Լէոնարտօ տա Վինչի

Լէոնարտօ տա Վինչի (իտալ.՝ Leonardo di ser Piero da Vinci,[7] ծնած է 15 Ապրիլ 1452 թ., Վինչի, մահացած է Իտալիա2 Մայիս 1519 թ., Ամբուազ, Ֆրանսա), Վերածնունդի իտալացի գեղանկարիչ, քանդակագործ, ճարտարապէտ, երաժիշտ, գրող, թուաբանագէտ, մեքանիք, քաղաքագէտ եւ գիւտարար։

Լէոնարտօ տա Վինչի
իտալ.՝ Leonardo da Vinci
Ծննդեան անուն իտալ.՝ Leonardo di ser Piero da Vinci[1]
Ծնած է 15 Ապրիլ 1452[2][3][4][…]
Ծննդավայր Անչիանո, Ֆլորանսի Հանրապետութիւն[3][4][5]
Մահացած է 2 Մայիս 1519[2][3][4][…] (67 տարեկանին)
Մահուան վայր Կլո Լյուսե, Տուրեն, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն[3][4][6]
Քաղաքացիութիւն  Ֆլորանսի Հանրապետութիւն
Մայրենի լեզու Իտալերէն
Կրօնք Աթէիզմ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Adoration of the Magi?, Մադոննան ժայռերում?, Լիզա տէլ Ճոքոնտօ, Խորհրդաւոր ընթրիք, Կզաքիսով տիկինը?, Վիդրովանեան մարդ, Աւետում, Սուրբ Հիերոնիմոս (Լեոնարդո դա Վինչի)?, Սուրբ Աննան՝ Մադոննայի և նորածին Հիսուսի հետ?, Յովհաննէս Մկրտիչ, Leonardo's aerial screw?, Portrait of Isabella d'Este?, Head of a Woman?, Սալվատոր մունդի? եւ Ավետում?
Տեսակ դիմապատկեր, Կրօնական նկարչութիւն[5] եւ հոգևոր արվեստ?
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, ճարտարագէտ, աստղագէտ, փիլիսոփայ, անատոմ, թուաբանագէտ, քանդակագործ, Խորագէտ, ճարտարապետ, քաղինժեներ, դիւանագէտ, գիւտարար, երգահան, ֆիզիքոս, ֆիզիոլոգ, բուսաբան, քիմիկոս, կենդանաբան, ծաղրանկարիչ, գիտնական, գծագրող, ձեւաւորող, գրագէտ, տեսողական արուեստագէտ
Աշխատավայր Լյուդովիկո Սֆորցա?[1]
Չեզարե Բորջա?
Ծնողներ հայր՝ Պիերո դա Վինչի?, մայր՝ Caterina di Meo Lippi?
Ստորագրութիւն

Ամենայայտնի ստեղծագործութիւններն են «Մոնա Լիզան («Ժակոնտա, Լուվր, Փարիզ) եւ «Վերջին Ընթրիք»ը: Լէոնարտօն առաջինը նախագծած է ժամանակի հրասայլի ոճը, ջրային սուզողի տարազը, տարբեր տեսակի զէնքեր, թռչող սարքեր եւ այլն: Նախագծած է նաեւ կոնստանդնուպոլսոյ Պոսֆորի նեղուցի կամուրջը[8]:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Լէոնարտոյի ճիշդ անունը եղած է «Լէոնարտօ տի սէր Փիերօ տա Վինչիէ է, որ կը նշանակէ «լէոնարդոն` պարոն Փիերոյի տղան Վինչիէն է։

Ծնած է Ֆլորանսի մօտակայ Վինչի քաղաքը։ Լէոնարտոյի հայրը 25 տարեկան նօտար Փիերօն է, իսկ մայրը՝ Կատրինան, գեղջուկ էր, որու մասին գրեթէ ոչ բան յայտնի չէ՝ ոչ ազգանունը, ոչ տարիքը եւ ոչ ալ արտաքին տեսքը։ Լէոնարտօ տա Վինչին ծնած է 15 Ապրիլ 1452 թ. -ին։

Ֆլորանսի մէջ 1476 թ. սկսած է ուսուցանել Անդրէա տէլ Վէրոկքիոյին։ Հետագային հեռանալով Ֆլորանսէն Լէոնարտօն՝ որպէս ճարտարապետ, պաշտպանական շինութիւններու եւ մեքենաներու մասնագէտ՝ ծառայած է Միլանի դուքս Լուդովիկօ Մորոյին: Չնայած Լէոնարտօն ապօրինի ծնած երեխայ էր, սակայն Փիերօն անմիջապէս ճանցած է հայրութիւնը եւ նոյնիսկ ներկայ գտնուած է իր որդիին կնքուելու արարողութեան։ Ծնելէն յետոյ Լէոնարտոյին մօր հետ միասին կ'ուղարկեն Անխիանոյ գիւղը, ուր ան կ'ապրի շուրջ 4 տարի, որու ընթացքին Փիերօն կ'ամուսնանայ իր չորս կիներէն առաջինին հետ։ 16 տարեկան այդ աղջիկը ընկերային կեանքի մէջ աւելի բարձր դիրք կը գրաւէ, քան Լէոնարտոյին մայրը, սակայն, դժբախտաբար, վերջինս անպտուղ էր։ Հաւանաբար ճիշդ այդ պատճառով ալ Փիերօն կ'ընդունի Լէոնարտոյին իր տան մէջ, ուր Լէոնարտօն կը սկսի ապրիլ մեծաքանակ հարազատներու հետ։ Այդ շրջանին հետ կապուած է Լէոնարտօ-գեղանկարիչի ստեղծագործութեան ծաղկումը։

Մանրամասնութիւններ կեանքի վերաբերեալ

Խմբագրել

Ճարտարապետութեան, թեքնիքական, կազմախօս, հեռանկարի մասնագէտ Լէոնարտօն բազմակողմանութեան հրաշքը դարձաւ։ Ուսումնասիրութեան առարկայ դարձող ամէն մէկ բնագաւառ ան կանոնաւորապէս կ'ընդլայնէր եւ կը խորացնէր իր գիտելիքները, ստուգելով եւ կապ ստեղծելով թուաբանութեան հետ։ Անոր գիտելիքները վիթխարի էին։

Նկարիչը՝ չհանդուրժելով անարդարութիւնը, գժտութիւններն եւ անմիաբանութիւնը, իր ամբողջ կեանքը ստիպուած էր թափառիլ. աշխատած է Միլան, Ֆլորանս, Հռոմ, Վենետիկ։ Ան նիւթական իսկական ապահովութիւն Իտալիոյ մէջ երբեք չունեցաւ, այնպէս, ինչպէս ունէին Տիցիանը, Ռաֆայէլը, Միքելանճելօն կամ նոյնիսկ իր համեմատութեամբ այնպիսի մէկ համեստ նկարիչ, ինչպէս Ջուլիոյ Ռոմանօն: Իսկ ժամանակ առ ժամանակ ան Իտալիոյ մէջ իրեն իսկապէս աւելորդ կը զգար։ Անճանաչ մնալը, մշակութապէս առանձին զգալու զգացումը անոր ողբերգութիւնն էր։ 1517 թ.-ին Ֆրանսայի առաջին թագաւորի հրաւէրով, կանչեց Լէոնարտոյին որպէս «թագաւորական առաջին նկարիչ, ճարտարապետ եւ մեքենաշինարար: Տեղափոխուած է Ֆրանսա, ուր ապրած է մինչեւ կեանքի վերջը:

Նախագծած է Տուր–Բլուայ–Սաոն ոռոգման ջրանցքը եւ ճարտարապետական գլուխ գործոց Շամբորի դղեակը:

Ֆլորանսի մէջ նկարչութեան ու քանդակագործութեան ընդհանուր ուղղութիւնը ռէալիզմ էր, քանզի այն հիանալիօրէն կը համապատասխանէր ֆլօրենսական պուրժուազիայի շահերուն եւ ճաշակին: Եւ հետեւաբար Լէոնարտօն նոյնպէս ռէալիստ էր։ Անոր տարերքը ստեղծագործութիւնն էր, իսկ մեթոտը` գիտական հետազօտութիւնն ու ստացուած արդիւնքներու ստուգումը փորձի միջոցով։

Լէոնարտօն ոչ մէկ բան չէր յօրիներ եւ ոչ մէկ բան յիշողութեամբ չէր նկարեր։ Ան կ'ըսէր՝

  այն վարպետը, որը իրեն կը ներշնչէ, ան կարող է իր յիշողութեան մէջ պահպանել բնութեան բոլոր ձեւերն ու ստեղծագործութիւնները, ինձ վերին աստիճանի տգէտ կը թուէր, քանզի բնութեան ստեղծագործութիւններն անվերջ են, իսկ մեր յիշողութիւնը այնքան անսահման չէ, որ ամէն ինչի բաւէ:  


 
Լէոնարտօ տա Վինչիին կիսանդրին՝ Երեւան

Այդ պատճառով ալ ան միշտ փոքրիկ նօթատետրեր ու ալպոմներ

կը պահէր, որոնք հազիւ որ կը վերջանային, նորով կը փոխարինուէին։

 
Կլոյ Լիւսէ ամրոցը` Լէոնարտօ տա Վինչիի մահուան վայրը

Ֆլորանսցի Լէոնարտոյին կը տեսնէին միշտ անթերի հագած։ Ան քաղաքին մէջ կը շրջէր հպարտ։ Բարձրահասակ էր, գեղեցիկ, շէկ, խնամուած մօրուքով, գլխարկը գլխին, բաճկոն, ուսերուն՝ կարճ կարմիր թիկնոց, իսկ գօտիէն կախուած շղթային միշտ ամրացուած էր փոքրիկ ալպոմ մը, ուր ճեպանկարներ կ'ընէր ու նօթեր կը գրէր։ Դէմքը պարզ էր, կարծես ոչ մէկ նօթ չարտայայտող։ Ան իր կեանքի մասին ոչ մէկու կը գանգատէր, պատուէրներու ետեւէ չէր վազեր, իսկ տրուած պատուէրներն ալ չէր շտապեր աւարտել։ Կը թուէր, թէ ան մեծահարուստի պէս կ'աշխատի եւ մեծահարուստի պէս ալ կ'ապրի։ Իսկ Լէոնարտօն աղքատի պէս կ'ապրէր եւ կ'աշխատէր գիտնականի նման, ոչ թէ «կուտակողի»:

 
լէոնարտօ տա Վինչիի յուշարձանը Ամբուազի մէջ (Ֆրանսա)

Երբ Լէոնարտոյին որեւէ աշխատանք յանձնուէր, ան ինքն էր, որ անձամբ կը մշակէր ծրագիրը, շատ ալ հաշուի չնստելով պատուէրներուն պայմաններուն հետ։

Լէոնարտօն, սակայն, աստիճանաւոր տգէտ ամբոխին միշտ անհասկնալի կը թուէր, եւ անոր շատ անգամ մեղադրած են կախարդ ըլլալու եւ քրիստոնէական աշխարհի մայրաքաղաքը պղծելու, դիակներ հերձելու եւ հերետիկոս ըլլալու համար։

Սակայն կային նաեւ մարդիկ, որոնք նկատեցին Լէոնարտոյի եւ իր նախնիներուն տարբերութիւնը։ Անոր անունը կը յիշատակուի իր ժամանակի 5 խոշորագոյն նկարիչներու շարքին մէջ՝ Մանտենիա, Ջորջոնէ, Լէոնարտօ, Ռաֆայէլ, Միքելանճելօ: Վազարին Լէոնարտոյին կը դնէ իտալական արուեստի նոր շրջանի սկիզբը: Վերածնունդի դասական արուեստը կը սկսի Լէոնարտոյով։

23 Ապրիլ 1519 թուականիին ան մարդ ուղարկեց նօտար, կանչեց եւ թելադրեց իր կտակը։ Կտակին ամենակարեւոր կէտը այն էր, որ բոլոր ձեռագիրները, որպէս սեփականութիւն՝ կը կտակէր Ֆրանչեսկօ Մելցիին, «միլանցի ազնուականին»` ի պարգեւ իրեն համար ցոյց տուած թանկագին ծառայութիւններուն։ Եղբայրները ստացան Ֆլորանսի պահպանուող 400 սկուդին եւ Ֆիեզոլեան կալուածքը, որ ան դատարանի միջոցով անոնցմէ առած էր 1507 թուականին։

Մի քանի օր վերջ՝ 2 Մայիս 1519 թուականին Լէոնարտօն, ինչպէս վայել է բարի կաթոլիկին, հաղորդութիւն առաւ եւ վախճանեցաւ։ Երկու օր յետոյ թաղեցին Ամբուազի եկեղեցիներէն մէկուն բակը։ Մելցին Լէոնարտոյի ձեռագիրներէն դուրս բերաւ նկարչութեանը վերաբերող գրառումներու մէկ մասը, ցրուած նօթերը, մէկ կերպ համակարգեց եւ հրատարակեց «Նկարչութեան մասին տրակտատ» խորագրով:

Որպէս գիտնական եւ ճարտարագէտ` տա Վինչին դիտարկումներով հարստացուցած է ժամանակի գիտութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառները։ Ձեռագրերուն մէջ գծած է թռչող սարքերու, անկարգելներու, ջրանցքներու, ճօճուող կամուրջներու, մետաղահալման վառարաններու, տպագրական եւ հողափոր մեքենաներու նախագիծներ[9]:

Ան առաջինը բուսաբանութիւնը դիտած է որպէս ինքնուրոյն կենսաբանական գիտութիւն, տուած է բոյսերուն արեւամէտութեան, արմատներուն նիւթերու շարժման նկարագրութիւնը։ Սակայն թեքնիքի ցած մակարդակի պատճառով տա Վինչին չէ կրցած իրականացնել իր նորարարական մտայղացումները։

ԱՆոր գրական երկերու մեծագոյն մասը հաւաքուած է խոշոր գրապահոցներու մէջ՝ Փարիզի, Բրիտանական թանգարանի, Վինձորի գրադարանի, Վիկտորիայի եւ Ալպերթի թանգարանի, Միլանի Ամբրոզիանի մէջ եւ այլ տեղեր։ Անոնց մեծ մասը հրատարակուած է։

Ըստ որոշ ուսումնասիրողներու՝ 1481-1482 թ. Լէոնարտօն այցելած է Կիլիկեան Հայաստան: [աղբիւրի կարիք ունի] Լէոնարտօ տա Վինչիի «հայկական նամակներէ ձեռագիրներ»ը նկարագրուած են հայկական բնաշխարհի տեսարաններ, նշուած է Հայաստանի մասին գիրք գրելու մտադրութեան մասին: Նկարիչը` Հայաստանի մէջ ըլլալու ենթադրութեան փաստեր կու տան նաեւ Էջմիածնի Մայր Տաճարի, Բագարանի Կաթողիկէի, Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ, Իրինդի եւ Աւանի եկեղեցիներու նախագծումները։ Ան ծանօթ եղած է եւ օգտագործած է հայկական կաւ ներկերը։ [աղբիւրի կարիք ունի]

Ստեղծագործութիւնները

Խմբագրել

1503 թ.-ին ան ստեղծած է իր ամենանշանաւոր գործերէն մէկը՝ «Մոնա Լիզան («Ժոկոնտա)։ Երիտասարդ կնոջ երազկոտ, խոհուն, առեղծուածային, փոքր թախծոտ թեթեւակի ժպիտը կը բացայայտէ աղջկան ներաշխարհը։ Մոնա Լիզան գծուած է բնապատկերին մէջ. հեռաւոր սարերը, երկինքը, գետը, ծառերը տարածուած են մշուշի մէջ։

Նկարչի համար բնութիւնն ու մարդն անբաժանելի են։ Անոր վկայութիւնն է նաեւ «Աստուածամայրը քարանձաւ (1483–94 թթ.) կտաւը, որու կերպարները նոյնպէս բնապատկերներու մէջ են եւ կը ստեղծեն իւրայատուկ յուզական միջավայր: Լէոնարտօ տա Վինչիի ձեռագիրները յայտնաբերած են թռչող սարքերու, սուզանաւներու, ուղղաթիռի ծրագիրներու, ջրանցքներու, մետաղահալման վառարաններու եւ գլոցահաստօններու, տպագրական մեքենաներու նախագիծերը: Լէոնարտօն մահէն ետք ձգած է 7000 ձեռագիր էջ, որոնք մինչեւ օրս լիովին չեն ուսումնասիրուած:

Պատկերներ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ալեքսեյ Կարապետի Ջիւելեգով «Լէոնարտօ տա Վինչի», սովետական գրող է, հրատ. Երեւան 1986 թ.

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել