Ովկիանիա[1], Խաղաղական ովկիանոսին կեդրոնական եւ արեւմտեան կղզիներու հսկայական խումբերու հաւաքական անուանում[2][3]։

Ովկիանիան կիսագունդերու քարտէսին վրայ
Աւստրալիան եւ Ովկիանիան աշխարհի քարտէսին վրայ

Ովկիանիոյ սահմանները պայմանական են։ Արեւմտեան սահմանը կը համարուի Նոր Կվինէա կղզին, արեւելեանը`Զատիկ կղզին։

Իբրեւ կանոն, Աւստրալիան չի մտներ Ովկիանիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Հարաւ արեւելեան Ասիոյ, Հեռաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի կղզիներն ու կղզիախմբերը։

Աշխարհագրութեան երկրագրութիւն ճիւղը Ովկիանիան կ'ուսումնասիրէ իբրեւ ինքնուրոյն գիտութեան ճիւղ՝ Ովկիանագիտութիւն։

Ճոն Սթիուըրթ

Աւստրալիոյ յայտնաբերումը եւ հետախուզումը

Խմբագրել

Հոլանտացի ծովագնաց Վիլեմ Եանսոն առաջին եւրոպացին էր, որ 1606-ին Աւստրալիոյ ափ կը հասնի։

Աշխարհագրական մեծ յայտնագործութիւններու շրջանին, հոլանտացի Աբել Թասման կ'ուսումնասիրէ Աւստրալիոյ հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան ափերը։

ԺԸ. դարուն անգլիացի Ճէյմս Կուկ դարձեալ կը յայտնաբերէ Աւստրալիան, Նոր Զելանտայի կղզիները եւ զանոնք կը յայտարարէ Անգլիոյ գաղութներ։ Տասնամեակ մը Անգլիայէն Աւստրալիա կ'ուղարկէին տարբեր յանցագործութիւններու համար դատապարտուածներ, որոնք նոր տարածքներ կը մշակէին՝ զբաղելով հանքարդիւնաբերութեամբ եւ անասնապահութեամբ։

1840-ին ոչխարաբոյծ Էտուարտ Էյր կը մտադրէ ուսումնասիրել Հարաւային Աւստրալիոյ Ֆլինտրես լեռնաշղթային եւ Արեւմտեան ափի Փերթի (Աւստրալիոյ շրջան) միջեւ ինկած տարածքը։ Էյր չի կրնար խորանալ ցամաքամասին մէջ, այլ կ'ուսումնասիրէ միայն հարաւային ափը։ Սակայն, նոյնիսկ նման յայտնագործութենէ ետք, ցամաքամասին ամէնէն մեծ լիճը կը կոչուի իր անունով։

Չորս ամիս տեւած ճանապարհորդութեան ընթացքին, Էյր կ'անցնի աւելի քան 2000 քմ։ Կեդրոնական անապատները կ'ուսումնասիրեն բրիտանացի Ռոպըրթ Պերկը եւ Ճոն Սթիուըրթը։

ԺԹ. դարու վերջին, Աւստրալիոյ ներքին շրջաններու ուսումնասիրութիւնները կ'աւարտին[4]։

Աշխարհագրական դիրքը

Խմբագրել
 
Աւստրալիոյի եւ Ովկիանիոյ ֆիզիքական քարտէս
 
Աւստրալիոյի եւ Ովկիանիոյ տարածաշրջանները
 
Աւստրալիոյ եւ Ովկիանիոյ քաղաքական քարտէս

Ովկիանիան աշխարհի կղզիներու ամէնէն մեծ կուտակումն է[5]։ Երբ ամբողջ երկիրը ցամաքամասերու կը բաժնուի, ապա Ովկիանիան Աւստրալիոյ հետ կը միաւորեն մէկ ցամաքամասի մէջ[5], երբեմն անիկա կ'առանձնանայ նաեւ իբրեւ անկախ աշխարհամաս[6]։

Աշխարհագրական առումով Ովկիանիան կը բաժնուի քանի մը տարածաշրջաններու՝ Միքրոնեզիա (հիւսիս-արեւմուտքին մէջ), Մելանեզիա (արեւմուտքին մէջ) եւ Փոլինեզիա (արեւելքի մէջ), երբեմն առանձնացնելով Նոր Զելանտա կղզին[6]։

Ովկիանիոյ կղզիներու ընդհանուր տարածքը, որոնցմէ ամէնէն մեծը Նոր Կվինէա կղզին է, կը կազմէ 1,26 միլիոն քմ² (Աւստրալիոյ հետ միասին ՝ 8,52 միլիոն քմ²), իսկ բնակչութիւնը կը կազմէ շուրջ 10,7 միլիոն հոգի (Աւստրալիոյ հետ միասին 32,6 միլիոն հոգի)։ Ովկիանիան, առանց Աւստրալիոյ, ընդհանուր տարածքով եւ բնակչութեան թիւով համեմատելի է ափրիկեան Չաթ պետութեան հետ։

Ովկիանիոյ կղզիներու ափերը կ'ողողուին բազմաթիւ ծովերով՝ Խաղաղական ովկիանոսեան ծովերով՝ Քորալեան ծով, Թասմանի ծով, Ֆիճի ծով, Քորոյի ծով, Սողոմոնի ծով, Նորկվինէական ծով, Ֆիլիփինեան ծով եւ Հնդկական ովկիանոսի Արաֆուրեան ծովով։ Ովկիանիայով կ'անցնի հասարակածը եւ ամսաթիւի միջազգային փոփոխման գիծը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 52։ ISBN 99941-56-03-9 
  2. https://bse.slovaronline.com/24886-OKEANIYA Большая Советская энциклопедия
  3. https://www.britannica.com/place/Oceania-region-Pacific-Ocean Энциклопедия Британника
  4. Ովկիանիա
  5. 5,0 5,1 БСЭ, статья «Океания»։
  6. 6,0 6,1 БРЭ, статья «Океания».