Բուսաբանութիւն (հին յուն․՝ βοτανικός - «բոյսերուն վերաբերող» եւ βοτάνη - «խոտ, բոյս»), կենսաբանութեան մէկ բաժին, գիտութիւն բոյսերու մասին։

Ուսումնասիրութեան Առարկան

Խմբագրել
 
Հիբիկուս

Բուսաբանութիւնը կ'ընգրկէ մեծ քանակութեամբ խնդիրներ՝ բոյսերու արտաքին եւ ներքին կառուցուածքի օրինաչափութիւնները (մորֆոլոգիա եւ անաթոմիա), բոյսերու դասակարգումը եւ սիստեմատիկան, բուսատեսակներու պատմական զարգացումը (եղափոխութիւն), ազգակցական կապերը (ֆիլոգենեզ), տարածումը՝ տարածական բաշխումը երկրի վրայ (բոյսերու աշխարհագրութիւն), բուսածածկի կառուցուածքը (ֆիտոցենոլոգիա կամ երկրաբուսաբանութիւն), բոյսերու հնարաւոր մշակումը արտադրութեան մէջ (տնտեսական բուսաբանութիւն

Ըստ ուսումնասիրման նիւթի, բուսաբանութեան մէջ կ'առանձնանան՝

Բուսական աշխարհի միաբջիջ օրգանիզմներու ուսումնասիրութիւնը կը կատարէ միկրոբիոլոգիա գիտութիւնը։ Բոյսերու հիւանդութիւններով կը զբաղի բուսախտաբանութիւնը (ֆիտոպաթոլոգիան

Բուսաբանական հիմնական սկզբունքը այդ բոյսերու սիստեմատիկան է, որմով բուսական աշխարհի բազմաթիւ տեսակները միասին համեմատելով կը բաժնեն ըստ տաքսոններու (դասակարգին մէջ), կը ճշդուի անոնց անուանակարգումը (նոմենկլատուրա), կը պարզուի անոնց ազգակցական կապերը եւ փոխյարաբերութիւնները (ֆիլոգենետիկա
Որոշակի տարածքի ուսումնասիրուած բուսատեսակներու ամբողջութիւնը կ'անուանուի ֆլորա, իսկ ատով զբաղող գիտութիւնը՝ ֆլորիստիկա։ Առանձին տեսակներու, ցեղերու եւ ընտանիքներու արեալները որոշող գիտութիւնը՝ ֆիտոխորոլոգիա։ Ծառերը եւ թուփերը ուսումնասիրող գիտութիւնը կ'անուանուի ծառագիտութիւն (դենդրոլոգիա
Սիստեմատիկայի հետ սերտօրէն կապուած է նաեւ բոյսերու մորֆոլոգիան, որ կ'ուսումնասիրէ բոյսերու ձեւաբանութիւնը, անոնց անհատական (օնտոգենեզ) եւ պատմական զարգացումը (ֆիլոգենեզ)։ Նեղ իմաստով՝ մորֆոլոգիան կ'ուսումնասիրէ բոյսերու արտաքին ձեւը եւ անոր մասերը, իսկ լայն իմաստով անիկա կ'ընգրկէ բոյսերու անադոմիան, որ կ'ուսումնասիրէ բոյսերու ներքին կազմութիւնը, սաղմնաբանութիւնը (էմբրիոլոգիան) եւ բջջաբանութիւնը (ցիտոլոգիան), որ կ'ուսումնասիրէ բուսական բջիջը։ Մորֆոլոգիայի մէջ եւս կ'առանձնացուին շարք մը բաժիններ, ինչպիսին են օրինակ՝ օրգանոգաֆիա` բոյսերու օրգաններու նկարագրութիւն, պալինոլոգիա` բոյսերու փոշեհատիկներու եւ մարզանքներու ուսումնասիրութիւն, կարպոլոգիա` պտուղներու տեսակներու նկարագրում եւ դասակարգում, տերատոլոգիա` բոյսերու կառուցուածքային շեղումները եւ անոմալիաները։ Կ'առանձնանան բոյսերու համեմատական, էվոլիւցիոն, էկոլոգիական մորֆոլոգիաները։
Բոյսերու փոխյարաբերութիւնը ապրելու միջավայրին հետ կ'ուսումնասիրէ բոյսերու էկոլոգիան։ Նեղ իմաստով էկոլոգիան կ'ուսումնասիրէ բոյսերու վրայ արտաքին պայմաններու ազդեցութիւնը եւ միջավայրով պայմանաւորուած` բոյսերու բազմազանութիւնը։ Երկրի մակերեսին բոյսերը կը ձեւաւորեն որոշակի համակեցութիւններ կամ ֆիտոցենոզներ (անտառներ, տափաստաններ, սաւաննաներ եւ այլն)։ Այս համակեցութիւններու ուսումնասիրմամբ զբաղող գիտութիւնը կ'անուանուի երկրաբուսաբանութիւն կամ ֆիտոցենոլոգիա (որոշ երկիրներու մէջ նաեւ՝ ֆիտոսոցիոլոգիա)։ Կախուած ուսումնասիրութեան առարկայէն երկրաբուսաբանութեան մէջ կ'առանձնացուին՝ անտառագիտութիւն, ճահճաբանութիւն եւ այլն։ Կ'առանձնացուի նաեւ բիոգեոցենոլոգիան, որ կ'ուսումնասիրէ բուսածածկի, կենդանական աշխարհի, հողի եւ հողառաջացնող ապարներու միջեւ եղած փոխյարաբերութիւնները։ Այս համակարգը կ'անուանուի կենսաերկրացենոզ։
Երկրի մակերեսին բոյսերու բաշխման ուսումնասիրմամբ կը զբաղի բոյսերու աշխարհագրութիւնը։ Բոյսերու բրածոներու ուսումնասիրմամբ կը զբաղի պալէոբուսաբանութիւնը կամ ֆիտոպալէոնտոլոգիան, որուն տուեալները մեծ նշանակութիւն ունին սիստեմատիկայի, մորֆոլոգիայի եւ բոյսերու պատմական աշխարհագրութեան համար։
Բոյսերու տնտեսական դերը կ'ուսումնասիրէ տնտեսական բուսաբանութիւնը։ Ասոր հետ սերտօրէն կապուած է էթնոբուսաբանութիւնը, որ կ'ուսումնասիրէ տարբեր էթնիկական խումբերու կողմէն բուսատեսակներու օգտագործումը։

 
Իպն Սինայի «Բժշկագիտութեան կանոն»

Բոյսերու ֆիզիոլոգիան եւ բոյսերու կենսաքիմիան ոչ միշտ կը համարեն բուսաբանութեան բաժիններ, որովհետեւ բուսական օրգանիզմի մէջ կատարուող պրոցեսները շատ դէպքերու մէջ, կը համընկնին կենդանիներու օրգանիզմի մէջ կատարուող փոփոխութիւններու հետ եւ կ'ուսումնասիրուին նոյն մեթոդներով։ Սակայն բոյսերու կենսաքիմիան եւ ֆիզիոլոգիան կ'առանձնանան որոշակի յատկանիշներով, որոնք պայմանաւորուած են միայն բուսական օրգանիզմին բնորոշ առանձնայատկութիւններով։
Բոյսերու գենետիկան յաճախ կը համարեն նոյն գենետիկայի մէկ բաժինը, չնայած որ, անոր որոշ ուսումնասիրութիւնները կապուած են բիոսիստեմատիկայի, բոյսերու էկոլոգիայի եւ երկրաբուսաբանութեան հետ։
Վերը նշուած բուսաբանութեան բաժիններու միջեւ սահմանները, որոշակի առումով պայմանական են, որովհետեւ անոնց ձեւերը, տուեալները, ուսումնասիրման առարկաները յաճախ կը համընկնին։

Բուսաբանական Անուանակարգում

Խմբագրել

Բացի կենսաբանութեան մէջ ընդունուած անուանակարգման, բուսաբանութիւնը, ինչպէս կենսաբանութեան բոլոր ենթաբաժինները, լրացուցիչ կերպով տեսակը կը բաժնէ տարատեսակի, ենթատեսակի եւ ձեւի։ Ընդունուած է բուսաբանական անուանակարգումը անուանել՝ բինար նոմենկլատուրա, իսկ կենդանաբանական անուանակարգումը` բինոմինալ նոմենկլատուրա:

Բուսաբանութեան Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Բուսաբանի աւանդական գործիքներ
 
Թէօֆրաստի արձանը

Հին Բուսաբանութիւն

Խմբագրել

Բուսաբանութեան պատմութիւնը կը սկսի հնագոյն աղբիւրներուն մէջ, առկայ բոյսերու նկարագրութեամբ եւ դասակարգմամբ։ Բուսաբանական աշխատութիւններու օրինակներ գտնուած են Հին Հնդկաստանի մէջ, Միջագետքի մէջ, Զրադաշտական եւ Հին Չինական ձեռագրերուն մէջ։
Առաջին ուսումնասիրութիւնները, որոնք չեն նկարագրած բոյսերը ըստ իրենց սննդային կամ բուժական նշանակութեան կը համարուին`

Միջնադարեան իսլամական աշխարհէն յայտնի է Ապու Հանիֆա Տինաուարիի (828-896) «Բոյսերու գիրք»-ը, Իպն Պասսալի «Հողերու դասակարգին մէջ»-ը եւ այլն։ 13-րդ դարու սկիզբը Ապու-ալ-Ապպաս ալ-Նապաթին եւ Իպն ալ-Պայթարը նոյնպէս գրած են բուսաբանութեան մասին։

Վաղ Ժամանակակի Բուսաբանութիւն

Խմբագրել

Լեոնարդ Ֆուքսը (1501–1566), Օտտո Բրունֆելսը (1489-1534) եւ Հիերոնիմ Բոկը (1498–1554) կը համարուին վաժ ժամանակի բուսաբանական գիտութեան հիմնադիրները։

Ժամանակի Բուսաբանութիւն

Խմբագրել

Բուսաբանութիւնը, որպէս գիտութիւն, ձեւաւորուած է XVII–XVIII դարերուն։ Ստեղծուած են առաջին «չոր այգիները»՝ հերբարիումները, ապա կազմուած են բուսաբանական այգիներ։ Իտալացի բժիշկ-բուսաբան Ա. Ցեզալպինոն «Բոյսերու մասին» իր գիրքին մէջ դասակարգած է բոյսերը։ Զուիցերիացի բուսաբան Կ. Բաուհինը ստեղծած է երկանուն անուանակարգութիւն՝ իւրաքանչիւր բոյս անուանելով 2 բառով, որոնցմէ մէկը ցոյց կու տայ բոյսի ցեղը, միւսը՝ տեսակը։ Այդ անուանակարգը յետագային օրինականացուցած է Կ. Լիննէյը, որ կը գործէր մինչեւ օրս։ Բոյսերու կարգաբանութեան վրայ որոշիչ նշանակութիւն ունեցած է Չ. Տարուինի յեղափոխական տեսութիւնը։

Բուսաբանական Գիտութիւնը Հայաստանի Մէջ

Խմբագրել

Մեր օրերուն, Հայաստանի հարուստ ու հետաքրքրական բուսական աշխարհով կը զբաղին դեռեւս 1939 թ-ին բացուած Բուսաբանութեան հիմնարկի եւ Բուսաբանական այգիի գիտնականներն ու մասնագէտները։ Յայտնի բուսաբաններ են Ա. Թախտաճեանը, Հ. Մաղաքեանը, Դ. Բաբաեան-Տետերեւնիկովան, Պ. Ղանդիլեանը, Գ. Դավթեանը, Լ. Օսիպեանը եւ ուրիշներ։

Յայտնի Բուսաբաններ

Խմբագրել
  • Իպն ալ-Պայթար (մ. 1248), արաբ գիտնական, բուսաբան, բժիշկ, դեղաբան, ամէնամեծ բուսաբանական հանրագիտարաններէն մէկուն հեղինակը
  • Ապու ալ-Ապպաս ալ-Նամապի (1200), արաբ բուսաբան եւ գիւղատնտես, փորձարառական բուսաբանութեան հիմնադիրներէն
  • Աւգուստին Պիրամուս դը Կոնտոլ (1778–1841), տուածէ գոյութեան կռուի գաղափարը
  • Ապու Հանիֆա Տինաուարի (828-896), պարսիկ բուսաբան, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, աստղագէտ, մաթեմաթիկոս
  • Թէոֆրաստ (371 – 287 ՔԱ), բուսաբանութեան հայրը
  • Լեոնարտօ Տա Վինչի (1452–1519), իտալացի գիտնական, երկրաչափ, անատոմ, նկարիչ, քանդակագործ, բուսաբան, երաժիշտ, գրող
  • Արմէն Թախտաճեան (1910-2009), հայ աշխարհահռչակ գիտնական, 20-րդ դարու էվոլեուցիոն բուսաբանութեան, բոյսերու սիստեմատիկայի ամէնանշանաւոր դէմքերէն մէկը, բոյսերու դասակարգման «Թախտաճեանական համակարգի» ստեղծողը։

Օգտագործուած Աղբիւրներ

Խմբագրել