֆրանսացի պատմաբան Անրի Սովալի (Henri Sauval , 1623-1676) «լուվր» բառը ծագած է «leovar, lovar, lover, leower ou lower», որ կը նշանակէ «ամրոց» կամ «ամրութիւն»:

Միջնադարեան Լուվրը

Խմբագրել
 
Թանգարանը՝ վերէն դիտուած

Ռիչըրտ Առիւծասիրտի (Richard the Lionheart) հետ խաչակիրներու արշաւանքին պատրաստուելու միջոցին Ֆիլիփ-Օգոստոս թագաւոր կը փորձէ պաշտպանել իր քաղաքը արտաքին յարձակումներէն, եւ յատկապէս իր հարազատներուն ու Ֆրանսայի գահին հաւակնորդ House of plantagenet-ի կողմէ։ Ամրոցին նոր պատին շինութիւնը սկսած է 1190-ին եւ շարունակուած՝ 20 տարի։ Ամրոցին պատին աշտարակներէն մէկը, որ յենած էր Սեն գետին, կոչուած է Լուվրեան։ Անոր նմանող աշտարակը, որ կը գտնուէր հակառակ ափին, կը կոչուէր Նելսկի (Nelski)։ Ֆիլիփ Օգոստոսի հրամանով Լուվրի աշտարակին առջեւի մարգագետինը դարձած է ամրոցին կառուցման տեղը, որ հետագային դարձած է թագաւորական ամրոց մը, իսկ աւելի ուշ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր պալատներէն մէկը։ Ամրոցին պատը կը կտրէր այժմեան Լուվրի ներքին բակը (Քառակուսի բակ)՝ տեղադրուած պալատական համալիրին արեւելեան մասին մէջ։ Առաջին ամրոցը կը գտնուէր քառակուսի բակին հարաւ-արեւմտեան մասին մէջ։ Այդ օրերուն ամրոցը եղած է գրեթէ անառիկ։ Անոր կեդրոնական մասին մէջ կանգնած էր երեսուն մեթրնոց գլխաւոր աշտարակը: Ամրոցը կը պաշտպանուէր 10 աշտարակներով, ատամնաւոր պատերով 2,5 մ. հաստութեամբ հաստատուած բացուող թեք պատերով։ Լուվրի մէջ տեղադրուած էր արքայական գանձարանը, բանտը եւ զինանոցը, այդ օրերուն արքայական պալատը կը գտնուէր Սիթէ կղզիին (Île de la Cité ) արեւմտեան մասին մէջ։ ԺԴ. դարուն, Շարլ Ե.-ի (Charles V) օրերուն, երբ Փարիզի տարածքները կ'ընդլայնէին կառուցուած են ամրոցին պատերը, որոնք աւելի մեծ տարածք կը զբաղեցնէին եւ Լուվրը մասամբ կորսնցուցած էր իր նախկին պաշտպանողական իմաստը։

Շարլ Ե. Սիթէ կղզիէն իր նստավայրը տեղափոխած է Լուվր։ Նախկին ամրոցը վերափոխուած է արքայական շքասենեակի, յայտնուած են բնակելի հատուածներ, շքամուտք, գոյութիւն ունեցող շինութեան մէջ բացուած են պատուհաններ, տանիքը ծածկուած է վառարաններու խողովակներով եւ գմբէթներով, հին արքայական պալատէն Լուվր տեղափոխուած է 973 գիրքերէ բաղկացած գրադարանը, որ այդ օրերուն համար հսկայական հաւաքածոյ էր։ Լուվրի արտաքին տեսքին մասին լաւ պատկերացում կու տայ այն փորագրութիւնը, որ տեղադրուած է «Իշխան Փերինսքիի հրաշագեղ Ժամագիրքին մէջ»։

Լուվրը Վերածննդեան Դարաշրջանին

Խմբագրել
 
Արեւմտեան թեւը՝ Վերածնունդի շրջանին

Շարլ Ե.-էն ետք ֆրանսացի թագաւորները նախընտրած են ապրիլ Լուարի ամրոցներուն (Loire) մէջ։ 1546-ին Ֆրանսիս Ա. (Francis I) կ'որոշէ Լուվրը դարձնել իր գլխաւոր նստավայրը Փարիզի մէջ։ Ան կը հրամայէ քանդել գլխաւոր աշտարակը եւ ճարտարապետ Փիեռ Լեսքոյի (Pierre Lescot) եւ քանդակագործ Ժան Կուժոնին (Jean Goujon) կը յանձնարարէ վերածնունդի շունչով ժամանակակից պալատի մը կառուցումը։ Աշխատանքները սկիզբ կ'առնեն անոր մահէն ոչ շատ առաջ։ Անոր որդիին՝ Հենրի Բ.֊ի (Henri II) օրով աշխատանքները կը շարունակուին։ Լեսքոյի կառուցած մասը (թեւը) տեղադրուած է քառակուսի բակին հարաւ-արեւմտեան բաժինին մէջ, քառակուսի բակէն Նափոլէոնի բակին ելքէն դէպի ձախ։

 
Նափոլէոնի մեծ Ճաշասրահը

Անիկա կը հանդիսանայ Լուվրի պահպանուած մասերէն հնագոյնը։ Համադրումներու ազնուականութեան, դասական ոճի իւրայատուկ կիրարկման, հորիզոնական եւ ուղղահայեաց բարձրութիւններու խիստ հաւասարակշռութեան, քանդակագործութեան ձեւաւորման հարստութեան եւ բարդութեան շնորհիւ, Լեսքոյին մասը (թեւը) նշանաւոր է իբրեւ ֆրանսական ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն մէկը: Թեւին կեդրոնական մասը ընդգծուած է մուտքին դրան ձեւաւորումով եւ կիսակլոր մասով։

1564-էն Քաթերինա Մետիչի (Catherine de' Medici) թագուհին կը սկսի նոր պալատին կառուցումը Լուվրի մօտ։

Հենրի Դ.-ն եւ Լուվրը, մեծ նախագիծին ծնունդը

Խմբագրել
 
Թուիլերի պարտէզէն դիտուած

1589-ին Հենրի Դ. (Henry IV), թագաւոր դառնալով կը սկսի «Մեծ նախագիծ»ը իրականացնել, որուն մէջ կը մտնէր ներքին բակը մեծցնելու համար միջնադարեան ամրոցին մնացորդներու հեռացումը եւ Թուիլերի ու Լուվրի պալատներուն միաւորումը: Պալատները միացած էին մեծ սրահին օգնութեամբ՝ ճարտարապետներ Ժագ Անտրուէի (Jacques Androuet II du Cerceau) եւ Լուի Մետեզոյի (Louis Métezeau) նախագիծով: Մեծ սրահին ներքին յարկը կային կրպակներ եւ արհեստանոցներ, Գարտինալ Ռիշելիոյի (Cardinal Richelieu) օրով շինութեան մէջ տեղադրուած էին դրամատունն ու տպարանը։

Ժէ. դարուն լուվրեան սրահներէն մէկը դարձած էր ապաստան այն վարպետներուն, որոնք չէին մտած մասնագիտական արհեստանոցներուն կազմին մէջ։

1607-ի թագաւորական հրամանէն.

  Մենք կարգադրեցինք կառուցել շինութիւնը այնպէս, որ հոն կարենան յարմարաւէտ տեղաւորուիլ լաւագոյն արհեստաւորներն ու վարպետները, եւ կարենան զբաղիլ ինչպէս գեղանկարչութեամբ, քանդակագործութեամբ, ոսկեայ եւ արծաթեայ իրերու արտադրութեամբ, թանկարժէք քարերու մշակմամբ, այնպէս ալ ուրիշ այլ արուեստներով, աշխատելով ինչպէս մեր պալատին համար, այնպէս ալ մեր հպատակներուն համար:  

Յաջորդ տարուան հրամանին մէջ նշուած էին նաեւ զէնք, հիւսնի ապրանքներ, օծանելիք, աղբիւրի խողովակներ, ֆիզիքական գործիքներ, գորգեր եւ արեւելեան ապրանքներ արտադրող վարպետներ: Անոնք, որոնք կ'ապրէին Լուվրի մէջ, կ'ազատէին ցեղերու վերահսկումէն եւ կը գտնուէին թագաւորին հովանաւորութեան տակ: Եւ հակառակ արհեստանոցի բոլոր վարպետներու բողոքներուն, անոնք հանգիստ կ'արտադրէին եւ կ'իւրացնէին իրենց ապրանքները: Արհեստանոցներու վարպետները ստիպուած կ'ընդունէին պալատին այդ որոշումը։

Լիւտովիկ ԺԳ.-ի թագաւորութիւնը (1610-1643)

Խմբագրել
 
Նափոլէոնի օրով՝ հիւրասրահներէն մէկը

Առանձին, իրարմէ անկախ աշխատող վարպետներու հաւաքածոներէն Լուվրի սրահը հետզհետէ կը վերածուի ընդարձակ, աշխատանքի բաժանման վրայ հիմնուած արտադրութեան կեդրոնի մը, որ կ'արտադրէր շքեղ ապրանքներ։ Լուվրի սրահին մէջ արհեստներով կրնային զբաղիլ որեւէ ազգութեան պատկանող մարդիկ եւ հանդիսատեսներ, որոնք կը քալէին 210 մ. երկարութեամբ սրահին մէջ եւ իրենց արհեստանոցին մուտքին մօտ կը հանդիպէին բազմաթիւ իտալացիներու եւ ֆլամանտցիներու: Ցուցանակներու վրայ պատկերուած էին հոլանտացի կողաւորող վարպետին եւ թրքական գորգերու գործարանատիրոջ անունները:

1620-ական թուականներուն, Լիւտովիկոս ԺԳ.-ի օրով, Ժան Լեմերայի նախագիծով կառուցուած է Քառակուսի բակին կեդրոնական մասը, երեք կամարակապ անցուղիներով (Ժամացոյցներու բաժինը)։ Այդ օրերուն Քառակուսի բակը ճանչցուած էր շատ նեղլիկ, եւ Լեմերսէյի նախագիծին համաձայն բակին մակերեսը նախատեսուած էր ընդարձակել։ Այդ մտայղացումը յաջողած է իրականացնել յաջորդ թագաւորը՝ Լիւտովիկոս ԺԴ.-ն։

Լուվրը Լիւտովիկոս ԺԴ.-ի օրերուն

Խմբագրել
 
Ժամացոյցի շէնքը

Լիւտովիկոս ԺԴ., որ տեղափոխուած էր Վերսայ (Chateau de Versailles), հսկայական շինարարական նախագիծեր կը սկսի իրագործել Լուվրի մեծ վերակառուցմամբ։ Պալատը շրջապատող հին շինութեան մէկ մասը կը քանդուի։ Ընդլայնուած հարաւային թեւին մէջ կ'որոշուի կառուցել նոր մասնաշէնքեր, որոնք կը փակէին ներքին բակին քառակուսին։ Այդ ժամանակաշրջանին գլխաւոր շինութիւնը կը դառնայ Արեւելեան սիւնաշարը: Թագաւորին փափաքով քաղաքին կեդրոնը փոխարկուած Լուվրի ճակատամասը՝ արեւելեանը, պէտք էր իր շքեղութեամբ իւրայատուկ ըլլար: Անոր կառուցման համար 1664-ին թագաւորական մատակարարման պետ Ժան Պաթիստ Քոլպերի (Jean-Baptiste Colbert) կողմէ տեղի ունեցող մրցոյթին կը ներգրաւուին այդ օրերու ամէնէն լաւ ճարտարապետերը, ինչպէս՝ ֆրանսացի Լուի Լէօն (louis leon) եւ Ֆրանսուա Մանսարը (François Mansart), ինչպէս նաեւ՝ իտալացի Ճիովանի Լորենցօ Պերնինին (Giovanni Lorenzo Bernini): Պերնինիի նախագիծը՝ կ'առաջարկէր քանդել պալատը եւ անոր տեղ կառուցել նոր շէնքեր: Այս նախագիծը կը մերժուի ինչպէս արքունական պալատին, այնպէս ալ ֆրանսական ճարտարապետերուն կողմէ։ Սակայն, մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը հովանաւորութիւն կը փնտռէր արքունիքին մէջ, եւ Կոլպեր սադրանքներն ու նենգախոհութիւնները դադրեցնելու նպատակով ճարտարապետերուն կը պարտադրէ համատեղ աշխատիլ նախագիծը իրականացնելու համար։ Այդ նախագիծին մշակման մէջ հիմնական ներդրում ունեցած է Գլոտ Բերօն (Claude Perrault):

Շինարարութիւնը տեղի ունեցած է 1667-1673 թուականներուն: 173 մ. երկարութեամբ ճակատամասը ունի երեք յարկ: Զարդարումէ զուրկ ներքին յարկը կառուցուած է զանգուածային պատերով։ Ճակատամասին գոյութիւն ունէին երկրորդ եւ երրորդ յարկերը միաւորող կրկնակի սիւներ, որոնց կը կրկնեն կեդրոնական բաժինի սիւները:

Եզերքի բաժինները եւ գլխաւոր բաժինը կը ստեղծեն խորութիւն մը։ Ժամանակակիցները նկատած են բարձր տանիքներու բացակայութիւնը, որոնք նախապէս բնորոշ էին ֆրանսական քաղաքացիական ճարտարապետութեան։ Նորարարութիւն էր նաեւ սիւներու առանձնացումը պատին հարթութենէն: Նախապէս կիսասիւներ օգտագործելը ընդունուած էր:

Զոյգ սիւներու տեղադրումով Բերօ կը յաջողի մեծցնել պատուհանին բացութիւնները, որոնք շինութիւնը կը դարձնէին ամբողջական, բայց ոչ միապաղաղ, եւ համամասնութիւններու խիստ պահպանման շնորհիւ՝ աւելի լուսաւոր: Սակայն Լիւտովիկոս ԺԴ. 1680-ին Արեւելեան սիւնաշարին շինարարութեան աւարտէն ետք, արքունական պալատը վերջնականապէս կը տեղափոխէ Վերսայ: Վերակառուցումը կ'ընդհատուի: Արեւելեան ճակատամասին հզօր սիւնաշարին ետեւը կը թաքնուէին բակին անաւարտ շէնքերը, որոնց շինարարական աշխատանքները կ'ամբողջանան ԺԹ. դարուն։

Լուվրեան սրահին հիմնադրումէն կէս դար ետք հոն ապրող վարպետներուն քանակը զգալիօրէն կ'աճի: Հոն կը հիմնադրուին գորգագործական, զինագործական, ոսկերչական եւ կահոյքագործական արհեստանոցներ: Արհեստանոցներէն մէկը կը ղեկավարէր մետաղ կտրող եւ ոսկեզօծող արհեստաւոր Անտրէ-Շարլ Պուլը (André Charles Boulle): Անոր արհեստանոցին մէջ կար 18 աշխատասեղան՝ սեւ փայտէ ապրանքներ արտադրելու համար, երկու հիւսնի աշխատասեղան, հոն կ'աշխատէին նաեւ սղոցաքաշներ, պրոնզագործներ եւ առանձին մասեր սարքող ու վերջնական տեսքի բերող վարպետներ։ Պուլի հետ միասին աշխատանքի ընթացքին կը հետեւէին նաեւ անոր որդիները: Անոր արհեստանոցը կը նկատուէր արտադրութեան կեդրոն մը, որ փայտէ եւ պրոնզէ կը պատրաստէր որեւէ տեսակի կահոյք, ինչպէս՝ սեղաններ, խճանկարային գրասենեակներ, գունաւոր փայտէ պատրաստուած պղինձի ներդիրներ, հայելի ապակիներով գրադարակներ, ջահեր, պրոնզէ զարդանախշերով գզրոցներ եւ այլն[10]:

Լուվրը Այսօր

Խմբագրել
 
Թանգարանի դահլիճներէն մէկը

Լուվրի պալատին մէջ այսօր կը գտնուին․

  • Լուվրի թանգարանը
  • Զարդարուեստի կեդրոնական խորհուրդը (l’Union centrale des arts décoratifs (UCAD)) եւ անոր հաւաքածոները (Զարդարանքի կիրառական արուեստ, նորաձեւութիւն եւ գովազդային արուեստ), ինչպէս նաեւ անոր գրադարանը եւ պալատին տարածքին երեխաներու եւ չափահասներու համար կլոր օղակներ։
  • Լուվրի բարձրագոյն դպրոցը (մուտքերը Rohan и Flore)
  • Թանգարանա-հետազօտական կեդրոն (Centre de recherche et de restauration des musées de France (C2RMF)), տարրալուծարան քարուսելի մէջ եւ չափահասներուն համար Ֆլորայի սրահին մէջ տարածք մը:
  • Լուվրեան Քարուսելի առեւտրային մաս (Carrousel du Louvre), 16.000 քառ․ մ., աւելի քան 50 խանութ:
  • Լուվրի Քարուսելի մէջ ցուցասրահներու համար նախատեսուած դահլիճներ՝ 7100 մ., 4 սենեակ հեղինակաւոր հանդիպումներու համար:

Արուեստի Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Այս բաժնին մէջ ներկայացուած իրերը չափազանց բազմազան են թէ՛ ժամանակաշրջանի, թէ՛ օգտագործուած նիւթերու առումով։ կը ցուցադրուին զարդեր, գորգեր, կահոյք, փղոսկրէ, պրոնզէ իրեր, սերամիքներ եւ այլն։ Ցուցանմուշները կ'ընդգրկեն լայն ժամանակաշրջան՝ միջնադարէն մինչեւ ԺԹ. դարու առաջին կէսը։

Քանդակի բաժինը կ'ընդգրֆէ Միջին դարերը, Վերածնունդը եւ ժամանակակից դարաշրջանը։ Թանգարանին Ռիշելիէ թեւին մէջ կը ներկայացուին ֆրանսական արուեստի աշխարհին մէջ ամէնէն կարեւոր հաւաքածոն, իսկ Տենոն թեւին մէջ իտալական եւ գերմանական գլուխ գործոցներ։[11]

Գեղանկարչութիւն

Խմբագրել

Գեղանկարչութեան բաժինը կը ներառէ շուրջ 6000 կտաւ՝ միջին դարերէն մինչեւ 1848։ 1848-էն ետք ինկած ժամանակաշրջանին գեղանկարչութեան հաւաքածոն 1986-ին Օրսէ թանգարանին բացուելէն ետք կը տեղափոխուին հոն (չնչին բացառութիւններով)։ Գեղանկարչութեան բաժինը սկիզբը ստեղծուած է արքայական հաւաքածոյէ եւ հետագային համալրուած է գնումներու եւ նուիրատուութիւններու հաշիւին։

Գծանկարչութեան Աշխատանքներ

Խմբագրել

Լուվրի վերջին՝ Գծանկարչութեան բաժինին մէջ կը ցուցադրուին գծանկարչական աշխատանքեր՝ կատարուած տարբեր արհեստներով։ Գծանկարչական աշխատանքներու ցուցադրութիւնը կը կրէ բացառապէս ժամանակաւոր բնոյթ՝ ստեղծագործութիւնները պարբերաբար կը փոխուին, քանի որ այս դրութեամբ եղած աշխատանքները լոյսի հանդէպ շատ զգայուն են։

Բաժինները

Խմբագրել
 
Լէօնարտօ տա Վինչի Ճոքոնտա փայտէ պաստառ, իւղաներկ 1503-1506 թուականներ

Լուվրի թանգարանը բաղկացած է ութ բաժինէ՝

Հին Արեւելք
Խմբագրել

Հին Արեւելքի բաժինը նուիրուած է Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հին քաղաքակրթութիւններու արուեստին՝ հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ՝ առաջին բնակիչներէն՝ (Ք.Ա. 10.000 տարի եւ աւելի) մինչեւ իսլամական դարաշրջան։

Հին Եգիպտոս
Խմբագրել

Հին Եգիպտոսի բաժինին մէջ ցուցադրուած են նեղոսեան քաղաքակրթութեան մնացորդները՝ նախապատմական ժամանակներէն (Ք.Ա. 4-րդ հազարամեակ) մինչեւ Ք.Ա. 4-րդ դար։

Հին Յունաստան, Էթրուսք եւ Հռոմ
Խմբագրել

Այս բաժինը կը ներառէ երեք քաղաքակրթութիւն՝ հին Յունաստան, Էթրուսք եւ հին Հռոմ, կողք կողքի ցուցադրելով հսկայ տարածաշրջանի մը հին ժառանգութիւնը՝ Յունաստան, Իտալիա, հին Բաբելոն, Շումեր, Աքքատ՝ Նէօլիթեան ժամանակաշրջանէն (Ք.Ա. 4-րդ հազարամեակ) մինչեւ Ք.Ա. 5-րդ դար։[12]

Իսլամական Արուեստ
Խմբագրել

Վերաբացուած է 2012-ին։

Ափրիկէ, Ասիա, Ովկիանիա, Ամերիկա
Խմբագրել

Այս փոքրիկ բաժինը կը ներկայացնէ վերոնշեալ տարածաշրջաններու արուեստի փոքրիկ հաւաքածոյ մը՝ թիւով 100, գլխաւորաբար արձանիկներ եւ քանդակներ։ Բացուած է 2000-ին։ Այս բաժինը նախատեսուած է, իբրեւ Պրենլի ափափողոցի թանգարանի ((ֆր.) Musée du quai Branly) մշտական ներկայացուցչութիւն Լուվրի մէջ:

Լուվրի պալատին Սիւնաշարը

Խմբագրել
 
Լուվրի պալատին սիւնաշարը

Լուվրի Սիւնաշարը ֊ Փարիզի մէջ գտնուող թագաւորական պալատին արեւելեան ճակատը, կը նայի Լուվրի հրապարակին։

Կառուցուած է 1667-1673 թուականներուն: Ճարտարապետ Գլոտ Բերօ, յայտնի հեքիաթասացին եղբայրը, որ հիմնուած է Լուի Լէոյի նախնական նախագիծին վրայ: Ուղղաթիռին երկայնքը՝ 170 մ. է: Սիւնաշարը կը համարուի ֆրանսական դասականութեան գլուխ գործոցներէն մէկը։

Լուվրի Հարաւային Ճակատը

Խմբագրել

Նկարին մէջ պատկերուած է Լուվրի հարաւային ճակատին գերշահագործման ծրագիրը՝ ճարտարապետ Լուի Լէոյի ներկայիս հարաւային ճակատին:

 
Ժան Մարիեթայի փորագրութիւնը Գլոտ Բերոյի գիրքի նկարէն Architecture françoise ou recueil des maisons royalles, de quelques églises de Paris et de châteaux et maisons de plaisance de France bâties nouvellement (1783).

Մոնա Լիզային (Ճիոքոնտօ) գեղանկարը Լուվրի մէջ

Խմբագրել
 
Մոնա Լիզա

Լէոնարտօ տա Վինչիի նշանաւոր գեղանկարը` Ճիոքոնտը (Մոնա Լիզա) կը գտնուի Փարիզի Լուվր թանգարանին մէջ: 1516-ին, իտալացի գեղանկարիչ Լէոնարտօ տա Վինչի Մոնա Լիզա տել Ճիոքոնտոյի գեղանկարը հետը կը փոխադրէ` անցնելով Ալպեան լեռնաշղթան եւ հասնելով Ֆրանսա, ուր ան իր գործը կը նուիրէ Ֆրանսայի թագաւոր Ֆրանսուա Ա.-ին: ԺԹ. դարուն գեղանկարը կը դրուի Լուվրի թանգարանին մէջ, ուրկէ անիկա կը գողցուի 1911-ին: Անոր վերագտնումէն ետք, Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին անիկա կը պահուի Շամպորի եւ Ամպուազի պալատներուն մէջ: Ապա, 1963-ին, անիկա կը կտրէ Ատլանտեան ովկիանոսը` ցուցադրուելու համար Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Անոր վերջին պաշտօնական ճամբորդութիւնը կ'ըլլայ դէպի Թոքիօ, Ճափոն, 1974-ին: Այդ թուականէն ի վեր Ճիոքոնտը Լուվրէն բնաւ դուրս չէ ելած: Կ'ըսուի, թէ ամէն տարի մեծ թիւով այցելուներ կու գան Լուվր, յատկապէս այդ նկարը տեսնելու համար, ինչ որ տարեկան 20 Միլիոն եւրօ շահ կ'արձանագրէ թանգարանին[13]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Լուվրի Բուրգը

Խմբագրել

1983 թուականին Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի պատուէրով Լուվրի պալատին Նափոլէոնեան հրապարակին մէջտեղը կը կառուցուի Բրգաձեւ նոր մուտք՝ Լուվրի բուրգը։ Նախագիծը կ'իրականացնէ չինական արմատներով ամերիկացի ճարտարապետ Լէօ Մինկ Փեյը։ Ամբողջ հաւաքածոն կառուցուած է ապակիէ կտորներէ։ Գլխաւոր բուրգին բարձրութիւնը 23, 64 մեթր է, իսկ յատակը՝ 35, 42 մեթր քառակուսի։ Ամբողջ բուրգը բաղկացած է իրարու միացած թիւով 603 շեղանկիւններէ եւ 70 եռանկիւններէ։ Հանդիսաւոր բացումը կայացած է 30 Մարտ 1989-ին, իսկ բացուած է 1 Ապրիլին։ Բուրգին կառուցման առիթը 1789-ի ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան 200-ամեայ յոբելեանն էր։

Լուվրը եւ Փարիզի միւս թանգարանները

Խմբագրել
 

Եւրոպական արուեստը սկսած 1848-ին Փարիզի մէջ ներկայացուած է Օրսէ թանգարանին մէջ (1848-1914 թուականներ) եւ Փոմփիտու կեդրոնին մէջ (1914-էն սկսեալ՝ ժամանակակից եւ նոր արուեստ)։ Ասիական արուեստը ներկայացուած է Կիմէ թանգարանին մէջ (ֆրանսերէն՝ GuimetԱփրիկէի, Ովկիանիոյ եւ Ամերիկայի բնիկներու արուեստը Լուվրի մէջ կը գրաւէ համեմատաբար փոքր տեղ (շուրջ հարիւր ստեղծագործութիւն), Փարիզի մէջ ասոնք առաւել ընդգրկուն ներկայացուած են Պրենլի ափափողոցին (ֆրանսերէն՝ Le musée du quai Branly) թանգարանին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. archINFORM — 1994.
  2. https://www.louvre.fr/en/visit/map-entrances-directions
  3. https://www.history.com/this-day-in-history/louvre-museum-opens
  4. https://www.irishtimes.com/culture/art-and-design/napoleon-s-stolen-masterpieces-the-plunder-that-formed-the-louvre-1.4589616
  5. Décret du 5 avril 2013 portant nomination du président de l'Etablissement public du musée du Louvre - M. MARTINEZ (Jean-Luc) — 2013.
  6. Rapport d’activité 2013
  7. Paris patrimoine - Septembre, p.1, Parisinfo.com. (ֆր.)
  8. Յաճախելութեան մրցանիշ Լուվրի մէջ 2008 թուական։ Archived 2011-09-28 at the Wayback Machine. (ֆր.)
  9. Levasseur. Histoire des classes ouvirères et de l’industrie en France avant 1789. 2-е изд., Париж, 1900. — Том II, с. с. 176, 309.
  10. Լուվրի պաշտօնական կայքէջ, քանդակի բաժին, ընդհանուր տեղեկութիւններ[permanent dead link] (ֆր.)
  11. Լուվրի պաշտօնական կայքէջ, Հին Յունաստան, Էտրուսկ եւ Հռոմ բաժին, ընդհանուր տեղեկութիւններ (ֆր.)[permanent dead link]
  12. [http: //www.aztagdaily.com/archives/390775 Մոնա լիզայի (Ճիոքոնտօ) գեղանկարը Լուվրի մէջ]

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
 
Լուվրի պալատը 1908 թուական

Աղբիւրներ

Խմբագրել